Մհերի Դուռ
«Մհերի դուռ» կամ «Ագռաւի քար», սրբազան քարաժայռ Վանայ բերդին մօտ։ Ըստ աւանդութեան, այդտեղ փակուած է աշխարհի անարդարութիւններէն խռոուած «Սասնայ ծռեր» դիւցազներգութեան վերջին հերոսը՝ Փոքր Մհերը։ Ըստ աւանդութեան՝ ամէն տարի, Համբարձման ու Վարդավառի գիշերը, երբ երկինքն ու երկիրը զիրար կը համբուրեն, Մհեր իր հրեղէն նժոյգով դուրս կու գայ, կը շրջի երկինքի եւ երկրի մէջ, բայց համոզուելով, որ դեռ «գետինը չի կրնար դիմանալ իր ծանրութեան», դարձեալ կը վերադառնայ իր տեղը։ Իբր թէ օր մը Մհեր դուրս պիտի գայ հոնկէ՝ ազատելու «հայուն աշխարհը» չար ուժերէ եւ հիմնելու երջանիկ թագաւորութիւն մը։ Աւանդութեան մեջ պահպանուած է Միհր աստուծոյ երկրորդ գալստեան եւ աշխարհը չար ոգիներու իշխանութենէն ազատելու գաղափարը։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի Մհերի դուռ անուանումը ստացած ժայռախորշը կը գտնուի աւելի քան 50 մեթր բարձրութեան վրայ: Աստիճանները կը տանին դէպի խորշին մուտքը. ժայռին ստորոտը` ստորերկրեայ այլ շինութիւն մը եւս կայ: Դրան չափերն են շուրջ 2 մեթր լայնք եւ 4,5 մեթր բարձրութիւն։ Իսկ ժայռին ստորոտէն կարելի է բարձրանալ մինչեւ դրան սեմը, շուրջ՝ 20 մեթր։
Մհերի դուռ խորշը նշանաւոր է կրօնական բնոյթի սեպագիր արձանագրութեամբ, որ փորագրուած է Իշպուինիի (825-810) եւ Մենուայի (810-786) օրերուն: Լայն ճանաչում ստացած են նաեւ Վանի ժայռին մէջ փորուած արհեստական անձաւները եւ ընդարձակ շինութիւնները: Անձաւներուն մէկ մասը, դամբարանի դեր կատարած է: Չարխի ֆալակը լերան գագաթէն մինչեւ անոր խորքերը իջնող անցք է, որ ըստ աւանդութեան կը տանի դէպի «Բախտի անիւ»ը (Չարխի-ֆալակը): Նոյն ժայռին երկարաձիգ շարունակութեան վրայ, արեւմտեան կողմը, քարին ճակատը տաշուած է շրջանակի մէջ առնուած քառանկիւնի մուտքի ձեւով: Ժողովուրդը դուռը կը կոչէ Մհերի դուռ: Մուտքին մակերեսը ամբողջութեամբ ծածկուած է բեւեռագիրերով, որոնք պաշտամունքային բովանդակութիւն ունին:
Աւանդապատում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մհերի դուռը կը կոչուի նաեւ «Ագռաւի կամ Ակրփու քար»[1], որ ըստ աւանդութեան, կապուած է Սասունցի Դաւիթ դիւցազներգութեան հետ:
Սասունցի Դաւիթի հայրն էր Մեծ Մհերը, Առիւծաձեւ, քանի որ ան առիւծ մը ձեւած՝ երկուքի բաժնած էր։ Իսկ Դաւիթի որդին ալ կոչուած էր իր մեծ հօր անունով՝ Մհեր, զոր զանազանելու համար մեծ հօրմէն, կոչած էին Պզտիկ՝ Փոքր Մհեր։ Բայց Փոքր Մհեր այնքան հսկայացած էր, որ այլեւս ծերացած աշխարհը չէր կրնար կրել անոր ծանրութիւնը, եւ հողին մէջ կը խրուէր իր ձիուն՝ Քուռկիկ Ջալալիի սմբակները․
Այն ատեն Մհեր եկաւ հասաւ Վանայ մօտ սարի տակ ժայռի մը առաջ. թուրը որ զարկաւ, քարը երկուքի բաժնուեցաւ, ինք եւ ձին գացին մէջը, քարը եկաւ իրար կպելով գոցուեցաւ…։ |
Աւանդութիւնը կ'ըսէ, թէ Փոքր Մհեր, իր հօր` դիւցազն Դաւիթի անէծքին պատճառով բանտարկուած է այդ ժայռ-քարանձաւին մէջ:
Տարին մէկ անգամ կը բացուին ժայռին դռները, երկինքէն իջնող մանանայով կը սնանին Մհերն ու իր ձին, այնուհետեւ դարձեալ կը փակուին ժայռին դռները: Ըստ աւանդութեան, Մհերը իր ձիուն հետ այդտեղ պէտք է մնան, մինչեւ որ աշխարհի վրայ թագաւորեն մարդասիրութիւնը, արդարութիւնը, ազնուութիւնը, խաղաղութիւնը եւ գաղափարական կեանքը: Փոքր Մհեր Վանայ ժայռէն դուրս պէտք է գայ Մհերի դրան միջոցով:
Դուռը կը կոչուի նաեւ Խալդիի կամ աստուծոյ դարպասներ: Ուրարտուի մէջ «աստուծոյ դարպասներ» կոչուած են այս տաճարները: «Աստուծոյ դարպասները», փոքրաթիւ բացառութիւններով, նուիրուած էին Խալդիին. արձանագրութիւններու մէջ, ուրարտական արքաները, «դարպասներ» կառուցած են միայն Խալդիին համար: Խալդիի պաշտամունքը այնքան առաջնային էր Ուրարտուի մէջ, որ Գ. Ղափանցեանը զայն անուանած է «խալդամոլութիւն»:[3]
Մհերի Դուռը Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վանի թագաւորութեան անկումէն ետք Մհերի Դուռը կը կորսնցնէ իր կարեւոր նշանակութիւնը, իսկ վանեցիներու գլխաւոր աստուած Խալդիի (Հայկի) պաշտամունքը, որուն նուիրուած էր այդ դուռը, կը միաձուլուի Միհրի պաշտամունքին հետ։ Սակայն ժողովրդական հաւատալիքներուն մէջ Մհերի Դուռը մինչեւ Ի. դար կը մնայ որպէս կարեւորագոյն պաշտամունքային վայր։
Այս յուշարձանը ներկայիս կը գտնուի Վանայ քարաբերդի հիւսիս-արեւելեան կողմէն դէպի Վարագայ լեռները բոլորուող լեռնագօտիի մը վրայ։ Հայկական աւանդութիւնը այս լեռնագօտին անուանած է Տոսպեան Բլուր[4], որ կը կարծուի թէ նախապէս միացած էր Վանայ բերդի ժայռերուն հետ եւ երկրաշարժի հետեւանքով բաժնուած է անկէ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Մհերի դուռ կամ Ագռաւու քար»։ Հայկական կակաչ (Papaver Armeniacum)։ 2013-05-18
- ↑ Նախահայաստանի Պատմութիւն-Ուրարտու
- ↑ Մհերի Դուռ
- ↑ «Հայրենագիտութիւն Հայրենասիրութիւն 11-Մհերի Դուռ՝ ապառաժ յիշողութիւնը | Ակօս»