Jump to content

Աղուանք

Աղուանք, Աղբանիա կան Աշխարհ Առանայ. աշխարհ եւ ազգ, սահմանակից Հայաստանի, սահմաններն են, արեւելքէն՝ Կասպից ծով. հիւսիսէն՝ Դարբանդէն մինչեւ Ալազան երկնցած հին պարիսպը, արեւմուտքէն՝ Ալազան եւ Խրամ գետակները, հարաւէն՝ Կայէնի լեռները, Գարդման, Գանձակ, Արցախ եւ Երասխի ձախ ափերը։ Այս սահմաններուն միջեւ տարածուած երկիրը մեր մատենագիրներէն Աղուանք կամ Աշխարհ Առանայ կը կոչուի, Խորենացիէն՝ նաեւ Խորին Հայք։

Ծագում եւ աւանդութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղուանից ազգը ծագած կը համարուի մեր Հայկազն Սիսակ նահապետէն, որ իր հօր Գեղամայ երկիրները ժառանգելէն եւ իր անունով այդ աշխարհը Սիսական կամ Սիւնիք կոչելէ ետք, կ'ընդարձակէ իր երկիրը մինչեւ Հունարակերտ քաղաքը։

Սիսակ իր քաղցր եւ անուշ բնաւորութեան համար կը կոչուէր նաեւ Աղու, եւ կը կարծուի, թէ այդ պատճառով իր տիրած աշխարհին այս մասը կոչուած ըլլայ Աղուանք։ Արամ Հայկազն նահապետը ըստ աւանդական պատմութեան, Քրիստոսէ 1830 տարի առաջ կը նուաճէ արեւելեան կողմերը, ուր էր նաեւ Աղուանից երկիրը։ Քրիստոսէ վեց դար առաջ Տիգրան Հայկազեանը Աժդակահայ դէմ պատերազմելու համար իր զօրքերը կը տանի վրաց եւ Աղուանից ընտիր զօրքերը։ Կը հետեւի թէ Աղուանք Արամի ժամանակէն հայոց հպատակ եղած են եւ այդ տեւած է մինչեւ Վաղարշակ Ա. (149-127 ն. ք. ա.), որ Սիսակայ ցեղէն քաջ Առանը կը կարգէ կուսակալ Աղուանից (ըստ Մ. Խորենացիի եւ Մ. Կաղանկատուացիի), Փրկչական Ա. դարուն երբ Ալանները միացած բոլոր լեռնականներու հետ Դարբանդի դռնէն Աղուանից երկիրը կը խուժեն, մեր Արտաշէսը կը վանէ յարձակողները։ Բ. Դարուն, երբ Խազրաց եւ Բասլաց միաբանեալ զօրքերը նոյն Դարբանդի դռնէն Աղուանից երկրին վրայ կը յարձակին՝ Վաղարշ թագաւորը երկիրը թշնամիներէն կ'ազատէ։ Ե. Դարուն Պարսիկները կը տիրեն Աղուանից երկիրին, կ'աւերեն եւ շատերն ալ կրակապաշտ կ'ըլլան։ Վերջապէս քաղաքականապէս Աղուանից երկիրը կը ծաղկի եւ կը միանայ Հայաստանի։

Աղուանից երկիրը ստորին, վերին եւ միջին մասերու բաժնուած է, որոնք 15 գաւառներու կը ստորաբաժանուին։ Աղուանները մշակութային եւ կրօնական տեսակէտով սերտ կապեր ունեցած են Հայերուն հետ. քրիստոնէութիւնը հոն մուտ գործած է Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակուած ատեն։ Մեսրոպ Մաշտոց Հայոց գիրերը գտնելէն ետք անոնց ալ նոր նշանագրեր կը հնարէ։ Անոնց կաթողիկոսները ատեն մը հպատակած են հայոց կաթողիկոսներուն։ Վերջապէս Աղուանից երկիրը Հայասատանի նահանգներէն մին համարուած է։

Այժմու իրավիճակ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այժմ Աղուանից ազգի մնացորդք կը համարուին Նուխի դռնի Նիժ, Վարդաշէն, Սուլթան Նուխի եւ այլ գիւղերու մէջ բնակող այն հայերը, որոնք Ուտէացիք կը կոչուին եւ կը խօսին Ուտերէն։ Նոյնպէս Աղուանից մնացորդներ են Շամախւոյ Մատրաստ գիւղի Հայերը եւ Ղուբայի դռնի Խաչմաս եւ Քիլվար գիւղերու հայ բնակիչները։ Հայ գրականութեան մէջ լայն տեղ ունին Աղուանք: Բարխուդարեանց Մակար Եպս. գրած է առանձին գիրք մը՝ «Աղուանք», Ալիշան նոյնպէս (ձեռագիր), Սմբատեանց եպս. Նկարագիր Շամախւոյ Թեմի գիրքին մէջ ընդարձակօրէն գրած է Աղուանից մասին. Մովսէս Կաղանկատուացին «Պատմութիւն Աղուանից»ը գրած է, որ 1860-ին Փարիզի մէջ տպուած է։

Վերջին տարիներուն Աղուանից երկիրը Զանտահարայ աշխարհ կոչուած է, 1772-ին հոն կ'իշխէ Մահմուտ՝ Միւրվէիզի որդին, որ Աղուաններու գլուխն անցած Սպահանի վրայ կը յարձակի, մօտը բնակող Նոր Ջուղայի Հայեր մեծ կորուստներու կ'ենթարկուին (Չամաչ. Գ. 779)։