Jump to content

Երեւանի Մեթրոն

Երեւանի մեթրոյի քարտէսը

Երեւանի Մեթրոն, պաշտօնապէս՝ Կարէն Տէմիրճեանի անունով Երեւանի Մեթրոն, Երեւանի մեթրոյի ցանցն է։ Կառուցումը սկսած է 1972-ին, գործել սկսած է 1981-ին եւ ընդլայնուած է մինչեւ 1996 թուական: Կը գտնուի Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ։ Աշխատողներու թիւը 2005-ի տուեալներով կազմած է 1.129 մարդ։

Մեթրոյի ժետոն, օգտագործուած է մինչեւ 2009 թուական

Կառուցման նախագիծը հաստատուած է որպէս ստորգետնեայ թրամուայի նախագիծ, սակայն հետագային ան վերափոխուած է մեթրոյի։ Կառուցումը սկսած է 1972 թուականին, սակայն, քանի որ հինգ տարուան ընթացքին ճանապարհին միայն 3,9 քմ.-ը պատրաստ էր, 1977-ին համայնավարական կուսակցութիւնը որոշում առաւ սովետական այլ քաղաքներէն (Մոսկուայի, Լենինկրատի, Մինսքի կամ Թիֆլիսի) օգնութեան կանչել նման աշխատանքներու փորձ ունեցող մասնագէտներ։

Մեթրոն բացուեցաւ 7 Մարտ 1981-ին։ Հետագայ տարիներու ընթացքին ան ընդլայնեցաւ մինչեւ քաղաքի հարաւային մասերը։ Վերջին կայարանը (Չարբախ) շահագործման յանձնուած է 1996 թուականին:

Մեթրոյին կառուցումը եւ ընդլայնումը կատարուած է Կարէն Տէմիրճեանի ղեկավարութեան օրով եւ անոր անմիջական հովանաւորութեամբ։ 28 Դեկտեմբեր 1999-ին Երեւանի մեթրոն կոչուեցաւ 27 Հոկտեմբերի Ազգային ժողովին մէջ ահաբեկչական գործողութեան ժամանակ սպաննուած Կարէն Տէմիրճեանի անունով։

Կառուցման բարձր որակին շնորհիւ մեթրոն 1988-ի կործանարար երկրաշարժի ժամանակ չկրեց որեւէ լուրջ վնաս, եւ շարունակեց աշխատիլ արդէն իսկ յաջորդ օրը։ Սակայն երկրաշարժը դարձաւ մեթրոյի ընդլայնման աշխատանքներու կանխեցման գլխաւոր պատճառներէն մէկը, քանի որ հանրապետութեան ամբողջ շինարարական միջոցները ուղղուած էր աւերուած շրջաններու վերականգման։

1990-ականներու սկիզբը ճգնաժամի ընթացքին հասարակական փոխադրամիջոցի միակ ձեւն էր, որ չէր կեցած իր աշխատանքը։

Ժամանակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
ՀատուածըԲացման ամիսը
Բարեկամութիւն - Սասունցի Դաւիթ 7 Մարտ 1981
Հանրապետութեան Հրապարակ 26 Դեկտեմբեր 1981
Սասունցի Դաւիթ - Գործարանային 11 Յուլիս 1983
Գործարանային - Շէնգաւիթ 26 Դեկտեմբեր 1985
Շէնգաւիթ - Գարեգին Նժդեհի Հրապարակ 1 Յունուար 1987
Զօրավար Անդրանիկ 2 Դեկտեմբեր 1989
Շէնգաւիթ - Չարբախ 26 Դեկտեմբեր 1996

N.B Շէնգաւիթ-Չարբախ երթուղին կը գործածուի որպէս առանձին ծառայութիւն։

Վերաանուանումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1992-ին՝ Հայաստանի անկախացումէն եւ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք վերանուանուած են Երեւանի մեթրոյի կայարաններէն մի քանին։

ԿայարանըՆախկին անունըՏարիներ
Մարշալ Բաղրամեան Սարալանջի 1981-1982
Հանրապետութեան Հրապարակ Լենինի Հրապարակ 1981-1992
Գարեգին Նժդեհի Հրապարակ Սփանտարեան Հրապարակ 1987-1992
Զօրավար Անդրանիկ Հոկտեմբերեան 1989-1992

Թիւեր եւ փաստեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1981-ի դրութեամբ տարեկան 14 միլիոն մարդ կ'օգտուէր մեթրոյէն, 1987 թուականին այդ թիւը արդէն կը հասնէր 31 միլիոնի (որ կը կազմէր բոլոր փոխադրամիջոցներով կատարուող ուղեւորահոսքի 9 %-ին)։ 2001-ին այդ թիւը կը կազմէր 15,5 միլիոն երթեւեկող։ 2008-ին մեթրոն 18 միլիոն ուղեւոր տեղափոխած է, 2023-ին՝ 29,6 միլիոն։ Ներկայիս մեթրոյէն օրական կ'օգտուի 81000 հազար մարդ։
  • Երեւանի մեթրոյի ուղիներու ընդհանուր երկարութիւնը 12,1 քմ. է, կ'աշխատին 10 կայարաններ: Կայարաններէն երեքը՝ Սասունցի Դաւիթ, Գործարանային եւ Չարբախ կայարանները վերգետնեայ են, մնացած եօթը՝ ստորգետնեայ։
Կայարանի անունըՄուտքը/ելքըԽորութիւնըՇահագործման հանձնելու ամիսը
ԲարեկամութիւնՔիեւեանի խաչմերուկ7 Մարտ 1981
Մարշալ Բաղրամեան[1]Մարշալ Բաղրամեան պողոտայ, Սիրահարներու այգի7 Մարտ 1981
ԵրիտասարդականԻսահակեան եւ Աբովեան փողոցներու խաչմերուկ7 Մարտ 1981
Հանրապետութեան հրապարակ[2]Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք26 Դեկտեմբեր 1981
Զօրավար Անդրանիկ[3]Տիգրան Մեծի պողոտայ, Խորենացիի եւ Ագաթանգեղոսի փողոցներ2 Դեկտեմբեր 1989
Սասունցի ԴաւիթԵրկաթուղային կայարանՎերգետնեայ7 Մարտ 1981
Գործարանային1-ին մասՎերգետնեայ11 Յուլիս 1983
ՇէնգաւիթՇէնգաւիթ26 Դեկտեմբեր 1985
Գարեգին Նժդեհի հրապարակ[4]Գարեգին Նժդեհի հրապարակ1 Յունուար 1987
ՉարբախՉարբախՎերգետնեայ26 Դեկտեմբեր 1996

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Մինչեւ 1982 թուական՝ Սարալանջի
  2. Մինչեւ 1992 թուական՝ Լենինի հրապարակ
  3. Մինչեւ 1992 թուական՝ Հոկտեմբերեան
  4. Մինչեւ 1992 թուական՝ Սփանտարեան Հրապարակ

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]