Կոտայքի մարզ
Կոտայքի մարզ, մարզի կարգավիճակ ունեցող վարչատարածքային միաւոր Հայաստանի մէջ։ Միակ մարզն է, որ միջպետական սահման չունի Հայաստանի սահմանակից որեւէ պետութեան հետ: Կոտայքը միաժամանակ նաեւ այն չորս մարզերէն մէկն է, որոնք անմիջապէս կը հարին մայրաքաղաք Երեւանին[1]:
Մարզի տարածքը կ՛ընդգրկէ Կոտայքի սարաւանդը, Մարմարիկ գետի աւազանը, Հրազդան գետի աւազանի վերին ու միջին հատուածը, ինչպէս նաեւ Գեղամայ լեռնաշղթայի արեւմտեան լանջերը[2]: Այն Հարաւ-արեւմուտքէն սահմանակից է մայրաքաղաքին, Արեւմուտքէն՝ Արագածոտնի, Հիւսիսէն՝ Լոռիի, Հիւսիս-արեւելքէն՝ Տաւուշի, Արեւելքէն՝ Գեղարքունիքի եւ Հարաւէն՝ Արարատի մարզերուն[2]:
Կոտայքի մարզի վարչական կեդրոնը Հրազդանն է[3][4]: Ամենամեծ քաղաքը Աբովեանն է, որ կը գտնուի Երեւան քաղաքէն ընդամենը 10 քմ հեռաւորութեան վրայ։ Կոտայքի մարզը կը զբաղեցնէ 2,089 քմ² տարածք (8-րդը Հայաստանի մարզերու շարքին)։ Ըստ 2011-ի տուեալներուն, մարզի բնակչութիւնը կը կազմէ 254 397 հոգի[5]։
Կոտայքի արեւմտեան մասը նախապէս մտած է Մեծ Հայքի Այրարատ նահանգի Կոտայք, իսկ արեւելեանը՝ Մազազ գաւառներուն մէջ[6]։ Ներկայիս վարչատարածքային միաւորը ձեւաւորուած է Խորհրդային Հայաստանի մաս կազմող Աբովեան, Հրազդան եւ Նայիրի շրջաններու միաւորման արդիւնքով[7]։ Կոտայքի մարզը խորհրդային տարիներուն ունեցած է զարգացած մեքենաշինական, հաստոցաշինական արդիւնաբերութիւն, որ այժմ գրեթէ վերացած է[8]։
Կոտայքի մարզը Հայաստանի տնտեսական ամենամեծ կեդրոններէն է: Հրազդանի մէջ մինչ օրս կը գործէ ջերմաելեկտրակայան[9] եւ ջրաելեկտրակաեան[10], որոնք կը բաւարարեն Հայաստանի ուժգնութեան պահանջներուն մէկ մասը[9]։ Մարմարիկ գետի ձախ ափին գտնուող Մեղրաձոր գիւղին մէջ կը պահուին երկրի ոսկիի պաշարներու մեծ մասը։ Ծաղկաձոր քաղաքը Հայաստանի լեռնադահուկային մարզական կեդրոնն է, որ ունի կարեւոր զբօսաշրջային նշանակութիւն[11][12]: Մարզի տարածքը հարուստ է նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններով։ Անոնց մարգարիտը Գառնիի հեթանոսական տաճարն է, որ կառուցուած է Ք.Ե. Ա. դարուն եւ կը համարուի մինչ օրս պահպանուած նախաքրիստոնէական հայկական արուեստի եզակի նմուշներէն մէկը։ Նշանաւոր են նաեւ Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի կողմէ կառուցուած Բջնի բերդը, ինչպէս նաեւ միջնադարեան Կեչառիսի վանքային համալիրը եւ Գեղարդավանքը՝ ուր կը պահուէր յայտնի գեղարդը, որով հռոմէացի զինուորը խոցած է Քրիստոսի կողը։
Անուան ծագումնաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ ընդունուած վարկածին, Կոտայք անուանումը կապուած է Մեծ Հայքի Արշակունի թագաւոր Խոսրով Կոտակի անուան հետ[13]։ Սակայն այլ աղբիւրներ ալ իրենց հերթին կը վկայեն, որ Կոտայք երկրամասի անուանումը կապուած չէ «Խոսրով Մեծի թոռը, քաջ եւ հզօր Տրդատ թագաւորի որդի» Խոսրովի հետ եւ ունի էթնիկական ծագում[13]։
Կ՛ենթադրուի, որ Կոտայք անուանումը կապուած է հինաշխարհեան նոյնանուն ցեղանունին հետ։ Կը նոյնացուի ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններու Էտունի երկրի անուան հետ։ Ղեւոնդ Ալիշան հնարաւոր կը համարէ, որ յոյն նշանաւոր աշխարհագրագէտ Քլաւտիոս Պտղոմէոսի յիշատակած Կոտակէնէ գաւառը նոյն Կոտայքն է։
Ոմանք կը կարծեն, որ Կոտայքի անուանումը կապուած է Միջնադարեան Հայաստանի մէջ ապրող իշխանի մը անուան, ուրիշները՝ Կոտայքի Կեդրոն (այժմ՝ Գետամէջ) գիւղի անուան, կամ ալ Սիւնեաց աշխարհի Գեղարքունիք գաւառի Կոթ կամ Կոթաքար գիւղաքաղաքի անուան հետ, իբրեւ Կոթա փոխադրուածներու կամ Կոթայեցիքի գաւառ։
Կոտայքի մասին տեղեկութիւններ կը պահպանուին Անանիա Շիրակացիի «Աշխարհացոյց»-ի եւ այլ մատենագիրներու երկերուն մէջ։ Հայ մատենագիրներէն առաջին յիշատակութիւնը Սեբէոսինն է (7-րդ դար)։ Արաբ պատմագիր Բալաձորի Կոտայքը կը յիշէ Կոյտա ձեւով։ Միքայէլ Չամչեան, այլ տեղեկութիւններէն օգտուելով, Կոտայքը կ՛անուանէ Խատա կամ Խատայոց։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի արեւմտեան մասը հինէն կը մտնէր Այրարատ նահանգի Կոտայք, իսկ արեւելեանը՝ Մազազ գաւառներու կազմին մէջ[6]։ Կոտայք գաւառի մասին տեղեկութիւններ պահպանուած են 7-րդ դարու «Աշխարհացոյց»ին մէջ եւ հայ մատենագիրներ Սեբէոսի, Թովմա Արծրունիի, Ասողիկի, Կիրակոս Գանձակեցիի, Ստեփանոս Օրբելեանի եւ Զաքարիա Քանաքեռցիի աշխատութիւններուն մէջ, հայկական հին ձեռագիրներուն եւ յիշատակարաններուն մէջ[14]։ Անոր անցեալի պատմական եւ մշակութային կեանքի վկայութիւններն են Կոտայքի մէջ պահպանուած բազմաթիւ յուշարձանները[15]։ Ըստ հնագոյն վկայութիւններու՝ Կոտայքի ներկայիս տարածքը բնակեցուած է հազարաւոր տարիներ առաջ[16]: Հրազդան քաղաքի տարածքին յայտնաբերուած են Ն.Ք. 2-1-ին հազարամեակներու դամբարաններ։ Պահպանուած է Ն.Ք. 13-րդ դարու քարաւանատուն։ Վաղ ժամանակներուն մարզի ներկայիս տարածքին եւ հարակից շրջաններուն մէջ ապրող ուրարտացիները կրցան միաւորել տեղի ցեղախումբերուն եւ ստեղծել Վանի թագաւորութիւնը, որուն մէջ կը մտնէր Կոտայքի տարածքը:
Ըստ ուրարտական արձանագրութիւններուն, մարզի ներկայիս տարածքը կ՛ընդգրկէր Էթիունի խոշոր ցեղային միութեան տիրապետութեան մէջ։ Աբովեան քաղաքի տարածքին յայտնաբերուած է Արգիշտի Ա. թագաւորի (Ն.Ք. 8-րդ դար) սեպագիր արձանագրութիւնը[17]: Քաղաքի հարաւային մասը կայ Ն.Ք. 2-1-ին հազարամեակի կիկլոպեան ամրոց, բնակատեղի եւ դամբարաններ։
Կոտայքի մարզի ներկայիս տարածքը եղած է հին հայերու հեթանոսութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկը։ Այստեղ կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մինչ օրս պահպանուած միակ հեթանոսական կառոյցը՝ Գառնիի տաճարը[18][19]: Միջնադարեան հայկական մատենագիտութեան մէջ Մովսէս Խորենացիի առաջ քաշած աւանդութիւնը ճանչցուած է ճշմարիտ-իրական։ 14-րդ դարու ձեռագրի մը մէջ ալ դաստակերտ-ամրոցի հիմնադրման տարի կը համարուի Ն.Ք. 2166-ը[19]։
Միջնադար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ միջնադարուն (3-5-րդ դարեր) այս հողերը պատկանած են հայոց թագաւորի կալուածները տնօրինող Վարաժնունիներու տոհմին։ 5-րդ դարուն հովիտը անցաւ հայկական ազդեցիկ Կամսարական տոհմի տիրապետութեան տակ, որ կը սերէր Իրանի 7 մեծագոյն տուներէն մէկուն՝ Կարէնեաններ-Պահլաւունիներէն։ Կամսարական տոհմի յետնորդ, Պահլաւունի տոհմի առաջնորդ Գրիգոր Մագիստրոսը 1033-ին հրամայեց Ծաղկաձոր աւանին մէջ կառուցել եկեղեցի, զոր կոչեցին Գրիգոր Լուսաւորիչի անունով։ Այսպիսով, հիմնուեցաւ Կեչառիս վանական համալիրը[20]։
Արշակունիներու ժամանակ Կոտայքը կը պատկանէր հայոց արքունիքին, իսկ 5-7-րդ դարերուն, ըստ որոշ տուեալներու՝ Ամատունեաց նախարարական տան։ Կոտայքի տարածքը կռուախնձոր եղած է Ամատունիներու եւ հայոց իշխան Գրիգոր Ա. Մամիկոնեանի միջեւ։ Ըստ Հայոց կաթողիկոս եւ պատմիչ Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի գրառումներուն, Արամոնս գիւղը եղած է հայոց կաթողիկոսական կալուած: 9-10-րդ դարերուն պատկանած է Բագրատունիներու թագաւորութեան, իսկ 10-րդ դարուն վերջը գաւառը նուիրուած է Պահլաւունիներ իշխանական տոհմին։ Յետագային՝ 12-13-րդ դարերուն, տարածքը եղած է Զաքարեաններու իշխանութեան տակ եւ պատկանած է Իւանէ Զաքարեանին, ինչպէս նաեւ անոր ենթակայ հայ իշխաններուն: 13-15-րդ դարերուն վերջինիս մէկ մասը անցած է Պռոշեաններու եւ Խաղբակեաններու ենթակայութեան տակ։ 1253-ին ներկայիս մարզի տարածքին մէկ մասը Մանգիի Խանը շնորհած է իշխան Սմբատ Օրբելեանին՝ թուրք սելճուքներու եւ թաթար մոնղոլներու տիրապետութեան շրջանին։
Նոր եւ նորագոյն ժամանակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տարածքի յետագայ տիրապետողներու կարգին եղած են ակ-կոյունլիի, կարա-կոյունլիի ցեղախումբերը, Սէֆեան Պարսկաստանը, իսկ 18-րդ դարու կէսերուն Կոտայքը ձեւաւորած է Երեւանի խանութեան Կարբի-Բասարի եւ Կըրխբուլաղ մահալները։ Այս տարածքը նոյնպէս ենթարկուած է Շահ Աբասի իրականացուցած բռնագաղթին, որուն հետեւանքով բնակիչները լքած են տարածքը։ 1828-1829-ականներուն Արեւելեան Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ տիրապետութեան հաստատումէն ետք այն մտած է Կոտայք գաւառին մէջ[21]։ Թուրք-պարսկական տիրապետութեան օրօք բաժնուած էր Երեւանի խանութեան Կըրխ-Բուլաղի եւ Գսանի-Պասարի մահալներու միջեւ[22]։ Արեւելեան Հայաստանը վերջնականապէս Ռուսիոյ միացումէն եւ Երեւանի նահանգը կազմուելէն ետք (1849) Կոտայքը մտաւ այդ նահանգին մէջ։ Բնակչութիւնը հիմնականին կը զբաղուէր երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ։ Շրջանին մէջ չկային արդիւնաբերական քաղաքներ[22]։ Գիւղերը փոքր էին եւ անբարեկարգ։
Նախքան Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը, Կոտայքի մէջ մարքսիստական գաղափարներու առաջին տարածողները եղած են Պաքուի, Թիֆլիսի եւ Երեւանի ձեռնարկութիւններուն մէջ աշխատող պոլշեւիկ գործիչներ, ինչպէս նաեւ Երեւանի թեմական դպրոցի կոտայքցի աշակերտները, որոնք կը հարէին պոլշեւիկեան Սպարտակ կազմակերպութեան։ Խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք՝ Դեկտեմբեր 1920-ին, հիմնադրուեցաւ Կոտայքի կուսկազմակերպութիւնը[23]։ 1921-ին տեղի ունեցաւ առաջին կուսակցական համաժողովը, որ կոչուեցաւ Կոտայքի շրջանի կուսակցականներու ընդհանուր ժողով։ 1 Յունուար 1973- ի դրութեամբ, Կոտայքի մէջ կար 117 կուսկազմակերպութիւն՝ 2997 կոմունիստներով։ 1921-1971-ականներուն տեղի ունեցած է շրջանային կուսկազմակերպութեան 36 համաժողով։ Առաջին կոմերիտական բջիջը կազմակերպուած է Դեկտեմբեր1920-ին՝ Քանաքեռի մէջ։ Յուլիս1921-ին վերջը կայացաւ առաջին համաժողովը, որ ընտրեց շրջկոմ։ Կազմակերպութիւնը այն ժամանակ ունէր 320 կոմերիտական։ 1 Յունուար 1972-ի դրութեամբ Կոտայքի մէջ կը հաշւուէր կոմերիտական կազմակերպութիւն՝ 6729 կոմերիտականներով։ Խորհրդային իշխանութեան առաջին տարիներուն, մինչեւ 20 Հոկտեմբեր 1925-ը, Կոտայքը իբրեւ գաւառակ մտած է Երեւանի գաւառին մէջ, այնուհետեւ դարձած առանձին շրջան։ Կոտայքը Հայաստանի յետամնաց գիւղատնտեսական շրջաններէն էր։ 1700 գաղթական ընտանիքներ բառացիօրէն ընչազուրկ էին եւ անօթեւան։ 1922-ին կայացած անկուսակցականներու համագումարը որոշեց, մինչեւ կառավարութեան օգնութիւնը, գիւղին մէջ միջոցներ ձեռնարկել սովին դէմ պայքարելու համար։ Այս ժամանակահատուածին շրջանի բնակչութեան մօտ 95% անգրագէտ էր։ Բոլոր գիւղերուն մէջ բացուեցան անգրագիտութեան վերացման կայաններ (հաշուեհատութեան կայաններ) եւ սկսաւ զանգուածային տարրական կրթութեան իրագործումը։ Այդ նպատակով տարրական դպրոցներ բացուեցան գիւղերուն մէջ։ Քանաքեռի մէջ 1926-ին բացուեցաւ եօթնամեայ դպրոց, իսկ Ելղովանի մէջ՝ կոլերիտ դպրոց։ 1925-ին շրջանին մէջ կը գործէր արդէն 24 դպրոց՝ 2684 աշակերտով։
1922-ին նախկին աղայապատկան հողերուն վրայ կազմակերպուեցաւ Ձագ գիւղի Միասնիկեանի անուան տնտեսութիւնը։ Այստեղ աճեցուող ծխախոտի, խնձորի եւ վարունգի բերքատու տեսակները յետագային տարածուեցան շրջանի միւս գիւղերուն մէջ։ Առաջին հաւաքական տնտեսութիւնները Կոտայքի մէջ կազմակերպուեցան 1928-ին, Ելղովանի մէջ (այժմ՝ Կոտայք) եւ Ճաթղռանի մէջ (այժմ՝ Գեղաշէն)։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը միաւորէր 12 տնտեսութիւն։ 1930-ի սկիզբները հաւաքական տնտեսութիւններ կազմակերպուեցան եւս 24 գիւղերու մէջ։ 1934-ին հաւաքական տնտեսութիւնները կը միաւորէին 3514, 1935-ին՝ 5408 ընտանիք։ 1936-ին հաւաքական տնտեսութիւնները արդէն կ՛ընդգրկէին շրջանի բնակչութեան 95%-ը։ 1934-ին ստեղծուեցաւ մեքենա-տրակտորային կայան, որ կը սպասարկէր 26 տնտեսութիւններու։ Աւելի ուշ Ջրվէժի մէջ կազմակերպուեցաւ 2-րդ ՄՏԿ։
Կոտայքի առաջին արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնը՝ Արզնիի հանքային ջուրերու գործարանը[11], կառուցուեցաւ 1927-ին։ 1928-ին այնտեղ կառուցուեցաւ նաեւ Հայաստանի առաջին առողջարանը։ Շրջանի կուսակցական կազմակերպութեան ղեկավարութեամբ աշխատաւորները եռանդուն մասնակցութիւն ունեցան Քանաքեռի ՀԷԿ-ի, յատկապէս՝ անոր ջրանցքի եւ ջրաւազանի կառուցման։ Կոտայքի աշխատաւորութիւնը մասնակցեցաւ նաեւ 1930-ականներուն սկսած եւ 1950-ականներուն շարունակուած Երեւան-Աղստաֆա երկաթուղիի շինարարութեան։
Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի տարիներուն Կոտայքի մարզի բնակչութիւնը իր աւանդը ներդրեց յաղթանակի գործին։ 1941-ին շրջանի կոմունիստներու 54,7% (407 մարդ) մեկնեցաւ ռազմաճակատ։ 1941-1945-ականներուն շրջանի ազգաբնակչութենէն 7350 հոգի զօրակոչուեցաւ խորհրդային զինուած ուժերու շարքերը։ ԽՍՀՄ շքանշաններով ու մետալներով պարգեւատրուեցաւ 4735 հոգի։ Անոնցմէ երկուքը՝ Հրանդ Պապայեան եւ Սերգէյ Սարխոշեւ, արժանացան Խորհրդային Միութեան հերոսի կոչման, իսկ Իւան Միրզոեւը դարձաւ Փառքի շքանշանի երեք աստիճաններու ասպետ։ Պատերազմի ժամանակ Կոտայքի աշխատաւորները վիթխարի աշխատանք կատարեցին թիկունքին մէջ՝ աշխատուժի մեծ պակասի պայմաններուն ապահովելով հաւաքական տնտեսային արտադրութիւնը եւ մթերքներու յանձնումը պետութեան։ Կառուցուեցաւ Գառնիի ջրանցքը[24], որ Ազատ գետի ջուրով ոռոգեց 800 հա հող։ 1945-ին շահագործման յանձնուեցաւ Գառնիի ելեկտրակայանը, այնուհետեւ շարք մտաւ Քանաքեռի ջրհան կայանը։
Յետպատերազմեան տարիներուն զգալի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան Կոտայքի տնտեսութեան կառուցուածքին մէջ․ աննախընթաց չափով աճեցաւ արդիւնաբերութեան տեսակարար կշիռը շրջանի տնտեսութեան ընդհանուր հաշուեկշռին մէջ․ կառուցուեցան եւ գործարկուեցան 12 կարեւոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ: Արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու հետ մէկտեղ շրջանին մէջ յայտնուեցան նոր բնակավայրեր՝ Նոր Հաճն եւ Արզնի քաղաքատիպ աւանները։ 1958-ին նախկին շրջկեդրոններ Քանաքեռ ու Աւան գիւղերը միացուեցան Երեւանին[25], իսկ Գառնի, Գողթ, Քիւլլուջա գիւղերուն, Աբովեանի եւ Քանաքեռաւանին մէջ (նոր բնակավայր, որու կառուցումը սկսած է 1960-էն) ստեղծուեցան մասնագիտացուած խորհրդային տնտեսութիւններ։ Նախկին հաւաքական տնտեսութիւններու եւ բնակատեղիներու հիմքին վրայ ստեղծուեցան նաեւ Աբովեանի ծխախոտի զոնալ փորձակայանը, անասնաբուծական-անասնաբուժական ուսումնարանի Բալահովտի ուսումնա-փորձնական տնտեսութիւնը, Առինջի պտղատնկարանային տնտեսութիւնը, Աբովեանի անտառային տնտեսութիւնը, Ջրվէժի, Ձորաղբիւրի, Ողջաբերդի, Պտղնիի, Ջրաբերի, Հացաւանի պետական տնտեսութիւնները, Աբովեանի ջերմոցային տնտեսութիւնը։ Կոտայքի գիւղատնտեսութեան մասնագիտացման եւ մշակուող հողատարածութիւններու բերքատուութեան բարձրացման համար մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Կոտայքի ջրանցքի շինարարութիւնը, որու առաջին հերթը աւարտեցաւ 1958-ին։ 1970-ին ջրովի հողատարածութիւնները կազմեցին մօտ 10 000 հա (1940-ին՝ 4936 հա)։ Ակնա լիճէն անցնող ջրանցքով կը ջրուին Գեղամայ լեռնաշղթայի արօտավայրերը՝ մօտ 1000 հա։
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեռնագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքը կեդրոնական դիրք կը գրաւէ Հայաստանի տարածքին[26]։ Արեւելքէն սահման է Գեղարքունիքի մարզին, Հիւսիս եւ Հիւսիս-արեւելքէն համապատասխանաբար Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերուն, Հարաւէն սահմանակից է Արարատի մարզին եւ մայրաքաղաք Երեւանին, իսկ ամբողջ Արեւմուտքէն՝ Արագածոտնի մարզին[26]։ Ամենաերկար սահմանագիծը Արագածոտնի մարզի հետ անցնող սահմանն է, իսկ ամենակարճը՝ Տաւուշի մարզի սահմանը։ Կոտայքը կը գտնուի Արարատեան գոգաւորութեան նախալեռան Հիւսիս-արեւելքը՝ Հրազդան եւ Ազատ գետերու միջեւ, Կոտայքի սարաւանդի վրայ[26]։ Հիւսիս-արեւելքէն կը բարձրանան Գեղամայ լեռնաշղթան (Աժդահակ լեռ 3598 մ) եւ Ողջաբերդի լեռնաբազուկը, Արեւմուտքէն կը ձգուի Հրազդանի կիրճը, իսկ Հարաւէն՝ Նորքի բարձրութիւնը։ Կոտայքի մարզի կեդրոնական հատուածը՝ Հրազդան գետի երկու ափերուն, կը տարածուին Կոտայքի եւ Եղուարդի թոյլ մասնատուած լաւային սարաւանդերը: Կեդրոնական հատուածին մէջ կը գտնուին Գութանասարի, Արայի եւ Հատիս լեռնագագաթները[6]:
Մարզի հարթավայրերն են` Եղուարդի հարթավայրը (կը գտնուի ծովի մակերեւոյթէն 1200-1300 մեթր բարձրութեան վրայ) եւ Հրազդանի սարահարթը (ծովի մակերեւոյթէն` 1700-1800 մեթր բարձրութեան վրայ): Ամենաբարձր կէտը Աժդահակ լեռն է՝ 3598 մեթր բարձրութեամբ: Աժդահակ լեռը կը գտնուի Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու սահմանագլուն։ Ռելիէֆը մեղմ ալիքաւոր է, տեղ-տեղ կը բարձրանան մնացորդային բլուրներ եւ խարամային կոներ։ Ծածկուած է Գեղամայ լեռնաշղթայի հրաբուխներէն արտավիժած լաւաներով ու տուֆերով, որոնք ընդարձակ աստիճաններով Ողջաբերդի լեռնաբազուկէն կը ձգուին դէպի Գետառի ալիւվիալ հովիտը։
Թեք ու անտառազուրկ լանջերուն շատ են հեղեղատները ու փոքր հովիտները։ Շրջանի տարածքի մեծ մասը տեղանքի թեքութիւնները 8°-էն չեն անցնիր, ուստի տնտեսական իւրացման համար համեմատաբար դիւրին են: Կոտայքի մարզի հողաբուսական ծածկոյթը բաւականին խայտաբղետ է: Կը գերակշռեն լեռնատափաստանային եւ լեռնաշագանակագոյն, բարձրադիր վայրերուն մէջ՝ ենթալպեան լեռնամարգագէտնային, սեւահողանման ու դարչնագոյն հողերը։ Սարաւանդներուն բնորոշ են շագանակագոյն հողերը եւ չոր տափաստանային բնակավայրերը: Լեռնալանջերուն սեւահողային ծածկոյթի վրայ ձեւաւորուած են լեռնային տափաստաններ: Ծաղկունեաց լեռներու եւ Մարմարիկի հովիտի անտառներուն տակ կը տարածուին գորշ դարչնագոյն հողերը: Բարձրադիր լեռնային գօտիին բնորոշ է լեռնամարգագետնային բնակավայրը: Գետահովիտներուն մէջ մշակուած ոռոգուող հողեր են։ Բարձրադիր մասերուն մէջ տարածուած են խոտհարքներն ու ամառնային արօտավայրերը։ Լաւ արտայայտուած են բնական բնակավայրերու գօտիները։
Ջրագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզը նշանաւոր է ներքին ջուրերու առատութեամբ: Գետերէն Հրազդանը[27], Գետառը, Ազատը ունին ոռոգիչ նշանակութիւն։ Ակնա լիճի (բարձրութիւնը՝ 3032 մեթր) ջուրերով կը ջրարմիացուին ամառնային արօտավայրերը։ Հրաբխային ապարներու մէջ ներծծուած ջուրերը աղբիւրներու տեսքով դուրս կու գան լեռներու ստորոտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հրազդան եւ Ազատ գետերու կիրճերուն մէջ[6]: Յայտնի են Քառասունակնի, Գառնիի եւ Արզնիի աղբիւրները, որոնց ջուրերը կը հասնին Երեւանին եւ կ՛օգտագործուին կենցաղային եւ արդիւնագործածական նկատառումներով[6]:
Կոտայքի մարզի քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու տարածքներուն մէջ կան տասնեակ լիճեր, որոնց մէկ մասը կը չորնայ ամրան: Կոտայքի մարզի լիճերը տնտեսական կարեւորութիւն գրեթէ չունին: Անոնք հիմնականին կ՛օգտագործուին ոռոգման նպատակներով եւ ունին տեղական կարեւորութիւն: Մարզի ջրամբարները կ՛օգտագործուին ոռոգման, ուժականութեան, ձկնաբուծական եւ բուժական նկատառումներով: Նշանաւոր են Մարմարիկի եւ Աղբիւրակի ջրամբարները[6]:
Կոտայքի մարզի ստորգետնեայ ջուրերու պաշարները բաշխուած են անհամաչափ։ Ստորգետնեայ ջուրերը մեծ կարեւորութիւն ունին ջրային հաւասարակշռութեան մէջ։ Կոտայքի մարզին մէջ կան նաեւ քանի մը ջրառատ ջրվէժներ: Անոնցմէ ամենաջրառատն ու բարձրադիրը Գողթ գիւղին մէջ գտնուող Խոսրովի ջրվէժն է[28], որ ունի 8 մեթր բարձրութիւն: Ջրվէժը զբօսաշրջային կարեւոր վայր է: Ճահիճները բաւական քիչ են:
Կլիմա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կլիման ըստ բարձրութեան կը փոխուի տաք չոր ցամաքայինէն մինչեւ ձիւնամերձը։ Օդի տարեկան միջին ջերմաստիճանը կը տատանի 10 °C-էն մինչեւ 2.5 °C:
Տարուան ամենատաք ամիսը Յուլիսն է, իսկ ամենացուրտը՝ Յունուարը: Կոտայքի մարզի ցածրադիր շրջաններուն մէջ միջին յունուարեան ջերմաստիճանը կը կազմէ 4.5-5 °C: Բարձրադիր շրջաններուն մէջ յունուարեան ջերմաստիճանը կը նուազի մէկ եւ աւելի ջերմաստիճանով՝ -3.6 °C:
Կոտայքի մարզի բարձրադիր շրջաններուն մէջ ամրան ամենատաք ամիսին կը գրանցուի միջին 8.7 °C ջերմութիւն: Ցածրադիր շրջաններու եղանակային պայմանները բաւականին տարբեր են: Ամրան ամիսներուն կը գրանցուի բարձր ջերմութիւն յատկապէս Աբովեան եւ Հրազդան քաղաքներուն մէջ։ Միջին Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն ջերմաստիճանը ցածրադիր գօտիներուն մէջ կը կազմէ 22.2 °C եւ աւելի:
Ամենացած ջերմաստիճանը Հայաստանի Կոտայքի մարզին մէջ կը գրանցուի Աժդահակ լերան գագաթին։
Տարեկան մթնոլորտային տեղումներու քանակը բնականէն բարձր է՝ 400-970 մմ։ Տարբեր ամիսներու կը տեղայ անձրեւ, կարկուտ, իսկ ձմեռնային ամիսներուն՝ ձիւն: Անսառնամանիք օրերու թիւը մարզի ստորին գօտիին մէջ կը կազմէ շուրջ 200 օր։
Հրազդանի կլիմայական տուեալները | |||||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Ամիս | Յունուար | Փետրուար | Մարտ | Ապրիլ | Մայիս | Յունիս | Յուլիս | Օգոստոս | Սեպտեմբեր | Հոկտեմբեր | Նոյեմբեր | Դեկտեմբեր | Տարի |
Միջին բարձր °F (°C) | 31.3
(−0.4) |
32.4
(0.2) |
39.6
(4.2) |
50.5
(10.3) |
59.5
(15.3) |
67.8
(19.9) |
74.1
(23.4) |
79.5
(26.4) |
68.9
(20.5) |
58.8
(14.9) |
45.9
(7.7) |
35.4
(1.9) |
53.64
(12.03) |
Միջին ցածր °F (°C) | 14.2
(−9.9) |
15.4
(−9.2) |
22.1
(−5.5) |
30.6
(−0.8) |
38.3
(3.5) |
44.4
(6.9) |
49.8
(9.9) |
50.2
(10.1) |
43.2
(6.2) |
36.0
(2.2) |
27.9
(−2.3) |
19.9
(−6.7) |
32.67
(0.37) |
Տեղումներ inches (մմ) | 0.75
(19) |
0.91
(23.1) |
1.38
(35.1) |
2.17
(55.1) |
3.50
(88.9) |
2.91
(73.9) |
1.81
(46) |
1.51
(38.4) |
1.18
(30) |
1.61
(40.9) |
1.26
(32) |
0.75
(19) |
19.74
(501.4) |
Կոտայքի մարզը, ինչպէս եւ ամբողջ Հայաստանը, կը գտնուի Greenwich-ի զուգահեռականէն արեւելք՝ չորրորդ ժամային գօտիին մէջ[29]: Մինչեւ 2011-ը Հայաստանը կ՛անցնէր ամառնային եւ ձմեռնային ժամային հերթափոխի. Մարտի վերջին Կիրակի օրը ժամացոյցի սլաքները մէկ ժամ առաջ կը տարուէին, իսկ Հոկտեմբերի վերջին Կիրակի օրը ձմեռնային ժամանակը կը վերականգնէր՝ ժամացոյցի սլաքները մէկ ժամ ետ տալով։ 2012-էն ժամանակը դարձած է անփոփոխ՝ Հայաստանի համապատասխան օրէնքի փոփոխութեամբ[30]:
Բուսական եւ կենդանական աշխարհ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզի կենդանական աշխարհը համեմատաբար աւելի աղքատիկ է: Կոտայքի մարզը տեղադիրքով Միջերկրածովեան կենսաշխարհագրական տարածաշրջանի Իրանական, Փոքրասիական ու Պոնտոս-կովկասեան մարզերու խաչմերուկ է, որմով եւ պայմանաւորուած է այդ աշխարհագրական շրջաններու ազդեցութիւնը Հայաստանի եւ առանձին մարզերու կենդանական աշխարհի տեսակներուն վրայ։
Կոտայքի մարզի կենդանական աշխարհին բնորոշ են հիմնականին լեռնատափաստանային կենդանատեսակները: Մարզի տարբեր շրջաններուն մէջ կը հանդիպին գայլ, աղուէս, լուսան, կզաքիս, գորշուկ, նապաստակ եւ այլն: Մեծ է նաեւ օձերու տեսակներու բազմազանութիւնը: Կոտայքի մարզի տարբեր գօտիներուն մէջ կը հանդիպին ինչպէս անվտանգ, այդպէս ալ թունաւոր օձեր: Կոտայքի մարզի սողուններու գլխաւոր ներկայացուցիչներէն է հայկական լեռնատափաստանային իժը, որ կ՛ապրի մարզի լեռնային շրջաններուն մէջ։ Այս աշխարհագրական տեղամասին մէջ կ՛ապրին նաեւ շարք մը թռչուններ՝ ալփեան ճայ, կովկասեան մայրեհաւ, տափաստանային արծիւ եւ այլն։
Կոտայքի մարզի կենդանական աշխարհը հանրային հարստութիւն է եւ կարեւոր է հասարակութեան գիտական, գեղագիտական, ճանաչողական զարգացման համար։
Կոտայքի մարզը սակաւ անտառածածկ վարչատարածքային միաւոր է, իսկ բուսական աշխարհը նման է Հայաստանի միւս շրջաններուն: Կոտայքի մարզի բուսականութեան հիմնական տեսակներու աշխարհագրական տեղաբաշխումը պայմանաւորուած է վերընթաց գօտիականութեամբ։
Այստեղ կ՛աճի հաճարէնի, կաղնի, բոխի, սոճի, լորենի, կեչի, թեղի, հացենի եւ այլն: Կոտայքի մարզին մէջ յատկապէս առատ են մշակաբոյսերու վայրի ազգակիցները՝ ցորենը, աշորան, գարին, վարսակը, ոլոռը, ճակնդեղը, զանազան հատապտուղներ, կորիզաւոր, ունդաւոր, կերային, բանջարանոցային բուսատեսակներ եւ այլն։
Կոտայքը Հայաստանի այն երկու մարզերէն մէկն է, ուր յայտնաբերուած են բրածոյ բոյսեր (բրածոյ բոյսեր յայտաբերուած են նաեւ Տաւուշի մարզին մէջ): Անոնց համալիրները յայտնի են իրենց հազուագիւտ տեսակային կազմի բազմազանութեամբ եւ առատութեամբ։ Հայաստանի մէջ մինչ այժմ յայտնի բրածոյ ֆլորաներէն ամենաերիտասարդը նուռնուսինն է, որ կ՛աճի միայն Կոտայքի մարզին մէջ:
Կառավարում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարչական բաժանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզը իր տարածքին մէջ կ՛ընդգրկէ Խորհրդային Հայաստանի մաս կազմող Հրազդանի, Աբովեանի եւ Նայիրիի նախկին շրջանները: Ներկայիս անոնց կ՛անուանեն տարածաշրջաններ: Կոտայքի մարզը բաղկացած է երեք տարածաշրջաններէ՝ Հրազդանի, Աբովեանի եւ Նայիրիի[7]:
Կոտայքի կեդրոնական տարածաշրջանը Հրազդանն է, որ կը գտնուի Հրազդան գետի վերին եւ միջին աւազանին մէջ։ Հրազդանի տարածաշրջանին մէջ կը գտնուին նաեւ Չարէնցաւան քաղաքը, որոնք նախկին արդիւնաբերական հսկաներ էին: Այստեղ կը գտնուի նաեւ Հայաստանի մեծագոյն զբօսաշրջային եւ առողջարանայի կեդրոններէն մէկը՝ Ծաղկաձորը: Գիւղական համայնքներն են` Ալափարս, Աղաւնաձոր, Արզական, Արտաւազ, Բջնի, Լեռնանիստ, Կարէնիս, Հանքաւան, Մարմարիկ, Մեղրաձոր, Սոլակ, Ջրառատ, Քաղսի եւ Ֆանտան[31]:
Կոտայքի միւս տարածաշրջանը Աբովեանն է: Այն կը գտնուի Ազատ եւ Հրազդան գետերուն միջեւ, Կոտայքի սարաւանդի վրայ։ Աբովեանի տարածաշրջանին մէջ կը գտնուի Աբովեան քաղաքը, ինչպէս նաեւ բաւականին երիտասարդ Բիւրեղաւանը: Գիւղական համայնքներն են` Ակունք, Առինջ, Արամուս, Արզնի, Բալահովիտ, Գեղաշէն, Զառ, Զովաշէն, Զովք, Կաթնաղբիւր, Կամարիս, Կապուտան, Կոտայք, Հատիս, Ձորաղբիւր, Մայակովսկի, Նոր գիւղ, Նուռնուս, Պտղնի, Ջրաբեր, Ջրվէժ, Սեւաբերդ, Վերին Պտղնի, Գառնի, Գեղադիր, Գեղարդ, Գողթ, Հացաւան, Ողջաբերդ[31]:
Նայիրիի տարածաշրջանը Կոտայքի մարզի տարածքով ամենափոքր բաղադրիչն է: Աշխարհագրօրէն այն կը գտնուի Քասաղ եւ Հրազդան գետերուն միջեւ՝ Եղուարդի հրաբխային սարաւանդի վրայ։ Նայիրիի տարածաշրջանին մէջ կը գտնուին Եղուարդ եւ Նոր Հաճն քաղաքները: Քաղաքներէն Եղուարդը Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի կազմին նշանաւոր եղած է իբրեւ գինիի եւ քոնեակի արտադրութեամբ առաջատար քաղաք, իսկ Նոր Հաճնը յայտնի է թանկարժէք քարերու մշակմամբ: Գիւղական համայնքներն են` Արագիւղ, Արգէլ, Բուժական, Գետամէջ, Զվունի, Զորաւան, Թեղէնիք, Մրգաշէն, Նոր Արտամէտ, Նոր Գեղի, Սարալանջ, Քանաքեռաւան, Քարաշամբ, Նոր Երզնկա, Պռոշեան եւ Քասախ:
Քաղաքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզի մարզկեդրոնը Հրազդանն է: Միւս քաղաքներն են Աբովեան, Բիւրեղաւան, Եղուարդ, Նոր Հաճըն, Չարէնցաւան, Ծաղկաձոր:
Հրազդանը Հայաստանի քաղաքներէն է: Մինչ 1959-ը կոչուած է Ներքին Ախտա եւ այդ անուանումով մտած է Երեւանի նահանգի Նոր Բայազետի գաւառին մէջ։ 1995-ին Հրազդանը դարձած է Կոտայքի մարզի մարզկեդրոնը: Քաղաքը կազմուած է 3 հիմնական զանգուածներէ՝ հարաւային, կեդրոնական եւ հիւսիսային։ Հիմնական արդիւնաբերական շինութիւնները կեդրոնացած են հիւսիսային արդիւնաբերական հանգոյցին մէջ։ 1969-ին կազմուած է Հրազդանի վարչամշակութային կեդրոնի նախագիծը:
Կոտայքի մարզին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ Աբովեան քաղաքը, որ անմիջապէս կը հարի մայրաքաղաք Երեւանին: Կը համարուի Երեւան քաղաքի արբանեակը։ Աբովեան քաղաքով կ՛անցնի Երեւանը հանրապետութեան հիւսիս-արեւելքին կապող ճանապարհը, որ կը կապէ Երեւան, Աշտարակ, Հրազդան քաղաքները եւ շրջանի գիւղերը տանող խճուղիներ։ Աբովեանը կը գտնուի Երեւան-Սեւան երկաթուղիի հատման վայրին մէջ։ Այս պատճառով Աբովեանը երբեմն կ՛անուանեն Երեւանի «հիւսիսային դարպաս»։
Ունի երկաթուղային կայարան՝ Երեւան-Սեւան ուղղութեամբ։ Խորհրդային տարիներուն Աբովեան հանրապետութեան ամենաարագ աճող քաղաքն էր՝ արդիւնաբերական կարեւոր կեդրոնը։
Մայրաքաղաքէն 12 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Եղուարդ քաղաքը, որ Կոտայքի խոշոր եկեղեցական կեդրոններէն է: Կոտայքի մարզի երիտասարդ քաղաքներէն են Բիւրեղաւան, Չարէնցաւան եւ Նոր Հաճըն:
Ծաղկաձորը Կոտայքի ամենափոքր քաղաքն է: Այն քաղաքի կարգավիճակ ստացած է միայն վերջին տասնամեակին (ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդի 16 Փետրուար 1984-ի հրամանագրով Ծաղկաձորը դասուած է քաղաքներու կարգին): Ծաղկաձորը լեռնակլիմայական առողջավայր է: Այստեղ կը գտնուին մարզական նախակէտը, քաղաքէն Թեղէնիսի գագաթը տանող 6 քմ երկարութեամբ ճոպանուղի, մանկական առողջարան, հանգստեան տուներ եւ զբօսաշրջութեան վայրեր։
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ 2011-ի մարդահամարի տուեալներուն՝ Կոտայքի մարզի բնակչութիւնը կը կազմէ 254 397, իսկ բնակչութեան միջին խտութիւնը՝ 121,14 մարդ/քմ²[5]: Բնակչութեան թիւի եւ միջին խտութեան ցուցանիշներով Կոտայքը Հայաստանի մէջ կը զիջի միայն Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքային ինքնավարութիւն եւ մարզի կարգավիճակ ունեցող Երեւան քաղաքին: Կոտայքը մարդու բնակութեան հնագոյն վայրերէն է: Առաջին մարդիկ այստեղ հաստատուած են դեռեւս վաղ ժամանակներուն՝ հազարամեակներ առաջ: Մարզի բնակչութեան ներկայիս պատկերը ձեւաւորուած է բնակչութեան մեխանիկական աճի ազդեցութեամբ:
1830-ականներուն Պարսկահայաստանէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթելով հանգրուանած են այս տարածքներուն մէջ[16]: 1950-ականներու սկիզբը սկսաւ մեծ ներհոսք դէպի Արմաւիրի մարզ՝ Վրաստանէն, Ազրպէյճանէն, ինչպէս նաեւ բուն Հայաստանի այլ շրջաններէն: Ասոր գլխաւոր հետեւանքը կարելի է համարել այն, որ զարկ տրուեցաւ արդիւնաբերութեան կտրուկ զարգացման:
Ասոր ազդեցութեամբ Խորհրդային Հայաստանի շարք մը քաղաքներու բնակչութեան թիւը կտրուկ աճեցաւ: Միայն Հրազդան քաղաքը ունէր 53,7 հազար մարդ բնակչութիւն: Խորհրդային տարիներուն այս վարչական միաւորումը աչքի կը զարնէին նաեւ Աբովեան (47,3 հազար մարդ), Չարէնցաւան (25,2 հազար մարդ), Եղուարդ (12,5 հազար մարդ), Նոր Հաճն (10,4 հազար մարդ), Բիւրեղաւան (8,6 հազար մարդ) քաղաքները:
Կոտայքի մարզի քաղաքային բնակչութեան կամ ուրբանիզացման մակարդակը բնականէն բարձր է՝ 54 %: Այս ցուցանիշով Կոտայքի մարզը Հայաստանին կը զիջի Սիւնիքի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերուն:
Կոտայքի մարզի կազմին մէջ մտնող գիւղական բնակավայրերը մարդաշատ են: Մարզի 62 գիւղերէն 11-ը ունի աւելի քան 3000 բնակիչ: Առաւել խոշոր եւ յայտնի գիւղերէն են Գառնի (7,0 հազար մարդ), Նոր Գեղի (6,0 հազար մարդ), Քասախ (5,6 հազար մարդ) եւ Զւունի (5,5 հազար մարդ) գիւղերը:
Բնակչութեան էթնիկական կազմը խայտաբղետ է: Հիմնական բնակիչները հայերն են, որոնք կը դաւանին քրիստոնէութիւն (Հայ Առաքելական եկեղեցի): Ըստ 2011-ի տուեալներուն՝ Կոտայքի մարզին մէջ կ՛ապրին 249 508 հայեր, որոնք կը կազմեն ամբողջ մարզի բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը՝ 98,08 %: Գիւղին մէջ կ՛ապրին նաեւ եզդիներ (3 211 մարդ), ասորիներ (676 մարդ), ռուսեր (590 մարդ), քուրտեր (94 մարդ), ուքրանիացիներ (93 մարդ), պոնտոսի յոյներ (70 մարդ) եւ այլազգիներ[32][33]:
Առողջապահութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1973-ի դրութեամբ Կոտայքի մէջ գործած է 6 հիւանդանոց (315 մահճակալով), 38 բուժ-մանկաբարձական կայան եւ գիւղական շարժուն, 3 դեղատուն[33]։
2000-2013-ականներու համաբուժարաններու օղակին մէջ կատարուած է շուրջ 960.0 միլիոն դրամի ներդրում, որուն արդիւնքով կառուցուած եւ հիմնանորոգուած են 23 առողջութեան առաջնային պահպանման կեդրոնները, ընտանեկան բժշկութեան մասնագիտացման ծրագրով մասնագիտացած են 140 բժիշկ եւ 161 բուժքոյր:
Այս ամէնը կատարուած է Համաշխարհային դրամատան վարկային ծրագրերով: Կոտայքի մարզի գիւղական բնակավայրերուն մէջ մեծամասամբ բնորոշ են 60-էն բարձր տարիքային խումբին պատկանող մարդիկ: Նման տարիքային խումբին պատկանող անձերու տեսակարար կշիռը 12%-էն աւելի է:
Ըստ 2013-ի պաշտօնական տուեալներու, առողջապահական ընկերութիւններուն մէջ իրականացուած է 2 միլիառ 340 միլիոն 440 հազար ՀՀ դրամի բժշկական օգնութեան սպասարկում[33]։
Երթեւեկութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզը գտնուելով Հայաստանի կեդրոնը (սահմանակից է վեց մարզերուն եւ քաղաքամայր Երեւանին) ձեռք բերած է երթեւեկութեան կարեւոր նշանակութիւն: Մարզի ճանապարհներուն զգալի է նաեւ տարանցիկ երթուղիներու թիւը:
Կոտայքի մարզի երթեւեկութեան համակարգի կարեւոր բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն ճանապարհները: Անոնք մեծ նշանակութիւն ունին մարզի ընկերա-տնտեսական զարգացման գործին մէջ:
Երթեւեկութեան ենթակառուցուածքներու շարքին կարեւոր են ինքնաշարժներու փոխադրումները: Անոնք կը կազմեն Կոտայքի մարզի տարածքին կատարուող ինքնաշարժներու փոխադրումներու 95 %-ը: Կոտայքի ընդհանուր օգտագործման ճանապարհային ցանցը կը խմբաւորուի տարբեր կարեւորութեան երեք հիմնական ճանապարհային ուղիներու:
Անոնց ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 579.48 քմ: Գերակայ կը համարուին մարզային կամ տեղական նշանակութեան ճանապարհները (256.1 քմ):
267.2 քմ երկարութեամբ յայտնի են հանրապետական նշանակութեան ճանապարհները, իսկ միջպետական ճանապարհներու ընդհանուր երկարութիւնը կը կազմէ 56.18 քմ:
Մարզի ներսը կատարուող 38 երթուղիներու սպասարկման աշխատանքները կը կատարուին 12 փոխադրող կազմակերպութիւններու միջոցով: Կոտայքի 3 քաղաքային համայնքներուն մէջ կը կատարուին նաեւ ներհամայնքային ուղեւորափոխադրումներ (6 երթուղիներով): Կոտայքի մարզի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներէն դէպի Երեւան կը գործէ 8 հանրակառքային եւ նոյնքան փոքր հանրակառքային, իսկ դէպի Հայաստանի այլ մարզեր՝ 1 հանրակառքային միջմարզային կանոնաւոր երթուղիներ: Նշանաւոր է Հրազդան-Երեւան մարդատար ելեկտրագնացքը։
Կոտայքի հիւսիս-արեւմուտքով կ՛անցնի Երեւան-Սեւան երկաթուղիի 27 քմ հատուածը, որուն գլխաւոր կայարանը կը գտնուի Աբովեան քաղաքին մէջ։ Արդիւնաբերական կեդրոնները կը գտնուին երկաթուղիի մօտ, կամ՝ 6-9 քմ հեռաւորութեան վրայ (Արզնի, Նոր Հաճըն)։ Խճուղային ճանապարհներու համեմատաբար զարգացած ցանցի շնորհիւ (260 քմ, որմէ աւելի քան 200 քմ՝ կոշտ ծածկով, 1972) բնակավայրերը հանրակառքային հաղորդակցութեամբ կապուած են շրջկեդրոնի եւ Երեւանի հետ։ Ունի կապի 13 բաժանմունք։
Խողովակաշարային երթեւեկութիւնը Կոտայքի մարզի զարգացող եւ ոչ կեդրոնացուած ճիւղ է: Այն տարածուած է հիմնականին մարզի լեռնային շրջաններուն մէջ:
Ջրամատակարարում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզի տարածքը հարուստ է բնական ջուրի պաշարներով: Այն ոչ միայն կը բաւարարէ, այլեւ կը գերազանցէ բնակչութեան անհրաժեշտ պահանջարկը: Կոտայքի մարզի բնակչութեան կողմէ խմելու ջուրի պաշարներու տնօրինուող աղբիւրները ընդհանուր հաշիւով կը կազմեն 1929 լիթր/վրկ: Այն իր հերթին կը կազմէ ամբողջ խմելու ջուրի 30 %-ը: Խմելու ջուրի արտաքին ցանցի երկարութիւնը կը կազմէ 566.9 քմ: 1280 քմ երկարութիւն ունի ներքին ցանցը[33]:
«Հայջրմուղկոյուղի» եւ «Երեւան-ջուր» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնները պատասխանատուութիւն կը կրեն մարզի քաղաքային եւ գիւղական համայնքներու ջրամատակարարման իրականացման գործին մէջ։ Այն համակարգին մէջ յայտնի են 50 բաց աղբիւրներ, 16 խորքային հորեր, 13 պոմպակայաններ, 60 օրուան կարգաւորման ջրամբարներ, որոնց ընդհանուր ծաւալը կը կազմէ 174.9 հազար խորանարդ մեթր:
Կոտայքի մէջ կը տարբերին ջրամատակարարման երկու հիմնական եղանակներ: Գերակայ է մեքանիկական եղանակը, սակայն վերջին տարիներուն աւելցած է նաեւ ինքնահոս համակարգի օգտագործումը:
Մշակոյթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզին մէջ կան բազմաթիւ մշակութային օջախներ՝ գրադարաններ, թանգարաններ, թատերասրահներ եւ այլն[33]: Մարզին մէջ առկայ է 66 գրադարան: Անոնցմէ 14-ը կը գտնուին Կոտայքի մարզի քաղաքներուն մէջ, իսկ մնացած 51-ը՝ գիւղերուն մէջ։ Եւս մէկը ունի մարզային կարգավիճակ եւ կը համարուի Կոտայիք մարզի գլխաւոր գրադարանը: Նշանաւոր գրադարաններէն է Ծաղկաձոր քաղաքի հանրային գրադարանը: Այն 2013-ին ստացած է հանրային կարգավիճակ՝ շնորհիւ նորագոյն կահաւորման, գրական եւ արուեստագիտական զարգացման:
Բացի գրադարաններէն, Կոտայքի մէջ կը գործեն նաեւ թանգարաններ եւ մէկ պատկերասրահ, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ: Անոնք են Հրազդանի երկրագիտական թանգարանը, Աբովեանի հայ եւ ռուս ժողւուրդներու բարեկամութեան թանգարանը, Ծաղկաձորի Օրբելի եղբայրներու տուն-թանգարանը, Նոր Հաճընի Կիլիկիոյ հայերու պատմութեան թանգարանը եւ «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը:
Մարզին միակ պատկերասրահը կը գտնուի Հրազդան քաղաքին մէջ եւ կը նկատուի Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահի (կը գտնուի Երեւանի մէջ) մասնաճիւղը:
Կոտայքի մէջ կը գործեն բազմաթիւ մշակութային տուներ եւ գեղարուեստական դպրոցներ: Այստեղ կը գործեն 23 մասնագիտական գեղարուեստական կրթական հաստատութիւններ: Անոնց կարգին են մարզին մէջ գործող 8 երաժշտական, 13 արուեստի, 2 գեղարուեստի դպրոցները՝ 3514 աշակերտներով եւ 427 մանկավարժներով: Իբրեւ հենակէտային դպրոցներ մարզին մէջ յայտնի են Զարեհ Սահակեանցի անուան երաժշտական, Երուանդ Քոչարի անուան արուեստի եւ Աբովեանի գեղարուեստի դպրոցները:
Մարզանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարզանքի բնագաւառին մէջ Կոտայքը առաջատար դիրքեր կը գրաւէ Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերու մէջ։ 2016-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի տարածքին կը գործեն 15 մեծ մարզադպրոցներ: Մարզի բնակավայրերուն մէջ կը գործեն 23 մարզաձեւի պարապմունքներ: Այդ մարզաձեւերէն 16-ը ողիմպիական են: Կոտայքի մարզին մէջ լայն տարածում ունին սամպօ, ճիւտօ, ազատ ոճի ըմբշամարտ, բազկամարտ, բռնցքամարտ, ճատրակ, աթլէթ, ֆութպոլ, մականախաղ եւ դահուկային մարզաձեւերը[33]:
Կան նաեւ վոլիպոլով, քարաթէով, սուսերամարտով եւ այլ մարզաձեւերով զբաղող երիտասարդներ եւ պատանիներ: Մարզի մարզական դպրոցներ կը յաճախէ 5400 մարզիկ, որոնց մեծ մասը կը մարզուի մարզական ակումբներու եւ հանրակրթական դպրոցներու արտադասարանական մարզական խմբակներու մէջ:
Մարզի տարածքին մարզանքի զարգացման կարեւոր խթան կը հանդիսանայ այն, որ բոլոր քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերուն մէջ կը դասաւանդուին ֆիզիկական մշակոյթի խորացուած դասընթացքներ: Կոտայքի մարզին մէջ ծնած եւ գործունէութիւն ծաւալած շարք մը անձեր դարձած են մետալակիրներ՝ հանդէս գալով տարբեր մարզաձեւերու մէջ։ Անոնցմէ են
- Հռիփսիմէ Խուրշուդեան` հայազգի ծանրամարտիկ, 2012-ի Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, «Մովսէս Խորենացիի» մետալի դափնեկիր.
- Սամուէլ Գրիգորեան` ծանրամարտի Աշխարհի ուսանողական խաղերու արծաթէ մետալի դափնեկիր.
- Վաչիկ Վարդանեան` սամպոյի Աշխարհի եւ Եւրոպայի առաջնութիւններու (2010, 2011) ախոյեան՝ ոսկիէ մետալակիր.
- Աբրահամ Սարկասեան` Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերու լեռնադահուկային մարզանքով զբաղուող մարզիկ.
- Էլէն Գրիգորեան` ծանրամարտի Եւրոպայի առաջնութեան արծաթէ մետալակիր.
- Արմէն Նազարեան` ճիւտոյիստ, Եւրոպայի ախոյեան եւ բազմակի մետալակիր, 2005-էն ի վեր՝ Հայաստանի եւ միջազգային մարզանքի վարպետ.
- Վահան Խոջոյեան` սամպոիստ, Եւրոպայի ախոյեան (1999) եւ բազմակի մետալակիր.
Կոտայքի մարզի գլխաւոր ֆութպոլային ակումբը Կոտայքն է, որ կը ներկայացնէ Աբովեան քաղաքը: Ակումբը հիմնուած է 1955-ին եւ հանդէս կու գայ Հայաստանի ազգային առաջնութեան մէջ։ Տեղական մարզադաշտը Աբովեանի Կոտայք մարզադաշտն է:
Կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդային իշխանութեան անկումէն ետք կրթութեան ոլորտը Կոտայքի մարզին մէջ զարգացման ուղին բռնած է։ 1972-1973-ականներուն Կոտայքի մէջ կար 39 դպրոց (անոնցմէ՝ 21 միջնակարգ)՝ 18 100 աշակերտով, 13 մսուր եւ մանկապարտէզ (շուրջ 620 երեխայ)[33]։
Կոտայքի մարզի բոլոր խոշոր գիւղական եւ քաղաքային բնակավայրերը ունին առանձնացուած դպրոց, իսկ քաղաքներու պարագային՝ քանի մը դպրոցներ:
2014-ի դրութեամբ մարզի հանրակրթական կրթարաններու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 105 հաստատութիւն: Անոնց կարգին են նաեւ Կոտայքի մէջ գործող մէկական յատուկ եւ մասնաւոր դպրոցներն ու երկու կրթահամալիրները: Հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններէն 91-ը, ինչպէս` նաեւ 1 յատուկը, գործած են մարզպետարանի ենթակայութեան տակ:
11 աւագ դպրոցները եւ Աբովեանի կրթահամալիրը կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան ԿԳ նախարարութեան հովանաւորութեամբ: Նայիրիի ոչ պետական միջնակարգ դպրոցը միակն է իր տեսակով Կոտայքի մէջ՝ ոչ պետական հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւն: Նշանաւոր է «Փոքր Մհեր» ռազմական կրթահամալիրը, որ նաեւ գիշերօթիկ դպրոց է:
Պայմանաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ծնելիութեան մակարդակի աճով՝ մարզի տարածքին աճած է առաջին դասարան յաճախող աշակերտներու թիւը: Այսպէս, եթէ 2010-2011 եւ 2011-2012 ուսումնական տարին մարզի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու առաջին դասարան յաճախած են շուրջ 3300-ական երեխաներ, ապա 2012-2013 ուսումնական տարինայդ թիւը կազմած է 3375, իսկ 2013-2014 ուսումնական տարին` 3620:
Տնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արդիւնաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզի տնտեսութեան գերակայ ճիւղերը երկուքն են՝ արդիւնաբերութիւնը եւ գիւղատնտեսութիւնը։ Համախառն ներքին արդիւնքի ամենամեծ մասնաբաժինը կ՛իյնայ արդիւնաբերութեան։ Վերջինիս արտադրական ծաւալի ներուժը հիմնականին մէջ կեդրոնացուած է քաղաքներուն մէջ՝ Հրազդան, Չարէնցաւան, Նոր Հաճըն, Եղուարդ, Բիւրեղաւան, Աբովեան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մեծ գիւղերու մէջ։ Արդիւնաբերութեան ճիւղերէն առաջատար կը համարուին ուժականութեան, մեքենաշինական եւ սնունդի արդիւնաբերութեան, քարամշակման, հանքարդիւնահանման, ձկնաբուծութեան, շինանիւթերու եւ փայտամշակման ոլորտները։ Արդիւնաբերութեան արտադրանքի մեծ մասը կը բաւարարէ հայաստանեան շուկայի ներքին պահանջները, իսկ մէկ մասն ալ կ՛արտահանուի արտասահման՝ Ռուսիոյ Դաշնութիւն, Չինաստան, Վրաստան, Պուլկարիա, Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ այլն։
2013-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի տարածքին կը գործեն 164 արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ, որոնց ընդհանուր արտադրանքը կը կազմէ ամբողջ Հանրապետութեան արտադրանքի 13,4%-ը։ Այս ցուցանիշով Կոտայքի մարզը երրորդն է Հայաստանի մէջ՝ մայրաքաղաք Երեւանէն եւ Սիւնիքի մարզէն ետք։
Կոտայքի մարզի արդիւնաբերութեան գլխաւոր ճիւղերէն մէկը սնունդի արդիւնաբերութիւնն է։ Այս բնագաւառի կարեւոր ոլորտներն են կաթնամթերքի վերամշակումը, ինչպէս նաեւ գինիի եւ քոնեակի, պահածոներու, հաւկիթի եւ թռչնամիսի, մսամթերքի արտադրութիւնը։ Կոտայքի մէջ զարգացած է թանկարժէք եւ կիսաթանկարժէք քարերու (ոսկիի) վերամշակումը: Մարզին մէջ ամենաթոյլ զարգացած ճիւղը թեթեւ արդիւնաբերութիւնն է։
Արդիւնաբերութիւնը կու տայ Հայաստանի ռատիոելեկտրոնիկայի եւ սարքաշինութեան արտադրանքի մօտ մէկ հինգերորդ մասը, ապակիի եւ բիւրեղապակիի 40%-էն աւելին, ոչ ոգելից խմիչքներու եւ հանքային ջուրերու մօտ 12%։ Տնտեսութեան զարգացման հեռանկարները կապուած էին մշակող արդիւնաբերութեան աճի, հանքային հարստութիւններու շահագործման եւ մերձերեւանեան գօտիին մէջ գիւղատնտեսական արտադրանքի աւելացման հետ։ Հայաստանի Կոտայքի մարզի տնտեսական ներուժին զգալի վնաս հասցուցած է նախկին տասնեակ հազարաւոր աշխատատեղեր ապահովող խոշոր կազմակերպութիւններու քայքայումը` սեփականաշնորհման, հումքի, իրացման շուկաներու նուազման կամ բացակայութեան եւ հիմնական միջոցներու բարոյաֆիզիկական մաշուածութեան հետեւանքով։ Մարզի տասնեակ մեքենաշինական, թեթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններ դադրեցուցին իրենց գործունէութիւնը կամ ալ սկսան աշխատիլ փոքրածաւալ հզօրութեամբ։ Կոտայքի մարզի կայուն զարգացող ոլորտներէն է ուժականութեան արդիւնաբերութիւնը։ Անոր երաշխիքներն են 17 հիտրոելեկտրակայաններու եւ Հրազդան-5 էներկապլոքի առկայութիւնը։
Գիւղատնտեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիւղատնտեսութիւնը մարզի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն մէկն է։ Հայաստանի այս մարզին մէջ գիւղատնտեսական արտադրութիւնը հիմնականին կը կազմակերպուի գիւղացիական եւ ագարակային տնտեսութիւններու միջոցով։ Բնորոշ է ապրանքային ճիւղերու զարգացումը։ Մասնագիտացած է, իբրեւ այգեգործական-անասնապահական շրջան՝ ծխախոտագործութեան ու բանջարաբուծութեան օջախներով։ 2012—ին Կոտայքի հողային հիմնադրամը կազմած է 84 283 հա, որմէ վարելահող՝ 14 569 հա, խոտհարք՝ 3 162 հա, արօտավայր՝ 264 69 հա, խաղողի եւ պտղատու այլ այգիներ՝ 5 059 հա, այլ (գիւղատնտեսութեան մէջ չօգտագործուող) հողեր՝ 2 7611 հա, անտառներ՝ 6 479 հա։ Երկրագործութեան նշանակութիւնը եւ տեսակարար կշիռը գիւղատնտեսութեան մէջ զգալիօրէն աճած է։ Առաջատար ճիւղերէն են ծխախոտագործութիւնը, որ կու տայ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի 14%-էն աւելին, այգեգործութիւնը եւ պտղաբուծութիւնը՝ շուրջ 10%, բանջարաբուծութիւնը՝ մօտ 8%։ Դաշտաւարական աշխատանքներու 80% մեքենայացուած է։
Բարձրորակ սերմերու ու տնկանիւթի արտադրութեան, պահպանման եւ օգտագործման համապատասխան համակարգի ձեւաւորման հիման վրայ զարգացող սերմնաբուծութիւնը գիւղատնտեսութեան ոլորտներէն մէկն է։ Կլիմայական գօտիներու առատութիւնը թոյլ կու տան մարզի բնակչութեան այստեղ աճեցնել զանազան պտուղ-բանջարեղէններ։ Կոտայքի մարզին մէջ կ՛աճեցուի եգիպտացորէն, ցորէն, գարի, արեւածաղիկ, գետնախնձոր, ոլորն, վարունգ, լոլիկ, կաղամբ, սմբուկ, հատապտուղներ եւ զանազան միրգեր։ Կոտայքի մարզի գիւղատնտեսութեան համար մէկ ոլորտն է անասնապահութիւնը։ Կոտայքին բաժին կ՛իյնայ ամբողջ հանրապետութեան անասնապահական մթերքներու 7.6 %-ը: Անասնաբուծութեան հիմնական ուղղութիւնը կաթնամթերքի եւ մսամթերքի արտադրութիւնն է: Մարզին մէջ կը գործեն անասնաբուծական մթերքներու վերամշակման աւելի քան 13 մասնագիտացուած ընկերութիւններ։ Անասնապահութեան միւս գերակայ ճիւղերն են թռչնաբուծութիւնն ու մեղուաբուծութիւնը, որ կը զարգանայ մեծ թափով։ 2014-ի տուեալներով Կոտայքի մարզի 620.6 հազ. թեւ թռչունները արտադրածեն 117.3 միլիոն ձու, որ կազմած է հանրապետութեան ձուի արտադրութեան 19.1 %-ը։ 2014-ի տուեալներով մարզին մէջ առկայ է 26046 մեղուաընտանիք։ Կոտայքի բնակլիմայական պայմանները բարենպաստ են էկոլոգիապէս մաքուր մեղր ստանալու համար։ Կոտայքի ջրանցքի շնորհիւ արգաւանդ հողերու խոշոր հատուածները ոռոգելի են։
Զբօսաշրջութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կոտայքի մարզի եւ ընդհանրապէս՝ Հայաստանի տնտեսութեան կարեւոր ճիւղերէն մէկը զբոսաշրջութիւնն է։ Կոտայքի մարզի բնակավայրերը ունին Հանրապետութեան աստիճանով միջինէն բարձր ցուցանիշներ։ Այդ պայմանաւորուած է նպաստաւոր բնակլիմայական պայմաններով, ժողովրդական աւանդոյթներով եւ սովորոյթներով, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային եւ բնական յուշարձաններու հարուստ բազմազանութեամբ։ Կեդրոնական այս մարզը յատկապէս հարուստ է իր բնակլիմայական պայմաններով եւ քաղցրահամ ջուրերու մեծ պաշարներով: Կոտայքի մարզին մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացած ըլլալու վառ ապացոյց է այն հանգամանքը, որ հիւրանոցային համալիրներու թիւով այս մարզը կը զիջի միայն Երեւանին։ Հիւրանոցներու հիմնական մասը տեղակայուած է Ծաղկաձոր քաղաքին, Հանքաւանին, Արզնիի մէջ, ինչպէս նաեւ Արզականի տարածքին գտնուող Աղուերան հանգստեան գօտիին մէջ։ Մարզի տարածքին կը գտնուին հազարէն աւելի պատմամշակութային կոթողներ` կրօնական կառոյցներ (հիմնականին՝ եկեղեցիներ եւ մատուռներ), յայտնի անձերու տուն-թանգարաններ, խաչքարեր եւ այլն։ Կոտայքի մարզը ունի միջազգային չափանիշներուն գրեթէ համապատասխանող ճանապարհային ցանց, որ լիովին կ՛ընդգրկէ միաժամանակ եւ՛ մարզի բոլոր համայնքները, եւ թէ՛ պատմամշակութային օջախներու շրջակայ տարածքները։ Հանրապետական նշանակութեան ճանապարհներու վիճակը կայուն է, իսկ մարզային ու համայնքային նշանակութեան ճանապարհներու վիճակը հետզհետէ զարգացման միտում ունի։ Կոտայքը Հայաստանի ամենաեկեղեցաշատ մարզն է։ Այստեղ վեր խոյացող ամենահոյակերտ կառոյցներէն են Ալափարսի Սուրբ Աստուածածնի տաճարը, Սուրբ Վարդան Զօրավար եկեղեցին (5-րդ դար), Սուրբ Յովհաննէս եռախորան եկեղեցին (9-րդ դար), Թուխ Մանուկ մատուռ-պաշտամունքավայրը (Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակ), Այլաբերդ-Սանգայառ ամրոցը (քարի դար), Աբովեանի կիկլոպեան ամրոցը եւ ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւնը, Գառնիի ամրոցը, հեթանոսական տաճարը (Ա. դար) ու միանաւ եկեղեցին (4-րդ դար), Ողջաբերդի գմբէթաւոր եկեղեցին (5-րդ դար), Արզնիի քառաբսիդ եկեղեցին (6-րդ դար), Պտղաւանքի գմբէթաւոր դահլիճը (6-րդ դար), Արամուսի տաճարը (6-րդ դար), Առինջի՝ Զագավանքը (7-13-րդ դարեր) ու միջնադարեան ամրոցը, Ջրվէժի խաչաձեւ եկեղեցին (7-րդ դար). Գեղարդի վանքը (12-13-րդ դարեր), Կապուտանի երկհարկանի եկեղեցին (14-րդ դար), Բջնիի Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Սարգիս եկեղեցիները եւ ամրոցը, Եղուարդի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, Կեչառիսի վանքը, Մաշտոց Հայրապետ եկեղեցին եւ այլն։
Կոտայքի մարզին մէջ կը գտնուի Հայաստանի ամենաշատ այցելուող պատմամշակութային կառոյցներէն երկուքը՝ Գառնիի տաճարը եւ Գեղարդի վանքը։ Գառնիի հեթանոսական տաճարը հելլենիստական շրջանի ճարտարապետութեան բնորոշ peripter տեսակի կառոյց է։ Կ՛ենթադրուի, որ տաճարը նուիրուած է հին հայկական դիցարանի արեւի աստուած Արեգ-Միհրին։ Տաճարը կանգնած է բարձր պատուանդանի վրայ, որու գլխաւոր մուտքի առաջ ունի ինն աստիճանէ բաղկացած քարէ սանդուղք։ Ժամանակի ճարտարապետները մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են տաճարի յարդարանքին։ Քանդակազարդման արուեստի հիմքը ինկած է միասնական յօրինուածքով բազմազան կիրառման սկզբունքը՝ բազմազանութիւնը միասնութեան մէջ։ Տաճարի հարեւանութեամբ կը գտնուի Գառնիի ամրոցը, որ նախապէս եղած է Արարատեան դաշտի հիւսիսարեւելեան մատոյցներու պաշտպանական համակարգի հենակէտ։ Գառնիի տաճարէն ոչ այքան հեռու՝ Գողթ գիւղի տարածքին, կը գտնուի Գեղարդավանքը, որ միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան մարգարիտներէն է։ Այստեղէ պահուած է յայտնի գեղարդը, որով հռոմէացի զինուորը ծակած է Քրիստոսի կողը։ Այն Հայաստան բերած էր քրիստօնէութեան առաջին քարոզիչներէն Թադէոս առաքեալը։ Գեղարդի վանքը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գրանցուած միակն է, որ կը գտնուի Կոտայքի մարզի տարածքին։
Զբօսաշրջային առաջնային կարեւորութիւն ունի Ծաղկաձոր քաղաքը։ Քաղաքի տարածքին կայ մարզական կայան, քաղաքէն Թեղէնիսի գագաթը տանող 6 քմ երկարութեամբ ճոպանուղի, մանկական առողջարան, հանգստեան տուները եւ զբօսաշրջային շարք մը վայրեր։ Ծաղկաձորի մէջ կը գտնուի նաեւ Կեչառիսի վանական համալիրը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հայաստանի Հանրապետութիւն Archived 2019-08-21 at the Wayback Machine. Կոտայքի մարզ // Հայաստանի Հանրապետութիւն, Կոտայքի մարզի ընդհանուր ակնարկ
- ↑ 2,0 2,1 «Կոտայքի մարզ - Հայաստան»։ www.officespace.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-20-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Հայաստանի Հանրապետութեան Կոտայքի մարզ»
- ↑ «Ծանօթ-անծանօթ քաղաքներ՝ Հրազդան»։ mediamax.am (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 5,0 5,1 «2011 / Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրութեան ծառայութիւն»։ www.armstat.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 6,5 Հայաստանի Հանրապետութիւն Archived 2019-08-21 at the Wayback Machine. Կոտայքի մարզ // Հայաստանի Հանրապետութիւն, Կոտայքի մարզի բնական պայմանները եւ հարստութիւնները
- ↑ 7,0 7,1 «Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողով // Վարչատարածքային բաժանում»։ www.parliament.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Հայաստանի սոցիալ-տնտեսական վիճակը Խորհրդային միութեան ժամանակ»։ melikyanripsime.blogspot.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-19-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 9,0 9,1 DISOZAVR.com։ «Հրազդանի ՋԷԿ-ի դերը»։ www.raztes.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «ЗАО Международная Энергетическая Корпорация»։ www.mek.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 11,0 11,1 Հայաստանի Հանրապետութիւն Archived 2019-08-21 at the Wayback Machine. Կոտայքի մարզ // Հայաստանի Հանրապետութիւն, Կոտայքի մարզի քաղաքները
- ↑ «Ծաղկաձոր առողջարանային քաղաքը` զբօսաշրջիկութիւն եւ հանգիստ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-02-08-ին։ արտագրուած է՝ 2019-08-22
- ↑ 13,0 13,1 «Կոտայքի մարզ - Հայաստան»։ www.officespace.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-20-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-18
- ↑ «Աշխարհացոյց — Վիքիդարան»։ hy.wikisource.org։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Կոտայքի մարզի յուշարձաններու յետախուզում եւ քարտէսագրին մէջ»։ ՀՀ ԳԱԱ ՀՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԻՆՍՏԻՏՈՒՏ։ 2016-02-08։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-23-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 16,0 16,1 Հայաստանի Հանրապետութիւն Archived 2019-08-21 at the Wayback Machine. Կոտայքի մարզ // Հայաստանի Հանրապետութիւն, Կոտայքի մարզի բնական բնակչութիւն եւ պատմութիւն
- ↑ «Էրեբունիի պեղումները 7: Միջնաբերդի մուտքը (1a), Եռաշար պարիսպը (3a), Արգիշտի Ա.-ի արձանագրութիւնը (2), Սիւնազարդ մեծ դահլիճը (6) - Էրեբունիի պեղումները - Հայկական ժառանգութիւնը»։ www.armenianheritage.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-22-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ Brothers Baghdasaryan։ «Գառնիի հեթանոսական տաճար»։ findarmenia.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-29-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 19,0 19,1 «Գառնի 6: Միհրի տաճարը - Գառնի - Հայկական ժառանգութիւնը»։ www.armenianheritage.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-30-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Կեչառիսի վանք՝ Հայկական Հանրագիտարան»։ www.encyclopedia.am (en-US)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-01-ին։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Հայերու բռնագաղթը Շահ Աբասի կողմէ»։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 22,0 22,1 «Ընդհանուր տեղեկութիւններ - Կոտայքի մարզպետարան»։ kotayk.mtad.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Էջ:Հայկական Սովետական Հանրագիտարան (Soviet Armenian Encyclopedia) 1.djvu/36 — Վիքիդարան»։ hy.wikisource.org։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Կոտայքի մարզի ինքնահոս ոռոգման համակարգի նախագիծ»[permanent dead link]
- ↑ makenas (2012-07-18)։ «Քանաքեռի պատմութիւնը»։ der Herrgott nimmt, der Herrgott gibt։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ 26,0 26,1 26,2 «Հայաստանի աշխարհագրութիւն. Ն. Կնյազեան - Պաշարներու շտեմարան»։ lib.armedu.am։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Հրազդան գետ - armgeo.am»։ armgeo.am (en-US)։ 2016-06-06։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ «Հայաստանի ջրվէժները - armgeo.am»։ armgeo.am (en-US)։ 2016-07-13։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ Ժամային գօտիի փոխարկիչ
- ↑ «ՀՀ տարածքին ժամանակի հաշուարկման կարգի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին
- ↑ 31,0 31,1 «ՀՀ Մարզեր եւ համայնքեր:Կոտայքի մարզ:»։ tamlime։ 2015-05-27։ արտագրուած է՝ 2017-07-14
- ↑ Soghomonyan Anna։ «ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՎ ԷԹՆՒԿ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆՈՒՄ» (անգլերեն)
- ↑ 33,0 33,1 33,2 33,3 33,4 33,5 33,6 «Հայաստանի Հանրապետության Կոտայքի մարզի սոցիալ-տնտեսական զարգացման ծրագիր»։ Հրազդան 2014