Անուանումը յառաջացած է այն գիւղին անունէն, որուն տեղը 1690-ին անգլիական արեւելահնդկական ընկերութիւնը հիմնադրած է այժմեան քաղաքին հիմքը հանդիսացող իր առեւտրա-մատակարարման կայանը։ Այդ գիւղը կը կոչուէր Kalikata «Քալիի կացարան»ը (Քալին հնդկական դիցաբանութեան աստուածուհիներէն է՝ Շիւայի կինը), պաշտամունքային վայր էր։
Կալկաթան անգլիացիներուն կողմէ հիմնադրուած քաղաք մըն է. իր պատմութիւնը փաստօրէն կը համընկնի անգլիացիներուն կողմէ Հնդկաստանի նուաճման պատմութեան։
Կալկաթան հիմնադրուած է անգլիական Օսթ-Հնդկական ընկերութեան կողմէ, որ կը վայելէր Հնդկաստանի հետ առեւտուր կատարելու մենաշնորհը։ Ներկայ Կալկաթայի տեղը 1690-ին առեւտրա-մատակարարման կայան մը կար, ուր հետագային անգլիացիները կը կառուցեն Ուիլիամ բերդը։ Այդ բերդը կը դառնայ Կալկաթայի կորիզը։
1773-1911 Կալկաթան եղած է Հնդկաստանին անգլիական գաղութատիրութեան վարչական կեդրոնը:
Առանձնակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն Ֆորթ-Ուիլիամը եւ Վիքթորիա Մեմորիալ թանգարանը, ուր կը ցուցադրուին Վիքթորիա թագուհիին տիրապետութեան շրջանին նիւթեր եւ բուսաբանական այգին։