Զապէլ Ասատուր

Զապէլ Ասատուր
Ծննդեան անուն Զապէլ Յովհաննէսի Խանճեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Սիպիլ
Ծնած է 23 Յուլիս 1863(1863-07-23)
Ծննդավայր Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 19 Յունիս 1934(1934-06-19) (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Սկիւտարի Ճեմարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծուհի, գրագէտ, հրատարակիչ, մանկավարժ
Անդամութիւն Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութիւն
Ամուսին Հրանդ Ասատուր
Ստորագրութիւն

Զապէլ Ասատուր (Զապէլ Խանճեան, 23 Յուլիս 1863(1863-07-23), Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 19 Յունիս 1934(1934-06-19), Պոլիս, Թուրքիա), հայ գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սկզբնական շրջանին Սիպիլ իր կրթութիւնը ստացած է ֆրանսական վարժարանի մէջ, բայց յետոյ յաճախած է նախ Սուրբ Խաչ դպրոցը, ապա Սկիւտարի ճեմարանը։

Հայրը կը զբաղէր ժամացոյցի առեւտուրով։ Մայրը գիտէր կիթառ նուագել եւ յաճախ բանաստեղծութիւններ կը կարդար զաւակներուն համար. այս իսկ պատճառով Զապէլ Ասատուրի (հօրենական անունով Զապէլ Խանճեան) առաջին ներշնչումի աղբիւրը մայրն է հանդիսացած։ Յետագային, Սիպիլ իր հանգուցեալ մօր ձօնած է «Կիթարդ» քերթուածը։

«Ազգանուէր Հայուհեաց Ընկերութեան» հիմնադիրներէն էր։ Այս ընկերութիւնը գործած է մօտ 22 տարի, նպատակ ունենալով Պոլսոյ եւ գաւառներու մէջ դպրոցներ բանալ աղջիկներու համար։

Սիպիլ 1881-ին կամուսնանայ փաստաբան Կարապետ Տոնելեանին հետ եւ միասին կը մեկնին գաւառները։ Իր առաջին ամուսինին մահէն ետք (1900), երկրորդ ամուսնութեամբ մը ան իր կեանքը կը կապէ գրագէտ Հրանդ Ասատուրի հետ։ Այնուհետետւ ամուսինին աշխատակցութեամբ կը հրատարակէ հայերէն քերականութեան եւ ընթերցանութեան դասագրքերու շարք մը՝ «Թանգարան» անունով։ Այս գիրքերը մեր վարժարաններուն մէջ գործածուած են մօտ քառորդ դար։

Եղած է հայերէն լեզուի արժէքաւոր ուսուցչուհի Պոլսոյ հայ դպրոցներուն մէջ, մասնաւորաբար Եսայեան վարժարան, որ աշխատած է 18 տարի շարունակ։

1928-ին կը կորսնցնէ իր ամուսինը՝ Հրանդ Ասատուր։ 1933-ին կը տօնուի իր գրական եւ մանկավարժական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը, երբ Սիպիլ անկողին մնալու դատապարտուած էր՝ կաթուածի մը հետեւանքով։

Կը մեռնի 1934-ին եւ կը թաղուի Պոլսոյ Շիշլիի գերեզմանատունը։

Զապէլ Ասատուր գրել սկսած է շատ կանուխ, Սկիւտարի ճեմարանը աշակերտած տարիներուն։ Առաջին անգամ Սիպիլ ծածկանունը գործածած է 1890-ին, «Մասիս» շաբաթաթերթի մէկ թիւին մէջ հրատարակած բանաստեղծութեան տակ։ Սիպիլ կը նշանակէ հեթանոսական դարերու աստուածուհի։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Կորտօն հրամանատարը, Կ. Պոլիս, 1890:
  • Աղջկան մը սիրտը, Կ. Պոլիս, 1891, 254 էջ:
  • Ցոլքեր (բանաստեղծութիւններ), Կ. Պոլիս, 1902, 94 էջ:
  • Կնոջ հոգիներ (պատմուածքներ), Կ. Պոլիս, 1925, 194 էջ:
  • Քերթուածներ, Յերեւան, 1935, 132 էջ:
  • Աղջկան մը սիրտը, ա. տ., 1938, 371 էջ:
  • Ամբողջական գործը, Իսթանպուլ, 1939, 240 էջ:
  • Աղջկան մը սիրտը, Պէյրութ, 1949, 211 էջ:
  • Բանաստեղծութիւններ: Ցոլքեր եւ հատուածներ, Վենետիկ, 1955, 98 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1965, 452 էջ:
  • Երկեր, Երեւան, 1977:
  • Ցոլքեր (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 1978, 162 էջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 517. — ISBN 978-2-905686-93-0