Սասունցի Դաւիթ
Սասունցի Դաւիթ, Սասնայ Ծռեր հայկական ժողովրդական դիւցազնավէպին հերոսներէն մէկը:
Հակառակ անոր, որ Սասունցի Դաւիթին նուիրուած է դիւցազնավէպին չորս մասերէն միայն մէկը, սակայն ամբողջ վէպը յաճախ կը կոչուի «Սասունցի Դաւիթ»:
Հայ ժողովուրդին կենսական ուժը, իր լաւագոյն ձգտումները, խոհերն ու զգացումները մարմնաւորուած են վէպին գլխաւոր հերոսին՝ Դաւիթին կերպարին մէջ: Դաւիթ գերմարդկային ուժ ունեցող անխոցելի հսկայ մըն է՝ հայրենասէր, ժողովրդասէր, ռամիկին ու աշխատաւորներուն պաշտպանը, անձնուրաց է եւ քաջ, մարդասէր ու խաղաղասէր:
Դաւիթ հայ ժողովուրդին սիրելի հերոսը ըլլալով՝ ժողովուրդին կողմէ անոր շնորհուած է աստուածային տիտղոս՝ «Դաւիթ» կոչումով: Ժողովուրդը սիրելով իր հերոսը, մանկութենէն զինք օժտած է ազատասիրական ոգիով:
«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպը ձեւաւորուած է Ը.-Ժ. դարերուն տեղի ունեցած պատմական մեծ իրադարձութիւններու ընթացքին՝ իբրեւ արաբ թշնամիներու դէմ հայութեան մղած անթուլ պայքարին եւ նուաճուած անկախութեան գեղարուեստական արտայայտութիւնը: Դիւցազնավէպը կ'արտացոլացնէ հայ ժողովուրդին հաւաքական մտածողութիւնը, անոր կենսասիրութիւնն ու բարոյական ըմբռնումները, եւ, որ ամենակարեւորն է՝ ազատասիրական ոգին:
Անուանումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Դիւցազներգութիւնը բաղկացած է չորս ճիւղէ՝ «Սանասար եւ Պաղտասար», «Մեծ Մհեր», «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Փոքր Մհեր»: Դիւցազներգութիւնը կը կոչուի «Սասնայ ծռեր»:
- «Ծուռ» բառը հայերէնի մէջ կը նշանակէ դիւահար, խենթաւուն, խելահեղ, քաջ, եւ իմաստային այս տարբերակներէն իւրաքանչիւրը դիւցազնավէպին հերոսներուն համար բնորոշ է անոնց կեանքին այս կամ այն պարագային:
- Դիւցազնավէպը կ'անուանեն նաեւ «Ջոջանց տուն», այսինքն՝ «Մեծերու տուն», «Աւագներու տուն», «Հսկաներու տուն», «Քաջաց տուն»: Այդ քաջաց տոհմին պատկանող կիներէն կը սերի հերոսներու երեք կրտսեր սերունդ:
Դիւցազնավէպին ամէնէն նշանաւոր մասը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Սասնայ ծռեր» դիւցազնավէպին չորս մասերէն ամէնէն նշանաւորը եւ հայ ժողովուրդին ամէնէն հոգեհարազատը «Սասունցի Դաւիթ» մասն է: Հոս հայ ժողովուրդը կը նզովէ նենգ իշխանները եւ կը փառաբանէ հայրենասէր, ուժեղ եւ քաջ հերոս Դաւիթը: Դաւիթ մանկութենէն Մելիքին ցոյց կու տայ իր ուժը, ան չի հնազանիր Մելիքին, չ'անցնիր թուրին տակէն: Մելիքին պատերազմ յայտարարելը Սասնայ քաղաքին առիթ կը հանդիսանայ Դաւիթին՝ ցոյց տալու իր խոհեմութիւնն ու բազուկին ուժը: Ան կը հասկնայ, որ այդ պատերազմը ուղղուած է իր դէմ, ոչ իր անմեղ ժողովուրդին, ուստի եւ այս պատերազմին պէտք չէր մասնակից դառնար անմեղ ժողովուրդը: Այսպէս Դաւիթ վերցնելով իր հօր զէնքն ու զրահը կ'երթայ Մսրայ աշխարհ, ճանապարհին զգուշացնելով իր գալստեան մասին՝ Մսրայ աշխարհին.
Էհէ՜յ, ով քնացած է՝ արթո՛ւն կեցէք,
Ով արթուն է՝ ձիե՛ր թամբեցէք, Ով թամբեր է՝ զէնքե՛ր կապեցէք, Ով կապեր է՝ ելէ՛ք, հեծէ՛ք, Չըսէք Դաւիթ գող-գող էկաւ Գողճգող գնաց[2]: |
Մելիքին հետ դէմ յանդիման կռուելով, Դաւիթ անգամ մը եւս իր արիութիւնը կը ցուցաբերէ Մսրայ ժողովուրդին: Ան քառասուն գոմէշի կաշի վրան քաշած Մելիքը կը կիսէ մէջտեղէն: Այս պատկերը շատ խոր կ'արտացոլայ հայ ժողովուրդին մէջ եւ գեղեցիկ ձեւով կը յայտնուի դիւցազնավէպին մէջ.
Կանչեց, զարկաւ, Թուր Կեծակին
Կըտրեց քառսուն ջաղացի քար, Կըտրեց քառսուն գոմշի կաշին, Կըտրեց հրէշ Մըսրա Մելքին: Ու եօթ գազ էլ մտաւ գետին, գնաց, հասաւ մինչեւ սեւ ջուր: |
Այս դիւցազնավէպը ամբողջ աշխարհին կը բացայայտէ հայոց արիութիւնն ու մարտական ոգին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Bedevian Ruth (15 February 2007)։ «Yervand Kochar - Incomparable Talent Evoked the National Spirit of Armenia»։ Armenian News Network / Groong։ University of Southern California։ արտագրուած է՝ 28 February 2014
- ↑ Սասունցի Դաւիթ