Jump to content

Անի

(Վերայղուած է Անիի Մայր Տաճար-էն)
Քաղաք
Անի
Երկիր  Թուրքիա[1]
Տարածութիւն 250,7 հեկտար, 432,45 հեկտար
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Կը գտնուի ափին Ախուրեան

Անի Քաղաք, աւերուած միջնադարեան բերդաքաղաք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։ Կը գտնուի Կարսի մէջ՝ Հայաստանի սահմանին։ Կառուցուած է Ախուրեան գետի աջ ափին, եռանկիւնաձեւ սարահարթի մը վրայ։ Ներկայիս հոն բնակութիւն չկայ։ Անիէն ոչ հեռու կը գտնուի Օճաքլը գիւղը, որուն անունով երբեմն թուրքերը կ'անուանեն Անին[2]։

Հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք՝ Անին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Կուսանաց Վանք՝ Անի

Հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք՝ Անին եղած է Հայաստանի ամէնէն հռչակաւոր մայրաքաղաքներէն մէկը 961-1053 թուականներուն` Բագրատունիներու թագաւորութեան օրերուն:

Արքունիքը Կարսէն Անի տեղափոխած է Աշոտ Գ. Բագրատունին: Անին նշանաւոր էր իբրեւ երկիրին տնտեսական, առեւտրական, արհեստագործական եւ մշակութային մեծ կեդրոն։ Ունեցած է շուրջ 100 հազար բնակիչ:

Անին արտաքին աշխարհին հետ կապուած է Ախուրեան գետին վրայ կառուցուած հինգ քարաշէն կամուրջներով, որոնք բոլորն ալ ունեցած են 30 մեթրէ աւելի երկարութիւն։

Անի քաղաքին յատակագիծը

Քաղաքը ունեցած է 40 դուռ։ Անիի հարաւային մասին, վիթխարի ժայռի մը վրայ կը գտնուի քաղաքին Միջնաբերդը:

Անիի Մասին Յիշատակումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անին շատ հին ժամանակներէն ի վեր բնակելի վայր եղած է. Շիրակի այդ տարածքին վրայ գտնուած են Ք.Ա. առաջին հազարամեակին պատկանող կիկլոպեան շինութիւններու (մեծածաւալ քարերով, առանց շաղախի խոշոր շինութիւն) մնացորդները. Անիի շրջակայ ձորերուն մէջի քարանձաւներն ալ եղած են բնակելի վայրեր. անոնցմէ մէկուն մէջ գտնուած է Ք.Ա. երկրորդ հազարամեակէն մնացած պրոնզէ ապարանջան. քաղաքին մօտակայ գերեզմանադաշտէն յայտնաբերուած են Ք.Ա. 8-7րդ դարերու իրեր:

Անիի Պարիսպները

Քաղաքը իր անունը առած է Բարձր Հայքի Դարանաղի գաւառի (այժմ, Քէմախ, Թուրքիոյ մէջ Եփրատի ձախ ափին) Անի բերդաքաղաքէն, որ հեթանոսական շրջանին հռչակաւոր էր Արամազդ չաստուածի մեհեանով եւ թագաւորներու գերեզմաններով:

Անիի մասին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին վաղ միջնադարուն՝ Ե. դարուն՝ որպէս Կամսարական իշխանական տան ամրոցներէն մէկը։ Հայ մատենագիրներէն այդ մասին կը վկայեն Եղիշէն ու Ղազար Փարպեցին։ Աւատատիրական յարաբերութիւններու սկզբնաւորման շրջանին Մեծ Հայքը կը գտնուէր Արշակունիներու թագաւորութեան իշխանութեան տակ։ Արաբական տիրապետութեան ընթացքին՝ Թ. դարու սկիզբը, Շիրակի դաշտի Անի ամրոցը կը պատկանէր Շիրակի եւ Արշարունքի տէր Կամսարական իշխանական տան. Աշոտ Մսակեր Բագրատունի, 780-ական թուականներուն կը գնէ Կամսարականներուն հողատարածքը Արշարունիք եւ Շիրակ գաւառները՝ Անի ամրոցով։ Վերջիններս Հայաստանէն կը հեռանան ու Բիւզանդական Կայսրութեան ծառայութեան կը մտնեն (790-826):

Զարգացած միջնադարուն՝ 961-1045 թուականներուն, Անին Բագրատունիներու թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր։ Վերջինիս սահմաններուն մէջ ընդգրկուած էին Հայկական լեռնաշխարհի գրեթէ բոլոր գաւառները՝ Սեւանայ Լիճ, Վանայ եւ Ուրմիոյ Լիճ լիճերուն միջեւ։ ԺԳ. դարու պատմիչ Սիպթ իպն ալ-Ճաուզին կը յայտնէ, որ նախքան սելճուքներու կողմէ Հայաստանի գրաւումը (Մանազկերտի ճակատամարտ), հայոց մայրաքաղաքին բնակչութիւնը կը հասնէր մէկ միլիոնի, որոնց մէկ մասը կը սպաննուէր, իսկ ողջ մնացածները գերի կը տարուէին[3]։ Աւելի ուշ, Վրաց թագաւորութեան հզօրացման հետ, Արեւելեան Հայաստանի մէջ կը ստեղծուի Զաքարեան իշխանապետութիւնը, որու կեդրոնը դարձեալ կը դառնայ Անին[4]։

Անիի Միջնաբերդէն մաս մը

Անի, Աշոտեան եւ Սմբատեան պարիսպներով պաշտպանուած, բաղկացած էր Միջնաբերդէն, բուն քաղաքէն, արուարձաններէն եւ Քարանձաւային ու Ստորերկրեայ Անիէն: Հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք, անուանի էին յատկապէս Մայր տաճարը, Գագկաշէն, Առաքելոց, Ս. Փրկիչ, Ապուղամրենց Ս. Գէորգ եւ Հովիւի եկեղեցիները: Անի քաղաքը հիւրընկալած է հազարաւոր մարդիկ` դառնալով մշակութային հանգոյց եւ շրջանային պետութիւն`միջնադարեան Բագրատունեաց հարստութեան ժամանակաշրջանին:

Անիի կամուրջ

Հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան մէջ Անին յայտնի է իբրեւ պաշտամունքի կառոյցներու նշանաւոր կեդրոն։ Ը. դարէն սկսեալ Հայաստանի մէջ ճարտարապետութեան զարգացումը կանգ կ'առնէ արաբներու տիրապետութեան շրջանին։ Մայրաքաղաք դառնալէ ետք Անիի շինարուեստի զարգացումը կ'ընթանայ վաղ միջնադարու հայկական ճարտարապետութեան ամբողջ ժառանգութեան, անցեալի յուշարձաններու յատակագծային եւ ծաւալային յօրինուածքներու վերստեղծման ու վերամշակման ուղիով, փաստօրէն սկսելով այն տեղէն, ուրկէ արհեստականօրէն ընդհատած էր անոնց աստիճանական զարգացումը։ Ախուրեան գետը եւ հին կամուրջի մը փլատակները բնական սահման կը գծեն` հայ-թրքական տագնապալի յարաբերութիւնները պատկերելով: Երկու երկիրները երկար ատենէ տարակարծիք են, Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ իրականացուած հայերու զանգուածային սպանութիւններու շուրջ, եւ Թուրքիա իր սահմանը Հայաստանի հետ պաշտօնապէս փակած է 1993-ին` հակադարձելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ դաշնակից Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային հակամարտութեան:

Անին Բագրատունիներու Թագաւորութեան Սկզբնական Շրջանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բագրատունիներու թագաւորութեան սկզբնական շրջանին Անին երկրին կարեւորագոյն բերդերէն մին էր եւ թագաւորութեան գանձին մէկ մասը հոն կը պահուէր. Աշոտ Գ. Ողորմած (953-977), երկրին մէջ խռովութիւնները դադրեցնելէ եւ ապահովութիւնը հաստատելէ ետք`961-ին, մայրաքաղաքը Կարսէն Անի կը փոխադրէ: Այդ միջոցին Անի Միջնաբերդին շուրջ տարածուած փոքր բերդաքաղաք մըն էր. Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոս (946-968), Անիի մէջ կ'օծէ Աշոտ թագաւորը, քանի մը տարի ետք Աշոտ կը շինէ Անիի ներքին պարիսպը, որ Աշոտաշէն կը կոչուի. Աշոտի օրով կը շինուի քաղաքին ջրմուղի սարքաւորումը, երկաթէ եւ կաւէ խողովակներով:

Քաղաքը շատ խիտ էր կառուցապատուած. տուները, սովորաբար, մէկուկէս կամ երկյարկանի էին, բաղկացած երեքէն վեց բնակելի եւ օժանդակ սենեակներէ: Գլխաւոր փողոցին լայնքը 4-5 մեթր էր, մայթերուն քարէ նստարաններ կային: Անիին ջրմուղը միջնադարուն համար խիստ բարդ համակարգ մըն էր` կաւէ եւ երկաթէ խողովակներով, որոնք կը սնուցանէին Անի քաղաքին վեց բաղնիքները:

Անիի Մայր Տաճարը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիի շէնքերը, եկեղեցիները հայ ճարտարապետութեան լաւագոյն գործերն են։ Անին հայկական թագաւորութեան միջնադարեան մայրաքաղաքն էր` Մետաքսի ճամբու հիւսիսային «թեւքերին»: Անին 100 հազար բնակիչ ունեցող մեծ քաղաք էր` յայտնի իբրեւ հազարումէկ եկեղեցիներու քաղաք: Հիմա Անիի լքեալ մայր տաճարն ու եկեղեցիները կը կորսուին կիզիչ արեւէն թօշնած խոտի մէջ։

Անիի մայր տաճար

Մայր տաճարը ծանօթ է նաեւ որպէս՝ Անիի Ս. Աստուածածին Կաթողիկէ եկեղեցի, կը գտնուի երբեմնի հզօր Անիի արեւմտեան մասին մէջ։ Տաճարը 989 թուականին հիմնադրած է Սմբատ Բ. Տիեզերակալ Հայոց թագաւորը։ Սակայն ան յանկարծամահ ըլլալուն պատճառով, սոյն բացառիկ կառոյցի շինարարութիւնը աւարտած է 1001-ին, Գագիկ Ա․ Բագրատունի Հայոց թագաւորի կնոջ ձեռամբ՝ Քաթրանիտէ թագուհիին։ Տաճարի գմբէթին վրայ զետեղուած է մարդահասակ արծաթեայ խաչ մը, իսկ Սմբատ Բ. թագաւորը Հնդկաստանէն բերել տուած է բիւրեղեայ հսկայ ջահ մը։ «Հայոց Աստուածասէր» Քաթրանիտէ թագուհին, որ Սիւնեաց Վասակ Ա. թագաւորին դուստրն էր, Անիի Մայր Տաճարը, պերճ շինութիւններով զարդարելու համար, չէ՛ խնայած նոյնիսկ իր հարսանեկան օժիտը (Հ․ Խաչատրեան «Հայոց թագուհիներ»)։ Ներկայիս Մայր տաճարը անբնակ եւ աւերակ վիճակի մէջ է։ Առասպելը կը պատմէ, որ Քաթրանիտէ թագուհիին երազին մէջ յայտնուած հրեշտակը յանձնարարած է հովանաւորել տաճարին կառուցումը: Հրեշտակը թագուհիին կը խոստանայ, որ կառոյցին շինարարութեան ընթացքին չի լքեր եւ եկեղեցին կը պահէ, մինչեւ որ արաբները տեսնեն Քրիստոսի գալուստը[5]:

Ս. Փրկիչ եկեղեցի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անիի Ս. Փրկիչ եկեղեցին

1035-ին այս մեծ եկեղեցին ստացած է իր ամբողջական տեսքը։ Եկեղեցւոյ պատերուն երկար եւ նրբագեղ արձանագրութիւնները շատ բան կը պատմէին ժամանակաշրջանի մասին։ Արձանագրութիւնը կը նշէր, որ Պահլաւունի իշխանը այս եկեղեցին կառուցած է Ս. խաչի մասունքները պահպանելու համար։ Այս սրբազան մասունքը ձեռք բերած էր Կոստանդնուպոլիսէն։ Միւս արձանագրութիւնները կը պատմեն 1193-ին վերականգնման մասին։ Ներկայիս եկեղեցին փլուզման եզրին կը գտնուի եւ միայն երկաթէ սիւներով ամրացուած կը մնայ։ եթէ փլուզումը կանխարգիլող միջոցներ չձեռնարկեն, այս շինութիւնը քանի մը տարիէն կանգուն չի մնար։ 1912-ին ռուս հնագէտները արեւելեան ճակատի քարերուն մեծ մասը վերականգնած են, սակայն 1975-ին եկեղեցւոյ արեւելեան կէսը փոթորիկի մը ընթացքին փլած է։ Եկեղեցւոյ մնացած մասը 1989-ին երկրաշարժի ատեն ցնցուած է, եւ այսօր ամբողջութեամբ փլելու վտանգի եզրին է։ Պատմաբաններ Անիի կարեւորութիւնը` իբրեւ մոռցուած միջնադարեան արժէքի, շատոնց շեշտած են եւ ատոր շնորհիւ Անի այժմ ներառուած է ԻՒՆԵՍՔՈ-յի Աշխարհի ժառանգութիւն կայքի փորձարական ցանկին[6]:

Անիի Աշոտեան պարիսպները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

961-ին հայոց Բագրատունի թագաւորներէն Աշոտ Գ. Հայաստանի մայրաքաղաքը Կարսէն կը տեղափոխէ Անի։ Մօտաւորապէս 964-ին ան Անիի նեղ հատուածին վրայ կառուցել կու տայ իր նոր քաղաքին պարիսպները՝ միջնաբերդէն վար, դէպի հիւսիս։ Անին այնքան արագ աճած է, որ հետագային դէպի հիւսիս երկարող պաշտպանական կառոյցներու երկար շարքի՝ Սմբատեան պարիսպներու կառուցումը աւարտին հասցնելու համար մէկ սերունդէն աւելի ժամանակ անհրաժեշտ եղած է։ Հետագային Աշոտեան պարիսպները, ի վերջոյ, դուրս եկած են գործածութենէն եւ աւերակներու վերածուած են։ Աշոտեան պարիսպներն ունեցած են վեց կամ եօթ կիսաշրջանաձեւ աշտարակներ։ Կ'ենթադրուի, որ իւրաքանչիւր աշտարակի ներսը մատուռ մը եղած է, իսկ անոնց միջեւ դարպաս եղած է։

Նիկողայոս Մառ Աշոտեան պարիսպներն ուսումնասիրած է 1893-ին։ Պեղումները բացայայտած են, որ աւելի ուշ շրջանին տուները կառուցուած էին աշտարակներու կողքին։ Մառ կ՛ենթադրէր, որ այդ տուներու մէջ ապրած են Անիի ամէնէն աղքատ բնակիչները, քանի որ այդ աւերակներուն մէջ չէր գտած արուեստի գործի որեւէ հետք, վաճառականութեան կամ առեւտրային գործունէութիւն։ 1910-ին Մառ Աշոտեան պարիսպներուն ներսը ինկած հատուածը կ՛անուանէ «ներքին քաղաք» կամ «հին քաղաք», իսկ Աշոտեան պարիսպներու ու Սմբատեան նոր պարիսպներու միջեւ գտնուող հատուածը՝ «նոր քաղաք»։

Անիի Թաղամասերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անի խիտ բնակչութիւն ունեցող քաղաք էր: Մայրաքաղաքին բաղկացուցիչ մասերն էին արուարձանները. ամէնէն աւելի ընդարձակ էին հիւսիս-արեւելեան արուարձանները: Անի ունէր մօտաւորապէս 25-էն 30 քառ. քիլոմեթր տարածութիւն, որուն մեծագոյն մասը կը գրաւէին արուարձանները` Արտաքին պարիսպէն դուրս տարածուող թաղամասերը` Ախուրեանի ձորը եւ Ծաղկոցաձորի, Գլիձորի, Իգաձորի եւ հիւսիս-արեւելեան սարահարթին վրայ գտնուող շրջանները:

Տիգրան Հոնենցի (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ) եկեղեցի

Միջնաբերդը, որ գոյութիւն ունէր հին ժամանակներէն, կը գտնուէր մայրաքաղաքին հարաւ-արեւմտեան կողմը: Միջնաբերդին եւ Աշոտեան կամ Ներքին պարիսպին միջեւ տարածուած էր Հին քաղաքը, իսկ Հին քաղաքէն մինչեւ Սմբատեան կամ Արտաքին պարիսպ տարածուող գօտին կ՛ընդգրկէր Նոր քաղաքը: Հին եւ Նոր քաղաքը միասին կը կազմէին բուն քաղաքը կամ Շահաստանը: Արտաքին պարիսպէն դուրս տարածուած էին արուարձանները, որոնք կազմուած էին առանձին թաղամասերէ: Միջնաբերդը ունէր 2,7 հեկտար տարածութիւն, Հին քաղաքը ունէր հիւսիսէն հարաւ 400 մեթր երկարութիւն եւ արեւելքէն արեւմուտք 120-էն 150 մ. լայնութիւն, մօտաւորապէս 6,5 հեկտար տարածութիւն, իսկ Նոր քաղաքը ունէր մօտաւորապէս 42 հեկտար տարածութիւն: Նոր քաղաքի բաղկացուցիչ մասերը կը նկատուէին նաեւ Ծաղկոցաձորը եւ Ախուրեանի կիրճին մէկ մասը, որ պարսպապատ բուն քաղաքին հետ ունէր 150-էն 170 հեկտար տարածութիւն: Արուարձանները կ՛ընդգրկէին Հիւսիսային, Հարաւային, Քարանձաւային եւ Ստորերկրեայ Անին: Միջնաբերդը, քաղաքի հարաւ-արեւմտեան բլուրին վրայ, բուն քաղաքէն 80-էն 100 մեթր բարձր, քաղաքէն բաժնուած էր հաստ պարիսպներով եւ Բագրատունիներուն աթոռանիստն էր։ Հոն կը գտնուէին թագաւորական պալատը, զինանոցը, գանձարանը, ամբարանոցը եւ բերդապահ զինուորներու, պալատական պաշտօնեաներու ու հոգեւորականներու բնակարաններ, պալատական եւ ուրիշ վեց եկեղեցիներ, արքայական գրադարանը եւ թագաւորական գերեզմանոցը: Միջնաբերդը ունէր իր բաղնիքը եւ ջրմուղը: Արքունիքի բլուրը ամբողջ ծառաստաններով ու ծաղկանոցներով ծածկուած էր: Բուն քաղաքին մէջ կը գտնուէին ճարտարապետական յուշարձաններուն մեծագոյն մասը` Մայր եկեղեցին, Գագկաշէն եկեղեցին, Առաքելոց եկեղեցին, Ս. Խաչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ հիւրանոցներ, բաղնիքներ, իշխանական ապարանքներ եւայլն: Հոն կեդրոնացած էր քաղաքին տնտեսական ու մշակութային կեանքը: Ամէնէն ընդարձակ եւ բազմամարդ Հիւսիսային արուարձանը մասամբ երկրագործական գօտի էր եւ շնորհիւ հոնկէ անցնող վտակին պարգեւած առատ ջուրերուն, ծառաստաններով ու մրգաստաններով ծածկուած էր: Հարաւի արուարձանը կը տարածուէր Միջնաբերդին եւ Աղջկաբերդին դիմացը, Ախուրեան գետի ձախ ափի երկայնքին, եւ Միջնաբերդին ու քաղաքին հետ կապուած էր կամուրջներով: Քարանձաւային կամ Այրային Անին կ՛ընդգրկէր մայրաքաղաքը երեք կողմէն շրջափակող ձորերու կողերուն տարածուող եւ քարանձաւ-տուներէ կամ քարտուներէ բաղկացած գօտին: Ամէնէն աւելի մեծ թիւով քարայրները կը գտնուէին Ծաղկոցաձորի կողերուն, ինչպէս նաեւ Իգաձորի, Գլիձորի եւ Ախուրեանի աջակողմեան կողերուն: Բնակելի քարայրներուն մեծ մասը մէկ սենեակէ բաղկացած բնակարաններ էին, որոնք իրենց պատերուն ունէին որմնախորշեր: Կային նաեւ քարանձաւային եկեղեցիներ: Քարանձաւներուն միջեւ կային անցքեր, աստիճաններ, նեղ փողոցներ, ինչպէս նաեւ գաղտնի անցքեր: Ստորերկրեայ Անին բաղկացած էր ստորգետնեայ երկար, նեղ եւ ոլորապտոյտ անցքէ մը եւ անոր վրայ փորուած երկու ընդարձակ սրահներէ, ռազմագիտական կարեւոր նշանակութիւն ունէր եւ կապուած էր Կարսի եւ այլ քաղաքներու հետ: Գաղտնուղիին գլխաւոր մուտքը հաւանաբար կը գտնուէր Ծաղկոցաձորի մէջ, Արտաքին պարիսպին մօտ: Անիի անմիջական շրջակայքը կը գտնուէին Հոռոմոսի վանքը, Բագնայրը եւ փոքր թաղամասեր` Ձորք, Իգաձոր, Բովաձոր, Կարմնջի ձոր, Աբէլի ակն եւ Ապրունց ձոր:

Թագաւորական Պալատը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թագաւորական պալատին ընդհանուր մակերեսը 3500-4000 քմ. է։ Պալատին սրահներուն պատերը զարդարուած էին որմնանկարներով։ Կը գործէր եօթ սրահներէ բաղկացած պալատական բաղնիք՝ պաղ ու տաք ջուրի աւազաններով, խողովակաշարի միջոցով օգտագործուած ջուրի հեռացմամբ։

Մայրաքաղաք հռչակուելէն ետք բաղնիքը կը զարդարուի բազմաթիւ տուֆակերտ գեղեցիկ կոթողներով, որոնցմէ շատերը ունին համաշխարհային արժէք։

Բագրատունեաց թագաւորութեան Անկումը եւ Անին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1053-ին վերջ կը գտնէ Բագրատունեաց թագաւորութիւնը։ Թշնամիներու յարձակումները, առեւտրական ճանապարհներու փոփոխութիւնը, յաճախակի երկրաշարժները Անիի կործանման պատճառ կը դառնան։
  • Մինչեւ ԺԱ. դարու սկիզբը Միջին Ասիա խաշնարած ու վրանաբնակ կեանք վարող Սելճուքներ, նոյն դարու 30–ական թուականներուն, իրենց կ'ենթարկեն ամբողջ Պարսկաստանը, հիմք դնելով սելճուքեան պետութեան. 1049–ին Սելճուքները Բիւզանդացիներուն կը յաղթեն. երրորդ արշաւանքի ընթացքին, Ալփ–Ասլանի (1063-1072) գլխաւորած բանակը, 1064–ին, մեծ թիւով զոհեր տալով, Անին կը գրաւէ:

Անի Զաքարեաններու շրջանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրաստանի թշնամիներուն դէմ իրենց տարած յաղթանակներով վրացական բանակին ու արքունիքին մէջ արագօրէն բարձրացող Արծրունիներու տոհմէն Զաքարեան իշխանները 1199–ին կ'ազատագրեն Անին: Անին կ'ըլլայ իրենց իշխանութեան մայրաքաղաքը: Քաղաքը կը սկսի դարձեալ ծաղկիլ: Կը կառուցուին դղեակներ, կը հիմնուին արհեստանոցներ, առեւտրականութիւնը կը յառաջանայ: Անի նստող Զաքարեան իշխանը կը կոչուի «շահնշահ», «թագաւոր» եւ վրաց Բագրատունիներու արքունիքին մէջ թագաւորէն յետոյ ամենաբարձր անձը կը նկատուի: Պատմիչներ այս իշխանութիւնը կը կոչեն «պետութիւն», «պետական իշխանութիւն», «թագաւորութիւն», «աշխարհակալ տէրութիւն»:

Հայկական Աստուածամայր։ Անիի գլխաւոր սրբապատկերը, զոր անեցիները տեղափոխած են Ղրիմ՝ մոնկոլ-թաթարներու նուաճումներէն ետք։ Այժմ կը պահուի Քիեւի մշակոյթի ազգային թանգարանին մէջ

Անին Մոնկոլ-թաթարներու շրջանին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

236–ին մոնկոլ-թաթարները քաղաքը կը գրաւեն, կը թալանեն, բնակչութիւնը սուրէ կ'անցընեն, անեցիներու 1249–ի եւ 1260-ի ապստամբութիւնը անյաջող կ'անցնի, Մոնկոլներու տիրապետութեան շրջանին ալ Զաքարեանները կը շարունակեն իրենց իշխանութիւնը: Մոնկոլներու եւ թրքական ցեղերու տիրապետութեան տակ, բարձր տուրքերու եւ աննպաստ քաղաքականութեան հետեւանքով, Անին անկում կը կրէ եւ անեցիներ կը սկսին գաղթել:

  • Առաւել մեծ հարուած կը դառնան 1319-ի երկրաշարժը եւ Լենկթեմուրի արշաւանքները, որոնք կործանարար կ'ըլլան Անիի համար։ Անին կը սկսի աստիճանաբար ամայանալ: Անեցիներ կը սկսին գաղթել՝ Վրաստան, Վասպուրական, Կիլիկիա, Համշէն, Ղրիմ, Ղրիմէն ալ Կ. Պոլիս, Լեհաստան, Հունգարիա:
  • Անիի մէջ կտրուած դրամները, յիշատակարաններու գրութիւնները ցոյց կուտան, թէ մինչեւ ԺԵ. դարու սկիզբը քաղաքը տակաւին բոլորովին չէր ամայացած. ԺԶ. դարուն Անին արդէն դարձած էր պզտիկ գիւղ:
  • ԺԷ. դարու սկիզբը ան անմարդաբնակ էր եւ քանդուած։ Անիի հայերուն մեծ մասը կը գաղթէ Լեհաստան եւ Ղրիմ։
  • 1877-78–ի ռուս-թրքական պատերազմի վերջաւորութեան Անի կ'անցնի Ռուս-Ցարական Կայսրութեան ձեռքը եւ մաս կը կազմէ Կարսի մարզին:
  • 1920–ի աշնան թուրքերը կը գրաւեն Անին եւ 16 Մարտ 1921–ին Մոսկուա ստորագրուած ռուս-թրքական դաշնագիրով Անին պաշտօնապէս կ'անցնի Թուրքիոյ:

Քաղաքին աւերակները ներկայիս կը գտնուին Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական Կարս նահանգի` հայ-թրքական սահմանին մօտ, Գիւմրիէն 30 քմ. հարաւ-արեւմուտք:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. archINFORM — 1994.
  2. Dubin, Marc; Gawthrop, John; Richardson, Terry. The Rough Guide to Turkey. — 5th.. — New York: Rough Guides, 2003. — P. 831. — ISBN 9781843530718.
  3. Norwich John Julius (1991)։ Byzantium։ The Apogee։ New York: Viking։ էջեր 342–343։ ISBN 978-0-394-53779-5 
  4. Lordkipanidze Mariam (1987)։ Georgia in the XI-XII Centuries։ Tbilisi: Genatleba։ էջ 150 
  5. Անիի Աւերակները
  6. Անին ներառուած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ[permanent dead link]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]