Տղմուտ (Տղմոտ), գետ Հայկական Լեռնաշխարհի մէջ։ 5-րդ դարու պատմիչներէն Եղիշէն ու Ղազար Փարպեցին, Տղմուտ գետ ըսելով, նկատի կ'ունենան Մակու (Զանգիմար) գետը, որ իր վտակներով կը հոսի Վասպուրական նահանգի Արտազ գաւառով եւ ամենայն հաւանականութեամբ այդպէս կոչուած է Տղմօտ ըլլալու պատճառով։ Անոր հովիտներուն է Աւարայրի դաշտը, ուր 451-ի Մայիս 26- ին, տեղի ունեցած է Աւարայրի Ճակատամարտը՝ հայկական եւ պարսկական զօրաբանակներու միջեւ։