Ուքրանիա


Ուքրանիա (ուքր.՝ Україна, [ukrɑˈjinɑ]), պետութիւն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Ուքրանիան հիւսիսէն եւ հիւսիս արեւելքէն սահմանակից է Ռուսիոյ, հիւսիս արեւմուտքէն՝ Պելառուսին, արեւմուտքէն՝ Լեհաստանին, Սլովաքիոյ եւ Հունգարիոյ, հարաւ արեւմուտքէն՝ Մոլտովային, հարաւէն եւ հարաւ արեւելքէն համապատասխանաբար Սեւ Ծովուն եւ Ազովի Ծովուն։ Ան 603, 628 քմ² ցուցանիշով Եւրոպային յարակից երկիրներու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութենէն ետք երկրորդն է իր տարածքով։[5][6][7]
Համաձայն տարածուած եւ հիմնաւոր տեսութեան Քիեւեան Ռուսիայի պետութիւնը հիմնադրուած է Վարանգեաններուն կողմէ 9-րդ դարուն, որպէս պատմականօրէն հաստատագրուած առաջին արեւելեան սլաւոնական պետութիւնը։ Ան ասպարէզ եկաւ միջին դարերուն որպէս հզօր պետութիւն, սակայն 12-րդ դարուն փլուզուեցաւ։ 14-րդ դարու կէսերուն Ուքրանական տարածքները երեք արտաքին ոյժերու տիրապետութեան տակ էին՝ Ոսկի Հորդայ, Լիթուական Մեծ Դքսութիւն եւ Լեհաստանի թագաւորութիւն։[8] Հիւսիսային Մեծ Պատերազմէն ետք (1700–1721), Ուքրանիան բաժնուեցաւ քանի մը շրջանային ոյժերու միջեւ։ 19-րդ դարուն Ուքրանիոյ գերակշռող մասը ինտեգրուած էր Ռուսական կայսրութեան մէջ, մնացած հատուածը Աւստրօ-Հունգարիայի վերահսկողութեան տակ էր։
Ռուսական յեղափոխութենէն ետք մշտական պատերազմական իրադարձութիւններուն հետեւած է 1917-1919 թթ. Ուքրանիոյ անկախութեան ճանաչման քանի մը միջազգային փորձ։
1922 թ. Դեկտեմբեր 30-ին, Ուքրանական անկախութեան պատերազմէն կը կազմաւորուի Ուքրանիոյ Խորհրդային Հանրապետութիւնը եւ կը դառնայ Խորհրդային Միութեան հիմնադիր հանրապետութիւններէն մէկը։ Ուքրանիոյ Խորհրդային Հանրապետութեան տարածքը ընդարձակուած էր արեւմուտքէն անմիջապէս II Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ ետքը։ 1954 թ. Ուքրանիան ընդարձակուեցաւ դէպի հարաւ Ղրիմի փոխանցումով։ 1945-ին Ուքրանիոյ ԽՍՀ-ն դարձաւ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը։
Ուքրանիան կրկին անկախացաւ 1991 թ., երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ։ Այդ փլուզումով սկսաւ անցումը շուկայական տնտեսութեան, որուն ընթացքին Ուքրանիան շուրջ 8 տարի շարունակ յետընթաց ունեցաւ։ Այնուհետեւ յաջորդեց տնտեսական բարձրակարգ վերելքի ժամանակաշրջանը։ 2008–2009 թթ Ուքրանիան ընկղմեցաւ ճգնաժամի մէջ։ ՀՆԱ-ն 2008 թ. գարունէն մինչեւ 2009 թ. գարունը նուազեցաւ 20% -ով, այնուհետեւ կարգաւորուեցաւ։ Երկիրը ինչպէս նախապէս, կարեւոր դեր կը խաղայ հացահատիկի համաշխարհային շուկային մէջ եւ 2011 թ. տուեալներով հացահատիկի արտահանման ծաւալով աշխարհին մէջ երրորդն է։
Ուքրանիան ունիտար պետութիւն է, բաղկացած 24 մարզերէ, մէկ ինքնավար հանրապետութենէ (Ղրիմ) եւ յատուկ կարգավիճակ ունեցող երկու քաղաքներէ. Քիեւ՝ մայրաքաղաք ու ամէնամեծ քաղաք եւ Սեւաստոպոլը, ուր վարձակալութեան պայմանագրով տեղակայուած է Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմը։ Ուքրանիան կիսանախագահական համակարգով պետութիւն է առանձին օրէնսդրական, գործադիր եւ դատական ճիւղերով։ Խորհրդային միութեան փլուզումէն ի վեր Ուքրանիան կը շարունակէ պահպանել իր դիրքերը որպէս Եւրոպայի մէջ, Ռուսիայէն ետք, երկրորդ մեծ սպառազինութիւն ունեցող պետութիւն։ Երկրին մէջ կը բնակին շուրջ 46 միլիոն մարդ, որուն 77.8 տոկոսը ուքրանացիներ են, կ'ապրին նաեւ ռուսեր (17%), պելառուսներ եւ ռումանացիներ. պաշտօնական լեզուն ուքրաներէնն է։ Ռուսերէնը նոյնպէս շատ տարածուած է։ Երկրին մէջ գերակայող կրօնը Արեւելեան Ուղղափառ քրիստոնէութիւնն է, որ նշանակալից ազդեցութիւն գործած է Ուքրանական ճարտարապետութեան, գրականութեան եւ երաժշտութեան վրայ։
Ծագումնաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ աւանդական տեսակէտի, որ ձեւաւորուած է ռուսական եւ լեհական պատմագրութեան ազդեցութեան ներքեւ[9] Ուքրանիա բառը սլաւոնական ծագում ունի, որ կը նշանակէ սահմանի մօտ։[10]
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիոյ եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ, բնակութիւն հաստատուած է մ.թ.ա. 32, 000 դարերուն, որուն վկայութիւնն է Գրաւետեան մշակոյթի առկայութիւնը Ղրիմեան լեռներուն մէջ։[11][12]
Մ. թ.ա. 4, 500 ականներուն Նեոլիտեան մշակոյթը կը ծաղկէր ամէնուր ներառեալ ներկայիս Ուքրանիոյ տարածքի մաս մը Տրիբոլին եւ Դնեպր-Դնեստր տարածաշրջանը ամբողջովին։ Երկաթի դարուն, երկրամասին մէջ բնակութիւն հաստատեցին Կիմերացիները, Սկիւթները եւ Սարմաթները։[13]
Յետագային մ. թ. 6-րդ դարու սկզբները Սեւ Ծովու հիւսիսարեւելեան ափին հիմնուեցան եւ նշանակալից առաջընթաց ապրեցան Հին Յունաստանի, Հին Հռոմի եւ Բիւզանդական կայսրութեան գաղութները, ինչպիսիք են Տիրան, Օլբիան եւ Հերմոնասան։ Գոթերը մնացին տարածաշրջանին մէջ, սակայն մ.թ. 370-ականներէն, ինկան հուներու ազդեցութեան տակ։ Մ. թ. 7–րդ դարէն սկսած Արեւելեան Ուքրանիոյ տարածքը Հին Մեծ Պուլկարիայի կեդրոնն էր։ Դարավերջին պուլկարական ցեղերու մեծ մասը գաղթեց տարբեր ուղղութիւններով եւ հողերու մեծ մասը անցաւ խազարներուն։
Քիեւի Ոսկէ Դար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քիեւեան Ռուսիան հիմնած են ռուս մարդիկ, վարեագները, որոնք սկիզբը բնակեցան Լադոգայի եւ Նովգորոդի շրջակայքին մէջ, այնուհետ աստիճանաբար տեղաշարժեցան հարաւ, վերջապէս մօտաւորապէս 880-ին հասան Քիեւ։ Քիեւեան Ռուսիան կ'ընդգրկէր ժամանակակից Ուքրանիոյ, Պելառուսիոյ արեւմտեան մասը, որուն գերակշռող մասը ժամանակակից Ռուսիոյ տարածքին մէջ է։ Համաձայն սկզբնական գրառումներու ռուսական էլիտան կազմաւորուած է Սկանդինավիայի վարեագեաններէն։
10-11-րդ դարերուն ան կը դառմայ Եւրոպայի մեծագոյն եւ ամէնահզօր պետութիւնը։[14] Յաջորդ դարերուն, ան ուքրանացիներու եւ ռուսերու համար ազգային ինքնագիտակցութեան հիմք կը ձեւաւորէ։[15] Ժամանակակից Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւը կը դառնայ Ռուսիոյ ամէնակարեւոր քաղաքը։

Վարանգեանները յետագային ձուլուեցան տեղացի սլավոնական բնակչութեան հետ եւ դարձան Ռուսիոյ առաջին դինաստիայի՝ Ռիւրիկեան դինաստիայի մաս։[15]
Քիեւեան Ռուսիան կազմուած էր քանի մը իշխանութիւններէ, որոնք կը կառավարուէին Ռիւրիկեան իշխաններու կողմէ։ Քիեւի նստավայրը ամէնաազդեցիկն ու հեղինակութիւն վայելողն էր, ուստի այն դարձած էր մրցակցութեան առարկայ Ռիւրիկեան իշխաններու համար։
Քիեւեան Ռուսիոյ Ոսկէ Դարը կը սկսի Վլատիմիր Մեծի (980–1015) թագաւորութեամբ, որ Քրիստոնէութիւն ընդունելով Քիեւեան Ռուսիան շրջեց դէպի Բիւզանդական Քրիստոնէութիւն. անոր որդի՝ Յարոսլաւ Իմաստունի (1019–1054) թագաւորութեան ժամանակ Քիեւեան Ռուսիան հասաւ իր մշակութային ռազմական հզօրութեան գագաթնակէտին։[15]Ատոր ետեւէն պետութեան մասնատում եւ նորէն արդիականացաւ տարածաշրջանային իշխանութիւններու կարեւորութիւնը։ Վլատիմիր Մոնոմախի (1113–1125) եւ անոր որդի Մստիսլաւի (1125–1132) օրով, Քիեւեան Ռուսիան վերջնականապէս մասնատուեցաւ առանձին իշխանութիւններու։
11 եւ 12-րդ դարերուն քոչուոր թուրք ցեղերու կողմէ մշտական յարձակումները բերին սլաւոնական ժողովուրդներու զանգուածային տեղահանման դէպի հիւսիս՝ աւելի անվտանգ անտառային շրջաններ։[16]
13-րդ դարու մոնկոլական ներխուժման հետեւանքով Քիեւան Ռուսիան դատարկուեցաւ, իսկ Քիեւը 1240 թ. ամբողջովին աւերուեցաւ[17]։ Ուքրանիոյ ներկայիս տարածքը Քիեւեան Ռուսիայէն յաջողած է պահպանել Գալիչի եւ Վոլհինիայի տարածքները, որոնք միացած են կազմաւորել Գալիցիա-Վոլհինիա պետութիւնը։
Օտարերկրեայ Տիրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14-րդ դարու կէսերուն Լեհաստանի Կազիմիր III թագաւոր-ը ձեռք բերաւ Գալիցիա-Վոլինիայի վերահսկողութիւնը, երբ Ռուսիոյ սիրտը այդ թիւին մէջ եւ Քիեւը Իրպէն գետի ճակատամարտէն ետք դարձաւ Գեդեմինասի՝ Լիտուայի մեծ դքսութեան տարածք։
1386 թ. Կրեվոյի միութիւն, Լեհաստանի եւ Լիտուայի արքայատուներու միաւորումէն ետք, Հիւսիսային Ուքրանիոյ մեծ մասը կը կառավարուէր Լիտուայի տեղական ազնուականութեան կողմէ, որպէս Լիտուայի Մեծ Դքսութեան մաս։
1569 թ. Լիւբլինի միութիւնը կը ձեւաւորէ Լեհ–Լիտուական համաձայնագիրը, որմով Ուքրանիոյ տարածքի մեծ մասը լիտուական ենթակայութենէն կ'անցնի Լեհական թագաւորութեան ենթակայութեան տակ, այդպիսով կը դառնայ լեհական տարածք։
Լեհականացման ուղղուած ճնշման ներքեւ, բարձր խաւի ներկայացուցիչները կրօնափոխ եղան եւ դարձան կաթողիկէ եւ լեհ ազնուականութենէն անհնար էր զանոնք տարբերել։[18] Այդպիսով հասարակ մարդիկ զրկուելով իրենց ազգակից պաշտպաններէն՝ յանձինս ուղղափառ ազնուականութեան, շրջեցան դէպի կազակները, որոնք կը մնային ուղղափառ։
Ուքրանիոյ Ժողովրդական Հանրապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հանրապետութիւնը ստեղծուած է 1917 թ.-ի Նոյեմբեր 20-ին, անկախ հռչակուած է 1918 թ.-ի Յունուար 22-ին՝ Կեդրոնական խորհուրդի (ուքր.՝ Центральна Рада)-ի որոշմամբ։
Սկզբնապէս հանրապետութիւնը ինքզինք կը համարէր Ռուսական հանրապետութեան մաս, սակայն Փետրուարեան Յեղափոխութենէն ետք ան կը փորձէր բոլորովին անկախ ըլլալ։ 1919 թ.-ի սկիզբը ան իրեն միացուց արեւմտաուքրանական շրջանները, որոնք առանձնացած էին Աւստրո-Հունգարիայէն։ Սակայն շուտով Կարմիր բանակը գրաւեց երկիրը։ 1919 թ.-ի Յունուար 14-ին ստեղծուեցաւ Ուքրանական ԽՍՀ-ն։
Ուքրանիոյ Ժողովրդական Հանրապետութեան պետական խորհրդանիշները՝
| Զինանշան | դրօշ |
Աշխարհագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուքրանիան տարածքով երկրորդ պետութիւնն է Արեւելեան Եւրոպայի մէջ Երկրի տարբեր մասերն ունեն աշխարհագրական տարբեր առանձնահատկություններ՝ լեռնայինից մինչեւ հարթավայրային։ Երկիրը գտնվում է 49°N 32°E / 49°N 32°E կոորդինատներում։ Զբաղեցնում է 603 700 քմ² տարածք, որն աշխարհում 44-րդ ցուցանիշն է։ Ուքրանիայի մակերեւույթի 98% ցամաքային է, եւ միայն 2% են զբաղեցնում ջրային տարածքները։ Հարավից երկիրը դուրս է գալիս դեպի Սեւ ծով, ափեզրի երկարությունն է 2782 քմ։
Ուքրանիայի ընդհանուր սահմանի երկարությունն է 4663 քմ։ Երկիրը սահմանակից է Ռուսաստանի (1576 քմ), Մոլդավիայի (939 քմ), Պելառուսիայի (891 քմ), Ռումանիայի (531 քմ), Լեհաստանի (526 քմ), Հունգարիայի (103 քմ), եւ Սլովաքիայի (97 քմ) հետ։ Ուքրանիայի ամէնաբարձր կետն է Գովերլա լեռը, որու բարձրութիւնն է 2061 մ, իսկ ամէնացած կէտն է Կույալնիկի լիմանը, այս կէտը կ'իյնայ ծովի մակերեւոյթէն 5 մ. ցած։
Ընդհանուր Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիան ունի կարեւոր ռազմավարական դիրք Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, շրջապատուած Սեւ Ծովով հարաւէն, միւս կողմերէն զինք կը շրջապատեն Լեհաստանը, Սլովաքիան եւ Հունգարիան արեւելքէն, Պելառուսիան հիւսիսէն, Մոլտովան եւ Ռումանիան հարաւ-արեւմուտքէն եւ Ռուսիան արեւելքէն։ Ուքրանիան կը տարածուի արեւմուտքէն արեւելք 1316 քմ եւ հիւսիսէն հարաւ 893քմ։ Երկրի ծայրագոյն կէտերն են Գրեմեաչ գիւղը (Չեռնիգովի մարզ) հիւսիսը, Սառիչ հրուանդանը (Ղրիմի Ինքնավար Հանրապետութիւն) հարաւը, Չոպ քաղաքը (Անդրկարպատեան մարզ) արեւմուտքը եւ Չերվոնա Զիրկա գիւղը (Լուգանսկի մարզ) արեւելքը։
Կարպատեան լեռներու հիւսիսային մասը կը հասնի Ուքրանիոյ արեւելեան մասին։ Երկրի ամէնաբարձր կէտը Գովերլա լեռն է, որուն բարձրութիւնը կը կազմէ 2061 մ։ Ուքրանիոյ տարածքի մեծ մասը կը զբաղեցնեն Սեւ Ծովու հիւսիսը տարածուող տափաստանանման շրջանները։ Ուքրանիան համարեայ կը կիսուի երկու հաւասար մասերու Դնեպր գետով, որ կը տարածուի ամբողջ Ուքրանիայով հիւսիսէն հարաւ։ Ան կը թափուի Սեւ ծով Ղրիմ թերակղզիին հիւսիս Հարաւային Բուգի եւ Դնեստրի գետաբերաններու մօտ։ Սահմանը Ռուսիոյ հետ երկրէ երկիր ամէնաերկար սահմանն է. ան կը տարածուի նաեւ Ազովի ծովով։

Ուքրանիոյ տարածքին մեծ մասը կը զբաղեցնեն ոչ բերրի տափաստանները եւ սարաւանդները։ Ուքրանիոյ հողերուն 58% կ'օգտագործուի որպէս ոռոգուող տարածքներ, 2% կ'օգտագործուի մշտական մշակաբոյսերու աճեցման համար, 13% որպէս արօտավայրեր, 18% կը զբաղեցնեն անտառները եւ 9% միւսները։
Երկիրը կը շրջապատեն լեռներ, հարաւին մէջ այդ Ղրիմի լեռներն են Ղրիմի թերակղզիին մէջ եւ Ազովի ծովու մօտ, արեւմտեան կողմէն այդ Կարպատեան լեռներն են, Ազովի ծովուն մօտ կան նաեւ քամահրուած ցած լեռներ՝ Դոնեցի բլրաշարը։
Ռելիեֆ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիոյ տարածքին մեծ մասը կը զբաղեցնեն սովորական հարթավայրեր, ծովու մակարդակէն միջինին մէջ 175 մ բարձրութեամբ։ Հարթավայրերը շրջապատուած են լեռներով արեւմուտքը եւ հարաւը, Ուքրանիոյ տարածքին մէջ գտնուող հարթավայրերուն մեծ մասը տեղաբաշխուած են Արեւելաեւրոպական հարթավայրի հարաւ արեւմտեան մասին մէջ։ Հարթավայրերը ունին բազմաթիւ բարձրադիր եւ ցածրադիր շրջաններ, որոնք առաջացած են Արեւելաեւոպական բլաթֆորմի հիմքերու ոչ հաւասար բիւրեղացման հետեւանքով։
Ուքրանիոյ տարածքին մէջ կը գտնուին հետեւեալ ցածրավայրերը՝ հիւսիսը Պոլեսեան, երկրի կեդրոնը Մերձդնեպրեան եւ հարաւը Մերձսեւծովեան ցածրավայրերը։ Ուքրանիոյ տարածքի բարձրավայրերն են՝ Վոլինեան, Պոդոլեան, Մերձդնեպրեան, ինչպէս նաեւ հետեւեալ բլրաշարերը՝ Տովրիները արեւմուտքը, Սլովեչանսկ-Օվրուչանսկի բլրաշարը հիւսիսը, Դոնեցի բլրաշարը եւ Մերձազովեան դաշտավայրը հարաւ արեւելքը։
Երկրի տարածքին մօտ 5 % կը զբաղեցնեն լեռները՝ Ուքրանեան Կարպատները (բարձրութիւնը՝ 2061 մ) հարաւ-արեւմուտքը եւ Ղրիմի լեռները Ղրիմի թերակղզին հարաւը։
Կլիմայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիան ունի չափաւոր մայրցամաքային կլիմայ ցուրտ ձմեռներով եւ համեմատաբար տաք ամառներով։ Միայն Ղրիմի թերակղզիի հարաւային ափերուն գոյութիւն ունի խոնաւ մերձարեւադարձային կլիմայի գօտի[19]։ Ուքրանիոյ կլիման կ'ենթարկուի խոնաւ ատլանտիկական օդի ազդեցութեան[20]։ Տեղումներու մակարդակը Ուքրանիոյ տարածքին մէջ, հաւասարաչափ չէ բաշխուած, հիւսիսիը կը գրանցուին մեծ քանակութեամբ տեղումներ, արեւելքը ատկէ պակաս եւ հարաւ-արեւելքը աւելի քիչ։ Տարեկան տեղումներու քանակութիւնը հարթավայրերուն մէջ 300 - 700 մմ է, Ղրիմի լեռներուն մէջ 1000 - 1200 մմ, Ուքրանիոյ Կարպատներուն մէջ աւելի քան 1500 մմ։
Յունիսը եւ Յուլիսը սովորաբար ամէնախոնաւ ամիսներն են, մինչդեռ Փետրուար ամիսը սովորաբար ամէնաչորն է[20]։ Ձմեռային կլիման կը տատանուի պաղ եղանակէն Սեւ ծովու ափերուն մինչեւ ցուրտ եղանակը երկրի ներսը, ամառները երկրի հիմնական մասը տաք են, իսկ՝ հարաւային մասը սովորաբար կ'ըլլան շատ տաք։
Միջին բազմամեայ օդի ջերմաստիճանը կը կազմէ՝ Յունուարին −5 °C, Յուլիսին +20 °C։
Ջրային Ռեսուրսներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիան հարաւային եւ հարաւ արեւելեան կողմերէն կը լուացուի Սեւ եւ Ազովի ծովերով։ Երկրի տարածքով հոսող գետերու 90% կը հանդիսնան այս երկու ծովերու ներհոսքի աւազանի մասերը։ Քանի մը գետեր կը պատկանին Պալթեան ծովի աւազանին։ Ուքրանիոյ մէջ կան եօթ հիմնական գետեր՝ Դեսնան (591 քմ), Դնեպրը (982 քմ), Դնեստրը (705 քմ), Դանուբը (174 քմ), Պրիպյատը (261 քմ), Սեւերսկի Դոնեցը (672 քմ) եւ Հարաւային Բուգը (806 քմ)։
Ուքրանիոյ տարածքի 2 տոկոսը կը կազմեն ջրային տարածքները, անոնց մէջ կը մտնեն լիճերը եւ լիմանները։ Ուքրանիոյ մեծ լիճերը եւ լիմաններն են.-
Լիճեր՝
- Սասիկ (Կունդուկ) (205 քմ²)
- Յալպուգ (149 քմ²)
- Կուրուգլույ (94 քմ²)
- Կագուլ (90 քմ²)
Լիմաններ՝
- Դնեպրի լիման (800 քմ²)
- Ուտլյուկի լիման (700 քմ²)
- Դնեստրի լիման (360 քմ²)
- Մոլոչնի լիման (168 քմ²)
- Տիլիգուլի լիման (70 − 150 քմ²)
- Խաջիպէյի լիման (70 քմ²)
- Կույալնիկի լիման (60 − 56 քմ²)
Լեռներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիոյ տարածքի հարթավայրային մասի ամէնաբարձր կէտն է Բերդա լեռը (515 մ), ձախափնեայ հարթավայրային մասի բարձրագոյն կէտն է Մոգիլա Մեչետնաեայն (367, 1 մ)։ Ստորեւ կը բերուի Ուքրանիոյ բարձր լեռներու ցանկը՝
Ուքրանական Կարպատներ
- Գովերլա - 2060, 8 մ
- Բրեբենեսկուլ - 2035, 8 մ
- Չոռնայա Գոռա - 2020, 2 մ
- Պետրոս - 2020, 2 մ
- Գուտին Տոմնատիկ - 2016, 4 մ
- Ռեբրա - 2001, 1 մ
Ղրիմի լեռներ
- Ռոման-Կոշ - 1545 մ
- Դեմիր-Կապու - 1540 մ
- Զեյտին-Կոշ - 1534 մ
- Քեմալ-Էգերեկ - 1529 մ
- Էկլիզի-Բուրուն - 1527 մ
Օգտակար Հանածոներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիոյ մէջ առկայ են երկաթի հանքաքարի, ածուխի, մանգանի, բնական գազի, նաֆթի, աղի, ծծումբի, գրաֆիտի, տիտանի, մագնեզիումի, կաոլինի, նիկելի, պղինձի զգալի պաշարներ։
Բնապահպանական խնդիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուքրանիան ունի բազմաթիւ բնապահպանական խնդիրներ։ Որոշ շրջաններու մէջ կայ խմելու ջուրի զգալի պակաս։ Օդը եւ ջուրը երկրին մէջ ապականած են, ինչպէս նաեւ՝ կայ անտառահատման խնդիր։
Երկրի հիւսիս-արեւելքը 1986 թուականի Չեռնոբիլի ատոմակայանի մէջ տեղի ունեցած աղետէն ետք գոյութիւն ունի հսկայական տարածութիւն, որ վարակուած է ռադիացիայով։
Երկնաքարային Խառնարաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տուեալ պահուն Ուքրանիոյ տարածքին մէջ յայտնի են ութ հարուածային խառնարաններ, որոնք առաջացած են երկնային մարմիններու անկման պատճառով։ Բոլոր խառնարանները, բացի Իլինեցկիէն, թաղուած են, այսինքն ծածկուած են նստուածքային ապարներով, եւ հետազօտուած են հորատանցքերու միջոցով։
- Բոլտիշի խառնարան (Կիրովոգրադի մարզ) - տրամագիծը 25 քմ, տարիքը - 100 մլն. տարի
- Իլինեցկիի խառնարան (Վիննիցայի մարզ) - տրամագիծը 300 մ, տարիքը - 400 մլն. տարի
- Զապադնի - տրամագիծը 4 քմ, տարիքը - 115 մլն. տարի
- Զելենոգայի խառնարան - տրամագիծը 2, 5 քմ, տարիքը - 120 մլն. տարի
- Օբոլոնի խառնարան (Պոլտաւայի մարզ) - տրամագիծը - 20 քմ, տարիքը - 169 ± 7 մլն. տարի, կոորդինատները՝ 49°35’հս.լ. 32°55’աե.ե.
- Ռոտմիստրովի խառնարան - տրամագիծը - 2, 7 քմ, տարիքը - 140 մլն. տարի
- Տերնովի խառնարան - տրամագիծը - 12 քմ, տարիքը - 280 մլն. տարի
- Բելիլովի խառնարան - տրամագիծը - 6, 2 քմ, տարիքը - 166± 10 մլն. Տարի
Վարչական Բաժանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Համաձայն 1996 թուականի Ուքրանիոյ սահմանադրութեան, երկրին մէջ ընդունուած է հետեւեալ վարչական բաժանումը՝ 24 մարզ, 2 հանրապետական նշանակութեան քաղաք եւ Ղրիմի Ինքնավար Հանրապետութիւն։ Ուքրանիոյ մէջ կան 490 շրջաններ, 446 քաղաք, 907 քաղաքատիպ աւան եւ 10196 գիւղ։
Ուքրանիոյ տարածքային կազմութիւնը կը հիմնուի միասնականութեան եւ պետական տարածքի ամբողջականութեան վրայ, համադրելով կեդրոնացած եւ ապակեդրոնացած պետական իշխանութեան համակարգերը, ինչպէս նաեւ շրջաններու հաւասարակշռուած ընկերա-տնտեսական զարգացման սկզբունքներու վրայ, հաշուի առնելով անոնց պատմական, տնտեսական, աշխարհագրական եւ դեմոգրաֆիկ առանձնայատկութինները, էթնիկական եւ մշակութային աւանդոյթները։
- Մարզեր
- Վիննիցայի մարզ
- Վոլինի մարզ
- Դնեպրոպետրովսկի մարզ
- Դոնեցկի մարզ
- Ժիտոմիրի մարզ
- Անդրկարպատեան մարզ
- Զապորոժիէի մարզ
- Իվանո-Ֆրանկովսկի մարզ
- Պետական նշանակութեան քաղաքներ
- Քիեւի մարզ
- Կիրովոգրադի մարզ
- Լուգանսկի մարզ
- Լուովի մարզ
- Նիկոլաեւի մարզ
- Օդեսայի մարզ
- Պոլտաւայի մարզ
- Ռովնոյի մարզ
- Սումիի մարզ
- Տերնոպոլի մարզ
- Խարկովի մարզ
- Խերսոնի մարզ
- Խմելնիցկիի մարզ
- Չերկասիի մարզ
- Չեռնիգովի մարզ
- Չերնովիցիի մարզ
Կաղապար:Col-4 Կաղապար:Ukraine Labelled Map
Ղրիմի Ինքանավար Հանրապետութիւնը կը հանդիսանայ Ուքրանիոյ անբաժան մասը, եւ Ուքրանիոյ սահմանադրութեան շրջանակներում մէջ, գործող իրաւասութիւններով կը լուծէ իրեն յատկացուած խնդրիները։
Քաղաքական Համակարգ
Ուքրանիան ունիտար հանրապետութիւն է, որուն գլխաւոր օրէնքը կը հանդիսանայ 1996 թուականին ընդունուած Սահմանադրութիւնը։
Գործադիր Իշխանութիւն
Պետութեան եւ գործադիր իշխանութեան ղեկավարը նախագահն է, 2014 թ. Յունիս 7-էն՝ Պետրո Պորոշենկոն։ Նախագահը կը հանդիսանայ նաեւ Ուքրանիոյ զինուած ոյժերու գլխաւոր հրամանատարը։ Պետութեան ղեկավարի պարտականութիւնները կատարած նախագահին կ'օգնէ վարչապետը․ 2013 թ դրութեամբ՝ Նիքոլայ Ազարովը։ Վարչապետը կը զբաղեցնէ նախագահի պաշտօնը վերջինիս մահուան կամ հրաժարականի պարագային։
Նախագահը կ'ընտրուի հինգ տարի ժամկէտով գաղտնի քուէարկութեամբ ուղղակի համընդհանուր ընտրական իրաւունքի հիման վրայ։ Նոյն թեկնածուն չի կրնար զբաղեցնել նախագահի պաշտօնը 2 անգամէն աւելի անընդմէջ։ 1991 թ երկրի առաջին նախագահ ընտրուած է Լեոնիդ Կրավչուկը։
Նախագահը կը կազմէ կառավարութիւնը՝ նախարարներու կաբինետը, որուն ղեկավարն է վարչապետը։
Կառավարութեան կազմին մէջ կը մտնեն փոխվարչապետներ (կը վերահսկեն քանի մը նախարարութիւններ եւ գերատեսչութիւններ), նախարարներ (կը ղեկավարեն նախարարութիւնները) եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներ, որոնք նախարարական պաշտօն չեն զբաղեցներ, սակայն պաշտօնապէս իրենց կարգավիճակով նախարարներուն հաւասար են։ Կառավարութեան քանակական կազմը եւ կառուցուածքը (փոխվարչապետներու, նախարարներու եւ գերատեսչութիւններու ղեկավարներու քանակը) օրէնքով չեն կարգաւորուիր եւ կը սահմանուին նախագահին կողմէ։
Օրէնսդիր Իշխանութիւն
Ուքրանիոյ գերագոյն օրենսդիր մարմինը Գերագոյն ռադան է (ուքր.՝ Верховна рада України, ВРУ)։ Ան կը հանդիսանայ մշտական գործող կառոյց, որ կը հրաւիրուի տարին 2 անգամ։
Գերագոյն ռադան իր կանոնաւոր նստաշրջաններուն կ'իրականացնէ նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը եւ կը հաստատէ նախագահին կողմէ առաջարկուող պետական քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները 5 տարի ժամկէտով։ Նախագահը պատասխանատու է ռադայի առջեւ, խորհրդարանը կրնայ անվստահութիւն յայտարարել անոր։
Գերագոյն ռադան կազմուած է 450 պատգամաւորներէ։ 2013 թ դրութեամբ խորհրդարանի նախագահն է Վլատիմիր Ռիբակը։
Ռադայի իրաւասութիւններուն մէջ կը մտնէ օրէնքներու մշակումը, ընդունումը եւ ատոնց իրագործման վերահսկողությունը, պետական պիւտճէի հաստատումը, միջազգային համաձայնագրերու վաւերացումը։ Ռադայի պատգամաւորները կ'ընտրուին 5 տարի ժամկէտով ընդհանուր ուղղակի ընտրութիւններու միջոցով, որոնք տեղի կ'ունենան խառն համակարգով։
մինի|435px|Գերագոյն ռադայի 8-րդ նստաշրջանի կուսակցական կազմը
| Խմբակցություն | Տեղ |
|---|---|
| Շրջաններու կուսակցութիւններ | 210 |
| Բատկիվշչինա | 99 |
| Ուքրանիոյ ժողովրդավարական դաշինք յանուն բարեփոխումներու | 42 |
| «Ազատութիւն» համաուքրանական միաւորում | 37 |
| Ուքրանիոյ կոմունիստական կուսակցութիւն | 32 |
| Անկախ պատգամաւորներ | 30 |
| Տեղերու ընդհանուր քանակը | 450 |
Դատական Իշխանութիւն
Արդարադատութիւնը Ուքրանիոյ մէջ կ'իրականացուի բացառապէս դատարաններու միջոցով։ Դատարաններու իրաւասութիւնները կը տարածուին պետութեան մէջ առկայ բոլոր իրաւայարաբերութիւններու վրայ։ Ուքրանիոյ մէջ ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարաններու համակարգը կը կազմուի մասնագիտացման եւ տարածքայնութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններուն մէջ կը գործեն քաղաքացիական եւ քրէական գործերով զբաղող խորհուրդներ։ Ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններու համակարգի գերագոյն դատական մարմինը կը հանդիսանայ քաղաքացիական եւ քրէական գործերը քննող Գերագոյն դատարանը։ Գերագոյն դատարանը աւելի շատ դատական գործունէութիւնը համընդհանրացնող կարգավիճակ ունի։ Ունի վերանայման իրաւունք։ Գերագոյն դատարանն իր ոյժը կորսնցուցած է Բարձրագոյն յատուկ դատարանի ձեւաւորումէն ետք։
Յատուկ դատարաններ՝
- Կենցաղային (Տարածաշրջանային, Վերաքննիչ, Բարձրագոյն)
- Վարչական (Թաղային, Վերաքննիչ, Բարձրագոյն)
Ուքրանիոյ Սահմանադրական դատարանը առանձին, ընդհանուր իրաւասութիւններու դատարաններէն անկախ դատարան է։
Քաղաքական Կուսակցութիւններ
Ուքրանիոյ ներկայիս կուսակցական համակարգը կազմուած է 1990-ական թուականներուն։ Այն ժամանակ լիպերալ-դեմոկրատական փոփոխութիւններու հետեւանքով միակուսակցական համակարգը փոխարինուեցաւ բազմակուսակցականով։
Կուսակցութիւններու գործունէութիւնը կը կարգաւորուի գործող օրէնսդրութեամբ, որ պարբերաբար վերանայման կ'ենթարկուի։ 2012 թ Հոկտեմբերի դրութեամբ կը գործէ կուսակցութիւններու վերաբերեալ 2011 թ Նոյեմբերին ընդունուած օրէնքը։ Համաձայն այդ օրէնքի՝ կուսակցութիւն ստեղծելու իրաւունք ունին երկրի որեւէ 30 քաղաքացի։ Կուսակցութիւնը պէտք է գրանցուի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ եւ կուսակցական գործունէութիւն սկսելու համար պէտք է ապացոյց ներկայացնէ, որ երկրի բոլոր մարզերուն մէջ ունի իր անդամները։ Բոլոր կուսակցութիւնները պարտաւոր են ընդունիլ Սահմանադրութիւնը որպէս Ուքրանիոյ հիմնական օրէնք։
2012 թ դրութեամբ Ուքրանիոյ մէջ պաշտօնապէս գրանցուած է աւելի քան 200 կուսակցութիւն։[21] Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ, որ տեղի ունեցած է 2012 թ Հոկտեմբեր 28-ին, մասնակցած է 21 կուսակցութիւն։ Օրէնքով սահմանուած 5%-ի շեմը յաղթահարեց 5 կուսակցութիւն, 16 կուսակցութիւն խորհրդարանին մէջ տեղ չզբաղեցուց։
Արտաքին Քաղաքականութիւն
1918-1922 թթ Ուքրանիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունէր Լեհաստանի, Պուլկարիոյ, Թուրքիոյ, Վատիկանի, Դանիայի, Նորվեկիայի, Շուետի, Զուիցերարիայի, Իրանի, Ռումանիայի, Լիթվայի, Լաթվիայի, Ֆինլանտայի, Էսթոնիայի, Վրաստանի, Աւստրիայի եւ Չեխոսլովաքիայի հետ։ 1945 թ դարձաւ ՄԱԿ-ի, այնուհետեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (ԱՄԿ) անդամ։ Խորհրդային Ուքրանիոյ առաքելութիւնը ՄԱԿ-ին կից որոշուեցաւ Վիեննայի, Փարիզի, Ժնեւի, Նիւ Եորքի մէջ։ 1948 թ Ուքրանիան առաջին անգամ դարձաւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամ։ Մինչեւ 1991 թ Լեհաստանը, ԳԴՀ-ն, Չեխոսլովաքիան, Հունգարիան, Ռումանիան, Պուլկարիան, Հարաւ Սլաւիան, Քանատան, ԳԴՀ-ը, ԱՄՆ հիւպատոսութիւններ ունէին Քիեւի մէջ, իսկ Պուլկարիան, Գուպան, Հնդկաստանը եւ Եգիպտոսը՝ Օտեսայի մէջ։ 1991 թ ետք, Ուքրանիան վերականգնեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները աշխարհի պետութիւններու մեծ մասին հետ, որովհետեւ ՌԴ ԽՍՀՄ-ին պարտքի փոխարէն իրեն վերցուց Ուքրանիոյ արտերկիրներուն մէջ գտնուող նախկին դեսպանատուները, ապա պետութիւնը բոլորովին մնաց առանց դեսպանատուներու՝ բացառութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ գտնուող դեսպանատունը։ ՌԴ եւ Պելառուսի հետ միասին Ուքրանիան դարձաւ ԱՊՀ հիմնադիրը, թէեւ յետագային որոշակիօրէն հեռացաւ անկէ։ 1997 թ Մայիս 31-ին ՌԴ եւ Ուքրանիոյ նախագահները ստորագրեցին ընկերութեան, համագործակցութեան եւ գործընկերութեան պայմանագիր, որ վաւերացուեցաւ Գլխաւոր ռադայի եւ Պետական դումայի կողմէ։ 1999 թ Մայիս 14-15 Լվովի մէջ կայացած Կեդրոնական Եւրոպայի պետութիւններու նախագահներու հանդիպման Կուչման յայտարարեց, որ Ուքրանիան կ'երթայ «եւրոպական ուղիով» եւ սերտ կապեր կը հաստատէ ԵՄ հետ։ Դատապարտելով 1999 թ գարնան Հարաւսլաւիայի ռմբակոծութիւնները՝ ուքրանացի դիւանագէտները իրենց միջնորդական դերակատարութիւնը առաջարկեցին Բալկաններու հակամարտութեան լուծման գործին մէջ։
Ներկայիս, Ուքրանիան կը հանդիսանայ հետեւեալ կազմակերպութիւններու անդամ՝ ՄԱԿ (1945), ՄԱԿ-ի ԵՏՀ (1947), ԱՀԿ (1948), ԵՈՒՆԵՍՔՕ (1954), ԵԱՀԿ (1992), ՎԶԵԲ (1992), ԱՄՀ (1992), ՎԶՄԲ (1992), ՍՏՀԿ (1992), ՄՖԿ (1993), ՆԵԲԳ (1994), ԳՀԽԿ (1994), ԵԽ (1995), ՏՀՁԿ (1997), Եւրո-ատլանտեան համագործակցութեան խորհուրդ (1997), ՍԱԶԲ (1998), Ներդրումային վէճերու կարգաւորման միջազգային կեդրոն (2000), ԶՄԱ (2004), ԱՀԿ (2008)։ Ուքրանիան նաեւ կը հանդիսանայ ԱՊՀ-ի փաստացի անդամը (1991) եւ դիտորդի կարգավիճակ ունի հետեւեալ կազմակերպութիւններուն մէջ՝ Պալթեան երկիրներու խորհուրդ (1999), ԵվրԱզԷՍ (2002), Ֆրանքոֆոնիա (2006)։
Զինուած ոյժեր

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, Ուքրանիոյ մնաց 780000 զինուժ, որ կը համարուի աշխարհի երրորդ մեծագոյն միջուկային զէնքով յագեցած ռազմական ոյժը։[22][23]1992 թ Մայիսին Ուքրանիան ստորագրեց ռազմավարական յարձակողական սպառազինութիւններու սահմանափակման պայմանագիր, ուր երկիրը համաձայնեցաւ Ռուսիոյ տալ ողջ միջուկային զէնքը եւ միանալ միջուկային զէնքի չտարածման պայմանագրին որպէս միջուկային զէնք չունեցող երկիր։ Ուքրանիան վաւերացուց պայմանագիրը 1994 թ եւ 1996 թ երկիրը ազատեցաւ միջուկային զէնքէն։[22]
Ուքրանիան հետեւողական քայլեր ձեռնարկեց սովորական զէնքի կրճատման ուղղութեամբ։ Ան ստորագրեց Եւրոպայի մէջ Սովորական Սպառազինութիւններու մասին պայմանագիր, որ կ'ենթադրէր տանկերու, հրետանիի եւ զրահապատ մեքենաներու թիւի կրճատում (զինուած ոյժերը կրճատուեցան 300000-ի)։ Պետութիւնը կը նախատեսէ ներկայիս բանակը փոխարկել փրոֆեսիոնալ կամաւոր բանակի ոչ ուշ քան 2011 թ։[24]

Ուքրանիան զգալի դեր կը խաղայ խաղաղապահ գործողութիւններուն մէջ։ Ուքրանական զօրքերը տեղաբաշխուած են Քոսովոյի մէջ որպէս ուքրանա-լեհական գումարտակի մաս։[25] Ուքրանական զօրքեր տեղաբաշխուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ, որպէս ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ոյժերու մաս՝ հրադադարը պահպանելու նպատակով։ Տեխնիկական սպասարկման եւ ուսումնական գումարտակ տեղակայուեցաւ նաեւ Սիերա Լեոնէի մէջ։ 2003-2005 թթ ուքրանական զօրքերը լեհական հրամանատարութեան ներքոյ մեկնեցան Իրաք որպէս միջազգային գոալիցիոն ոյժերու մաս։ Ուքրանական բանակի զինծառայողներիւ թիւը աշխարհի մէջ կը կազմէ շուրջ 562։[26]
Այլ երկիրներու զինմիաւորումները՝ ներառեալ ԱՄՆ զինուժը, ուքրանական ոյժերու հետ մէկտեղ կանոնաւորապէս կը մասնակցին զօրավարժութիւններու Ուքրանիոյ մէջ։[27]
Անկախութենէն ետք, Ուքրանիան ինքզինք չեզոք երկիր հռչակեց։[28] Պետութիւնը սահմանափակ ռազմական համագործակցութիւն ունի Ռուսիոյ, այլ Անկախ պետութիւններիու համագործակցութեան երկիրներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ սկսած 1994 թուականէն։ 2000-ական թուականներուն, կառավարութիւնը հակուած էր դէպի ՆԱԹՕ-ն եւ խոր համագործակցութեան սկիզբը դրուեցաւ, երբ 2002 թ ստորագրուեցաւ ՆԱԹՕ-Ուքրանական գործողութիւններու ծրագիրը։ Ետքը որոշուեցաւ, որ ՆԱԹՕ-ին միանալու որոշումը պէտք է ընդունուի համազգային հանրաքուէի միջոցով յետագային։[24] Գործող նախագահ Վիքթոր Եանուկովիչը Ուքրանիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը բաւարար կը համարէ։[29] Եանուկովիչը դէմ է Ուքրանիոյ միացման ՆԱԹՕ-ին։[30] 2008 թ Պուխարեստի մէջ կայացած համաժողովին ՆԱԹՕ-ն յայտարարեց, որ Ուքրանիան կրնայ անդամակցիլ ՆԱՏԹՕ-ին, երբ ան ցանկանայ եւ երբ ան կը համապատասխանէ անդամակցման չափանիշերուն։[29]
Պետական Խորհրդանիշեր
Ուքրանիան ունի 3 պետական խորհրդանիշ՝ դրօշ, զինանշան, քայլերգ։ 1996 թ Յունիս 28-ին Ուքրանիոյ Սահմանադրութեան 20-րդ յօդուածով հաստատուեցաւ պետութեան փոքր զինանշանը՝ ոսկիէ եռաժանին՝ կապոյտ ֆոնի վրայ։ Եռաժանին [[Քիեւեան Ռուսիոյ ժամանակ Ռիւրիկովիչ իշխանատոհմի պետական խորհրդանիշը եւ տոհմական կնիքը կը հանդիսանար։ Փոքր զինանշանը այդպէս ալ չընդունուած մեծ զինանշանի մասը կը կազմէ. անոր վրայ պատկերուած է կապոյտ վահան՝ դեղին եռաժանիով։
1992 թ Յունուար 28-ին Ուքրանիոյ Գերագոյն խորհուրդը հաստատեց Ազգային դրօշը, որ ուղղանկիւն պաստառ՝ կազմուած լայնութեամբ իրար հաւասար 2 հորիզոնական շերտերէն․ վերին շերտը կապոյտ է, ստորինը՝ դեղին։[31][32]
| Զինանշան | դրօշ | Նախագահական դրօշ |
Պետական Տօներ
- Յունուար 1 - Նոր տարի
- Յունուար 7 - Սուրբ Ծնունդ
- Յունուար 22 - Ուքրանիոյ համախմբուածութեան եւ ազատութեան օր
- Մարտ 8 - Կանանց միջազգային օր
- Մայիս 1 - Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր
- Մայիս 9 - Յաղթանակի օր
- Յունիս 28 – Ուքրանիոյ Սահմանադրութեան օր
- Օգոստոս 24 - Անկախութեան օր
- Փոխուող ամսաթիւ - Զատիկ
- Փոխուող ամսաթիւ - Սուրբ Երրորդութեան օր
Տնտեսութիւն
Ուքրանիան կը պատկանի արդիւնաբերա-ագրարային երկիրներու բաժինին։ Ըստ ազգային մրցունակութեան՝ ան 2012 թ աշխարհին մէջ զբաղեցուցած է 73-րդ տեղը։
Ուքրանիոյ տնտեսութիւնը կը զբաղեցնէ 39-րդ տեղը աշխարհի մէջ, ըստ ՀՆԱ-ի չափի (2011)։[33][34] Մէկ բնակչին բաժին ինկող ՀՆԱ-ի չափը կը կազմէ 7600 ԱՄՆ դոլար (2011)։[34] 2011 թ ՀՆԱ-ի աճը կազմեց 5, 2%։[35] Ուքրանիոյ պարտքը 2010 թ հասաւ ՀՆԱ-էն 93, 5%-ի, իսկ 2010 թ Յուլիս 1-ի դրութեամբ ՀՆԱ-ի աճը կազմեց 3, 7%։[36]
Ուքրանիան կը համարուի արտահանման ուղղուածութիւն ունեցող երկիր․ ըստ որոշ գնահատականներու՝ երկրի ՀՆԱ-ի 50%-ը կը կազմուի արտահանումէն։[37] 2011 թ ըստ Առեւտուրի Համաշխարհային Կազմակերպութեան՝ Ուքրանիան համաշխարհային ներմուծողներու շարքին մէջ զբաղեցուց 25-րդ տեղը։
1992 թ սկսեալ նկատուեցաւ յարաճող ապաինդուստրալացին մէջ, որ բարձր տեխնոլոգիական արտադրութիւններու մէջ եւ մեքենաշինութեան ոլորտին մէջ, ընդհանուր բնոյթ կրեց։ 1999 թ ՀՆԱ-ն 40%-ով ցած էր 1991 թ մակարդակէն։ Որոշակիօրէն բարձրորակ վիճակին մէջ, յայտնուեցան մետաղագործական, քիմիական եւ ցած աւելացուած արժէքով այլ էներգատար արտադրութիւնները, որոնք համաշխարհային շուկային մէջ պահպանեցին իրենց մրցունակութիւնը՝ շնորհիւ էներգակիրներու ռուսական ցած գիներու։ Արդիւնաբերութեան այն ճիւղերը, որոնք քիչ թէ շատ կ'աշխատին մետաղագործութիւնն է, էներգետիկան (կան աթոմային էլեկտրակայաններ եւ Դնեպր գետի վրայ ՀԷԿ-ի ամբողջ համալիր մը), ինչպէս նաեւ քիմիական արդիւնաբերութիւնը եւ հանքարդիւնաբերութիւնը (ածուխի, հանքանիւթի արդիւնահանում)։ Որոշակի չափով տնտեսապէս զարգացած շրջաններն են Դոնբասը (Դոնեցկի եւ Լուգանսկի մարզ), Պրիդնեպրովիէն (Դնեպրոպետրովսկի եւ Զապորոժիէի մարզ), ինչպէս նաեւ Քիեւ, Խարկով, Օտեսա եւ Լվով քաղաքները։
Տնտեսութեան իր շուկայական բնոյթին համաձայն բնորոշ է պետութեան աշխոյժ դերը: Անոր կը պատկանին մօտ 140 մեծ ընկերութիւններ ազգային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ պետութիւնը կը վերահսկէ շարք մը ապրանքներու գիները՝ ներառեալ հիմնական սննդամթերքը եւ վառելիքաքսանիւթերը։ 2011 թ ՀՆԱ ծաւալին մէջ, արդիւնաբերութեան մասնաբաժինը կազմեց 34, 4%, ծառայութիւններու ոլորտը՝ 56, 2%, գիւղատնտեսութիւնը՝ 9, 4%։ Ընդ որում արդիւնաբերութեան մէջ, զբաղուած է աշխատող բնակչութեան 18, 5%, գիւղատնտեսութեան մէջ՝ 15, 8%, իսկ ծառայութիւններու ոլորտին մէջ՝ 65, 7%։ Աշխատունակ բնակչութեան ընդհանուր թուաքանակը կը կազմէ 22.09 մլն մարդ (30-րդ տեղը աշխարհին մէջ), գործազրկութեան մակարդակը կը կազմէ 7% (81-րդ տեղը աշխարհին մէջ)։
Արդիւնաբերութիւն
Ուքրանիոյ արդիւնաբերական զարգացումը սկսաւ 18-19-րդ դարերուն, երբ հիմք դրուեցաւ գիւղատնտեսական արտադրանքի մշակման։ Սակայն ինդուստրացման ուղղուած ծրագիրը մշակուեցաւ միայն 19-րդ դարու վերջին եւ 20-րդ դարու սկիզբին։ Ուքրանիան գլխաւորապէս կ'արտահանէ գունաւոր մետալուրգիա, որ կը կազմէ ծանր արդիւնաբերութեան արտահանման գրեթէ կէսը։ Քիմիական արդիւնաբերութիւնը կ'աշխատի մետալուրգիայի հետ մէկտեղ՝ օգտագործելով մետաղագործութեան եւ գետնածուխի արդիւնաբերութեան կողմնակի ապրանքները՝ ազոտային պարարտանիւթերու, լաքերու, ներկերու, դեղերու արտադրութեան համար։ Ֆոսֆորիտները, կալիումի աղերը եւ կերակուրի աղը կ'օգտագործուի հանքային պարարտանիւթերու՝ ծծմբաթթվի արտադրութեան մէջ։ Նաֆթը ու գազը (ինչպէս տեղական, այնպէս ալ ներմուծուած) կ'օգտագործուի սինթետիկ կաուչուկի եւ սինթետիկ մանրաթելի արտադրութեան մէջ։
Արդիւնաբերութեան հիմնական կեդրոններն են՝
- Ցեմենտի արտադրութիւն՝ Բալակլեա, Ամվրոսիևկա, Զդոլբունով, Բախչիսարայ, Նիկոլաեւ (Լվովի մարզ)
- Բետոնային կառուցուածքներու արտադրութիւն՝ Խարկով, Դնեպրոպետրովսկ, Զապորոժիէ, Կրիվոյ Ռոգ, Չերնիգով, Կիեւ, Դոնեցկ, Սոկիրեանի, Կախովկա
- Պատերու կառուցման նիւթերու արտադրութիւն՝ Սումի, Կիեւ, Խմելնիցկի, Չերնովցի, Չերնիգով
- Ապակիի արտադրութիւն՝ Կիեւ, Ստրի, Կոնստանտինովկա, Լուով, Բերեժանի, Բուչա
- Ճենապակու և հախճապակու արդյունաբերություն՝ Բուդի, Կորոստեն, Պոլոննոյէ, Բարանովկա, Սումի
- Սնունդի արդիւնաբերութեան մէջ զբաղուած է երկրի աշխատուժի 12.8%-ը (2003 թ տուեալներով)։ Կ'արտադրուի աւելի քան 3000 տեսակ ապրանք։
Ուքրանիոյ անտառային ռեսուրսները սահմանափակ են եւ կը կազմեն երկրի տարածքի 14, 3%-ը։ Անտառներու հիմնական մասը կը գտնուի Կարպատներու, Պոլեսիէի եւ Ղրիմի լեռներուն մէջ։ Տարածուած են ծառերու թանկարժէք տեսակներ՝ հաճարենի, կաղնի, եղեւնի, սոճի, հացենի։
Անտառամշակման արդիւնաբերութիւնը ձեւաւորուած է Կարպատներու եւ Պոլեսիեու մէջ, (կը կազմէ ամբողջ անտառամշակման արդիւնաբերութեան 90%)։ Անտառային զանգուածները անխնայ օգտագործուած են։ Անտառամշակման մեծ կեդրոններն են՝ Լուով, Չերնովցի, Իվանո-Ֆրանկովսկ, Լուցկ, Ժիտոմիր, Չերնիգով, Ռախով, Յասինյա, Խուստ, Ուժգորոդ, Մուկաչեւո, Կոստոպոլ, Շոստկա։
Անտառամշակման գօտիներէն դուրս՝ արդիւնաբերական մեծ կեդրոններուն մէջ եւ փոխադրութեան հանգոյցներուն մէջ (Կիեւ, Դոնեցկ, Խարկով, Օտեսա, Չերկասի, Խերսոն) ներկրուող հումքի հիման վրայ, կը գործեն փայտամշակման գործարաններ։ Կ'արտադրուի փայտանիւթ, նրբատախտակ, լուցկի։ Կահոյքագործական գործարանները տարածուած են հիմնականին մէջ, այնպիսի մեծ քաղաքներու մէջ, ինչպիսիք են Կիեւը, Լուովը, Օտեսան, Խարկովը։ Այս բնագաւառի գործարաններու տեղաբաշխումը իրականացնելէն հաշուի կ'առնուի հումքը, ջրային ռեսուրսները, էլեկտրաէներգիայի առկայութիւնը, որակաւորուած աշխատուժը։
Գիւղատնտեսութիւն
ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք, գիւղատնտեսութեան մէջ նկատուեցաւ համակարգային ճգնաժամ, որ բացասաբար անդրադարձաւ բնագաւառի արտադրական ցուցանիշերու վրայ։ 2000-ական թուականներու կէսերուն, բուսաբուծութեան ցուցանիշերը հասան եւ նոյնիսկ գերազանցեցին 1990-ական թուականներուն արձանագրուած ցուցանիշերուն։ Միեւնոյն ժամանակ անասնաբուծութիւնը մինչ՝ այժմ չի կրնար վերականգնել նախկին ծաւալները։
Գիւղատնտեսութեյան ցուցանիշերը ըստ 2011 թ Ուքրանիոյ Պետական վերլուծական ծառայութեան տուեալներու՝
- Հացահատիկի արտադրութիւն՝ 56.7մլն տոննա (51մլն տոննա 1990 թ)
- Շաքարի ճակնդեղի արտադրութիւն՝ 18, 7մլն տոննա (44, 2մլն տոննա 1990 թ)
- Արեւածաղկի արտադրութիւն՝ 8, 6մլն տոննա (2, 5մլն տոննա 1990 թ)
- Կարտոֆիլի արտադրութիւն՝ 24, 2մլն տոննա (16, 7մլն տոննա 1990 թ)
- Բանջարեղէնի արտադրութիւն՝ 9, 8մլն տոննա (6, 6մլն տոննա 1990 թ)
Ծառայութիւններու Ոլորտ
Ծառայութիւններու ոլորտը սովորաբար կարեւոր դեր չէ խաղացած Ուքրանիոյ տնտեսությեն մէջ (ներառեալ ԽՍՀՄ կազմի մէջ)։ Այս ոլորտի զարգացումը կապուած է 1990-2000 թթ հետ։ 2011 թ ծառայութիւններու ոլորտը կը կազմէր ՀՆԱ-ի 56, 2%-ը եւ աշխատանքով կ'ապահովէր երկրի աշխատուժի 65.7%-ին։
Բանկային Ոլորտ
Ուքրանիոյ ֆինանսաւարկային համակարգը 1997-1998 թթ խորը ճգնաժամէն ետք, 2000-ական թթ առաջին կիսուն, ընդհանուր առմամբ կայունացաւ։ 2005 թ Ուքրանիոյ Ազգային բանկը երկարաժամկէտ ծրագիր մշակեց՝ ուղղուած երկրին մէջ գործող մասնաւոր բանկային հաստատութիւններու թիւի կրճատմանը՝ փոքր բանկերու միաձուլման կամ մեծ բանկերու կողմէն փոքրերու «կուլ տալու» միջոցով։ Ի տարբերութիւն 2009-2011 թթ բացասական արդիւնքներու (2009 թ կորուստը կազմեց 38 450մլն գրին, 2010 թ՝ 13 027մլն գրին, 2011 թ՝ 7 708մլն գրին) 2012 թ 9 ամիսներու ընթացքին, Ուքրանիոյ բանկային համակարգը դրական ֆինանսական արդիւնք ցուցաբերեց, որ հաւասար էր +2 775մլն գրինի։[38] 2012 թ Սեպտեմբերի դրութեամբ Ուքրանիոյ մէջ, կը հաշուըւի 176 կոմերցիոն բանկ, որոնցմէ 55-ը օտարերկրեայ գործընկերներու հետ կը համագործակցի, 10-ի վերահսկող փաթեթը կը պատկանի օտարերկրեայ սեփականատերերու։[39] Յատկանշական է, որ այդ բանկերէն 10 ամենամեծերը կը ղեկավարուին բանկային ոլորտի 63, 4%-ը, որուն ընդհանուր միջոցները կը կազմեն $353մլդ։[40]
2010 թ Ուքրանիոյ Ազգային բանկի վերաֆինանսաւորումը կը կազմէր 11, 97% (27-րդ տեղը աշխարհին մէջ), կոմերցիոն բանկերու վարկաւորման բազային տոկոսադրոյքը՝ 15, 95% (36-րդ տեղը աշխարհին)։[41]
Զբօսաշրջութիւն
Ուքրանիան ունի զբոսաշրջական լայն հնարաւորութիւններ՝ Ղրիմը եւ Կարպատները, հին ուքրանական քաղաքներու պատմական յուշարձանները, գիւղական զբօսաշրջութիւնը եւ բնական արգելոցները։
Համաշխարհային ժառանգութեան օբյեկտները Ուքրանիոյ մէջ
- Սոֆիայի տաճարը եւ անոր հետ կապուած վանքային կառոյցները
- Կիեւ-Պեչորեան մայրավանք (Կիեւ)
- Լուովի պատմական կեդրոնը (Լուով)
Էներգետիկա
Ուքրանիան կը հանդիսանայ էներգետիկայի արտահանող։ Ըստ «Ուքրանատերէներգո» պետական ընկերութեան տուեալներու՝ 2012 թ Ուքրանիան արտահանած է 9 745մլդ կվ/ժ էլեկտրաէներգիա։ Հիմնական գնորդներն են Հունգարիան, Լեհաստանը, Սլովակիան, Ռումինիան եւ Մոլդովան։
Միջուկային վառելիքի 100%-ը Ուքրանիան կ'երթայ արտասահմանէն։ Հիմնական մատակարարը կը հանդիսանայ ռուսական «ТВЭЛ» (վառելիքի մեծ մասը Ուքրանիոյ համար ընկերութիւնը կը ստանայ ուքրանական ուրանէն) ընկերութիւնը։ 2011 թուականէն, ՀարաւՈւքրանիական ատոմակայանի երրորդ եւ չորրորդ սնուցման բլոկներուն մէջ մասնակիօրէն կ'օգտագործուի Westinghouse ընկերութեան վառելիքը։
2004 թ ուքրանական 4 ատոմակայաններ արտադրեցին երկրի էլեկտրաէներգիայի 53.2%-ը։ Մինչ 2030 թ Ուքրանիան կը ծրագրէ կառուցել 9 նոր ատոմային էներգաբլոկներ եւ եւս 2 բլոկներ կառուցման տարբեր մակարդակներու վրայ կ'ըլլան։
| Ուքրանիոյ ատոմակայաններ | Ատոմակայաններու անուանում | Էներգաբլոկներու քանակ | Օգտագործուող ռեակտորներու տեսակ | Աշխարհագրական դիրք | Արտադրուող էլեկտրաէներգիայի ամենամեայ ծաւալ |
|---|---|---|---|---|---|
| Զապորոժիէի ատոմակայան | 6 | ՎՎԷՌ-1000 | քաղաք Էներգոդար, Զապորոժիէի մարզ, Կախովսկի ջրամբարի մօտ | 40-42մլդ կվ/ժ | |
| Հարաւուքրանական ատոմակայան | 3 | ՎՎԷՌ-1000, | քաղաք Յուժնոուկրանսկ, Նիկոլաեւի մարզ, Հարաւային Բուգի ափ | 17-18մլդ կվ/ժ | |
| Ռովենսկի ատոմակայան | 4 | ՎՎԷՌ-440, ՎՎԷՌ-1000 | քաղաք Կուզնեցովսկ, Ռովենսկի մարզ, Ստիր գետի ափին | 11-12մլդ կվ/ժ | |
| Խմելնիցկի ատոմակայան | 2 | ՎՎԷՌ-1000 | քաղաք Նետեշին, Սլավուցկի շրջան, Խմելնիցկի մարզ, Գորին գետի ափին | 7մլդ կվ/ժ |
Ուքրանիան ունի նաեւ 2 չգործող ատոմակայան՝
- Չեռնոբիլի ատոմակայանը, որ 2000 թ Դեկտեմբեր 15-էն հանուած է շահագործումէն
- Ղրիմի ատոմակայանը, որուն միայն շէնքը կառուցուած է։ Շինարարութիւնը դադարեցուած է դեռեւս ԽՍՀՄ-ի ժամանակ, երբ պարզ դարձաւ, որ շէնքի նախագծման ժամանակ հաշուի չէ առնուած Ղրիմի սեյսմիկ աշխուժութիւնը։
2005 թ Դեկտեմբերին պետական ատոմային էներգետիկ «Էներգոատոմ» ընկերութիւնը պայմանագիր ստորագրեց ամերիկեան «Holtec International» ընկերութեան հետ՝ չոր տեսակի թափոն հանդիսացող միջուկային վառելիքի համար պահեստի նախագծման եւ կառուցման համար։ Այս պահեստը օգտագործուելու է Ռովենսկի, Հարավուքրանական եւ Խմելնիցկի ատոմակայաններու թափոն միջուկային վառելիքի պահպանման համար, որ այժմ արտահանուած է Ռուսաստան։
2010 թ 20 տարով երկարաձգուած է Ռովենսկի ատոմակայանի առաջին Էներգաբլոկի ռեսուրսը, իսկ 2011 թ աշխատանքներ տարուած են Ռովենսկի ատոմակայանի երկրորդ էներգաբլոկի եւ Հարաւուքրանական ատոմակայանի առաջին էներգաբլոկի ռեսուրսներու երկարաձգման ուղղութեամբ։
Արտաքին Առեւտուր եւ Օտարերկրեայ Ներդրումներ
2011 թ արտաքին առեւտուրի ծաւալը կազմեց $125, 3մլդ՝ $31, 1մլդ բացասական մնացորդի դէպքին մէջ, արտահանման ծաւալը՝ $69, 42մլդ, ներմուծումը՝ $83, 22մլդ (արտահանումով 38-րդն է աշխարհին, իսկ ներմուծմամբ՝ 51-րդը)։[41]
Կ'Արտահանոուի հիմնականին մէջ, ելեկտրական սարքաւորումներ, տեքստիլ, փայտանիւթ, նրբատախտակ։
Կը ներմուծուի գլխաւորապէս էներգակիրներ, մեքենաներ, սարքաւորումներ, քիմիական արդիւնաբերութեան եւ նաֆթամշակման ապրանքներ։[41]
2009 թ դրութեամբ ուքրանական արտահանման հիմնական սպառողները կը հանդիսանան ՌԴ (27.3%), Թուրքիան (5.9%), Իտալիան (4.7%)։[41]
Ուքրանական տնտեսութեան մէջ օտարերկրեայ ներդրումները 2011 թ դրութեամբ կազմած են մօտ $60.5մլդ (52-րդ տեղը աշխարհին)։ Ուքրանական ներդրումները արտասահմանին մօտ, կազմած են $3մլդ (65-րդ տեղը աշխարհին)։[41]
Փոխադրութիւն
Ջրային Փոխադրութիւն
Գետային նաւարկելու ճանապարհներու երկարութիւնը կը կազմէ 1672կմ։ Դնեպր եւ Դանուբ գետերը միջազգային բեռնափոխադրումներու գործին մէջ, կարեւոր դեր կը խաղան։ Ուքրանիոյ մէջ, կը գործէ նաֆթատարներու եւ գազատարներու զարգացած համակարգ (20 070կմ եւ 7 4540կմ համապատասխանաբար, ինչպէս նաեւ 4170քմ խողովակատար մաքուր ապրանքներւ համար)։ Սեւ եւ Ազովի Ծովու հիմնական նաւահանգիստներն են՝ Յուժնի, Խերսոն, Նիկոլաև, Մարիուպոլ։ 2008 թ ընդհանուր առմամբ բոլոր նաւահանգիստներու բեռնաշրջանառութիւնը կազմած է 132.18մլն տոննա։
| Ուքրանիոյ մեծագոյն նաւահանգիստները (2008) | |
|---|---|
| Նաւահանգիստ | Բեռնաշրջանառութիւն, միլիոն տոննա |
| Օդեսայի նաւահանգիստ | 34, 56 |
| Հարաւային նաւահանգիստ | 21, 7 |
| Իլյիչյովսկի նաւահանգիստ | 18, 9 |
| Մարիուպոլի նաւահանգիստ | 16, 3 |
| Նիկոլաեւի նաւահանգիստ | 9, 25 |
Միջազգային օդակայաններ կը գործեն Կիեւի, Խարկովի, Դնեպրոպետրովսկի, Դոնեցկի, Մարիուպոլի (2009 թուականէն կանոնաւոր ուղերթներ չ'իրականար), Սիմֆերոպոլի, Լվովի, Օտեսայի մէջ։
1833 թ ստեղծուած եւ ԽՍՀՄ-ի ժամանակ զարգացող Սեւծովեան շոգենաւերը վաճառուեցան կասկածելի գործարքներու արդիւնքինմէջ եւ այժմ գրեթէ դադարած են գոյութիւն ունենալ․ 350 նաւերէն մնացած է միայն 6։[42][43]
Երկաթուղային Փոխադրութիւն
Երկաթուղային փոխադրութիւնը սկսաւ բաւական աշխուժօրէն զարգանալ 19-րդ դարու վերջին (առաջին երկաթուղային ճանապարհը դրբւած է 1861 թ)։ 2009 թ դրութեամբ երկաթուղային ճանապարհներու երկարութիւնը կը կազմէ 22 300քմ եւ կը զբաղեցնէ 7-րդ տեղը աշխարհին։ Ելեկտրաֆիկացուած երկաթուղիներու երկարութիւնը 9752քմ է։ Որպէս ազգային ստանդարտ ընդունուած է այսպէս կոչուած լայնագիծը, որ ունի 1520մմ լայնութիւն։ Երկաթուղային ցանցի զարգացման համար բնորոշ են նույն շրջանային անհամաչափութիւնները, ինչ աւտոճանապարհներու համար։
2012 թ վերջի դրութեամբ Կիեւի, Խարկովի, Դնեպրոպետրովսկի կը գործէ մեթրօ։
Կապ եւ Հեռայաղորդակցութիւն
Բնակչութեան կապի միջոցներով ապահովելու աստիճանով Ուքրանիան միջին զարգացած երկրներու շարքին մէջ, առաջնային տեղ կը գրաւէ, սակայն 2000-ական թուականներուն այս ոլորտին բնորոշ էր բարձր դրական դինամիկան, մասնաւորապէս՝ համացանձի բնագաւառին մէջ։ Պետութեան հեռախոսային կոդն է՝ +380։ Բաւական արագ կը տարածուի նաեւ համացանձի հասանելիութիւնը։ Ազգային համացանձի դոմենն է՝ .ua։
Մշակոյթ
Ուքրանիոյ աւանդոյթները մեծ ազդեցութեան տակ կը գտնուին քրիստոնէական կրօնէն, որ երկրի գերակայող կրոնն է։[44] Ուքրանացիները կ'աշխատին պահել իրենց աւանդոյթները եւ երեխաներու դաստիարակման գործին մէջ, էական է տատիկներու եւ պապիկներու աւանդը։ Այն զգալիօրէն կը տարբերի արեւմուտքէն։[45] Ուքրանիոյ մշակոյթի վրայ ազդած են նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան հարեւանները՝ հիմանականին մէջ ազդեցութիւն ընելու ճարտարապետութեան եւ երաժշտութեան վրայ։
[[Պատկեր:VolynPysanky.jpg|մինի|Վոլինիայի աւանդական Զատկի ձեւի նկարազարդումը Կոմունիստական դարաշրջանը մեծ ազդեցութիւն ըրած է ուքրանական գիրի վրայ։[46] 1932 թ.-ին Ստալինը Խորհրդային Միութեան մէջ, հրապարակեց «գրական գեղարուեստական խմբակցութիւններու ռեֆորմ», որմով եւ առաջ քաշեց ընկերային ռեալիզմը։ Այս հանգամանքը զգալիօրէն խեղդեց մշակւյթը։ Իրավիճակը շտկուեցաւ միայն 1980-ականներուն, երբ սովետական գրողները եւ նկարիչները ազատօրէն կրնային արտայայտել իրենց միտքերը։[47]
Զատկի ձուն նկարազարդելու աւանդոյթը խորը արմատներ ունի Ուքրանիոյ մէջ։ Անոնք զայն կ'անուանեն պիսանկա։ Ներկելու համար կայ յատուկ տեխնոլոգիա։ Ձուերը կը պատուին մոմի շերտով, որմէ ետք, անոնք կը սկսին գունազարդել տարբեր ներկանիւթերով։ Մոմը արդիւնքին մէջ, կը պաշտպանէ ձուի կլեպը ներկերու ազդեցութենէն։ Ներկելէն ետք, մոմի շերտը կը հեռացնեն՝ արտոնելով որ մնան գեղեցիկ նախշերը։ Այս աւանդոյթը ունի հազարաւոր տարիներէն աւելի պատմութիւն եւ նոյնիսկ եղած է քրիստոնէութենէն առաջ։[48] 2000 թ.-ին Կոլոմիա քաղաքի մոտակայքին մէջ՝ Կարպատներու ստորորտը, կառուցուած է «պիսանկայի» թանգարանը, որ 2007 թ.-ին ճանաչցուած է Ուքրանիոյ եօթ հրաշալիքներէն մէկը։
Ճարտարապետութիւն

Ուքրանական ճարտարապետութիւնը տերմին է, որ կը նկարագրէ այն մոտիվները եւ ոճը, որոնցմով կառուցուած են շինութիւնները ժամանակակէն Ուքրանիիոյ մէջ, ամբողջ աշխարհին մէջ գտնուող ուքրանացիներու կողմէն։ Ուքրանական ճարտարապետութեան առաջին տարրերը ի յայտ հկած են Կիեւեան Ռուսիոյ ժամանակաշրջանին մէջ։ 12-րդ դարէն ետք, ճարտարապետական պատմութիւնը միանգամայն այլ կերպ զարգացաւ Գալիցկի-Վոլինսկեան տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մէջ։ Զապորոժեան կազակներու տիրապետութեան ժամանակաշրջանին մէջ, նոր եզակի ճարտարապետական ոճ զարգացաւ Լեհա-Լիտվական միութեան ազդեցութեան տակ։ Ցարական Ռուսիոյ հետ միաւորուելէն ետք, ճարտարապետութիւնը սկսաւ զարգանալ տարբեր ուղղութիւններով․ ռուսական տիրապետութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, շինութիւնները կը կառուցուէին այդ ժամանակաշրջանի Ռուսիոյ բնորոշ ոճով, մինչդեռ արեւմտեան Գալիցիայի ճարտարապետութիւնը, կը զարգանար Աւստրո-Հունգարական ազդեցութեան տակ՝ երկու դէպքերուն մէջ ա, լ հոյակերտ շինութիւններ կառուցուեցաւ։ Ուքրանական ազգային մոտիվները կիրառուեցան նաեւ Խորհրդային Միութեան ժամանակ եւ այժմեան անկախ Ուքրանիոյ մէջ։
Թատրոն
Ուքրանիոյ թատրոնը կերպարուեստի ձեւ է, որ կը հանդիսանայ մշակութային զարգացման մակարդակի նույնականացման եւ մշակութային արտայայտման միջոց։ Որպէս արուեստի տեսակ այն դերասանի խաղի միջոցով գեղարւեստօրէն կը բնութագրէ կեանքը հանդիսատեսի առջեւ։
Ուքրանական թատրոնը, որպէս ազգային թատրոն, հիմնուած է Ուքրանիոյ աւանդութիւններու, սովորոթիւններու եւ լեզուի վրայ։ Ուքրանական թատրոնի մասին առաջին յիշատակները եղած են 19-րդ դարու սկզբներուն։
Մարզանք
Ուքրանիան ընդունեց 2012 թուականի Ոտնագնդակի Եւրոպայի առաջնութինը Ուքրանիոյ մէջ խաղացին 16 խումբեր, Ուքրանիոյ մէջ 8 քաղաքներու նոյնքան մարզադաշտներուն մէջ։ 2012 թ.-ի ամառային օլիմպիական խաղերուն մէջ, Ուքրանիոյ խումբը նուաճեց՝ 6 ոսկիէ, 5 արծաթէ եւ 9 պրոնզէ մետալներ։
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ 10 // (unspecified title)
- ↑ https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/europe
- ↑ https://finance.ua/saving/30-rokiv-nezalezhnosti-ukrainy
- ↑ Human Development Report — Միավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
- ↑ Global Clinical Trials by Richard Chin, Elsevier, 2011, ISBN 0123815371 (page 345)
- ↑ Future of Google Earth by Chandler Evans, BookSurge Publishing, 2008, ISBN 1419689037 (page 174)
- ↑ «Basic facts about Ukraine»։ Ukrainian consul in NY։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ March 26, 2016-ին։ արտագրուած է՝ November 10, 2010
- ↑ «Ukraine :: History – Britannica Online Encyclopedia»։ Britannica.com։ արտագրուած է՝ October 31, 2011
- ↑ Русанівський, В. М. Українська мова // Енциклопедія «Українська мова». — К., 2000.
- ↑ «З Енциклопедії Українознавства; Назва "Україна"»։ Litopys.org.ua։ արտագրուած է՝ October 31, 2011
- ↑ Prat Sandrine, Péan Stéphane C., Crépin Laurent, Drucker Dorothée G., Puaud Simon J., Valladas Hélène, Lázničková-Galetová Martina, van der Plicht Johannes, Yanevich Alexander (June 17, 2011)։ «The Oldest Anatomically Modern Humans from Far Southeast Europe: Direct Dating, Culture and Behavior»։ plosone։ արտագրուած է՝ June 21, 2011
- ↑ Carpenter Jennifer (June 20, 2011)։ «Early human fossils unearthed in Ukraine»։ BBC։ արտագրուած է՝ June 21, 2011
- ↑ «Scythian»։ Encyclopædia Britannica (fee required)։ արխիւացուած բնօրինակէն September 30, 2007-ին։ արտագրուած է՝ September 12, 2007
- ↑ «Ukraine»։ CIA World Factbook։ December 13, 2007։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ January 26, 2018-ին։ արտագրուած է՝ December 24, 2007
- 1 2 3 «Kievan Rus»։ Archive copy։ The Columbia Encyclopedia։ 2001–2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2000-08-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28 Retrieved on 2008-01-27.
- ↑ Klyuchevsky Vasily (1987)։ The course of the Russian history։ v.1: "Myslʹ։ ISBN 5-244-00072-1
- ↑ «The Destruction of Kiev»։ University of Toronto's Research Repository։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ August 19, 2016-ին։ արտագրուած է՝ January 3, 2008
- ↑ Subtelny, p. 92–93
- ↑ Կոտեկ Մ.; Ջ. Գրեզեր, Ս. Բեք, Բ. Ռուդոլֆ, և Ֆ. Ռուբել (2006)։ «Կլիմայի դասակարգման Կյոպեն-Գեյգերի աշխարհի քարտէզը»։ Մետեորոլ. Զ. 15 (3): 259–263։ doi:10.1127/0941-2948/2006/0130։ արտագրուած է՝ 2012-08-24
- 1 2 Ուքրանիա։ (2010). Բրիտանիկա հանրագիտարանին մէջ։ Ստացած է 23 Օգոստոս 2010-ին, առցանց Encyclopædia Britannica-էն՝ http://www.britannica.com/EBchecked/topic/612921/Ukraine
- ↑ Ուքրանիոյ արդարադատութեան նախարարութիւն
- 1 2 Ուքրանիոյ ռազմական ոյժերու պատմութիւնը
- ↑ Ուքրանիոյ յատուկ զինամթերքը
- 1 2 «Սպիտակ գիրք, 2006 թ»։ արխիւացուած բնօրինակէն 2012-10-28-ին։ արտագրուած է՝ 2012-10-28
- ↑ Բազմազգեան խաղաղապահ զօրքերը Կոսովոյի մէջ
- ↑ Խաղաղապահ առաքելութիւն
- ↑ Խորհրդարանը կը հաստատէ օտարերկրեայ զինմիաւորումներու մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ զօրավարժութիւններուն
- ↑ Ուքրանիոյ ինքնիշխանութեան մասին հռչակագիր
- 1 2 ՆԱԹՕ-ն կը հաստատէ Ուքրանիոյ պատրաստուածութիւնը կազմակերպութեան մէջ ընդգրկուելու համար
- ↑ Եանուկովիչը կը խոստանայ Ուքրանիոյ՝ հեռու պահել զինք ՆԱԹՕ-էն
- ↑ Ուքրանիոյ Սահմանադրութիւնը
- ↑ Խորհրդանիշեր
- ↑ Աշխարհի երկիրներու ՀՆԱ-ն
- 1 2 «CIA — The World Factbook»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ Ուքրանիոյ ՀՆԱ-ն 2011 թ աճեցաւ 5,2%-ով
- ↑ Ուքրանիոյ պետական պարտքը կազմեց ՀՆԱ-էն 93, 5%։
- ↑ Համաշխարհային պանքը կ'աջակցի ուքրանական արտահանութեան
- ↑ «Ուքրանիոյ բանկային համակարգի վերլուծական ուսումնասիրութիւնը 2012 թ 9 ամիսներու ընթացքին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-01-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ Основні показники діяльності банків України
- ↑ Department of State
- 1 2 3 4 5 «Տեղեկութիւն Ուքրանիոյ մասին ԿՀՎ-ի պաշտօնական կայքին մէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-01-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-28
- ↑ «Ցամաքային նաւագնացութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2007-07-16-ին։ արտագրուած է՝ 2007-07-16
- ↑ Սեւծովեան նաւագնացութիւնը կը զբաղի անշարժ գոյքով[permanent dead link]
- ↑ «Ուքրանիոյ կրոնական պետդեպարտամենտ»։ 2003 Statistical report։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2004-12-04-ին։ արտագրուած է՝ Յունուար 27, 2008
- ↑ «մշակութային տարբերութիւններ»։ Ուքրանացիներու մշակոյթ։ արտագրուած է՝ Յունուար 27, 2008
- ↑ «Խորհրդային Ուքրանիա»։ Բրիտանիկա հանրագիտարան։ արտագրուած է՝ Սեպտեմբեր 12, 2007։ «Ընդհանուր առմամբ Ուքրանիոյ մշակոյթի չորս հինգերորդը վերացուած է 1930-ական թթ.»
- ↑ «Միխայիլ Գրոբաչով»։ Բրիտանիկա հանրագիտարան։ արխիւացուած բնօրինակէն 2008-06-22-ին։ արտագրուած է՝ Յուլիս 30, 2008։ «Անոր նոր քաղաքականութեան շնորհիւ խօսքի ազատութիւն եղաւ։»
- ↑ «Ուքրանիոյ Զատկի ձուեր»։ Հիւսիսային Գարոլինայի համալսարան։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-25-ին։ արտագրուած է՝ Յուլիս 28, 2008
Արտաքին Յղումներ
- «Ուքրանիոյ Հայերու Միութեան» տեղեկատուական-վերլուծական հանդէս
- Ուքրանական Հանրագիտարանին մէջ
- Կիեւի Հայ Համայնք Archived 2020-11-30 at the Wayback Machine.
- Խարկովի Հայ Համայնք Archived 2021-01-20 at the Wayback Machine.
- Օդեսայի Հայ Համայնք
Ծանօթագրութիւններ
| ||||||||||||||||||

