Վլատիմիր Լենին
Վլատիմիր Իլիչ Լենին (22 Ապրիլ 1870[1][2][3][…], Ուլյանովսկ, Simbirsky Uyezd, Սիմբիրսկի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[4] - 21 Յունուար 1924[5][6][2][…], Բոլշիե Գորկի, Սուխանովսկայա վոլոստ, Պոդոլսկի շրջան, Մոսկվայի մարզ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), ռուս յեղափոխական գործիչ եւ պոլշեւիկ, Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ղեկավար, Ռուսական Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետության առաջին ղեկավարը եւ ԽՍՀՄ փաստացի ղեկավարը 1922 թուականէն։ Վլատիմիր Լենինի կողմէ Մարքսիստական փիլիսոփայութեան յետագայ զարգացման շնորհիւ, այդ յեղափոխական ուսմունքը կոչուեցաւ Լենինիզմ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լենինը 1887 թուականին ընդունուած է Կազանի համալսարանի իրաւաբանական ֆակուլտետը, բայց Դեկտեմբերին, ուսանողական ցոյցերուն մասնակցելուն համար հեռացուեր եւ աքսորուած է։ 1891 թուականին աւարտական քննութիւններ յանձնած է Սանկտ Փեթեսրպուրկի համալսարանի իրաւաբանական ֆակուլտետին մէջ։ 1893 թուականին տեղափոխուած է Սանկտ Փեթեսրպուրկ, մասնակցած է «Բանուոր Դասակարգի Ազատագրութեան Պայքարի Միութեան» ստեղծման եւ ձերբակալուած է։ 1897 թուականին 3 տարիով աքսորուած է Ենիսէեան նահանգի Շուշենսկոյէ գիւղը։ 1900 թուականին մեկնած է արտասահման, փիլիսոփայ, մարքսիզմի տեսաբան Գէորգի Պլեխանովի եւ ուրիշներու հետ սկսած է «Իսկրա» («Կայծ») թերթի տպագրութիւնը։ Ռուսաստանի Սոցեալ Դեմոկրատական Բանուորական Կուսակցութեան (ՌՍԲԿ) 2-րդ համագումարին (1903) թուականին ստեղծած է պոլշեւիկներու կուսակցութիւնը։
1907 թուականին տարագրուած է։ 1917 թուականին վերադարձած է Փիթրոկրատ (Սանկտ Փեթեսրպուրկ) եւ առաջադրած է «Ապրիլեան Թեսիզները» սոցիալիստական յեղափոխական դասընթացքը (Մարտավարութիւն եւ Ռազմավարութիւն)։ Նոյն տարուայ Հոկտեմբերին ղեկավարած է զինուած ապստամբութիւնը։ Խորհուրդներու համառուսաստանեան 2-րդ համագումարին (Հոկտեմբեր 25-ին) ընտրուած է խորհրդային առաջին կառավարութեան՝ ժողկոմխորի նախագահ, միաժամանակ, 1918 թուականէն բանուորագիւղացիական պաշտպանութեան խորհուրդի նախագահն էր, համառուսաստանեան կեդրոնական ընտրական հանձնաժողովի (ԿԸՀ), յետագային՝ նաեւ ԽՍՀՄ ԿԸՀ-ի անդամ։ 1918 թուականէն ապրած է Մոսկուայի մէջ, որ նոյն թուականի Մարտէն՝ ՌԽՖՍՀ, իսկ 1922 թուականէն ԽՍՀՄ մայրաքաղաքն էր։ Վճռորոշ դեր խաղցած է Ռուսաստանի եւ Գերմանիոյ, Աւստրո-Հունգարիոյ, Պուլկարիոյ ու Թուրքիայի միջեւ Բրեստի խաղաղութեան պայմանագիրը (1918 թուականի Մարտ 3-ին) կնքելով։ Նոյն օրը ծանր վիրաւորուած է ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով։ Քաղաքացիական պատերազմի (1918–1920 թուականներ) տարիներուն եղած է «ռազմական կոմունիզմի» քաղաքականության գլխաւոր նախաձեռնողը։ Հաւանութիւն տուած է հակայեղափոխութեան եւ նենգադուլի դէմ պայքարի համառուսաստանեան արտակարգ յանձնաժողովի ստեղծման, որ բռնի միջոցներով անզիջում պայքար պիտի ծաւալէր՝ վերացնելու համար ընդդիմադիր կուսակցութիւններն ու անոնց մամուլի օրգանները։ Այդ քաղաքականութիւնը հանգեցուց միակուսակցական համակարգի առաջացման, ընդդիմադիր անուանի մտաւորականներու երկրէն արտաքսման ։ Ռուսաստանի մէջ սկսած սոցիալ-տնտեսական խոր ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով, 1921 թուականին որդեգրած է նոր տնտեսական քաղաքականութիւն, որ հնարաւորութիւն կուտար մասամբ ազատականացնել նիւթական արտադրութեան ոլորտը։ 1922 թուականին հիւանդացած է եւ այնուհետեւ չէ մասնակցած երկրի քաղաքական կեանքին։
Գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լենինը Քարլ Մարքսի եւ Ֆրիտրիխ Էնկելսի գաղափարներուն հաւատարիմ հետեւորդն էր եւ ձգտած է ատոնք կիրառել Ռուսաստանի հասարակական զարգացման խնդիրները լուծելու համար։ Ընդունելով ռուս մարքսիստներու տեսակէտն այն մասին, թէ երկիրը թեւակոխած է զարգացման կապիթալիստական ուղի, ան պաշտպանած է բուրժուա-դեմոկրատական յեղափոխութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Ռուսաստանի եւ անոր վերափոխումը՝ սոցիալիստական յեղափոխութեան։ Յեղափոխական պայքարի հիմնական միջոցը Լենինը համարած է փրոֆեսիոնալ յեղափոխականներու կուսակցութեան ստեղծումը, ի տարբերութիւն դումայական սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւններու։ Առաջ քաշած է գապիթալիզմի զարգացման բարձրագոյն՝ իմբերիալիզմի փուլին անցնելու գաղափարը եւ անոր հիման վրայ եզրակացուցած է, որ Եւրոպայի առաջաւոր երկիրները հասունցեր են համաշխարհային սոցիալիստական յեղափոխութեան համար, որ պիտի սկսի Ռուսաստանը՝ որպէս համաշխարհային իմբերիալիսթական համակարգի ամէնաթոյլ օղակ։ Խորհրդարանական ժողովրդավարութեան փոխարէն պաշտպանած է պրոլետարիատի (չունեւոր բանուոր դասակարգ) տիքթաթուրան՝ որպէս սոցիալիզմի եւ կոմունիզմի կառուցման գործիք։ Լենինի մահէն յետոյ անոր մշակած տեսութիւնը ԽՍՀՄ-ի եւ շարք մը սոցիալիստական երկիրներուն կանոնակարգն էր եւ կոչուած է լենինիզմ։
Լենինի կառավարութիւնը[11]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խորհրդային կառավարութեան կազմակերպումը. 1917–1918
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակաւոր Կառավարութիւնը ծրագրած էր Սահմանադիր Ժողովի ընտրութիւններ կայացնել 1917 Նոյեմբերին. հակառակ Լենինի առարկութիւններուն, Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդը (Ժողկոմխորհ/ԺԿԽ - Sovnarkom) արտօնեց քուէարկութիւնը՝ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին։ Ընտրութեան ընթացքին պոլշեւիկները ստացան քուէներու շուրջ մէկ քառորդը՝ պարտութեան մատնուելով գիւղատնտեսութեան վրայ կեդրոնացած Սոցիալիստ-Յեղափոխականներէն։ Լենին կը պնդէր, որ ընտրութիւնը չէր արտայայտեր ժողովուրդին կամքը՝ պատճառաբանելով, որ ընտրողները տեղեակ չէին պոլշեւիկներու ծրագիրէն, եւ թէ թեկնածուներու ցուցակները հնցած էին, քանի որ կազմուած էին նախքան Ձախ Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու (Ձախ Էսէռներու) անջատումը Սոցիալիստ-Յեղափոխականներէն։ Այսուհանդերձ, նորընտիր Ռուսական Սահմանադիր Ժողովը գումարուեցաւ Փեթրոկրատի մէջ 1918 Յունուարին։ Ժողկոմխորհը կը պնդէր, թէ անիկա հակայեղափոխական էր, որովհետեւ կը ջանար իշխանութիւնը խլել խորհուրդներէն, սակայն Սոցիալիստ-Յեղափոխականներն ու Մենշեւիկները կը հերքէին ատիկա։ Պոլշեւիկները առաջարկ մը ներկայացուցին՝ Ժողովը իր օրինական իշխանութեան մեծ մասէն զրկելու համար. երբ Ժողովը մերժեց ատիկա, Ժողկոմխորհը զայն հռչակեց հակայեղափոխական եւ բռնի ուժով լուծարեց[12]։
Լենին մերժեց կրկնուող կոչերը (ներառեալ որոշ պոլշեւիկներէ եկած)՝ այլ սոցիալիստական կուսակցութիւններու հետ համատեղ (քոալիսիոն) կառավարութիւն կազմելու վերաբերեալ։ Թէեւ Ժողկոմխորհը մերժեց համագործակցութիւնը Մենշեւիկներու կամ Սոցիալիստ-Յեղափոխականներու հետ, սակայն 1917 Դեկտեմբերին Ձախ Սոցիալիստ-Յեղափոխականներուն տրամադրեց նախարարական հինգ պաշտօն։ Այս համագործակցութիւնը տեւեց միայն մինչեւ 1918 Մարտ, երբ Ձախ Սոցիալիստ-Յեղափոխականները հեռացան կառավարութենէն՝ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը աւարտելու պոլշեւիկեան մօտեցումներու շուրջ ծագած անհամաձայնութիւններու պատճառով։ 1918 Մարտին տեղի ունեցած իրենց 7-րդ Համագումարին ընթացքին, պոլշեւիկները փոխեցին իրենց անունը՝ Ռուսաստանի Սոցիալ-Դեմոկրատական Բանուորական Կուսակցութենէն դառնալով Ռուսաստանի Համայնավար Կուսակցութիւն, քանի որ Լենին կուզէր իր խումբը հեռացնել հետզհետէ բարեփոխչական դարձող Գերմանիոյ Սոցիալ-Դեմոկրատական Կուսակցութենէն եւ ընդգծել համայնավար հասարակարգ ստեղծելու իրենց նպատակը[13]։
Թէեւ գերագոյն իշխանութիւնը պաշտօնապէս կը պատկանէր Ժողկոմխորհին եւ Համառուսաստանեան Խորհուրդներու Համագումարին (ՀԽՀ) կողմէ ընտրուած Գործադիր Կոմիտէին (Համառուսաստանեան Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէ - ՀԿԳԿ/VTSIK), սակայն Համայնավար Կուսակցութիւնը դէ ֆաքթօ իր վերահսկողութեան տակ առած էր Ռուսաստանը, ինչ որ կ'ընդունուէր անոր անդամներուն կողմէ այդ ժամանակ։ Մինչեւ 1918, Ժողկոմխորհը սկսաւ գործել միակողմանիօրէն՝ իբրեւ պատճառաբանութիւն նշելով նպատակայարմարութեան անհրաժեշտութիւնը, իսկ ՀԽՀ-ն ու ՀԿԳԿ-ն հետզհետէ մղուեցան լուսանցք, որուն հետեւանքով խորհուրդները այլեւս որեւէ դեր չունէին Ռուսաստանի կառավարման մէջ։ 1918 եւ 1919 թուականներու ընթացքին, կառավարութիւնը խորհուրդներէն վտարեց Մենշեւիկներն ու Սոցիալիստ-Յեղափոխականները։ Ռուսաստանը դարձած էր միակուսակցական պետութիւն[14]։
Կուսակցութեան ներսը, գոյութիւն ունեցող Կեդրոնական Կոմիտէին կողքին ստեղծուեցան Քաղաքական Բիւրոն (Քաղբիւրօ) եւ Կազմակերպչական Բիւրոն (Կազմբիւրօ). այս մարմիններու որոշումները պէտք է որդեգրուէին Ժողկոմխորհին եւ Աշխատանքի ու Պաշտպանութեան Խորհուրդին կողմէ։ Լենին այս կառավարման համակարգի ամենակարեւոր դէմքն էր՝ ըլլալով Ժողկոմխորհի նախագահը եւ անդամակցելով Աշխատանքի ու Պաշտպանութեան Խորհուրդին, Կեդրոնական Կոմիտէին եւ Քաղբիւրոյին։ Միակ անհատը, որ ունէր համեմատելի ազդեցութիւն, Լենինի աջ ձեռքը հանդիսացող Եակով Սվերտլովն էր, որ մահացաւ 1919 Մարտին՝ սպանական հարբուխի (կրիփի) համաճարակին հետեւանքով։ 1917 Նոյեմբերին, Լենին եւ իր կինը երկու սենեականոց բնակարան մը նստան Սմոլնի Ինստիտուտէն ներս. յաջորդ ամիս անոնք կարճատեւ արձակուրդի մը գացին Հալիլա, Ֆինլանտա։ 1918 Յունուարին ան ողջ մնաց Փեթրոկրատի մէջ իր դէմ կատարուած մահափորձէ մը. Ֆրից Փլաթթեն, որ այդ պահուն Լենինի հետ էր, վահան դարձաւ անոր եւ վիրաւորուեցաւ փամփուշտէ մը[15]։
Մտահոգուած ըլլալով Գերմանիոյ կողմէ Փեթրոկրատի վրայ հաւանական յարձակման վտանգով՝ Ժողկոմխորհը 1918 Մարտին սկսաւ տեղափոխուիլ Մոսկուա։ Լենին, Թրոցքի եւ պոլշեւիկեան այլ առաջնորդներ տեղափոխուեցան Քրեմլին[16]։
Օգոստոս 30-ին, նախկին էսէռ Ֆաննի Քափլան ատրճանակով Լենինի դէմ մահափորձ կատարեց փողոցին մէջ՝ «Մուրճ եւ Մանգաղ» զէնքի գործարանին առջեւ, ուր ան քիչ առաջ ճառ մը արտասանած էր։ Լենին ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ երկու փամփուշտներէ։ Թէեւ ան ապաքինեցաւ, սակայն անոր առողջութիւնը մշտապէս վնասուեցաւ։ Քափլան անմիջապէս ձերբակալուեցաւ։ Ան հայտարարեց, որ կը պաշտպանէր Սահմանադիր Ժողովը եւ Լենինը կը համարէր Յեղափոխութեան դաւաճան։ Ան մահապատիժի ենթարկուեցաւ Սեպտեմբեր 3-ին[17]։
Գրական գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լենինի հիմնական երկերն են «Ի՞նչ են «ժողովուրդի բարեկամները», եւ ինչպէ՞ս անոնք կը պայքարին սոցիալ-դեմոկրատներու դէմ» (1894 թուական), «Կապիտալիզմի զարգացումը Ռուսաստանի մէջ» (1899 թուական), «Ի՞նչ ընել» (1902 թուական, «Մէկ քայլ առաջ, երկու քայլ ետ» (1904 թուական), «Մաթերիալիզմ եւ էմբիրիոկրիտիզմ» (1908 թուական), «Իմպերիալիզմը որպէս կապիթալիզմի բարձրագոյն աստիճան» (1916 թուական), «Պետութիւն եւ յեղափոխութիւն», «Ձախութեան» մանկական հիւանդութիւնը կոմունիզմի մէջ» (երկուքն ալ՝ 1917 թուական), «Նամակ համագումարին» (1922 թուական), «Էջեր օրագրէն», «Գոօպերացիայի մասին», «Մեր յեղափոխութեան մասին» (երեքն ալ՝ 1923 թուական) եւ այլն։
Լենինը եւ Հայաստանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լենինը տարբեր առիթներով անդրադարձած է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար ճակատագրական նշանակութեան հարցերուն։ Անձնական եւ նամակագրական կապեր ունեցած է ճանչցուած հայ մարքսիստներ Իսահակ Լալաեանցի, Բոգդան Կնունեանցի, Ստեփան Շահումեանի, Սուրէն Սպանդարեանի եւ ուրիշներու հետ։ 1917 թուականի Դեկտեմբերի 29-ին Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութիւնը Լենինի ստորագրութեամբ ընդունած է «Թրքահայաստանի մասին» որոշումը, որով կը պաշտպանէր հայերու ինքնորոշման իրավունքը՝ ընդհուպ լիակատար անկախութիւնը՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914–1918 թուականներ) ժամանակ ռուսական զօրքերու գրաւած Հայաստանի տարածքին։ Սակայն, իր իսկ նախաձեռնութեամբ զօրքերն այդ տարածքէն դուրս բերելով, զրկեց այդ որոշումն իրագործելու հնարաւորութենէն։
Լենինի գլխաւորած կառավարութիւնը ճանչցած է Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը (1918–1920 թուականներ), սակայն միաժամանակ ձգտած է այնտեղ հաստատել խորհրդային կարգեր եւ Խորհրդային Ռուսաստանի գերիշխանութիւնը։ Առաջնորդուելով համաշխարհային սոցիալիստական յեղափոխութեան մօտալուտ յաղթանակի գաղափարներով՝ մերձեցած է քեմալական Թուրքիոյ եւ, անտեսելով հայ ժողովուրդի կենսական շահերը, 1921 թուականի Մարտ 16-ին, Մոսկուայի պայմանագրով Հայաստանի Կարսի մարզը եւ Սուրմալուի գաւառը զիջած է Թուրքիոյ։ Հայ ժողովուրդի շահերը ոտնահարուած են նաեւ 1921–1923 թուականներուն Անդրկովկասի մէջ, ազգային տարածքային խնդիրներու լուծման ժամանակ. Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը յանձնուեր են Ազրպէյճանին, Ջաւախքը՝ Վրաստանին։ Լենինի երկերը հայերէն հրատարակուեր են 1903 թուականէն։ Լենինի անունով կը կոչուէին Գիւմրի քաղաքը (1924–1990 թուականներուն՝ Լենինական), հանրապետութեան խոշոր քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներն ու փողոցները։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1 2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- 1 2 3 4 Eesti biograafiline andmebaas ISIK — 2004.
- 1 2 Brockhaus Enzyklopädie — F.A. Brockhaus, 1796.
- 1 2 P. Vi. Lenin, Vladimir Ilich // The Enciclopædia Britannica: New Volumes — 12 — London, NYC: 1922. — Vol. 31. — P. 756–757.
- 1 2 Ленин Владимир Ильич // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1973. — Т. 14 : Куна — Ломами. — С. 294–300.
- 1 2 Resis A. Encyclopædia Britannica
- ↑ Ленин В. И. Соціализмъ и религія // Novaya Zhizn — 1905. — вып. 28.
- ↑ http://philosophy.lengu.ru/wp-content/uploads/2015/10/Religiya-i-Bibliya-v-trudah-V.-I.-Lenina.pdf
- ↑ https://lenin.shm.ru/2410-2/
- ↑ Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ (անգլերեն) Vladimir Lenin, 2026-09-10, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=Vladimir_Lenin&oldid=1374167572, վերցված է 2026-09-15
- ↑ Pipes 1990, pp. 552–553; Rice 1990, p. 165; Volkogonov 1994, pp. 176–177; Service 2000, pp. 332, 336–337; Read 2005, p. 192.
- ↑ Fischer 1964, pp. 219, 256, 379; Shub 1966, p. 374; Service 2000, p. 355; White 2001, p. 159; Read 2005, p. 219.
- ↑ Rigby 1979, pp. 160–161; Leggett 1981, p. 21; Lee 2003, p. 99.
- ↑ Shub 1966, p. 361; Pipes 1990, p. 548; Volkogonov 1994, p. 229; Service 2000, pp. 335–336; Read 2005, p. 198.
- ↑ Pipes 1990, p. 566; Volkogonov 1994, pp. 232–233; Service 2000, p. 337; Read 2005, p. 198.
- ↑ Fischer 1964, p. 280; Shub 1966, pp. 361–362; Pipes 1990, pp. 806–807; Volkogonov 1994, pp. 219–221; Service 2000, pp. 367–368; White 2001, p. 155.
| ||||||||||