Jump to content

Գուգարք

Գուգարք, Մեծ Հայքի տասներրորդ նահանգը։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գուգարքը կազմուած էր հետեւեալ 13 գաւառներէն.

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոյն պատմիչները կը յիշատակեն Գոգարեն՝ անուանաձեւով։ Ունի հեթանոսական ծագում։ Արեւելքէն սահմանակից եղած է Ուտիքին, հարաւէն՝ Այրարատին, արեւմուտքէն՝ Տայք նահանգներուն, հիւսիսէն՝ Վիրքին։ Գուգարքը Ք․Ա․ VIII դ․ մտած է Ուրարտական, Ք․Ա․ IV-II դդ․՝ Երուանդունիներու հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Արտաշէսեան եւ Արշակունի թագաւորներու ժամանակ, Գուգարքը Մեծ Հայքի չորս սահմանապահ բդեշխութիւններէն մէկն էր։ 387–ին Բիւզանդիոյ եւ Իրանի միջեւ Մեծ Հայքի բաժանմամբ՝ Գուգարքը, բացառութեամբ Տաշիր գաւառի, միացուեցաւ Վիրքին։

652–ի հայ–արաբական համաձայնագրով Թէոդորոս Ռշտունին վերամիաւորած է նաեւ Գուգարքը։ VIII դ․ Գուգարքի արեւմտեան գաւառները մտած են Տփղիսի (Թիֆլիս) արաբական ամիրայութեան, IX դ․ կէսէն՝ վրաց Բագրատունիների տիրոյթներուն մեջ, իսկ արեւելեան գավառները՝ հայ Բագրատունիներու։ 969-970–ին արեւելեան Գուգարքի՝ Հայոց թագաւոր Աշոտ Գ․ Ողորմածի որդի Գուրգէնը, հիմնած է թագաւորութիւն՝ Շամշուլտէ կեդրոնով։ 1065–ին այս թագաւորութեան կեդրոնը տեղափոխուած է Լոռի բերդաքաղաքը, որու հետեւանքով կոչուած է նաեւ Լոռիի թագաւորութիււն։ XI դ․ վերջին եւ XII դ․ սկիզբը, Լոռիի թագաւորութեան տիրած են սելճուք նուաճողները։ Իսկ 1118 - 1123–ին զայն սելճուքներէն գրաւած է՝ Դաւիթ Շինարար թագաւորը եւ տուած՝ վրաց Օրբելիներուն։ Ճնշելով Օրբելիներու խռովութիւնը 1177–ին՝ վրաց Գէորգի III թագաւորը Լոռի բերդաքաղաքը յանձնած է ղփչաղներուն, իսկ 1185–էն՝ Զաքարեաններուն։ XII-XIII դդ․ Գուգարքի մէջ կալուածներ ունեցած են նաեւ Մամիկոնեանները եւ Արծրունիները։ Կիւրիկեաններու եւ Զաքարեաններու օրօք, արեւելեան Գուգարքը եղած է հայ մշակոյթի ու գիտութեան կեդրոն։ Զարգացած էր գորգագործութիւնը, փայտամշակութիւնը, մետաղագործութիւնը։ Արեւելեան Գուգարքի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած են միջնադարեան ականաւոր գիտնականներ՝ Յովհաննէս Սարկաւագը, Գրիգոր Տուտեորդին եւ Մխիթար Գոշը։

Մոնկոլներու նուաճումներէն յետոյ, Զաքարեաններու տիրոյթ արեւելեան Գուգարքը, մտած է Կիւրճիստանի վիլայէթի մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Gugark, 2024-08-01, https://en.wikipedia.org/wiki/Gugark, վերցված է 2024-10-15