Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը Եւ Հայաստանը

24-25 Հոկտեմբեր 1917-ին (նոր տոմարով՝ նոյեմբեր 7-8-ին) պոլշեւիկեան կուսակցութիւնը՝ Վլատիմիր Լենինի ղեկավարութեամբ, զինուած ապստամբութեան միջոցով Պետրոգրադի մէջ տապալած է ժամանակաւոր կառավարութիւնը։ Խորհուրդներու (սովետ) 2-րդ համառուսաստանեան համագումարի ընթացքին ստեղծուած է ժողովրդական կոմիսարներու խորհուրդ (ժողկոմխորհ)՝ Վ. Լենինի նախագահութեամբ, որ ստացած է երկիրը կառավարելու լիազորութիւններ՝ մինչեւ Սահմանադիր ժողովի հրաւիրումը։

Սկզբը պոլշեւիկները, շարունակելով ժամանակաւոր կառավարութեան բարեփոխումները, խոստացած են խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն, ազգերու իրաւահաւասարութիւն, հաշտութեան եւ հողի մասին հրամանագրերով (դեկրետներով՝ որոշում), գիւղացիին՝ հող, երկրին՝ խաղաղութիւն, դադրեցնել պատերազմը։ Այդ խոստումներուն շնորհիւ անոնք ստացած են ժողովուրդի խաւերուն մէջ լայն աջակցութիւն։ Ազգային փոքրամասնութիւնները ոգեւորութեամբ ընդունած են 3 (17-ին) Նոյեմբեր 1917-ին հրապարակուած «Ռուսաստանի ժողովուրդներու իրաւունքներու յայտարարութիւնը», որով պոլշեւիկները ռուսահպատակ ժողովուրդներուն խոստացած են իրաւահաւասարութիւն, ինքնորոշման իրաւունք՝ ընդհուպ մինչեւ Ռուսաստանէն անջատուելն ու ինքնուրոյն պետութիւն ստեղծելը։ Սակայն շուտով այդ բոլորը կը վերացուին։ Աւելին՝ Յունուար 1918-ին Վ. Լենինի կառավարութիւնը զէնքի ուժով քանդած է միակ օրինական, ժողովրդավարական ճանապարհով կազմուած Սահմանադիր ժողովը։ Պոլշեւիկները շուտով հրաժարած են «լայն համախմբման (կոալիցիայի)» եւ գործակցութեան գաղափարէն, խզած են յարաբերութիւնները ընկերվարական միւս կուսակցութիւններուն հետ եւ այլախոհներու նկատմամբ սկսած են հալածանքներ։

Անդրկովկասի արձագանգները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀՅԴ-ի յիմնադիրները՝ Ստեփան Զօրեան. Քրիստափոր Միքայէլեան եւ Սինոն Զաւարեան

Իրավիճակի կտրուկ շրջադարձը անակնկալի բերած է Անդրկովկասի ազգային քաղաքական ուժերուն։ Թիֆլիսի պատգամաւորներու խորհուրդին եւ գործկոմի համատեղ նիստին ընդունուած է բանաձեւ՝ ժողովրդավարական իշխանութիւն ստեղծելու եւ Սահմանադիր ժողով հրաւիրելու մասին։ ՀՅԴ-ն, որ նոյնպէս ընկերվարական ուղղուածութեան կուսակցութիւն էր, քննադատած է պոլշեւիկամէտ քայլերը, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերվարութեան (սոցիալիզմի) հաստատման Վ. Լենինի թեզը համարուած է պատրանք։ Շուտով Անդրկովկասի քաղաքական ուժերու զգուշաւոր դիրքը պոլշեւիկներու նկատմամբ վերածուած է անվստահութեան, նոյնիսկ թշնամութեան։ Երբ պարզ դարձած է պատերազմի նկատմամբ պոլշեւիկամէտ մօտեցումը՝ պատերազմը պետք էր դադրեցնել, իսկ գրաւուած բոլոր տարածքները առանց որեւէ պայմանի վերադարձնել իրենց նախկին տէրերուն, Անդրկովկասի մէջ ուժեղացած է Ռուսաստանէն անջատուելու ձգտումը։ Մինչդեռ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները յոյս ունէին ռուսներու արդէն գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը միացնել Ռուսաստանին կամ վերջինիս հովանավորութեամբ ստեղծել ինքնավարութիւն։ Տրապիզոնի նահանգի նկատմամբ հաւակնութիւն ունեցող վրացիները նոյնպէս դէմ էին գրաւուած հողերու վերադարձման։ Այս եւ այլ հանգամանքներ դրդրած են Անդրկովկասի ազգային կուսակցութիւններուն՝ երկրամասին մէջ ստեղծելու իրենց իշխանութեան մարմինները։

15 Նոյեմոեր 1917-ին Թիֆլիսի մէջ կազմաւորուած է իշխանութեան նոր մարմին՝ Անդրկովկասի կոմիսարիատը՝ Պետդումայի անդամ վրաց մենշեւիկ Եվգենի Գեգեչկորի նախագահութեամբ։ Կոմիսարիատը բաղկացած էր 12 կոմիսարէ, որոնցմէ 3-ը հայ էին՝ Խաչատուր Կարճիկեան (ֆինանսներու կոմիսար), Համօ Օհանջանեան (խնամատարութեան կոմիսար), Գէորգ Տէր-Ղազարեան (պարենաւորման գործերու կոմիսար)։ Դադրած է ժամանակաւոր կառավարութեան օրով ստեղծուած Անդրկովկասեան յատուկ կոմիտէի (ՕԶԱԿՈՄ) գործունէութիւինը, եւ Անդրկովկասը, որպէս դաշնային (ֆեդերատիւ) երկրամաս, սկսած է պոլշեւիկեան Ռուսաստանէն անջատուելու գործընթացը։


Ստեփան Շահումեան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ստեփան Շահումեան

16 Դեկտեմբեր 1917-ին Վ. Լենինի կառավարութիւնը քննարկած է իրադրութիւնը Անդրկովկասի մէջ եւ դատապարտած կոմիսարիատի անջատողական քաղաքական գիծը։ ժողկոմխորհը չէ ճանչցած կոմիսարիատի իրավասութիւնը եւ, որպէս կեդրոնի լիազոր ներկայացուցիչ, պոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանին նշանակած է Կովկասեան գործերու արտակարգ կոմիսար՝ մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը երկրամասին մէջ։ Վերջինիս նշանակման յանձնարարագիրը (մանդատը) եւ 500 հազար ռուբլի (ոսկով) Թիֆլիս հասցուցած է պոլշեւիկ-յեղափոխական Կամոն (Սիմոն Տեր-Պետրոսեան)։ Քանի որ 1917 թուականի աշնան Պաքուիի մէջ հռչակուած խորհրդային իշխանութիւնը տապալուած էր, Ս. Շահումեաեւը տեղափոխուած է Թիֆլիս եւ այնտեղ պայքար սկսած Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատելու համար։ 26 Յունուար 1918-ին կոմիսարիատն սկզբը հրաման արձակած է անոր ձերբակալելու մասին, ապա զիջած է եւ պահանջած հեռանալ Անդրկովկասէն։ Երկրամասի պոլշեւիկներու ղեկավար կորիզը Թիֆլիսէն տեղափոխուած է Պաքու, ուր 25 Ապրիլ 1918-ին ստեղծած է Պաքուի կոմունան՝ Ս. Շահումեանի նախագահութեամբ։

Կոմիսարիատի առաջնահերթ խնդիրը Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն էր. 5 Դեկտեմբեր 1917-ին Երզնկայի մէջ կնքուած է զինադադար։ Կովկասեան ճակատի երկայնքով՝ Տրապիզոնէն մինչեւ Սուրիա, դադրած են ռազմական գործողութիւնները։ Թրքական կողմը «երաշխաւորած» է հայերու անվտանգութիւնը իր վերահսկած տարածքին մէջ։ Թուրքերու համար այդ զինադադարը չափազանց նպաստաւոր էր ժամանակ շահելու եւ նոր յարձակում սկսելու համար (բանակը բարոյալքուած էր ու գրեթէ քայքայուած)։ Միաժամանակ, պոլշեւիկներու հաշտութեան մասին յանձնարարագիրը (մանդատը), նաեւ զինուորականութեան (հիմնականին գիւղացիներ էին) համար հող ստանալու հեռանկարը ընդամենը քանի մը ամսուան ընթացքին կազմալուծած էին ռուսական բանակը։ Անոր նպաստած է նաեւ Անդրկովկասի կոմիսարիատի վրաց-թաթարական (Ազրպէյճանական) մեծամասնութեան հակառուսական գործակցութիւնը։ 12-13 Յունուար 1918-ին Շամխորի մէջ վրաց մենշեւիկները ու թաթար-Ազրպէյճանցի մուսավաթականները զինաթափած են հեռացող քանի մը ռուսական զորամասերու։ Ընդհարումներու ընթացքին սպաննուած են բազմաթիւ ռուս զինուորներ։ Վերջիններէն բռնագրաւուած են 15 հազար հրացան, 70 գնդացիր, 20 հրանոթ։ Հայ ազգային կուսակցութիւնները, ամբողջ հայ ժողովուրդը դէմ էին ռուսական զորքերու հեռանալուն՝ զայն համարելով չափազանց վտանգաւոր Հայաստանի համար։

«Թրքահայաստանի մասին» հրամանագիր (դեկրետ)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1917-ին խորհրդային Ռուսաստանի ժողկոմխորհը սկսած է զբաղուիլ Արեւմտեան Հայաստանի հարցով։ Ազգութիւններու ժողկոմատին առընթեր ստեղծուած «Հայկական գործերու կոմիսարիատի» անդամներ Վառլամ Ավանեսովին, բանաստեղծ Վահան Տերեանին, էսէռ Պռոշ Պռոշեանին եւ դաշնակցական Ռոստոմին (Ստեփան Զորեան) յանձնարարուած է մշակել հրամանագիր (դեկրետ) Արեւմտահայաստանի մասին։ Որոշ խմբագրումներէն ետք 29 Դեկտեմբերին ընդունուած «Թրքահայաստանի մասին» հրամանագրով, Ռուսաստանը ճանչցած է Արեւմտեան Հայաստանի ինքնորոշման իրաւունքը՝ ընդհուպ այդ տարածքին պետութիւն ստեղծելը, եւ այդ նպատակով նախատեսած է հետեւեալ պայմանները.

  1. ռուսական զորքերու դուրսբերում Արեւմտեան Հայաստանէն եւ երկրամասին մէջ կարգ ու կանոն հաստատելու համար ժողովրդական ոստիկանութեան (միլիցիայի) ստեղծում
  2. հայրենիքէն բռնագաղթած հայերու վերադարձը Թրքահայաստան,
  3. տարագիր հայերու վերադարձէն ետք Ռուսաստանը պարտաւորուած է Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններուն մէջ կարգաւորէ Արեւմտեան Հայաստանի ազատ ինքնորոշման իրաւունքի,
  4. ժողովրդավար, եղանակով Արեւմտեան Հայաստանի ժամանակաւոր իշխանութեան մարմնի՝ ժամանակաւոր վարչութեան ստեղծում՝ հայ եւ մուսուլման բնակչութեան հաւասար տեղերով։ 2-րդ եւ 4-րդ կէտերու իրականացումը յանձնարարուած է Կովկասի գործերու արտակարգ եւ լիազոր կոմիսար Ս. Շահումեանին, որու իրաւասութիւնները Անդրկովկասի կոմիսարիատը չէր ճանչնար։
Վառլամ Աւանեսով, Յակով Սւերդլով եւ Դեմիեն Բեդինյ

Յանձնարարագիրով Արեւմտեան Հայաստանի ինքնորոշում տալը պատրանք էր, քանի որ ցեղասպանուած ու հայաթափուած երկրին մէջ ինքնավար պետութիւն ստեղծելը անհնար էր՝ մանաւանդ ռուսական բանակի դուրսբերումէն ետք։ Վահան Տերեանը այդ մասին իր մտավախութիւնը յայտնած է Վ. ԼԵնինին։ Իսկ իրականին պոլշեւիկները ոչ մէկ քայլ չեն արած յանձնարարագիրը կենսագործելու ուղղութեամբ։ Աւելին՝ 3 Մարտ 1918-ին Պրեսթ-Լիտովսկիի մէջ կնքուած պայմանագրով ՝ Լենինի կառավարութիւնը թուրքերուն ձգած է ոչ միայն Արեւմտեան Հայաստանը, այլեւ Կարսի մարզը, որը մինչ այդ Արեւելեան Հայաստանի կազմին մէջն էր։

Յանձնարարագիրին միակ դրական կողմը այն էր, որ խորհրդային Ռուսաստանը ճանչած է հայերու օրինական իրաւունքները Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Դեկրետ