Անգլերէն
Անգլերէն (English), արեւմտագերմանական լեզու, որմով առաջին անգամ խօսած են վաղ միջնադարեան Անգլիոյ մէջ, որ այսօր կը համարուի համաշխարհային լեզու[1][2]։ Անիկա շուրջ 60 ինքնիշխան պետութիւններու պաշտօնական լեզուն է, կը համարուի Միացեալ Թագաւորութեան, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Աւստրալիոյ, Իրլանտայի եւ Նիւ Զելանտայի ամենատարածուած լեզուն: Այս լեզուն ամէնէն շատ գործածական է Քարիպեան կղզիներուն մէջ, Ափրիկէի եւ Հիւսիսային Ասիոյ մէջ[3]: Աշխարհի տարածքին տարածուած երրորդ մայրենի լեզուն է Մանտարինէն եւ Սպաներէնէն ետք[4]: Անգլերէնը երկրորդ լայնօրէն ուսումնասիրուող լեզուն է Միացեալ Ազգերու, Եւրոպական Միութեան եւ աշխարհի այլ երկիրներու համար, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային այլ կազմակերպութիւններու համար։
Ծագում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անգլերէնը զարգացում կ'ապրի 1400 տարիներու ընթացքին։ Լեզուն վաղ շրջաններուն կոչուած է Հին անգլերէն, երբ անգլո-ֆրանսական բարբառները Մեծն Բրիտանիա բերած են Անգլո-Սաքսոնական բնակիչներու կողմէ 5-րդ դարուն։ Միջին անգլերէնի սկիզբը կը համարուի 11-րդ դարը, երբ նորմանտացիները կը գրաւեն Անգլիան[5]: Անգլերէնի սկիզբը 15-րդ դարը կը համարուի, որ յիշուած է տպագրական ներդրումներ բերելով Լոնտոն, Քինկ Ճէյմզի Աստուածաշունչի տարբերակով, ինչպէս նաեւ ձայնաւորներու լայն փոփոխութիւններով[6]: Բրիտանական կայսրութեան աշխարհահռչակ ազդեցութեան միջոցով ժամանակակից անգլերէնը համաշխարհային տարածում կը գտնէ 17-20-րդ դարերու կէսերուն։ Անգլերէնը կը դառնայ միջազգային ճառերու առաջատար լեզու, հաղորդակցման հիմնական լեզու՝ շարք մը տարածաշրջաններու եւ մասնագիտական ոլորտներու մէջ, ինչպիսին է գիտութիւնը եւ այդ ամէնը թերթերու, գիրքերու, հեռագիրի, հեռախօսի, ձայնագրիչներու, ձայնասփիւռի, արբանեակային հեռուստատեսութեան եւ համացանցի միջոցով, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ Միացեալ Նահանգներու առաջացման՝ որպէս համաշխարհային գերտերութիւն[7]:
Քերականական Առանձնայատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժամանակակից անգլերէնի մէջ կան քիչ թիւով ձեւաբանական խոնարհումներ, իսկ շարահիւսութիւնը ընդհահուր առմամբ անջատ կը դիտուի։ Անգլերէնի հիմքին մէջ օժանդակ բայերն են, բարդ ժամանակաձեւերու, բայի կերպերու եւ եղանակի ճիշտ շարադասութիւնը, ինչպէս նաեւ կրաւորական կառուցուածքը, հարցականի եւ ժխտականի ձեւերը։ ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Crystal, 2003a, էջ 6
- ↑ Wardhaugh, 2010, էջ 55
- ↑ Crystal, 2003b, էջեր 108–109
- ↑ Ethnologue, 2010
- ↑ Crystal, 2003b, էջ 30
- ↑ «How English evolved into a global language»։ BBC։ 20 December 2010։ արտագրուած է՝ 9 August 2015
- ↑ The Routes of English, 2015
|