Jump to content

Գերմանիա

Գերմանիա
Գերմանիոյ դրօշը[1] Զինանշանը


Կը ներառնէ Պատըն Ուըրթեմպերկ[2], Պաւարիա[2], Պերլին[2], Պրեմեն[2], Համպուրկ[2], Մեքլընպուրկ, Արեւմտեան Փոմերանիա[2], Ստորին Սաքսոնիա[2], Հիւսիսային Ռայն- Ուեսթֆալիա[2], Ռայնլենտ Փալաթինեթ[2], Սաարլենտ[2], Սաքսոնիա[2], Սաքսոնիա- Անհալթ[2], Շլեզուիք- Հոլսթայն[2], Թուրինկիա[2], Պրանտինպըրկ[2] եւ Հեսսեն[2]
Պետական լեզու գերմաներէն[3][4]
Մայրաքաղաք Պերլին[5][6]
Օրէնսդիր մարմին Պունտըսրաթ[7] եւ Պունտեսթակ[8]
Երկրի ղեկավար Ֆրենք- Ուոքըր Սթեյնմէյըր[9][10][11]
Կառավարութեան ղեկավար Օլաֆ Շոլց?[12][13]
Ազգաբնակչութիւն 84 358 845 մարդ (31 Դեկտեմբեր 2022)[14]
Օրհներգ Գերմանիայի օրհներգ?
Կարգախօս Einigkeit und Recht und Freiheit
Հիմնադրուած է 23 Մայիս 1949[15][2] թ.
Առաջին յիշատակում {{{առաջին յիշատակում}}} թ.
Արժոյթ Եւրօ[16][17][18]
Ազգային տօն Նոր Տարի[19], Աւագ Ուրբաթ[19], Ս. Զատկուան Մեռելոց[19], Մայիս Մէկ[20][21], Համբարձում[19], Whit Monday?[21], Գերմանական Միասնութեան Օր[22][21], Սուրբ Ծննդի առաջին օր?[21] եւ Ս. Ծննդեան երկրորդ օրը[19]
Ժամային համակարգ UTC+1 եւ UTC+2
Հեռաձայնային համակարգ +49
Համացանցի յղում .de[23]
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,942[24]
deutschland.de

Գերմանիա, պաշտօնապէս Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն (գերմաներէն՝ Bundesrepublik Deutschland): Տեղակայուած է Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, ընդհանուր սահմաններ ունի հիւսիսէն՝ Դանիոյ (68 քմ), արեւմուտքէն՝ Նիտըրլենտի (577 քմ), Պելճիքայի (167 քմ) եւ Լիւքսամպուրկի (138 քմ), հարաւ-արեւմուտքէն՝ Ֆրանսայի (451 քմ), հարաւէն՝ Զուիցերիոյ (334 քմ) եւ Աւստրիոյ (784 քմ), արեւելքէն՝ Լեհաստանի (456 քմ) եւ Չեխիոյ (646 քմ) հետ։

Գերմանիոյ մեծ քաղաքներն են՝ Պերլինը, Համպուրկը, Միւնիխը եւ Քէօլնը։ Բնակչութիւնը 2007 Յուլիսի դրութեամբ՝ 82,400,996 հոգի է։ 2,1 միլիոն ԵՄ-ի /Եւրոմիութիւն/ ներգաղթածներ են, 1,5 ԵՄ անդամ չհանդիսացողներէն, եւ 3 միլիոն թուրքեր[25][26][27][28]։ Գերմանիա ԵՄ-ի ամէնէն խիտ բնակեցուած երկիրն է։

Ք.ա. Առաջին հազարամեակի վերջին Գերմանիոյ տարածքին մէջ, բնակող գերմանական ցեղերը կը բախին Հռոմէական պետութեան հետ։ Դ. դարուն, ցեղերու տեղաշարժներու եւ խառնուելու հետեւանքով, կը յառաջանան գերմանական ցեղային նոր կազմաւորումներ, որոնց մէկ մասը Դ.եւ Զ. դարերուն, ժողովուրդներու մեծ գաղթի ատեն, կը զբաղեցնէ Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան տարածքը։ Գերմանիոյ մէջ, բնակութիւն կը հաստատեն Ալեմանները, պաւարացիները, արեւելեան Դրամները, Սաքսերը, թիւրինկացիները, Ֆրիզները։ VI-VIII դարերուն, Գերմանիոյ տարածքը կը նուաճեն դրամները։ Այդ նուաճումը կ'ուղեկցուէր քրիստոնէութեան տարածումով։ Կարոլինկներու կայսրութեան անկումէն ետք, Գերմանիա կը մտնէ Արեւելափրիկեան թագաւորութեան մէջ, եւ կը սկսի գերմանական մարզերու պետական առանձնացումը, որ կ'աւարտի գերմանական վաղ աւատատիրական պետութեան ձեւաւորումով։ Անիկա կ'ընդգրկէր Սաքսոնիա, Ֆրանքոնիա, Ալեմանիա (Շուապիա), Պաւարիա ցեղային դքսութիւնները եւ այլ հողեր։ Գերմանիա համեմատաբար միասնական պետական ամբողջութիւն էր։ Սաքսոնական ազգատոհմի (919-1024) թագաւորներուն օրով, մեծ ազդեցութիւն ձեռք կը բերեն դուքսերը։ Արդէն Տայնրիխ Ա. (919-936) յաճախ ընդհարումներ կ'ունենար անոնց հետ։ Դուքսերու դէմ յաջող պայքար կը մղէ Օտտոեւ Ա. (936-973)։

Սրբազան Հռոմէական Կայսրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Տունգար քոչուորներու եւ նորմաններու անընդմէջ յարձակումներուն վերջ տալէն ետք, գերմանական աւատատէրերը կը գրաւեն պոլաբեան սլաւոններու հողերը։
  • 951-ին Օտտօ Ա. իրեն կ'ենթարկէ Հիւսիսային Իտալիան, 962-ին կը գրաւէ Հռոմը, եւ պապը զինք կայսր կը թագադրէ։ Անով հիմը կը դրուի «Հռոմէական սրբազան կայսրութեան»։
  • ԺԱ. դարուն վերջին աւատատիրական յարաբերութիւնները կ'ընդգրկեն ամբողջ Գերմանիան եւ կը զօրանայ քաղաքական ապակեդրոնացումը։ Օգտուելով անկէ, պապականները պայքար կը սկսին գերմանական կայսրերու դէմ՝ քաղաքական տիրապետութեան համար, որ կ'աւարտի 1122-ին՝ Վորմսի փոխհամաձայնութեամբ։
  • Կայսրերու եւ պապերու հակամարտութիւնը չ'աւարտիր։ Ֆրետերիք Ա. Պարպարոսա (1152-1190) կը վերսկսի իտալական արշաւանքները, որոնք կ'աւարտին հիւսիս-իտալական քաղաքներու յաղթանակով (1176)։ Միաժամանակ գերմանական իշխանները խաչակրաց արշաւանքներու պատրուակով կը նուաճեն պոլաբեան Սլաւոններուն, ինչպէս նաեւ Էլպայէն արեւելք ու Մերձպալթիքայի մէջ ապրող ժողովուրդներուն հողերը։
  • ԺԳ. դարուն սուսերակիրներու միաբանութիւնը կը նուաճէ Լիւերի եւ Էստերի, Պրուսներու հողերը։ Իտալական քաղաքականութիւնը, ապա էքսպանսիան Արեւելքին մէջ («Անոնք նախ Օստեն») կը նպաստեն աւատատէրերու հզօրացման։ Երկիրը կը բաժնուի առանձին իշխանութիւններու։ Քաղաքները, միաւորուելով միութիւններու մէջ (Տանզա, քաղաքներու Շուապեան եւ Տռենոսեան միութիւններ), իրենք կը ձգտին ապահովել առեւտուրի անվտանգութիւնը։ Թագաւորական իշխանութիւնը կը պահպանէր միայն շատ սահմանափակ, ձեւական իրաւունքներ։ Առաւելապէս հզօրացած էին կուրֆիւրստները, որոնք կ'ընտրէին թագաւորը (կայսրը) եւ կը վճռէին համապետական կարեւորագոյն հարցերը։
  • 1438-էն կայսերական գահը փաստօրէն ժառանգական կը դառնայ (մինչեւ 1806) Տապսպուրկներու համար, որոնք կը տիրէին նաեւ աւստրիական հողերուն, Նիտըրլենտին (ԺԵ. դարու վերջէն), Չեխիոյ, Հունգարիոյ մէկ մասին (ԺԶ. դարէն), իսկ Գարլոս Ե.-ի (1519-56) օրերուն՝ նաեւ Սպանիոյ, Իտալիոյ մէկ մասին եւ Սպանիոյ ամերիկեան գաղութներուն։
  • ԺԶ. դարուն Գերմանիոյ տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, տեղի կ'ունենան կարեւոր տեղաշարժեր, որոնք կը դրսեւորուին աւատատիրութեան դէմ ծաւալած շարժումով մը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի, որ հանդէս կու գար եկեղեցւոյ եւ պապական իշխանութեան դեմ մղուող կրօնական պայքարի ձեւով եւ որ կը կոչուէր Ռեֆորմացիա: 1517-ին բռնկած շարժման գագաթնակէտը կը հանդիսանայ գիւղացիական պատերազմը։ Այդ շարժումը, որ Ֆ․ էնկելս բնութագրած է իբրեւ առաջին քաղքենիկան յեղափոխութիւն Եւրոպայի մէջ, որ կը պառակտուի երեք ուղղութիւններով՝ իշխանական, չափաւոր պիւրկերական եւ ժողովրդական բարենորոգման, հասարակութեան յեղափոխական վերակառուցման կոչ կ'ընէր։

Սրբազան Հռոմէական Կայսրութեան Անկումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Գիւղացիական պատերազմը պարտութիւն կը կրէ։ Հաշտութենէն ետք, Գերմանիա կը բաժնուի 2-ի՝ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական իշխանութիւններու։
  • ԺԶ.- ԺԷ. դարերուն սկիզբը, երկիրը տնտեսական անկում կ'ապրի։ Կայսրութենէն ներս, 1618-ին բռնկած պատերազմը, որ կը վերածուի համաեւրոպականի, ծանր հետեւանքներ կ'ունենայ երկիրին ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական զարգացման համար։
  • 1648-ի Վեստֆալեան հաշտութիւնը կ'ամրապնդէ Գերմանիոյ տարանջատումը առանձին (շուրջ 300) պետութիւն-իշխանութիւններու, որոնցմէ ԺԷ.-ԺԸ. դարերուն կը զօրանան 2 մեծ պետութիւններ՝ Աւստրիան եւ Փրուսիան։ ԺԸ. դարու կիսուն, Աւստրիա իր իշխանութիւնը կը տարածէ Պելճիքայի, Միլանոյի եւ Նէապոլիտանական թագաւորութեան վրայ, սակայն Փրուսիա, որ զօրացած էր Ֆրիտրիխ Բ.-ի թագաւորութեան շրջանին (1740-1786) կը սկսի մրցիլ անոր հետ եւ Աւստրիական ժառանգութեան համար (1741-48) եւ Եօթնամեայ (1756-63) պատերազմներու ընթացքին, իրեն կը միացնէ Սիլեզիան։
  • Աւստրիա եւ Փրուսիա կը մասնակցին յեղափոխական, ապա նափոլէոնեան Ֆրանսայի դէմ եւրոպական միապետներու պատերազմներուն։
  • 1806-ին Գերմանիոյ արեւմտեան մասին մէջ, Նափոլէոնի հովանաւորութեամբ, կը կազմուի Հռենոսեան միութիւնը։ Աւստրիական զօրքերու շարք մը պարտութիւններէն ետք, 1806-ին, «Հռոմէական սրբազան կայսրութիւնը» կը վերցուի։ Պարտութիւն կը կրեն նաեւ փրուսացիները։ Փրուսիա կը կորսնցնէ իր հողերուն գրեթէ կէսը։ Անոր կառավարող շրջանները ստիպուած էին անցնիլ քաղքենիկան բնոյթի մասնակի բարեփոխումներէ։
Փրուսիան 1871-ին
  • Ռուսիոյ մէջ, նափոլէոնեան բանակին ջախջախումէն ետք, 1813-ին Գերմանիոյ տարածքը կ'ազատագրուի նուաճողներէն։ Վիեննայի ժողովին որոշումով կը ստեղծուի Գերմանիոյ միութիւնը (39 պետութիւններէ), ուր ղեկավարի դեր կը խաղար Աւստրիան։
  • ԺԹ. դարուն 30-ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ, կը սկսի արտադրական յեղաշրջումը։
  • 1834-ին կը ստեղծուի Գերմանիոյ մաքսային միութիւնը, որ կը նպաստէ ազգային շուկային ձեւաւորման, արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի զարգացման։
  • 1844-ին տեղի կ'ունենայ Սիլեզիոյ ջուլհակներու ապստամբութիւնը։ 40-ական թուականներուն Գերմանիոյ մէջ ծնունդ կ'առնէ Փրոլեթարիոյ գիտական աշխարհայեացքը՝ մարքսիզմը, որուն հիմնադիրներն էին գերմանացի ժողովուրդին մեծ զաւակներ՝ Գառլ Մարքսն ու Ֆ․ էնկելսը։
  • 1848-49-ին տեղի կ'ունենայ քաղքենի-դեմոկրատական յեղափոխութիւնը, որուն գլխաւոր խնդիրներն էին ազգային հարցին լուծումը, աւատա-միապետական վարչակարգին վերացումը եւ գիւղատնտեսական հարցին դեմոկրատական լուծումը։ Քաղքենի դաւաճան քաղաքականութեան հետեւանքով յեղափոխութիւնը պարտութիւն կը կրէ։
  • 1862-ին Փրուսիոյ թագաւոր Վիլհելմ Ա. կառավարութեան ղեկավար կը նշանակէ Գերմանիոյ Պիսմարքը, որ Փրուսիոյ շուրջ Գերմանիոյ միաւորումը կ'իրականացնէ «երկաթով ու արիւնով»։ Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլերը կ'ըլլան դանիական պատերազմը (1864) եւ Աւստրօ-փրուսական պատերազմը (1866)։
Գերմանական Կայսրութիւնը 1871-1918 թուականներուն (Փրուսիան կապոյտ գոյնով է)

Գերմանական Կայսրութեան Միաւորում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Աւստրիոյ պարտութենէն ետք, Փրուսիա Մայն գետին հիւսիսը գտնուող պետութիւններէն, իր գլխաւորութեամբ, կը ստեղծէ հիւսիս-գերմանական միութիւնը (1867)։
  • Գերմանիոյ միաւորման վերջին փուլը կը հանդիսանայ Ֆրանսայի դէմ պատերազմը։
  • 18 Յունուար 1871-ին Վերսալի մէջ Գերմանիա կայսրութիւն կը հռչակուի՝ Վիլհելմ Ա.-ի գլխաւորութեամբ։
  • Ֆրանսայէն Փրուսիոյ կ'անցնին Էլզասը եւ Արեւելեան Լոթարիեւկիան։ Փրուսիա կը ստանայ 5 միլիար դրամ ռազմատուգանք։ Այս բոլորը կը նպաստեն Գերմանիոյ արագ զարգացման։
  • ԺԹ. դարուն 70-ական թուականներուն Գերմանիոյ բանուոր դասակարգը կը հասնի զգալի յաջողութիւններու։
  • 1875-ին Գերմանիոյ ընկերա-դեմոկրատական բանուորական կուսակցութեան եւ լասալեան Տամընդհանուր գերմանական բանուորական միութեան միաւորման հետեւանքով կը ստեղծուի Գերմանիոյ ընկերային բանուորական կուսակցութիւնը։
  • Բանուորական շարժման դէմ պայքարը զօրացնելու նպատակով ռայխստակը 1878-ին բացառիկ օրէնք մը կ'ընդունի ընկերվարականներու դէմ։ Սակայն ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութեան ազդեցութեան աճը կանգնեցնել այլեւս կարելի չէր։
  • 1890-ին օրէնքը կը վերցուի։ Պիսմարքի քաղաքականութիւնը ուղղուած էր հունգարա-քաղքենիկան Ռազմամոլական պետութեան ամրապնդման։
  • 1879-ին Գերմանիա դաշինք կը կնքէ Աւստրօ-Հունգարիոյ հետ ընդդէմ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ։ Երբ 1882-ին անոնց կը միանայ Իտալիան, կը կազմուի Եռեակ միութիւնը, ի հակակշիռ, որուն հետագային, կը կազմուի Անտանտը։
  • 80-ական թուականներուն Գերմանիա իր «Փրոթեկթորատ»ը կը հաստատէ Ափրիկէի զգալի տարածքներու (Տոկօ, Քամերուն, Արեւելեան Ափրիկէ եւ այլն) վրայ:
  • 90-ական թուականներուն կը տիրապետէ Խաղաղ-ովկիանոսեան շարք մը կղզիներու։
  • ԺԹ. դարու վերջին, Ի. դարուն սկիզբը Գերմանիա կը թեւակոխէ կայսերապաշտութեան հանգրուանը։ Տնտեսապէս Անգլիայէն աւելի զարգանալով, պայքար կը ծաւալէ աշխարհի վերաբաժանման համար։ Գերագնահատելով իր ռազմական հզօրութիւնը եւ ենթադրելով, որ Մեծն Բրիտանիան չ'աջակցիր Ռուսիոյ, Գերմանիա կը սանձազերծէ Ա. համաշխարհային պատերազմը։
Գերմանական Կայսրութիւնը Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբին

Առաջին Համաշխարհային Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Օգոստոս 1914-ին Գերմանիա պատերազմ կը յայտարարէ Ռուսիոյ դէմ, 3 Օգոստոս-ին՝ Ֆրանսային, 4 Օգոստոս-ին՝ Անգլիա պատերազմ կը յայտարարէ Գերմանիոյ դէմ։ Պատերազմի սկիզբէն Գերմանիոյ աջ ընկերա-դեմոկրատները ընկերա-ազգայնամոլական դիրք կը գրաւեն, ըստ Էութեան անոնց յարեց նաեւ ցենտրիստական խմբաւորումը Քարլ Քաուզքիի գլխաւորութեամբ։ Միայն ձախ ընկերա-տեմոկրատները հաւատարիմ մնացին պրոլետարական ինտերնացիոնալիզմին։ 1915-ի գարնան, անոնք ստեղծեցին «Ինտերնացիոնալ» խումբը, որ 1916-ին վերանուանուեցաւ «Սպարտակ», իսկ աւելի ուշ վերածուեցաւ «Սպարտակ միութեան»։ 1918-ին Գերմանիոյ մէջ, ստեղծուեցաւ յեղափոխական իրադրութիւն։ Տեղափոխութեան սկիզբ ծառայեց գերմանական ծովայիններու ապստամբութիւնը Քիլի մէջ։ Շատ քաղաքներու մէջ, ստեղծուեցան սովետներ։ 9 Նոյեմբերին, ապստամբութիւն բռնկուեցաւ Պերլինի մէջ։ Միապետական կարգը վերցուեցաւ։ Սակայն իշխանութիւնը անցաւ աջ ընկերա-դեմոկրատներու ղեկավարներու եւ «Անկախ ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութեան» ղեկավարներու ձեռքը, որոնք կապ հաստատեցին բանակի գերագոյն հրամանատարութեան հետ եւ կնքեցին յեղափոխութիւնը ճնշելու գաղտնի համաձայնագիր։ 11 Նոյեմբեր 1918-ին Քոմպիենի մէջ, Գերմանիան զինադադար կնքեց Անտանտի հետ։ 28 Յունիս 1919-ին Վերսայի մէջ, ստորագրուեցաւ հաշտութեան պայմանագիր՝ յաղթող տէրութիւններու թելադրած պայմաններով։

Գերմանական Կայսրութեան տարածքային կորուստները Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին

Յետպատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

30 Դեկտեմբեր 1918-էն մինչեւ 1 Յունուար 1919Պերլինի մէջ տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ կոմունիստական կուսակցութեան (ԳԿԿ) հիմնադիր համագումարը։ 1919-ի Յունուարին, ընկերա-դեմոկրատական կառավարութիւնը դաժանօրէն ճնշեց Պերլինի բանուորներու ելոյթը, գազանաբար սպանուեցան Կ․ Լիպկնեխտը եւ Ռ․ Լիւքսեմպուրկը։ 13 Յուլիս 1919-ի Վայմարեան սահմանադրութեամբ Գերմանիան դարձաւ քաղքենիկան խորհրդարանական հանրապետութիւն։ Ձգտելով դուրս գալ միջազգային մեկուսացումէն, Գերմանիան 16 Ապրիլ 1922-ին պայմանագիր կնքեց Սովետական Ռուսիոյ հետ, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան երկու երկիրներու միջեւ։ 1923Յունուարին սկսաւ Ռուրի ճգնաժամը։ Սորվեցան դասակարգային հակասութիւնները, Գերմանիան յեղափոխական վերելք ապրեցաւ։ Հոկտեմբերին Համպուրկի աշխատաւորները Է. Թելմանի գլխաւորութեամբ զինուած ապստամբութիւն բարձրացուցին։ 1923-ի Նոյեմբերին նացիոնալ-ընկերվարականներու խումբ մը Ատոլֆ Հիթլերի գլխաւորութեամբ, Միւնիխի պետական յեղաշրջման անյաջող փորձ կատարեց։ Գերմանիոյ մոնոպոլիստները ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մոնոպոլիաներու աջակցութեամբ, որոնք յոյս ունէին Գերմանիան օգտագործել, որպէս ԽՍՀՄ-ի դէմ, հարուածային ուժ սկսան վերականգնել անոր ռազմա-արդիականութեան կարողականութիւնը։

Ատոլֆ Հիթլեր

Նացիստական Յեղաշրջում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1926-ին Գերմանիան ընդունուեցաւ Ազգերու լիգա։ Արդէն ծնունդ առած էր եւ կը զօրանար ֆաշիստական վտանգը։ Յեղափոխական պրոլետարիայի ուժերու համախմբումը տեղի կ'ունենար աւելի դանդաղ, քան յետադիմական ուժերու կեդրոնացումը։ Ատոր պատճառը ընկերա-դեմոկրատական աջ ղեկավարներու շահաբեր քաղաքականութիւնն Էր, որ կը պառակտէր բանուոր դասակարգի շարքերը։ Անոնք մերժեցին ԳԿԿ-ի առաջարկը՝ ստեղծելու միացեալ բանուորական ճակատ ֆաշիզմի եւ պատերազմի դէմ։ 30 Յունուար 1933-ին, նախագահ Տինտենպուրկը Տիտլերին նշանակեց ռայխսկանցլեր։ Գերմանիոյ մէջ, հաստատուեցաւ ազգայնամոլական միապետականութիւն։ Տինտենպուրկի մահէն (1934) ետք, Հիթլերը իրեն յայտարարեց պետութեան ղեկավար։ 27 Փետրուար 1933-ին, ֆաշիստները հրդեհեցին Ռայխստագը՝ մեղադրանքը բարդելով կոմունիստներու վրայ։ Սկսան հակաազգայնամոլներու մասսայական ձերբակալութիւնները։ 3 Մարտ 1933-ին, ձերբակալուեցաւ Է․ Թելմանը։ 14 Մարտին, պաշտօնապէս արգիլուեցաւ կոմկուսակցութիւնը, ապա մնացած բոլոր կուսակցութիւնները եւ արհմիութիւնները։

Նախապատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգտագործելով ԱՄՆ-ի եւ Անգլիոյ տնտեսական օգնութենէն հիթլերեան Գերմանիա կեանքի կոչեց սպառազինման վիթխարի ծրագիր. սկսաւ նախապատրաստուիլ տիրապետական պատերազմի։ 1933-ին, Գերմանիան դուրս եկաւ Ազգերու լիկայէն։ 1935-ին, վերականգնեցաւ ընդհանուր զինապարտութեան օրէնքը։ 1936-1939-ին Գերմանիա, Իտալիոյ հետ միասին, զինուած ինտերվենցիա կազմակերպեց Սպանիոյ մէջ։ 1936-37-ին ձեւաւորուեցաւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ճաբոնի ռազմական եռեակը։ 1938-ի Մարտին ազգայնամոլ Գերմանիան տիրապետեց Աւստրիոյ, 1939-ին՝ Չեխոսլովակիոյ։ 1939-ի Օգոստոսին, Գերմանիան դիմեց ԽՍՀՄ-ին չյարձակելու պայմանագիր կնքելու առաջարկով։ Սովետական Միութիւնը, ձգտելով կանխել հակասովետական միացեալ ճակատի ստեղծումը եւ նկատի ունենալով, որ հաւաքական անվտանգութեան ձեւը ստեղծելու իր ջանքերը ձախողած էին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէն, ստիպուած ընդունեց Գերմանիոյ առաջարկը։

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքը Եւրոպայի մէջ (անիմացիոն)։ Գերմանիոյ տարածքները ներկուած են կապոյտ գոյնով

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1 Սեպտեմբեր 1939-ին, Գերմանիան յարձակեցաւ Լեհաստանի վրայ՝ սկսելով պատերազմը Եւրոպայի մէջ։ 3 Սեպտեմբերին Անգլիան եւ Ֆրանսան պատերազմ յայտարարեցին Գերմանիոյ, սակայն աշխոյժ մարտական գործողութիւններ չձեռնարկեցին։ 1940-ի Մարտին, հիթլերականները գրաւեցին Պելճիքան, Նիտերլանտները, Լիւքսեմպուրկը, իսկ Ապրիլին ներխուժեցին Դանիա եւ Նորվեկիա։ Յունիսին յանձնուեցաւ Ֆրանսան։ 1940-ի Սեպտեմբերին, Պերլինի մէջ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Ճաբոնի միջեւ կնքուեցաւ ռազմական դաշինք։ Գերմանիան անմիջապէս սկսաւ ԽՍՀՄ-ի վրայ յարձակելու նախապատրաստութիւնները։ 1941-ի Ապրիլին, Գերմանիան գրաւեց հարաւ Սլաւիան եւ Յունաստանի մեծ մասը։ 22 Յունիս 1941-ին, խախտելով սովետա-գերմանական չյարձակելու պայմանագիրը․ Գերմանիան յարձակեցաւ ԽՍՀՄ-ի վրայ։ Ծանր պաշտպանողական մարտերու ընթացքին, սովետական զօրքերը կանգնեցուցին գերմանական բանակը, իսկ Մոսկուայի մօտ անոր ջախջախումը վերջնականապէս խափանեց ԽՍՀՄ-ի դէմ «կայծակնային պատերազմի» հիթլերեան ծրագիրը։ Կազմուեցաւ հակահիթլերեան գործակցութիւն՝ ԽՍՀՄ-ի, ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ գլխաւորութեամբ, ուր վճռական դերը կը պատկանէր ՍՄՆ-ին։ Ստալինկրատի մօտ գերմանա-ֆաշիստական զօրքերու ջախջախումով բեկում առաջացաւ ինչպէս Հայրենական մեծ պատերազմի, այնպէս ալ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի մէջ։ 1943-ին սկսաւ քայքայուիլ ագրեսորներու դաշինքը՝ անոնցմէ դուրս եկաւ Իտալիան։ Դիմադրութեան շարժումը լայն թափ ընդունեց գրաւուած երկիրներուն մէջ։ Զօրացան հակաֆաշիստական անպաշտօն կազմակերպութիւնները։ 1944-ի Յունիսին, երբ Գերմանիոյ ռազմական եւ քաղաքական պարտութիւնը ակնյայտ էր, դաշնակիցները բացին երկրորդ ճակատը։ 1945-ի Յունուար-Փետրուարին սովետական բանակը մտաւ․ Գերմանիա, Ապրիլ 30-ին յաղթանակի դրօշ կանգնեցուց Ռայխստագի վրայ։

Գերմանիոյ տարածքային բաժանոււմը Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտելէն ետք

Յետպատերազմեան Շրջան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 8-ին, Պերլինի մէջ ստորագրուեցաւ ֆաշիստական Գերմանիոյ անվերապահ պայմանադրութեան դաշինք օրէնքը։ Գերմանիան բաժնուեցաւ չորս գրաւուած գօտիներու՝ սովետական, անգլիական, ամերիկեան եւ ֆրանսական, Պերլինը՝ համապատասխանաբար չորս հատուածի։ Գերմանիոյ մէջ, Գերագոյն իշխանութիւնը իրենց վրայ վերցուցին ԽՍՀՄ-ի, Անգլիոյ, ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի կառավարութիւնները։ Պերլինի ժողովին մէջ, ԽՍՀՄ, ԱՄՆ եւ Մեծ Բրիտանիան պարտաւորուեցան արմատախիլ ընել Գերմանիոյ զինուորականութիւնն ու նացիզմը։ Որոշուեցաւ հաստատել լեհ-գերմանական նոր սահման։ Ստեղծուեցաւ նոր, դեմոկրատական պետական կազմութիւն։ 1945-1946-ին վերցուեցաւ մեծ կալուածատիրական հողատիրութիւնը։ Հողը անցաւ աշխատաւոր գիւղացիի ձեռքը։ Հողի ընդերքը, առաւել մեծ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները, դրամատուները դարձան ժողովուրդի սեփականութիւն։ 1946-ի Ապրիլին Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ, կոմունիստական եւ ընկերա-դեմոկրատական կուսակցութիւնները միաւորուեցան Գերմանիոյ ընկերային միասնական կուսակցութեան (ԳՍՄԿ) մէջ։ Արեւմտեան Գերմանիոյ մէջ, դեմոկրատական վերափոխումներ չիրագործուեցան։ 2 Դեկտեմբեր 1946-ին Անգլիան եւ ԱՄՆ համաձայնագիր կնքեցին գրաւուած գօտիները միաւորելու մասին, ետքը անոնց միացաւ նաեւ տնտեսական գրաւուած գօտին։ 1948-ին ԱՄՆ, Անգլիան եւ Ֆրանսան արեւմտեան գօտիներուն մէջ, գործադրեցին անջատ դրամական ռեֆորմ։ Գերմանիոյ պառակտման այս միջոցառումները աւարտեցան 1949-ի Սեպտեմբերին Արեւմտա-գերմանական պետութեան՝ Գերմանիոյ Ֆետերատիւ Հանրապետութեան (ԳՖՏ) ստեղծումով։ Նախագահ ընտրուեցաւ Թ․ Յոյսը, քրիստոնեայ դեմոկրատական միութեան ղեկավարը եղաւ Կ․ Ադենաուերը։ Գերմանիոյ դեմոկրատական ուժերու համախմբման եւ վճռական գործողութիւններ ձեռնարկելու նպատակով կազմուեցաւ Դեմոկրատական Գերմանիոյ ազգային ճակատը (ԴԳԱ&)։ 7 Հոկտեմբեր 1949-ին ժողովրդական խորհուրդը, որ ընտրուած էր Գերմանիոյ ժողովրդական ժողովի կողմէ, հռչակեց Գերմանական Դեմոկրատական Հանրապետութեան (ԳԴՀ) ստեղծումը։ Գործողութեան մէջ մտաւ նաեւ Դեմոկրատական սահմանադրութիւնը։ ԳԴՀ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Վ․ Պիկը, առաջին վարչապետ դարձաւ Գ․ Գրոտեւոլը։ Սովետական կառավարութիւնը ԳԴՀ-ի կառավարութեան յանձնեց սովետական զինուորական վարչութեան գործառոյթները։

Գերմանիոյ Ֆետերաթիւ Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու գերմանական պետութիւններէն մէկն է, որ 20-րդ դարուն երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք կը գտնուի Գերմանիոյ տարածքին մէջ։ Տարածուած ոչ պաշտօնական անուանումը՝ Արեւմտեան Գերմանիա էր։

Գոյութիւն ունեցած է 23 Մայիս 1949 թուականէն մինչեւ 3 Հոկտեմբեր 1990 թուականը՝ երբ Գերմանիոյ Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը եւ Արեւմտեան Պերլինը մտան ԳՖՀ-ի կազմին մէջ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարչական Բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկրամաս Մայրաքաղաք Տարածք (քմ2) Բնակչութիւն[29]
Թիւրինկիա
Thüringen
Erfurt 16, 172 2, 170, 500
Համպուրկ
Hamburg
Hamburg 755 1, 734, 300
Հեսսեն
Hessen
Wiesbaden 21, 115 6, 016, 500
Հիւսիսային Հռենոս-Վեսթֆալիա
Nordrhein-Westfalen
Düsseldorf 34, 043 17, 554, 300
Մեքլենպուրկ-Առաջաւոր Փոմերանիա
Mecklenburg-Vorpommern
Schwerin 23, 174 1, 600, 300
Շլեզուիկ-Հոլշթայն
Schleswig-Holstein
Kiel 15, 763 2, 806, 500
Պատեն-Վիւրթեմպերկ
Baden-Württemberg
Stuttgart 35, 752 10, 569, 100
Պաւարիա
Bayern
Munich 70, 549 12, 519, 600
Պերլին
Berlin
Berlin 892 3, 375, 200
Պրանտենպուրկ
Brandenburg
Potsdam 29, 477 2, 449, 500
Պրեմեն
Bremen
Bremen 404 654, 800
Ռայնլանտ-Փֆալց
Rheinland-Pfalz
Mainz 19, 847 3, 990, 300
Սաարլանտ
Saarland
Saarbrücken 2, 569 994, 300
Սաքսոնիա
Sachsen
Dresden 18, 416 4, 050, 200
Սաքսոնիա-Անհալթ
Sachsen-Anhalt
Magdeburg 20, 445 2, 259, 400
Ստորին Սաքսոնիա
Niedersachsen
Hanover 47, 618 7, 779, 000

Ընդհանուր բնակչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մեծ քաղաքներէն են Պերլինը, Համբուրկը, Միւնիխը, Քէօլնը, Էսսենը, Մայնի Ֆրանկֆուրթը, Տրեստենը։ Աչքի կ'իյնայ նաեւ Ռուրը։ Միաձուլման արդիւնքով՝ գոյացած է Հռենոս-Ռուրի (կամ Գերմանական) մեծ քաղաքը։

Օգտակար Հանածոներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օգտակար հանածոներէն կան քարածուխ, գորշ ածուխ, նաֆթ, կազ, քարաղ, կալիումական աղ, երկաթ եւ բազմամետաղներ։

Կլիման բարեխառն է, արեւմուտքին մէջ եւ հիւսիս-արեւմուտքին մէջ ծովային, հարաւ-արեւելքին մէջ ծովայինէն բարեխառն ցամաքայինի։ Յունուարի միջին ջերմաստիճանը մօտ 0 °C է, Յուլիսինը' 17 °C-ից 19 °C։ Տարեկան տեղումները 600-800 մմ. են, լեռներուն մէջ' 1000-1500 մմ. գետային ցանցը խիտ է, գետերը՝ ջրառատ։

Մեծ գետերէն են' Հռենոսը, Էլպան (ստորին հոսանք), Տանուպի վերին հոսանքը, Վեկերը։ Շատ գետեր միացած են ջրանցքներով։ Ալպեան նախալեռներու մէջ, մեծ լիճերէն են Բոդենը, Իփմը։

Կը գերակշռեն անտառային գորշ եւ հումուսաքարպոնային հողերը, հիւսիսին մէջ նաեւ՝ պոտզոլային եւ մարշային հողերը։ Տարածքի մօտ 28%-ը անտառածածկ է։ Կը գերակշռեն կաղնիի, հաճարի, բոխու, եղեւնիի եւ սոճիի ծառատեսակները։ Կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն պահպանուած են եղջերուն, այծեամը, քարայծը, եղնիկը, վարազը։ Շատ են թռչուններն ու կրծողները։

Գերմանիան բնակչութեան թիւով Եւրոպայի ամենամեծ երկիրն է։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, ան կրեց մարդկային զգալի կորուստներ, սակայն բնակչութեան բնական աճը բացասական նշանով է։ Ստեղծուած ժողովրդագրական անբարենպաստ իրադրութիւնը կը յաղթահարուի միայն ներգաղթի հաշուին։

Գերմանիոյ բնակչութեան ազգային կազմը միատարր է, թէեւ երկրին մէջ կ'ապրին մօտ 7 միլիոն օտարերկրացիներ։ 90-ական թուականներէն, սկսած մեծցաւ նաեւ հայերու հոսքը Գերմանիա։ Այժմ այնտեղ ստեղծուած է ոչ մեծ հայկական համայնք։

Ընդունուած է գերմանացիներու ազգային բնաւորութեան գիծ համարած կարգապահութիւնը, ճշդապահութիւնը, հաշուենկատութիւնը, արտադրական բարձր մշակոյթը եւ օրինապահութիւնը։ Բնակչութիւնը Գերմանիոյ մէջ, անհաւասարաչափ տեղաբաշխուած է։ Միջին խտութիւնը շատ բարձր է՝ 230 մարդ/քքմ, բայց կան շրջաններ, օրինակ, Հռենոս-Ռուրի մեծ քաղաքը, ուր 1 քքմ վրայ կ'ապրի աւելի քան 1000 մարդ։

Բարձր է երկրի քաղաքացման մակարդակը՝ 90%-է աւելի։

Քաղաքական Համակարգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետական կառուցուածք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռէյխսթակի շէնքը
Դաշնային քանզլերի գերատեսչութիւնը
Բելուիւ պալատ, Գերմանիոյ նախագահի նստավայրը

Պերլինը Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մայրաքաղաքն է։ Բոլոր բանակցութիւններուն՝ մայրաքաղաքը Պոննէն Պերլին տեղափոխելուն, Պոննը յաջողած է շարք մը կարեւոր գրասենեակներ պահել իր տարածքին մէջ, ինչպէս, օրինակ, Դաշնային վերահսկիչ պալատը։ Գերմանիան տեմոկրատական, ընկերա-իրաւական պետութիւն է։ Ան կազմուած է 16 դաշնային երկիրներէն։ Պետութիւնը կը ղեկավարուի Գերմանիոյ հիմնական օրէնքով՝ Սահմանադրութեամբ։

Ղեկավարման ձեւով ԳԴՀ-ն խորհրդարանային երկիր է։

Պետութեան գլուխը դաշնային նախագահն է։

Արտաքին Յարաբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ-գերմանական Յարաբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 1992 թուականի Յունուարին, իսկ ՀՀ դեսպանութիւնը բացուած է 1994 թուականին՝ Պերլինի մէջ։ 2001 թուականէն ԳԴՀ-ում ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է Կարինէ Ղազինեանը։ 2006 թուականի Սեպտեմբերէն ԳԴՀ-ի ՀՀ պատուաւոր հիւպատոսն է Կիւնթեր Պիլարսկին (հիւպատոսական տարածքը՝ Պատէն-Վիւրտենպերկ երկրամաս), նստավայր՝ Կարլսռուէ։ Երեւանի մէջ ԳԴՀ դեսպանութիւնը բացուած է 1993 թուականին։ 16 Օգոստոս 2007 թուականէն ՀՀ-ի մէջ ԳԴՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանն է տիկին Անտրէա Վիկտորինը։

1991 թուականէն մինչեւ 2008 թուականի Յուլիսը՝ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութենէն Հայաստանի մէջ, կատարուած են 248,7 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ուղղակի ներդրումներ։ Ատոնց հիմնական մասը զբաղած է ծառայութիւններու եւ առեւտուրի ոլորտով, իսկ մօտ մէկ տասնեակը տարբեր արտադրութիւններ են։ Գերմանացի գործարարները ներգրաւուած են նաեւ՝ խորհրդատուական, հիւրանոցային եւ զբօսաշրջական գործերուն մէջ։

2009 թուականին Գերմանիոյ համախառն ներքին արդիւնքը կազմած է 2.81 թոն (2008-ին՝ 2.955 թոն, 2007-ին՝ 2.917 թոն), ՀՆԱ-ի իրական աճի քանակը 2009-ի տարեվերջին՝ -4.9%։ Չնչին բաժին ինկող համախառն ներքին արդիւնքը՝ 34.100 թոն է (6-րդը աշխարհին մէջ )։

Գիւղատնեսութիւնը կու տայ համախառն ներքին արդիւնքի 0.9%-ը, արդիւնաբերութիւնը՝ 26.8%-ը։ Սպասարկման ոլորտին բաժին կ'իյնայ համախառն ներքին արդիւնքի 72.3%-ը (2009 թ.)։ Տնտեսութեան ճիւղային կառուցուածքին մէջ, աշխատուժի համամասնութիւնը հետեւեալն է.

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութիւնը կու տայ համախառն ներքին արդիւնքի 0.9%-ը։ Այս ճիւղին մէջ, զբաղած է աշխատուժի 2.4%-ը։ Գիւղատնտեսական հողահանդակները կը գրաւեն երկրի տարածքի 35%-ը։

Գերմանիոյ մէջ հողի մեծ մասը կը պատկանի մեծ տնտեսութիւններուն, որոնց հողակտորի միջին մեծութիւնը 17 հա է։ Տնտեսութիւններու 54%-ն ունի մինչեւ 10 հա հող։ Փոքր տնտեսութիւններու մաս մը կ'աշխատի վնասով։

Պետութիւնը մէկ կողմէն օգնութիւն ցոյց կու տայ վնասով աշխատող ագարակային տնտեսութիւններուն եւ ընդհանրապէս, բոլորին, միւս կողմէ՝ կը խրախուսէ տնտեսութիւններու ընդարձակ գործընթացը։ Գերմանական ագարակային տնտեսութիւնները՝ գիւղական բնակչութեան եկամուտի զգալի մասը կը ստանան ոչ գիւղատնտեսական զբաղումներէն՝ արհեստագործութենէն, զբօսաշրջութենէն, փոքր ձեռնարկատիրութենէն եւ այլն։

Գերմանիոյ գիւղատնտեսութիւնը 90%-ի չափով կ'ապահովուի բնակչութեան սննդամթերքի պահանջները։

Գիւղատնտեսութեան առաջատար ճիւղը կաթնամսատու անասնաբուծութիւնն է, որ կու տայ ճիւղի համախառն արդիւնքի 67%-ը։ Անասնաբուծութեան համար արդիւնաբեր գետին կը հանդիսանան ընդարձակ արօտավայրերը, որոնք կը գրաւեն երկրի տարածքի 30.5%-ը, մշակովի կերակրախոտերը, սնունդի արդիւնաբերութիւնը։

Գերմանիան աշխարհի մէջ չորրորդ տեղը կը գրաւէ կաթի (տարեկան 28 միլիոն թոն), վեցերորդ տեղը՝ միսի (տարեկան 5.8 միլիոն թոն) արտադրութեամբ։

Նախիրներու անասնաբուծութիւնը զարգացած է ամէնուրեք, խոզաբուծութիւնը՝ աւելի շատ հիւսիսային շրջաններուն մէջ է։

Բուսաբուծութեան տակ դրուած է 12 միլիոն հա հող, որ կը կազմէ գիւղատնտեսական հողահանդակներու 69.5%-ը։ Մշակովի հողերու 98.6%-ը վարելահողեր են։

Գերմանիան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ տարեկանի, գարու, վարսակի, կարտոֆիլի, երկրորդ տեղը՝ Ֆրանսայէն ետք, ցորենի, շաքարի ճակնդեղի մշակումով։ Հացահատիկ եւ կարտոֆիլ կը մշակեն ամէնուրեք, բայց առաւել շատ՝ հիւսիսային շրջաններուն մէջ։ Շաքարի ճակնդեղն աւելի մեծ տարածում ունի Հռենոս-Վեսֆալիայի մէջ, Պաւարիոյ մէջ, Մեկլենպուրկ-Առաջաւոր Պոմերանիոյ մէջ, խաղողը՝ Պատեն-Վիւրտեմպերկի մէջ, Էսսենի մէջ։

Գերմանիոյ մէջ կը մշակեն նաեւ գայլուկ, բանջարանոցային արտադրանքներ, ծաղիկներ։

Գիւղատնտեսութեան գետնի վրայ զարգացած է սննդի արդիւնաբերութիւնը։ Կենդանական իւղի եւ բուսաիւղի արտադրութեամբ Գերմանիան աշխարհի մէջ կը գրաւէ երրորդ, Եւրոպայի մէջ՝ առաջին տեղը։ Յայտնի է գարեջուրի, շաքարաւազի, գինիներու, ձկան, պահածոներու արտադրութեամբ։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արդիւնաբերութեան բնորոշ է գերարտադրումը, որուն առաջատար եւ միջազգային շուկային մէջ մրցադիմացկուն ճիւղերն են՝ աւտոմոպիլաշինութիւնը, ինքնաթիռաշինութիւնը, վակոնաշինութիւնը, ելեկտրաթեքնիկական, օպտիկական եւ քիմիական արտադրութիւնը, դեղագործութիւնը, մետաղաձուլութիւնը։

Ընդ որուն, արդիւնաբերութեան մէջ, աստիճանաբար կը մեծնայ նոր՝ բարձր արուեստագիտութեան ճիւղերու դերը, համեմատաբար կը նուազի արդիւնահանող, թեթեւ, սնունդի ճիւղերու դերը։

Արդիւնաբերութեան աւանդական ճիւղը արդիւնահանումն է։ Կ'արդիւնահանեն քարածուխ, նաֆթ, երկաթաքար, գունաւոր մետաղներ, կալիումական աղ։ Քարածուխի տարեկան հանոյթը կը կազմէ 51.2 միլիոն թոն։ Ատով կը գրաւէ 10-րդ տեղը աշխարհի մէջ։ Քարածուխի հանոյթը աստիճանաբար կը նուազի՝ կապուած պահանջարկի նուազման հետ։ Քարածուխի 80%-ը կու տայ Ռուրի աւազանը, մնացածը՝ Սաարի եւ միւս աւազանները։ Գորշ ածուխի հանոյթը 193 միլիոն թոն է. աշխարհի մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը։ Գորշ ածուխի հանոյթը նոյնպէս ունի նուազման միտում։ Շահագործուող հիմնական աւազաններն են Ստորին Հռենոսեանը, Էլպա եւ Զաալէ գետերու միջեւ ինկած աւազանը։ Գորշ ածուխը կ'արդիւնահանուի բաց եղանակով։ Ան հիմնականին մէջ կ'օգտագործուի ելեկտրակայաններու մէջ։

Նաֆթի տարեկան հանոյթը մօտ 0.5 միլիոն թոն է, ներմուծումը՝ 64 միլիոն թոն։ Նաֆթի վերամշակման մեծ կեդրոններն են Համպուրկը, Քէօլնը, Ինկոլշթատը։ Նաֆթը կը ներմուծէ ՌԴ-էն եւ Պարսից ծոցի երկիրներէն։

Բնական կազի արդիւնահանումը տարեկան կը կազմէ 15.29 միլիար մ³ (34-րդը աշխարհի մէջ), սպառումը՝ 96.26 միլիար մ³ (5-րդը աշխարհի մէջ), ներկրումը 94.57 միլիար մ³ (2-րդը աշխարհի մէջ), արտահանումը՝ 12.64 միլիար մ³ (16-րդը աշխարհի մէջ- 2009 թուական):

Ելեկտրաէներկիայի արտադրութիւնը կը հասնի 593.4 միլիար կվտ ժ (8-րդը), սպառումը՝ 547.3 միլիար կվտ ժ (7-րդը), արտահանման եւ ներկրման ցուցանիշներն են համապատասխանաբար 61.7 եւ 41.67 միլիար կվտ ժ (2009-ին)։

Ելեկտրաէներկետիկայի արտադրութեան 61.8%-ը բաժին կ'իյնայ ջերմաելեկտրակայաններուն, 4.2%-ը ջրաելեկտրակայաններուն, 29.9%-ը ատոմային ելեկտրակայաններուն։ Մեծագոյն ջերմաելեկտրակայանը Մանհայմն է։ Միջուկային վառելիքով կ'աշխատին Ալբտախի, Ֆիլիպսպուրկի եւ շարք մը այլ ելեկտրակայաններ։ Կը գործեն քաղաքային աղբի գետնի վրայ աշխատող ջերմաելեկտրակայաններ։ Շուրջ 10՝ ոչ մեծ ջրաելեկտրակայաններ կան Հռենոս, Զաալէ, Էլպա եւ միւս գետերու վրայ։

Սեւ մետաղաձուլութիւնը։ Պողպատաձուլութեամբ Գերմանիան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ կը գրաւէ առաջին տեղը, աշխարհի մէջ՝ 6-րդ տեղը։ Տարեկան կ'արտադրէ 40.6 միլիոն թոն պողպատ։ Առաջատարներու շարքի մէջ թուջի՝ 30.0 միլիոն թոն, եւ գլանուածքի արտադրութեամբ։ Սեւ մետաղաձուլութիւնը զարգացած է հիմնականին մէջ, Հիւսիսային Հռենոս-Վեստֆալիա երկրին մէջ՝ Տորտմունտի, Տիւսպուրկ, Սաարի երկրին՝ Սաարպրիւկենի մէջ։ Սեւ մետաղաձուլութիւնը զարգացած է նաեւ Պրատենպուրկի, Պրեմենի, Համպուրկի մէջ։

Նօյշւանշթայն դղեակը Գրեմանիոյ ամենաճանաչուող կառոյցներէն մէկն է:

Գունաւոր մետաղաձուլութեան ձեռնարկութիւնները հիմնականին մէջ, կ'աշխատին ներմուծողի հումքի գետնի վրայ։ Առաջատար ճիւղը ալիւմինաձուլութիւնն է։ Ալիւմինի արտադրութեամբ Գերմանիան երկրորդ տեղը կը գրաւէ տարածաշրջանին մէջ՝ Նորվեկիայէն ետք։ Ալիւմինաձուլութեան մեծ կեդրոններն են Էսսենը, Ֆիորտեն, Համպուրկը։ Տարեկան կ'արտադրէ 575 հազար թոն ալիւմին։ Զարգացաած է նաեւ զտուած պղինձի՝ (տարեկան 616 հազար թոն), կապարի եւ ցինկի ձուլումը։

Մեքենաշինութիւնը եւ մետաղաձուլութիւնը։ Այս ճիւղին մէջ զբաղած է արդիւնաբերական աշխատողներու 50%-ը։ Մեքենաշինութեան մէջ տեղի կ'ունենան կառուցուածքային փոփոխութիւններ, որոնց հետեւանքով աստիճանաբար կը նուազի ընդհանուր մեքենաշինութեան, նաւաշինութեան դերը, կը մեծնայ օդանաւերու, տիեզերական սարքերու, ելեկտրաթեքնիքական սարքաւորումներու աւտոմոպիլաշինութեան, համակարգիչներու, ելեկտրական հաշուիչ մեքենաներու, ինքնակառավարուող սարքերու արտադրութեան դերը։

Մեքենաշինութեան հանրայայտ ճիւղը կը մնայ աւտոմոպիլաշինութիւնը եւ հաստոցաշինութիւնը։ Հաստոցներու արտադրութեամբ Գերմանիան աշխարհի մէջ կը գրաւէ երկրորդ տեղը, աւտոմոպիլներու արտադրութեամբ՝ երրորդ տեղը։ Աւտոմոպիլներու տարեկան արտադրութիւնը կը հասնի 4.7 մլն։ Աւտոմոպիլաշինական մեծագոյն ընկերութիւններ են «Ֆոլկսվակենը», «Մերսետես Պենցը», «ԲՄՎ»-ն, «Աուտին», «Օփելը»։ Աւտոմոպիլաշինութեան մէջ մեծ է նաեւ՝ ամերիկեան «Ֆորտ» ընկերութեան դերը։

«Ֆոլկսվակեն» ընկերութիւնը երկրին մէջ մեծագոյնն է. հիմնուած է 1938 թուականին։ Մասնագիտացած է մարդատար մեքենաներու եւ հանրաշարժներու արտադրութեան գիծով։ Մեծ կեդրոններն են Վոլֆսպուրկը, Հանովերը, որ իր դուստր ձեռնարկութիւնը ունի Պրազիլի, Մեկսիքայի, Աւստրալիայի եւ այլ երկիրներու մէջ։ «Մերսետես Պենցի» գլխաւոր ձեռնարկութիւնները կը գտնուին Շտուտկարտի եւ Վերտի մէջ, «ԲՄՎ»-ինը՝ Միւնիխի եւ Ռեգենսպուրկի մէջ, «Օպելինը»՝ Մայնի Ֆրանկֆուրտի եւ Այզենախի մէջ, «Աուտի»-նը՝ Հալպրոնի մէջ։ Օդանաւերու, տիեզերական սարքերու արտադրութեամբ յայտնի է Միւնիխը, Պրեմենը, Համպուրկը, նաւաշինութեամբ՝ Համպուրկը, Քիլը, Ռոստոկը։ Ելեկտրաթեքնիկական արդիւնաբերութեան առաջատար ընկերութիւններն են՝ «Սիմենսը» եւ «Պոշը»։ «Սիմենսը» հիմնադրուած է 1947 թուականին ան կ'արտադրէ արդիւնաբերական եւ կենցաղային նշանակութեան ելեկտրաթեքնիկական, ինչպէս նաեւ ռազմական ապրանքներ։

Ընկերութեան ձեռնարկութիւնները տեղաբաշխուած են Նիւրնպերկի, Շտուտկարտի, Համբուրկի մէջ։ Ան իր դուստր ձեռնարկութիւնները ունի՝ Դանիայի, Պելճիքայի, ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներուն մէջ։

Ելեկտրաթեքնիկական արդիւնաբերութեան առաջատարներէն է «Պոշ» ընկերութիւնը, որ հիմնադրոած է 1886 թուականին, մասնագիտացած է կենցաղային ելեկտրական գործիքներու արտադրութեան բնագաւառին մէջ։ Երկրին մէջ, առաջիններէն մէկն էր, որ սկսաւ իր դուստր ձեռնարկութիւնները ստեղծել արտասահմանեան երկիրներուն՝ Ֆրանսայի, Իտալիոյ, ԱՄՆ-ի, Արժանթինի, Պրազիլի մէջ եւ այլն։

Գերմանիան քիմիական արդիւնաբերութեան առաջատարներէն մէկն է։ Տնտեսութեան այս ճիւղի առաջատար երեք մեծ ընկերութիւնները՝ «Պայերը», «ՓԱՍՖ», եւ «Հոեսհթը», հիմնադրուած են 1861-1863 թուականներուն։ Այս եւ քիմիական արդիւանաբերութեան մեծ մասը կ'արտադրեն բազմատեսակ ապրանքներ։

Քիմիական արդիւնաբերութիւնը ունի շատ լայն աշխարհագրութիւն։ Մեծ կեդրոններն են Համպուրկը, Մայնի Ֆրանկֆուրտը, Լիւդվիկհաֆենը, Քէօլնը, Վիլհելմսհաֆենը։

Գերմանական ընկերութիւններու ձեռնարկութիւններ կան Արեւմտեան Եւրոպայի, Լատինական Ամերիկայի քանի մը տասնեակ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Աւստրալիոյ, Պելճիքայի, Դանիայի, ԱՄՆ-ի, Քանատայի, Թուրքիոյ մէջ եւ այլն։

Արդիւնաբերութեամբ զբաղած է աշխատուժի 29.7%-ը։[39]

Պերլին
Համպուրկ
Գերմանիոյ ֆութպոլի հաւաքականը աշխարհի ախոյեանն է

Երկրի հարաւին՝ լեռնային շրջաններուն մէջ կան նաեւ ՋՐԷԿ-ները։ Գերմանիան Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ամենաշատ պողպատ արտադրող երկիրն է։ Այստեղ զարգացած է մեքենաշինութիւնը։ Գերմանիոյ մէջ բնորոշ է զգայուն գիւղատնտեսութիւնը։ Գերմանիան ունի զարգացած փոխադրամիջոցի համակարգ։ Կ'արտահանէ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, արդիւնաբերական ապրանքներ։ Կը ներմուծէ հումք, վառելիք, պարենամթերք։ Կայ ապացոյց, որ առաջին մարդ արարածը եկած է Գերմանիոյ տարածք, 700 հազար տարի առաջ։ Շուրջ 500 հազար տարի առաջ ստեղծուած են առաջին բնակավայրերը։ Առաջին գերմանացիներու մասին կը յիշատակուին հին յոյներու եւ հռոմէացիներու աշխատանքներուն մէջ։

Գերմանիան ունի զարգացած փոխադրային համակարգ։ Երկրի տարածքը յագեցած է արագընթաց երկաթուղիներու, բարձրակարգ աւտոմոպիլային ճանապարհներու, գետային ուղիներու, խողովակաշարերու խիտ ցանցով։

Առաջակարգ դեր ունի ծովային փոխադրամիջոցը, որ հիմնականին մէջ կը սպասարկէ արտաքին առեւտուրին։ Մեծ նաւահանգիստներն են Համպուրկը, Վիլհելմսհաֆենը, Ռոստոկը։

Արտաքին Տնտեսական Կապեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գերմանիան տնտեսական կապերու մէջ է աշխարհի բոլոր երկիրներու հետ։ Արտաքին առեւտուրի շրջանառութեան ծաւալով կը զիջի միայն ԱՄՆ-ին։

Արտաքին առեւտուրի մեծ մասը բաժին կ'իյնայ Եւրոմիութեան երկիրներուն, ԱՄՆ-ին եւ Քանատային։ ԱՊՀ երկիրներէն առեւտրական կապերը մեծ են Ռուսիոյ հետ:

Գերմանիոյ արտահանութեան գրեթէ 9/10-ը լայն սպառման արդիւնաբերական ապրանքներն են՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ եւ մատուցուած ծառայութիւններ։

Հետաքրքիր Փաստեր Գերմանիոյ Մասին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Գերմանիան դեռ վաղ ժամանակներէն յայտնի է որպէս քաղաքներու երկիր։ Քաղաքներու մեծ թիւի մասին կը յիշատակուի թերեւս Հռոմէական կայսրութեան ժամանակներէն։ Քաղաքներու մեծ մասը, ներկայիս բարձր զարգացումը, պահպանուած են հնամենի արտաքին տեսքը, գործառոյթները եւ արտադրուող ապրանքներու տեսականին։ Օրինակ, Ճոլինկենը՝ մետաղեայ իրերու արտադրութիւնը, Հոտան՝ քարտէսագրութիւնը, Հայտելպերկը եւ Կոթինկենը յայտնի են իրենց համալսարաններով, Վայմարը՝ թանգարաններով՝ կապուած Կէօթէի, Շիլլերի, Լիստի, Հենտելի անուններու հետ, իսկ Հաննովերը, Քէօլնը, Մայնի Ֆրանկֆուրտը, Լայպցիկը՝ որպէս միջազգային տօնավաճառներու կեդրոն։ Լայպցիկի տօնավաճառը կը գործէ արդէն 800 տարիէ ի վեր։
  • Գերմանիան գարեջուրի արտադրութեան հնագոյն երկիրներէն է։ Գարեջուրի օգտագործմամբ գերմանացիները առաջինն են աշխարհի մէջ. մէկ շունչի հաշուով տարեկան կ'արտադրուի 160 լիթր գարեջուր։
  • Հռենոսի վրայ գտնուող Տոյսբուրկ քաղաքը աշխարհի ամենամեծ գետային նաւահանգիստն է, անոր տարեկան բեռնաշրջանառութիւնը կը կազմէ 55 միլիոն թոն։
  • Աշխարհի մէջ առաջին յաջողած կլոպուսներէն մէկը ստեղծած է գերմանացի Մարտի Պեհայմը 1942 թուականին, որ կը պահպանուի Նիւրնպերկ քաղաքի թանգարաններէն մէկուն մէջ։
  • Գերմանիան օծանելիքի հայրենիքն է։ Առաջին անգամ օտիքոլոնը արտադրուած է Քէօլնի մէջ եւ կոչուած է՝ Քէօլնի ջուր։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Süsterhenn A., Heuss T., Schmid C. Art. 22 (2) // Grundgesetz für die Bundesrepublik Deutschland // Bundesgesetzblatt / Hrsg.: Bundesministerium der JustizBo: Bundesanzeiger Verlag, 1949. — հատոր 1949, թող. 1. — S. 1–20.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 2,11 2,12 2,13 2,14 2,15 2,16 Süsterhenn A., Heuss T., Schmid C. Grundgesetz für die Bundesrepublik Deutschland // Bundesgesetzblatt / Hrsg.: Bundesministerium der JustizBo: Bundesanzeiger Verlag, 1949. — հատոր 1949, թող. 1. — S. 1–20.
  3. § 23 Amtssprache (1) // Verwaltungsverfahrensgesetz
  4. Adler A., Silveira M. R. Welche Sprachen werden in Deutschland gesprochen? // Sprachreport: Informationen und Meinungen zur deutschen Sprache — 2021. — S. 1. — ISSN 0178-644X
  5. Süsterhenn A., Heuss T., Schmid C. Artikel 20 (1) // Grundgesetz für die Bundesrepublik Deutschland // Bundesgesetzblatt / Hrsg.: Bundesministerium der JustizBo: Bundesanzeiger Verlag, 1949. — հատոր 1949, թող. 1. — S. 1–20.
  6. Unsere Hauptstadt / Hrsg.: Bundesministerium des Innern und für Heimat
  7. Süsterhenn A., Heuss T., Schmid C. Artikel 50 // Grundgesetz für die Bundesrepublik Deutschland // Bundesgesetzblatt / Hrsg.: Bundesministerium der JustizBo: Bundesanzeiger Verlag, 1949. — հատոր 1949, թող. 1. — S. 1–20.
  8. Süsterhenn A., Heuss T., Schmid C. Artikel 20 (2) // Grundgesetz für die Bundesrepublik Deutschland // Bundesgesetzblatt / Hrsg.: Bundesministerium der JustizBo: Bundesanzeiger Verlag, 1949. — հատոր 1949, թող. 1. — S. 1–20.
  9. Lebendiges Museum Online // Lebendiges virtuelles Museum Online — 1997.
  10. Frank-Walter Stein­meier zum neuen Bundes­prä­si­denten gewählt / Hrsg.: Deutscher Bundestag — 2017.
  11. Frank-Walter Steinmeier als Bundespräsident wiedergewählt / Hrsg.: Deutscher Bundestag — 2022.
  12. Olaf Scholz ist Bundeskanzler // tagesschau.de — 2021.
  13. https://www.bundeskanzler.de/bk-de/kanzleramt/bundeskanzler-seit-1949/olaf-scholz / Hrsg.: Presse- und Informationsamt der Bundesregierung
  14. 14,0 14,1 14,2 14,3 14,4 https://www.destatis.de/DE/Themen/Gesellschaft-Umwelt/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/zensus-geschlecht-staatsangehoerigkeit-2022.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  15. Lebendiges Museum Online // Lebendiges virtuelles Museum Online — 1997.
  16. 16,0 16,1 https://web.archive.org/web/20110111043412/http://ec.europa.eu/economy_finance/euro/countries/germany_en.htm / European Commission
  17. 17,0 17,1 http://www.bpb.de/nachschlagen/lexika/lexikon-der-wirtschaft/19280/europaeische-wirtschafts-und-waehrungsunion / Hrsg.: Bundeszentrale für politische Bildung
  18. 18,0 18,1 https://web.archive.org/web/20120819190852/http://www.bundesfinanzministerium.de/Web/DE/Themen/Europa/Euro_auf_einen_Blick/Europaeische_Wirtschafts_und_Waehrungsunion/europaeische_wirtschafts_und_waehrungsunion.html / Hrsg.: Bundesministerium der Finanzen
  19. 19,0 19,1 19,2 19,3 19,4 https://www.dgb.de/gesetzliche-feiertage-deutschland-2019-2020 / Hrsg.: Deutscher Gewerkschaftsbund
  20. Tag der Arbeit: Warum ist der 1. Mai ein Feiertag? // Augsburger Allgemeine / Hrsg.: E. Holland, G. Holland, A. Kümpfbeck et al. — Mediengruppe Pressedruck, 2023.
  21. 21,0 21,1 21,2 21,3 https://www.dgb.de/gesetzliche-feiertage-deutschland / Hrsg.: Deutscher Gewerkschaftsbund
  22. Vertrag zwischen der Bundesrepublik Deutschland und der Deutschen Demokratischen Republik über die Herstellung der Einheit Deutschlands — 1990.
  23. https://www.ionos.de/digitalguide/domains/domainendungen/cctlds-laenderspezifische-top-level-domain-liste/ / Hrsg.: Ionos
  24. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  25. Lua error in package.lua at line 80: module 'Module:Footnotes/anchor_id_list' not found..
  26. European Recruitment Agency։ «Turkish delight at William Hague's statement»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-03-31-ին։ արտագրուած է՝ 2010-07-04 
  27. Radio Free Europe։ «Germany's Merkel On Delicate Visit To Turkey»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-12-29-ին։ արտագրուած է՝ 2010-07-04 
  28. Todays Zaman։ «What Germany hopes contradicts what it does»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-04-26-ին։ արտագրուած է՝ 2010-10-28 
  29. «Bevölkerungszahlen 2011 und 2012 nach Bundesländern» (German)։ Statistisches Bundesamt Deutschland։ August 2013։ արտագրուած է՝ 16 December 2013 
  30. 30,00 30,01 30,02 30,03 30,04 30,05 30,06 30,07 30,08 30,09 30,10 30,11 30,12 30,13 30,14 30,15 30,16 30,17 30,18 30,19 30,20 30,21 30,22 30,23 30,24 30,25 30,26 30,27 30,28 30,29 https://www.destatis.de/DE/ZahlenFakten/GesellschaftStaat/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen_/lrbev03.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  31. https://www.destatis.de/DE/ZahlenFakten/GesellschaftStaat/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/Zensus_Geschlecht_Staatsangehoerigkeit.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt — 2014.
  32. 32,0 32,1 https://www.destatis.de/DE/ZahlenFakten/GesellschaftStaat/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/Zensus_Geschlecht_Staatsangehoerigkeit.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  33. Համաշխարհային բանկի տվյալների բազա // World Bank Open DataWB.
  34. https://www-genesis.destatis.de/genesis/online?operation=abruftabelleBearbeiten&selectionname=12411-0001 / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  35. https://www.destatis.de/DE/Themen/Gesellschaft-Umwelt/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/zensus-geschlecht-staatsangehoerigkeit-2018.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  36. 36,0 36,1 https://www.destatis.de/DE/Themen/Gesellschaft-Umwelt/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/zensus-geschlecht-staatsangehoerigkeit-2019.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  37. 37,0 37,1 37,2 37,3 https://www.destatis.de/DE/Themen/Gesellschaft-Umwelt/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/zensus-geschlecht-staatsangehoerigkeit-2020.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  38. 38,0 38,1 38,2 38,3 https://www.destatis.de/DE/Themen/Gesellschaft-Umwelt/Bevoelkerung/Bevoelkerungsstand/Tabellen/zensus-geschlecht-staatsangehoerigkeit-2021.html / Hrsg.: Statistisches Bundesamt
  39. Աւագեան Արամայիս, Արտասահմանեան երկրներու ընկերա-տնտեսական աշխարահագրութիւն, ՄԱՍ II Ասիա, Երեւան 2009