Jump to content

Լիբանան

Լիբանան
Լիբանանի դրօշը Զինանշանը


Կը ներառնէ Պէյրութ, Պեքաա, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Հիւսիսային Լիբանան, Հարաւային Լիբանան եւ Նապաթիէ
Պետական լեզու Արաբերէն[1]
Մայրաքաղաք Պէյրութ
Օրէնսդիր մարմին Լիբանանի Խորհրդարան
Կառավարութեան ղեկավար Najib Mikati?
Ազգաբնակչութիւն 6 100 075 մարդ (2018)[2]
Օրհներգ Լիբանանի օրհներգ?
Կարգախօս Բոլորս Հայրենիքին համար
Հիմնադրուած է 22 Նոյեմբեր 1943 թ.
Արժոյթ լիբանանեան Ոսկի
Ազգային տօն 22 Նոյեմբեր 1943
Ժամային համակարգ UTC+2, UTC+3։00, Արեւելաեւրոպական ժամ, Արևելաեվրոպական ամառային ժամ? եւ Asia/Beirut?[3]
Հեռաձայնային համակարգ +961
Համացանցի յղում .lb
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,706[4]

Լիբանան[5] (արաբերէն՝ لبنان‎), պաշտօնապէս կը կոչուի Լիբանանի Հանրապետութիւն (արաբերէն՝ الجمهورية اللبنانية‎), պետութիւն է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին։ Տարածութիւնը 10.452 քմ2 է, բնակչութիւնը բաղկացած է քրիստոնեաներէ, մահմետականներէ եւ փոքրամասնութիւններէ: Ըստ «CAS»-ի հարցախոյզին, 1997-ին բնակչութեան թիւը կը հաշուէր 4 միլիոն, որու 92.4 տոկոսը լիբանանցիներ են։ Պաշտօնական լեզուն արաբերէնն է, տարածուած են նաեւ ֆրանսերէնն ու անգլերէնը։

Գլխաւոր քաղաքներն են՝ Պէյրութը (մայրաքաղաք), Թրիփոլին, Պաթրունը, Ճըպէյլը, Ճիւնին, Տամուրը, Սայտան, Սուրը, Զահլէն եւ Պաալպէքը։ Բնակչութեան շուրջ 32 տոկոսը կ'ապրի Պէյրութի եւ անոր շրջակայքի մէջ։ Դրամական միաւորը լիբանանեան լիրան է։

Պէյրութ մայրաքաղաքի համայնապատկերը

Պետութեան անուանումը յառաջացած է լեռնաշղթային անունէն․ արաբերէն՝ Ժապալ Լուպնան, լատիներէն՝ Libanus mons, հին յունարէն՝ Լիբանոս։ Ըստ այլ բնագիրներու, այս անուանումները կը յառաջանան սեմական լեզուներէն (ասորերէն՝ Լաբնանա, եբրայերէն՝ Լ֊Բանոն) «սպիտակ լեռ»։

Անուանումը տրուած է այդ լեռները տարուան ընթացքին մեծ մասամբ ձիւնածածկ ըլլալուն, կամ կրաքարային ժայռերու գոյնին պատճառով[6]։

Լիբանան արաբական փոքր երկիր մըն է Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին: Մարդիկ հոն ապրած են հնագոյն ժամանակներէն: Հնաբանները երկրին տարածքին յայտնաբերած են կարգ մը ժողովուրդներու մշակոյթներու հետքեր: Վաճառաշահ հարուստ քաղաքներով ու զարգացած գիւղատնտեսութեամբ այս երկրամասը, որ նախապէս կը կոչուէր Փիւնիկէ, շատ հին պատմութիւն ունի: Տարբեր ժամանակահատուածներու ընթացքին զայն գրաւած են եգիպտացիներն ու խեթերը, բաբելացիներն ու պարսիկները, ասորեստանցիներն ու հռոմէացիները, եւրոպացի խաչակիրներն ու թուրքերը: Լիբանանի մէջ կը գտնուի ճարտարապետութեան հնագոյն յուշարձաններէն մէկը՝ Պաալպէք կամ Հելիոպոլիս հին բնակավայրը, որ գոյություն ունեցած է մ.թ.ա. դարեր առաջ: Տակաւին կը պահպանուին հռոմէացիներու կառուցած տաճարային վիթխարի համալիրի աւերակները, որոնք մինչեւ այսօր այցելուներու հիացմունքին կ'արժանանան:

Լիբանանեան դրօշը՝ Ֆրանսական գերիշխանութեան շրջանին (1920-1943)

Մինչեւ Համաշխարհային Առաջին պատերազմ, Լիբանան Օսմանեան կայսրութեան նահանգներէն մէկն էր։ Պատերազմէն ետք, Ազգերու լիկայի մանտատով զայն կը կառավարէ Ֆրանսան:22 Նոյեմբեր, 1943-ին Լիբանան կը հռչակուի անկախ հանրապետութիւն, բայց ֆրանսական զօրքերը հոնկէ կը հեռանան 1946-ին:

Ռիատ ալ Սոլհ վարչապետ, Պըշարա Խուրի՝ Նախագահ եւ Ժորժ Քաթրօ (Ֆրանսա Լիբանանի անկախութիւնը ընդունելէ ետք)

1970-ական թուականներուն այդ փոքրիկ բարգաւաճ երկիրը նոր փորձութեան կ'ենթարկուի. Լիբանանի տարածքին Իսրայէլի հետ հակամարտող Պաղեստինի ազատագրական կազմակերպութեան առկայութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ Իսրայէլ բազմիցս յարձակի Լիբանանի վրայ, իսկ 1982-ին նոյնիսկ կը գրաւէ անոր ամբողջ հարաւն ու մայրաքաղաք Պէյրութի արեւմտեան մասը: Այդ պայմաններուն մէջ Լիբանանի մէջ կը բռնկի քաղաքացիական պատերազմը, որ մեծ վնաս կը պատճառէ երկրին: Լիբանանի հիմնական բնակիչները արաբներն են, կ'ապրին նաեւ հայեր, քիւրտեր, յոյներ, թուրքեր եւ պարսիկներ:

Պետական կառոյցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լիբանանի Խորհրդարանը

Լիբանան խորհրդարանական հանրապետութիւն է։ Պետութեան ղեկավարը նախագահն է։ Նախագահը կ'ընտրուի խորհրդարանին կողմէ (առաջին փուլի ձայներու երկու երրորդը, իսկ երկրորդ փուլի՝ պարզ մեծամասնութեամբ) 6 տարի ժամանակաշրջանով։ Իր հերթին, նախագահը կը նշանակէ վարչապետը՝ խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ խորհրդակցելէ ետք։ Խորհրդարանի պատգամաւորները՝ թիւով 128 հոգի, որոնք կ'ընտրուին չորս տարին անգամ մը շրջանային ընտրութիւններով, ուր ընտրուող անդամներու թիւը կ'որոշուի ըստ շրջանի մեծութեան եւ բնակչութեան քանակին։

Հանրապետութեան ժողովրդավարական քաղաքական համակարգը եւ խօսքի ու հաւատքի սահմանադրականօրէն ձեւակերպուած ազատութիւնները լայն ճանապարհ կը հարթեն քաղաքական կուսակցութիւններու առջեւ։

Քաղաքական կուսակցութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկրին մէջ կը գործեն աւելի քան 30 կուսակցութիւններ եւ քաղաքական խմբաւորումներ, անոնցմէ են՝ (Հնչակեան, Ռամկավար-ազատական եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւն) կուսակցութիւնները, «Համայնավար» (1924), «Քաումի» (1932), «Արաբ երիտասարդներ» (1932),«Առաջադիմական ժողովրդավարական» (1949), «Լիբանանի Փաղանգաւոր» (1936),«Պաաս» (1940),« Մայրիի Պաշտպաններ», «Ազգային Պլոք», «Ազգային Ազատական» (հիմնուած՝ 1958-ին),«Մուրապիթուն», «Լիբանանեան Ուժեր», «Ամալ», «Հըզպալլա», «Ազատ Ազգային Հոսանք», «Մուսթաքպալ Հոսանք», «Մարատա Հոսանք» եւ «Ուաըտ» կուսակցութիւնները եւ ուրիշներ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լիբանանի խորհրդանիշ՝ Մայրիի ծառը

Լիբանանը լեռնային երկիր է։ Հարաւ-արեւմուտքէն հիւսիս-արեւելք կ'երկարին Լիբանանի լեռները մինչեւ 3083 մ. (Քուրնըթ ալ-Սաուտա լեռ) բարձրութեամբ։ Առափնեայ մասը 1.5-15 քմ. լայնքով հարթավայր է։ Ափերը ցածրադիր են, թոյլ կտրտուած ծոցերով, ափագիծը՝ 200 քմ.։ Տարածուած են աւազաբլուրները եւ ժայռոտ հրուանդանները, որոնք կը յառաջացնեն բնական նաւահանգիստներ (Պէյրութ, Թրիփոլի, Սուր): Լիբանանի եւ Անդրլիբանանի (երկրի սահմաններուն մէջ կը գտնուին միայն արեւմտեան լանջերով) լեռներու միջեւ կ'երկարի Պեքաա միջլեռնային հովիտը (8-14 քմ. լայնքով, 750-900 մ. բարձրութեամբ):

Լիբանանի նկարը տիեզերքէն։ Ձնածածկոյթ կարելի է տեսնել երկրի արեւմտեան եւ արեւելեան լեռնաշղթաներու վրայ։

Կլիման մերձարեւադարձային է, չոր ամառով եւ խոնաւ ձմեռով։ Ծովափին Յունուարի միջին ջերմաստիճանը 13 ° է, Յուլիսինը՝ 28 °, տարեկան տեղումները՝ 750—1000 մ.մ., լեռներուն մէջ՝ 1000 —3000 մ.մ. (լեռնագագաթներու ձիւնը կը պահպանուի Դեկտեմբերէն Մայիս), Պեքաայի հովիտին մէջ եւ ԱնդրԼիբանանի լեռներու արեւմտեան լանջերուն վրայ՝ 400—800 մ.մ.։

Ներքին ջուրեր եւ հողեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գետերը մեծ չեն, ամրան յաճախ կը չորնան։ Մեծ գետերը՝ Էլ-Լիթանին եւ էլ-Ասին, կ'օգտագործուին ոռոգման համար եւ հիտրօուժերու աղբիւրներ են։ Առափնեայ մասերուն մէջ եւ լեռներու ստորին լանջերուն տարածուած են նարնջագոյն, աւելի բարձր մասերուն մէջ՝ մոխրանարնջագոյն քարքարոտ հողերը։

Լիբանանի Տեսարժան Վայրերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Լիբանանի ամենագեղեցիկ ու խորհրդաւոր վայրերէն մէկը Ժէիթայի քարանձաւն է: Անիկա բնութեան հրաշքներէն մէկը կը համարուի: Լիբանանի ամէնէն շատ այցելուած զբօսավայրերէն մէկն է: Հոն քարը, ջուրը, աղն ու այլ հանքանիւթեր միատեղուած են:

Քարայրը Մեթն-Քեսրուան շրջանին եւ յատկապէս Նահր Քէլպի կիրճին մէջ կը գտնուի եւ կ՛երկարի 2130 մեթր տարածութեան վրայ:

  • Այնճարը Լիբանանի սահմանը գտնուող հայկական գիւղ մըն է:

Այնճար մուսալեռցիներու կողմէ հիմնուած է:Պէյրութէն շուրջ 2 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Այնճար նշանաւոր է իր բերդով:Իսկ Այնճարէն ոչ շատ հեռու կը գտնուիվ Պաալպէքը` հնագոյն Հելիոպոլիս քաղաքը: Այստեղ կը գտնուին Լիբանանի Հռոմէական կայսրութեան օրերէն մնացած ամենալաւ պահպանուած աւերակները,հոս էին Ճիուփիթըրի, Վեներայի եւ Բաքոսի նուիրուած տաճարները: Պաալպէք ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ[7]:

  • Պիպլոս կամ Ճըպէյլ քաղաքը՝ Լիբանանի մայրաքաղաք՝ Պէյրութէն 35 քմ. դէպի հիւսիւս գտնուող ծովափնեայ քաղաք մըն է, որ հիմնադրուած է փիւնիկեցիներու օրով։Ներկայիս Պիպլոս մուտք գործած է համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ։
  • Լիբանանի ամէնէն շատ այցելուած վայրերէն կը համարուի Հարիսան, լեռնային գիւղ մըն է, ծովու մակերեւոյթէն 650 մեթր բարձրութեան վրայ։ Հարիսան ուխտագնացութեան վայր է՝ Լիբանանի Տիրամայրը։ Գիւղը կը գտնուի Պէյրութէն 20 քմ. հեռաւորութեան վրայ եւ հասանելի է Ճիւնի նաւահանգստային քաղաքէն թէ՛ սովորական ցամաքի ճամբով եւ թէ՛ ճոպանուղիով։
  • Ռաուշէի ժայռը զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկն է: Կը գտնուի արեւմտեան Պէյրութի ծովուն մէջ: Երկու հսկայ ժայռերէ բաղկացած է: Կ'ենթադրուի որ 13-րդ դարուն Պէյրութը հարուածող մեծ երկրաշարժները ծովու բացերը գտնուող բնակելի կղզիները քանդած է եւ անոնց փոխարէն գոյացած են այս երկու ժայռերը:Մեծ ժայռին կեդրոնը կայ նեղուց մը:Ժայռին բարձրութիւնը շուրջ 70 մեթր է


Լիբանանի մէջ ամէն ինչ կայ` ծով, հազարամեակներու պատմութիւն, անհրապոյր նեղլիկ փողոցներ,ինչպէս նաեւ Փարիզի շքեղութիւնը յիշեցնող արդիական ոճով կառուցուած պողոտաներ, զբօսավայրեր (օրինակ՝ Զէյթունա Պէյը), փոքրիկ, խարխուլ կրպակներ եւ հսկայական առեւտուրի կեդրոններ:

Լիբանանահայ համայնքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանահայութիւնը ամէնէն հին հայկական գաղութներէն մէկն է աշխարհի տարածքին: Ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդի մասնիկները շատ կարճ ժամանակահատուածի մը մը ընթացքին, Լիբանանի մէջ ստեղծած են ծաղկուն հայկական գաղթօճախ մը՝ բազմազան եւ բազմաբնոյթ ենթակառոյցներով` եկեղեցիներով, վանքերով, դպրոցներով, մամուլով, մշակութային, մարզական եւ բարեգործական միութիւնններով, աճեցնելով հայախօս ու հայրենասէր նոր սերունդներ: Հայերը` Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին եղբայրական վերաբերմունքին շնորհիւ կը յաջողին պահպանել հարուստ ազգային մշակոյթն ու արժէքները եւ լիիրաւ քաղաքացիներ ըլլալով` իրենց աշխատասիրութեան եւ տաղանդին շնորհիւ շօշափելի ներդրում կ'ունենան Լիբանանի զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ։ Լիբանանահայութիւնը իր ուրույն դերակատարութեամբ եւ ներուժով կը հանդիսանայ երկու բարեկամ երկիրները` Հայաստանն ու Լիբանանը միացնող ամուր եւ յուսալի կամուրջը: Լիբանանահայ գաղութը մինչեւ 1970-ական թուականներու կէսերը շուրջ 250-300 հազար կը հաշուէր: Քաղաքացիական երկարատեւ պատերազմին ու անոր հետեւանքով յառաջացած անապահովութեան ու տնտեսական տեւական ճգնաժամերուն հետեւանքով այդ թիւը կր նուազի, հասնելով շուրջ 140-150 հազարի:

Համայնքին քաղաքական կառոյցը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանան տասնամեակներ շարունակ հանդիսացած է հայ երեք աւանդական կուսակցութիւններու կեդրոնատեղին, կամ անոնց կարեւորագոյն օղակներէն մէկը: Լիբանանի մէջ կը գտնուին բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հսկայ կառոյցներ, ինչպէս՝ «Համազգային» մշակութային միութիւնը, Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.), Հայ մարզական միութիւնը (Հ.Մ.Մ.) եւ այլն:

Լիբանան հայ եկեղեցական մեծագոյն կեդրոններէն է: Հոն կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքութիւնը (Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ), Հայոց եւ Մերձաւոր Արեւելքի աւետարանական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահի նստավայրերը:

Կրթական, բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կապեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանահայ գաղութը աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած է թէ՛ Լիբանանի, թէ՛ տարածաշրջանի բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կեանքէն ներս կազմելով Լիբանանի բազմերանգ հասարակութեան կարեւորագոյն մասը: Անոր կը նպաստեն գործող բարեգործական, մշակութային եւ մարզական կազմակերպութիւնները (Հ.Բ.Ը.Մ., Համազգային, Լ.Օ.Խ., Թ.Մ.Մ., Հ.Մ.Ը.Մ., Հ.Մ.Մ., Հ.Ե.Ը. եւ այլն): Գաղութին մէջ կը գործեն մեծ թիւով հայկական վարժարաններ, որբանոցներ, ծերանոցներ, բժշկական եւ մշակութային կեդրոններ, հայրենակցական, արհեստակցական եւ մասնագիտական միութիւններ, յատկապէս՝ լիբանանահայ բժշկական միութիւնը, հայ արհեստավարժներու միութիւնը, գործարարներու միութիւնը, ընկերային ծառայողներու միութիւնը: Պէյրութի մէջ կը գտնուի Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը` Հայկազեան Համալսարանը:

Լիբանանահայ դպրոցները կ'առաջնորդուին պետական դպրոցական ծրագիրով`իրենց ուսումնական ծրագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացնելով նաեւ հայագիտական առարկաներուն: Լիբանանահայ գաղութին դպրոցական ցանցը ներկայիս կը մնայ սփիւռքի ամէնէն կազմակերպուած ցանցերէն մէկը: Լիբանանահայ գաղութը մշտական կապ կը պահէ հայրենիքի հետ` կարճ կամ երկար ժամկէտներով անուանի արուեստագէտներ (բեմադրիչներ, դերասաններ, խմբավարներ, նկարիչներ, երգիչներ, պարուսոյցներ եւ պարախումբեր), մարզիկներ եւ մարզիչներ հրաւիրելով Հայաստանէն:

Լիբանանահայ մամուլ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանահայ մանուլը ունի հարուստ աւանդոյթներ: Կը տպուին բազմաթիւ ամսագիրներ, եռամսեաներ, տարեգիրքեր, շաբաթաթերթեր եւ այլն, որոնց մէջ կ'առանձնանան երեքը` «Ազդակ» (Հ.Յ.Դ.), «Զարթօնք» (Ռ.Ա.Կ.) եւ «Արարատ» (Ս.Դ.Հ.Կ.) թերթերը: Կը գործեն նաեւ «Վանայ Ձայն» եւ «Ռատիօ Սեւան» ձայնասփիւռի կայանները: "Future" եւ "OTV" hեռատեսիլի կայաններէն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն ամէնօրեայ կէս ժամ տեւողութեամբ հաղորդումներ կը հեռարձակուին հայերէն լեզուով:

Արուեստի ցուցասրահներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» եւ «Նոյեան Տապան» ցուցասրահներուն մէջ յաճախակի կը կազմակերպուին արուեստի գործիչներու ցուցահանդէսներ [8]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 11 // (unspecified title)
  2. 2,0 2,1 2,2 Central Intelligence Agency The World FactbookWashington, D.C.: Central Intelligence Agency, U.S. Government Printing Office, 1981. — ISSN 0277-1527; 1553-8133
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/asia
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  5. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 51։ ISBN 99941-56-03-9 
  6. Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան (1987)։ Աշխարհագրական անունների բառարան։ Երեւան: «Լույս» 
  7. Պաալպէք
  8. http://lebanon.mfa.am/hy/community-overview/ Լիբանանահայ Համայնքը
  9. 9,00 9,01 9,02 9,03 9,04 9,05 9,06 9,07 9,08 9,09 9,10 9,11 9,12 9,13 9,14 9,15 9,16 9,17 9,18 9,19 9,20 9,21 9,22 9,23 9,24 9,25 9,26 9,27 9,28 9,29 9,30 9,31 9,32 9,33 9,34 9,35 9,36 9,37 9,38 9,39 9,40 9,41 9,42 9,43 9,44 9,45 9,46 9,47 9,48 9,49 9,50 9,51 9,52 9,53 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]