Նիու Եորք (անգլերէն՝ New York), Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենամեծ քաղաքն է եւ աշխարհի ամենամեծ քաղաքներէն մէկը։ 2012-ի տուեալներով քաղաքը 8.336.697 բնակիչ ունէր, իսկ արուարձաններու հաշուարկումով՝ 20.61 միլիոն մարդ։ Քաղաքը կը գտնուի Ատլանտեան ովկիանոսի ափին՝ Նիւ Եորք նահանգի հարաւ-արեւելքը։ Հիմնադրուած է 17-րդ դարուն հոլանտացի գաղութարարներու կողմէ, եւ մինչեւ 1664 թուական Նոր Ամսթերտամ կը կոչուէր։
Նիւ Եորք կը բնութագրուի իբրեւ աշխարհի մշակութային ու ֆինանսական մայրաքաղաք։ Ան մեծ ազդեցութիւն ունի համաշխարհային առեւտուրի, ֆինանսներու, մետիայի, արուեստներու, նորաձեւութեան, գիտութեան, կրթութեան եւ այլ ոլորտներու վրայ։ Հոն կը գտնուի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղին։
Նիւ Եորք կը ներառնէ 5 քաղաքային շրջաններ՝ Պրոնքս, Մանհաթըն, Քուինս, Պրուքլին, Սթաթըն Կղզի։ Հիմնական տեսարժան վայրերը կը գտնուին Մանհաթըն։ Այստեղ կը գտնուին նաեւ յայտնի Էմփայր Սթէյթ Պիլտինկը, Քրայզլըր Պիլտինկը, Ռոքֆելլըր կեդրոնը, Վուլվորթ Պիլտինկը եւ այլն։
Նիւ Եորքի մէջ կը գործեն 120 գոլէճներ եւ համալսարաններ, որոնց կարգին՝ Քոլումպիա համալսարանը, Նիւ Եորքի համալսարանը եւ Ռոքֆելլըրի համալսարանը։
Նախագաղութային շրջանին Նիւ Եորքի տարածքին վրայ բնակած են հնդիկ ցեղեր։ Լենապէ ցեղը կը բնակէր Սթէյթն Այլընտի, Լոնկ Այլընտի մէկ բաժնին, Մանհաթընի եւ Պրոնքսի մէջ[3]։
Նիւ Եորքի տարածքին եւրոպական առաջին հաստատուած այցը տեղի ունեցած է 1524 թուականին։ Ճիովաննի Տա Վերազանօ, որ կը ծառայէր Ֆրանսային, իր La Dauphine նաւով հասած է Նիւ Եորքի նաւահանգիստ[4]։