Jump to content

Շարուր

Գաւառ
Շարուր

Շարուր, գաւառ, որ կազմուած է 1849 թուականին՝ անջատուելով Նախիջեւանի գաւառէն։ 1875 թուականին Շարուրի դաշտը Վայոց Ձորին հետ միասին կազմած է Շարուր-Տարալագեազի գաւառը։

Անցեալին  մտած է Նախիջեւանի խանութեան (1747-1827), ապա՝ Նախիջեւանի գաւառի կազմին մէջ։

1918-1920 թուականներուն մտած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան, իսկ 1920 թուականէն կիսուած է Խորհրդային Հայաստանի (Տարալակեազի) եւ Նախիջեւանի ԻԽՍՀ-ի միջեւ։  Հայերը կը բնակէին գլխաւորաբար Տարալակեազի լեռնային շրջանները։ Շարուրի դաշտին մէջ կար եօթ հայկական գիւղ։

Թուրք բարբարոսներու կողմէ Շարուրի բնիկ հայ բնակչութիւնը ենթարկուած է ցեղասպանութեան, որուն արդիւնքով կոտորուած է բնակչութեան 70-80 տոկոսը, իսկ տարածքն ալ 1921 թուականի Մարտի 16-ի ռուս-թրքական պայմանագիրով յանձնուած է թշնամուն։ Կոտորածը շարունակուած է 1918-20 թուականներուն[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Ճանչնանք Արեւմտեան Հայաստանը․ Շարուր»։ Western Armenia TV (wa-WA)։ 2022-12-17։ արտագրուած է՝ 2023-04-03