Jump to content

Միջագետք

Միջագետք

Միջագետք, բնամարզ Արեւմտեան Ասիոյ մէջ, Տիգրիս եւ Եփրատ գետերու աւազանին մէջ, Հին Արեւելքի կարեւոր

Միջագետքի Մասիոս լեռնապարէն հիւսիս գտնուող երկրամասը մատենագրութեան մեջ կոչուած է Միջագեայտք շրջանին Հայոց. Եփրատի եւ անոր վտակ Խաբուրի միջեւ գտնուող Միջագետքի մասը՝ Միջագետք Ասորվոց։ Միջագետքի տարածքին մէջ Ք.Ա. 4րդ - 5րդ հազարամեակներուն ձեւաւորուած են վաղ դասակարգային պետութիւններ, Ք.Ա. 3րդ հազարամեակի վերջին՝ Աքքատը, Ուրը։ Ք.Ա. 2րդ հազարամեակի սկիզբին Միջագետքի հարաւին մէջ կազմաւորուած է Բաբելոն պետութիւնը։ Հետագային Միջագետքը գտնուած է Ասորեստանի, Նոր Բաբելոնական թագաւորութեան, Աքեմենեաններու, Ալեքսանտր Մակեդոնացիի, Սելեւկեաններու, Պարթեւական պետութեան կազմին մէջ։ 114էն մինչեւ 117-ին շրջանը նուաճած է Հռոմի կայսր Տրայանոս։ Յուստինիանոս Ա.ի ժամանակ Միջագետքի զգալի մասը գտնուած է Բիւզանդիոյ տիրապետութեան տակ, իսկ Է. դարէն՝ Արաբական խալիֆայութեան կազմին մէջ։

Ժ.րդ դարուն Եփրատի վերին հոսանքին մէջ, անոր ձախ ափին կազմուած է բիւզանդական Միջագետքի բանակաթեմը, որուն մաս կազմած են Բարձր Հայքի, Ծոփքի արեւմտեան գաւառները, Կամախը եւ Երզնկան։ ԺԲ. դարուն Միջագետք նուաճած են Սելճուքները եւ ԺԳ.՝ Մոնկոլները։ ԺԶ. դարու սկիզբին Սեֆեւեաններու գերիշխանութեան տակ գտնուած էր եւ ԺԷ. դարէն մինչեւ 1918-ին՝ Օսմանեան կայսրութեան կազմին մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք Միջագետքի մեծ մասը կը գտնուի Իրաքի կազմի մէջ, իսկ մնացածը՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ։

Ք.Ա. 1-ին դարուն Միջագետքի զգալի մասը գտնուած է հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Միջագետքի նուաճած մասը Տիգրան Մեծ դարձուցած է նահանգի եւ կառավարիչ նշանակած իր եղբայրը, Գուրասին։ Ք.Ա. 66-ի հայ-հռոմէական հաշտութեամբ Տիգրան Բ. (Տիգրան Մեծ) կորսունցուցած է Միջագետքի հողերը, բացառութեամբ Մեծ Հայքի մաս կազմող Հայկական Միջագետքը։ Ժ.-ԺԱ. դարերուն Միջագետքի մէկ մասը գտնուած է Կիլիկիոյ մէջ հիմնուած հայկական իշխանութեան մէջ։ Միջագետքին մէջ ընդարձակ տիրութիւններ ունէին Պահլաւունիները։ 1046-ին Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին նշանակուած է Միջագետքի բիւզանդիոնի կառավարիչ։ Հայկական պետականութեան եւ ԺԲ. դարու կիսուն Միջագետքի մէջ հայկական իշխանութիւններու անկումէն ետք՝ Միջագետքը շարունակած է ըլլալ հայերու տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկը։

Ք.Ա. 20րդ դարէն մինչեւ 17րդ դարերուն աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններու հիմնական թատերաբեմը Առաջաւոր Ասիան էր՝ Միջագետքը, Իրանական բարձրաւանդակը՝ Հայկական լեռնաշխարհը։

Միջագետքի հիւսիսը Հին Ասորեստանի մայրաքաղաք Աշուրի ազդեցութեան տակ էր։ Անոր արքան' Շամշի-Ատատ Ա., գրաւելով հսկայական տարածքներ, հասած էր մինչեւ Հայկական լեռնաշխարհի հարաւային սահմանը կազմող Կուտիի մէջ ու Սուբուր-Արման երկիրները։ Այս թագաւորը չէր համարձակեր յառաջանալ ու պատերազմիլ հայոց արքաներուն հետ, որովհետեւ այդ հաւանաբար նծշանակէր պարտութիւն։ Նոյն իրավիճակն էր նաեւ Հին Բաբելոնի ամենայայտնի արքայ Համմուրապիի (Ք.Ա. 1792-1750) օրով։ Ան, ի տարբերութիւն նախորդներուն, իր գահակալութեան վերջին տասնամեակին հայոց երկրի վրայ պարբերաբար կ'արշաւէ, որոնք սակայն անյաջող են։

  • Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ "Աշխարհագրական անուններու հայերէն տառադարձութեան մասին որոշում", Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան։ 9-րդ հրաշալիք, 52։ ISBN 99941-56-03-9։