Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարան

Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարան
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Երեւան եւ Կեդրոն
Հասցէ Երևան, Արամի փողոց 10010
Հիմնադրուած է Հոկտեմբեր 1921
Հիմնադիր Երուանդ Շահազիզ
Տնօրէն Վահագն Սարգսյան?
40°10′44″N 44°30′52″E / 40.1789°N 44.5144°E / 40.1789; 44.5144
Կայքէջ gatmuseum.am
Քարտէս
Քարտէս

Եղիշէ Չարենցի Անուան Գրականութեան Եւ Արուեստի Թանգարան, թանգարան Երեւանի մէջ, որ կ'ընդգրկէ հայ գրականութեան, թատրոնի, երաժշտութեան եւ ֆիլմարուեստի գործիչներու, ինչպէս նաեւ մշակութային հիմնարկներու, կազմակերպութիւններու, կրթական գիտական հաստատութիւններու ու խմբագրութիւններու թանգարանային ցուցանմուշներ։

Ստեղծման պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1921 թուականին Հայաստանի Լուսաւորութեան ժողովրդական կոմիսարիատին կից Երեւանի մէջ կը ստեղծուի Պետական մշակութապատմական թանգարանի պատմական բաժինը, որ 1922 թուականէն սկսեալ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ բանասէր, պատմաբան Երուանդ Շահազիզի ղեկավարութեամբ։ 16 Մայիս 1935-ին Պետական մշակութապատմական թանգարանը կ'առանձնանայ իբրեւ գիտական առանձին հաստատութիւն՝ Պետական Գրական Թանգարան անունով։ Տնօրէն կը դառնայ Խորէն Սարգսեանը։ 21 Յուլիս 1942-էն սկսեալ Գրական թանգարանը դուրս կու գայ լուսժողկոմատի ենթակայութենէն եւ կ'ընդգրկուի Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիայի հայկական ֆիլիալի, ապա Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի կազմին մէջ, իբրեւ լեզուի եւ գրականութեան ինստիտուտի, ապա կը վերածուի Գրականութեան Ինստիտուտի առանձին բաժինի։ 1953 թուականի Մայիսէն կ'անցնի ՀԽՍՀ Մշակոյթի նախարարութեան իրաւասութեան տակ՝ իբրեւ Հայաստանի Պետական պատմական թանգարանի առանձին բաժին մը։

  • 1934 թուականին Երեւանի կոնսերուատորիայի երաժշտական շարք մը ֆոնտերի ընդգրկմամբ կը բացուի Ռոմանոս Մելիքեանի սրահը։
  • 1935 թուականին թատերագէտ Սարգիս Մելիքսեթեանի ջանքերով կը հիմնուի Երեւանի թատերական թանգարանը։
  • 1954 թուականին այս երեք կազմակերպութիւնները կը միանան եւ կը կազմեն մէկ՝ Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, որ մինչեւ 1963 թուականը կը գործէ Խորհրդային Հայաստանի Գիտություններու ակադեմիայի, իսկ յետոյ՝ Մշակոյթի նախարարութեան իրաւասութեան տակ։ 1977 թուականին թանգարանը կը համալրուի ֆիլմարուեստին վերաբերող նիւթերով։ 1967 թուականէն սկսեալ թանգարանը կը կոչուի Եղիշէ Չարենցի անունով։[2]

Մշտական ցուցադրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանին ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է 5 ցուցասրահներով (ընդհանուր մակերեսը 300 ք.մ).

  • առաջին երկու սրահները կը ներկայացնեն հայ գրականութիւնը
  • երրորդը՝ թատերարուեստը
  • չորրորդը՝ ֆիլմարուեստը
  • հինգերորդը՝ երաժշտութիւնը

Ժամանակային ընդգրկուածութիւնը կը կազմէ 300 տարի՝ Սայեաթ-Նովայէն (18-րդ դար) մինչեւ 20-րդ դարու վերջը։ Ցուցադրուած նիւթերը կը պատմեն ոչ միայն գրականութեան եւ արուեստի հարիւրաւոր գործիչներու, այլեւ հայ իրականութեան մէջ նշանակալի հետք թողած կրթական, գիտական, մշակութային հաստատութիւններու, գրական, երաժշտական, թատերական խումբերու, միութիւններու, նշանաւոր պարբերականներու խմբագրութիւններու մասին։

Ցուցադրուած նիւթերը ունին մեծ բազմազանութիւն՝ գեղարուեստական, գիտական, ազգագրական, մանկավարժական, յուշագրական երկերու ձեռագիրներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, վաւերագրութիւններ, նոթաներ, լուսանկարներ, հրաւիրատոմսեր, ազդագրեր, նուագարաններ, անձնական եւ բեմական զգեստներ, կահոյք, սպասք, յուշանուէրներ, պետական պարգեւներ, շքանշաններ, մետալներ, զէնքեր, շարժապատկերի սարքաւորումներ, հնատիպ գիրքեր, մամուլ, եւ այլն։ Այս բոլորէն զատ, բոլոր հինգ ցուցասրահները հագեցած են ներկայացուած գործիչները պատկերող կամ անոնց ստեղծագործութիւնը հանդիսացող կերպարուեստի գործերով՝ կտաւներով, մատիտանկարներով, ծաղրանկարներով, քանդակներով։

Գրականութեան եւ արուեստի գործիչները հիմնականօրէն ներկայացուած են խումբերով՝ ըստ ժամանակի, դաւանած մշակութային այս կամ այն հոսանքի, ուղղութեան եւ դպրոցի։ Որոշ նշանաւոր գործիչներու յատկացուած են ամբողջական անկիւններ եւ ցուցանմուշներ (Սայեաթ-Նովա, Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Կոմիտաս, Ալեքսանտր Շիրվանզադէ, Պետրոս Ադամեան, Եղիշէ Չարենց եւ այլն)։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. GeoNames — 2005.
  2. Ե. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, Ուղեցոյց, 2009, ISBN 978-99930-60-86-4