Jump to content

Ճատրակ

Ճատրակ, երկու խաղացողի համար նախատեսուած սեղանի խաղ, զոր կը խաղան յաջորդաբար բաց եւ մութ գոյնի 64 դաշտ ունեցող (8 x 8 վանդակ) քառակուսի խաղատախտակի մը վրայ։

Աշխարհի ամէնէն տարածուած խաղերէն մէկն է․ միլիոնաւոր մարդիկ ճատրակ կը խաղան տան մէջ, հանրային վայրերու եւ ակումբներու մէջ, համակարգիչներով եւ առցանց։

Ճատրակի խաղին սկիզբը խաղացողներէն իւրաքանչիւրը կ'ունենայ 16 խաղաքար՝ մէկ արքայ, մէկ թագուհի, երկու նաւակ, երկու ձի, երկու փիղ եւ ութ զինուոր[1]։

Ճատրակին անունը եկած է արաբերէն եւ պարսկերէն լեզուներէն: Պարսկերէն շահ կը նշանակէ թագաւոր, իսկ «ալ շայխ մեթ»` «ծերունին մեռաւ»` արաբերէնով: Մօտաւորապէս հազար տարիներու ընթացքին է, որ այս շատ հին խաղը զարգացած է եւ ստացած այժմէական իր կերպարանքը եւ օրէնքները:

Սիսա անունով պրահման մը ճատրակի խաղը հնարած է Հնդկաստանի մէջ, Զ. դարուն եւ զայն նուիրած է նոր թագադրուած երիտասարդ թագաւորին: Խաղին ամէնէն կարեւոր կտորը թագաւորն էր. սակայն այս վերջինը ոչինչ կրնար ընել` առանց միւս կտորներու օգնութեան: Ճատրակի խաղին միջոցով երիտասարդ թագաւորը կը հասկնայ, որ ինք ոչինչ էր` առանց իր ժողովուրդին եւ ամէն ինչ կ'ընէ, որպէսզի իր հետեւորդներուն կեանքը բարելաւուի:

1886, Աժիպ Սքանչելին
Զուիցերիոյ մէջ

Ապա ան կը կանչէ Պրահմանը եւ հարց կու տայ անոր, թէ ինչպէ՛ս կրնար զայն վարձատրել: «Ոչինչ»ով կը պատասխանէ Սիսա: Թագաւորը կը պնդէ եւ Սիսա վերջապէս կ'ըսէ. «Այս պարագային, խաղին առաջին քառակուսիին մէջ կը դնես ցորենի հատիկ մը, ապա երկու` երկրորդին մէջ, չորս` երրորդին մէջ եւ այս ձեւով կը շարունակես իւրաքանչիւր քառակուսիի մէջ` կրկնապատկելով հատիկներու թիւը»:

Թագաւորը կը խռովի այս պատասխանը լսելով` ենթադրելով, որ իմաստունը կը մերժէր իր վարձատրութիւնը. ան իր գանձապահին կը հրամայէ որ յաջորդ օրը ցորենի տոպրակը տայ պրահմանին: Սակայն իրիկունը շփոթած գանձապահը կը վերադառնայ թագաւորին մօտ` ըսելով, որ անկարելի էր այդ քանակով ցորեն գտնել, որովհետեւ իրենք պէտք պիտի ունենային 18 միլիառ հատիկի: Աշխարհի ամբողջ ցորենէն աւելի[2]:

Երիտասարդ թագաւորը խոնարհութեան երկրորդ դաս մը կը ստանայ իմաստունէն:

64 ճերմակ եւ սեւ քառակուսիներով տախտակի մը վրան շարուած են նոյն գոյնով թագաւոր մը, թագուհի մը, երկու աշտարակ, երկու խենթ, երկու ձիաւոր եւ ութը քար: Անոնց շարժումները նշուած են խումբ մը շատ ճշգրիտ օրէնքներով. խաղին նպատակն է պարտութեան մատնել թշնամին` բռնելով անոր թագաւորը, այսինքն «մեթ» ընելով: Յաղթելու համար, պէտք է նախատեսել թշնամիին բոլոր շարժումները եւ հաւանականութեան ո՛չ մէկ առիթ ձգել:

Ցամաքամասերուն Ընդմէջէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճատրակի խաղի նախահայրը կը կոչուի «շաթուրանկա»:

Իրարու դէմ կը խաղայ չորս հոգի, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի մէկ թագաւորէ, չորս քարերէ, հրասայլէ մը, ձիաւորէ մը եւ փիղէ մը կազմուած բանակ մը: Զանոնք տեղափոխելու համար, խաղացողները զառեր կը նետեն. հետեւաբար պատահականութիւնն ալ իր տեղը ունի խաղին մէջ:

Երկար պատմութեան ընթացքին ճատրակը կը ստանայ ներկայիս ունեցած իր կերպարանքը: Զառերը շատ արագ խաղէն կ'անհետանան, եւ խաղացողներուն թիւը կը նուազի երկուքի: Հնդկաստանէն ճատրակը նախ կ'անցնի Չինաստան, ապա Պարսկաստան: Երբ արաբները Պարսկաստանը կը նուաճեն Է. դարուն, անոնք ալ այս խաղը կ'որդեգրեն:

Թ. դարուն Հարուն ալ Ռաշիտ խալիֆան կը կազմակերպէ ճատրակ խաղացողներու առաջին մրցաշարքը Պաղտատի մէջ. եւ անոր թագաւորութեան ընթացքին է, որ կը ներկայացուին ճատրակի խաղին մասին առաջին գրութիւնները:

Ապա, մօտաւորապէս Ժ. դարուն, արաբները այս խաղը կը տարածեն Եւրոպայի մէջ, ուր նուազ քան մէկ դար ժամանակամիջոցին ան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ հարուստ իշխաններուն, միջնադարեան ընկերութեան բոլոր դասակարգերուն մէջ, թէ՛ այր մարդոց, թէ՛ ալ կիներուն մօտ:

Միջին դարերու աւարտին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջին դարերուն վերջաւորութեան, խաղի տախտակը երկու գոյն կը դառնայ, բաց եւ մութ գոյներով տուփիկներով (մինչ այդ միայն պարապ քառակուսիներ գծուած էին): Անոր քարերը այլեւս բանակ մը չեն ներկայացներ, այլ իշխանական աշխարհի միջավայրը: Թագուհին կը յայտնուի եւ կ'առնէ պարսկական եւ արաբական խաղերուն վեզիրին տեղը: Աշտարակը հնդկական հրասայլին ժառանգորդն է, իսկ խենթը` փիղին:

Ճատրակը յաճախ կը խաղցուէր դրամի համար: Հետզհետէ նոր օրէնքներ կը դրուին, որպէսզի քարերը աւելի արագօրէն շարժին, եւ մրցաշարքեր կը սկսին կազմակերպուիլ:

Եւրոպայի մէջ առաջին մրցաշարքը կը կազմակերպուի 1575-ին:

Ճատրակը` Ներկայիս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճատրակի արդի խաղը իր վերջնական ձեւը կը գտնէ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան, Ի. դարու սկիզբին:

1924 -ին կը ստեղծուի ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնը:

Երբ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք կը սկսի Պաղ պատերազմը` Միացեալ Նահանգներուն եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ, ճատրակը կը դառնայ միջոց մը երկու հզօր պետութիւններուն համար իրարու դէմ կռուելու` իրենց ախոյեաններուն միջոցով:

Համացանցին շնորհիւ, կարելի է ճատրակ խաղալ աշխարհին միւս կողմը գտնուող խաղացողի մը հետ, կամ խաղալ պարզապէս համակարգիչին դէմ, որ պատրաստուած է վերլուծելու բոլոր հաւանականութիւնները շատ կարճ միջոցի մէջ:

Դարերու ընթացքին ճատրակը առիթ մըն է ոսկերիչներուն եւ ազնիւ փայտի կահագործներուն շքեղ ճատրակի խաղեր արտադրելու, օրինակի համար` Սէն Լուի թագաւորին ճատրակի խաղասեղան:

Ի. դարուն, Մարքս Էրնսթ արուեստագէտը Միւրանոյի մէջ կը ստեղծէ վենետիկեան ապակիէ 5 մեթր կողմերով հսկայական ճատրակի տախտակ մը: Անոր 32 քարերէն իւրաքանչիւրը կը կշռէր քանի մը քիլօ:

Ճատրակը Հայաստանի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստան ճատրակի երկիր է:

Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի ճատրակին, որ նաեւ կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ:

Միջազգային ախոյեաններ են՝ Տիգրան Պետրոսեանը, Ռաֆայէլ Վահանեանը, Սմբատ Լպուտեանը, Արշակ Պետրոսեանը, Վլատիմիր Յակոբեանը, Արտաշէս Մինասեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը եւ Լեւոն Արոնեանը, որոնք իրենց մասին խօսիլ տուած են ամբողջ աշխարհի տարածքին:

Աշխարհի կրկնակի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի անունով ճատրակի մրցաշարք կը կազմակերպուի Հայաստանի մէջ, ուր նաեւ կան իր յուշարձանները եւ իր անունով փողոցներ:

2012-ին Երեւանի Մաշտոց պողոտայի մայթին վրայ` Օփերայի շէնքին դիմաց, նստարանի մը ետեւը կը տեղադրուի նշանաւոր ախոյեանին` Տիգրան Պետրոսեանի արձանը: Նստարանին վրայ կը դրուին խաղաքարերը, որպէսզի ուզողը նստի եւ խաղայ:

Հետաքրքրական է նաեւ Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին դիմաց գտնուող, Ազնաւուրի անունը կրող հրապարակին վրայ 2013-ին տեղադրուած մեծ ճատրակի հարթակը եւ մօտաւորապէս մարդու հասակ ունեցող ճատրակի քարերու զետեղումը: Այս ճատրակը միայն զարդարանքի համար չէ, այլ եթէ մէկը փափաքի կրնայ ելլել հարթակին վրայ, որ 30 քիլոմեթր մակերես ունի, եւ ճատրակ խաղալ:

Ճատրակ խաղալու դրական ազդեցութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ այն ուսանողները, որոնք ճատրակ կը խաղան, աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք կը բերեն գիտութեան եւ ուսողութեան մէջ, նաեւ կ'ըլլան աւելի վերլուծող, կարգապահ եւ համբերատար:[3]

Ճատրակը.

  • կ'օգնէ խնդիրներ լուծելու:
  • կը սորվեցնէ կեդրոնացում եւ համբերութիւն:
  • կը զարգացնէ երեխային ինքնավստահութիւնը:
  • կ'օգնէ երեխային ուղեղի աճին եւ զարգացման:
  • կը բարձրացնէ երեխային ստեղծագործական ունակութիւնները:
  • կը սորվեցնէ ծրագրաւորում եւ հեռատեսութիւն:
  • կը բարելաւէ երեխային յիշողութիւնը:
  • կը հաւասարակշռէ երեխային յուզական աշխարհը:

Հետաքրքրական տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ճատրակի խաղը Ճափոն կը հասնի ԺԱ. դարուն: Ան հոն կը կոչուի «շոժի», եւ կը խաղցուի 40 տափակ քարերով:
  • Փիղը («Ալ Ֆիլ» արաբական եւ պարսկական ճատրակին մէջ) կը ներկայացուէր անոր կռնակին վրայ երկու անձերով: Անոր վրայի երկու սուր ծայրերը եւրոպացիները կը նմանցնեն խենթին գլխարկին:
  • Թագաւորը ճատրակի խաղին միակ քարն է, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է դարերու ընթացքին:





Թագաւորը ճատրակի խաղին միակ քարն է, որ ոչ մէկ փոփոխութիւն կրած է դարերու ընթացքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]