Սրբուհի Տիւսաբ
Սրբուհի Տիւսաբ | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Սրբուհի Վահանեան |
Ծնած է | 1840[1][2] |
Ծննդավայր | Օրթաքէօյ |
Մահացած է | 1901[3][2] |
Մահուան վայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրօնք | Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի |
Մասնագիտութիւն | վիպասան, հրապարակախօս, գրագէտ |
Երեխաներ | Էտկար Տիւսաբ |
Սրբուհի Տիւսաբ (Վահանեան, 1840[1][2], Օրթաքէօյ - 1901[3][2], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ գրող, բանաստեղծ։
Սրբուհի Տիւսաբ առաջին հայ կին վիպագիրն էր եւ հայ իգական սեռի ընկերային պայքարին անդրադարձող առաջին հայ գրողը (այր կամ կին):
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Պոլիս, Կաթողիկէ բարեկեցիկ Վահանեան ընտանիքին մէջ։
Պոլսոյ մէջ` Տիւսաբ հասակ առած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու մշակութային զարթօնքի ժամանակաշրջանին, որուն ընթացքին կիներ սկսած են իրենք զիրենք պարտադրել ազգային հասարակական կեանքին մէջ: Այս ռահվիրայ կիներէն մէկն էր Տիւսաբի մայրը` Նազլի Վահանը, որ իգական սեռի կրթութեան ջատագովն էր եւ հայ աղջիկներուն օգնող բարեգործական ու կրթական կազմակերպութիւններու հիմնադիրը:
Աղջիկներու կրթութեան հանդէպ Նազլիի մեծ մտահոգութիւնը զինք կը մղէ իր աղջկան գերազանց կրթութիւն տալու: Սրբուհի իր ուսումը ստացած է նախ տեղական ֆրանսական դպրոցին մէջ` մինչեւ 10 տարեկան, ապա տան մէջ` իր աւագ եղբօր հետ, որ անոր դասաւանդած է ֆրանսերէն, յունարէն, իտալերէն, դասական գրականութիւն, գիտութիւն եւ պատմութիւն:
ԺԹ. դարու կիսուն, Պոլսոյ մէջ աղջիկներու դպրոցներ գոյութիւն չունէին նախակրթարանէն ետք: Երիտասարդ Սրբուհին իր եղբօր միջոցով էր, որ ծանօթացած է ժամանակակից եւրոպացի գրողներուն, մասնաւորաբար`վիպապաշտ գրողներուն, ինչպէս`Վիքթոր Հիւկօ, Լորտ Պայրըն եւ Ճորճ Սանտ, որոնց ստեղծագործութիւնները ազդեցութիւն կ'ունենան իր գործերուն վրայ:
Պատանեկութեան տարիներուն, Տիւսաբ ջերմեռանդ ֆրանսասէր էր, եւ կ'արհամարհէր ամէն բան, որ հայկական է: Բայց 22 տարեկանին ան կը դառնայ նշանաւոր վիպապաշտ բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի աշակերտուհին, որ անոր մէջ կը զարգացնէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան հանդէպ յարատեւ գնահատանքը: Պէշիկթաշլեան առաջինն էր, որ կը ճանչնայ անոր գրական տաղանդը, եւ առաջինն էր, որ կը քաջալերէ Տիւսաբը` գրելու[4]:
Գրելու ձգտում ունեցող Սրբուհի, 1870-ին կ'ամուսնանայ ֆրանսացի երաժիշտ Փոլ Տիւսաբի հետ, որ ամբողջովին կ'աջակցէր իր կնոջ գրական գործունէութեան: Անոնք միասնաբար կը կազմակերպէին հաւաքներ, ուր ֆրանսացի եւ հայ մտաւորականներ կը հանդիպէին քննարկելու համար գրականութիւն եւ օրուան ընկերային խնդիրները: Տիւսաբ նաեւ ներգրաւուած էր Պոլսոյ հայ համայնքի կեանքին մէջ:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրական գործունէութեան սկիզբը, Մ. Պեշիկթաշլեանի ազդեցութեամբ, գրած է գրաբար ու աշխարհաբար ոտանաւորներ, որոնցմէ «Գարունը» 1864-ին տպագրուած է «Բազմավէպին մէջ»։ «Աշխարհաբար հայ լեզուն» (1880) գրքոյկին մէջ կողմնակից է նոր լեզուի պաշտպանութեան։
1879-ին ան կը դառնայ «Դպրոցասիրաց» հայ կիներու միութեան հիմնադիրը եւ ղեկավարը: Միութիւնը հայ կիներ կը պատրաստէր Անատոլուի դպրոցներուն մէջ հայ աղջիկներուն դասաւանդելու համար: Այս կազմակերպութեան մէջ Սրբուհի Տիւսաբի փորձառութիւնները կը ստիպեն իրեն գրել շարք մը յօդուածներ` կիներու իրաւունքներու, մասնաւորապէս կրթութեան, աշխատանքի եւ ընկերային ինքնավարութեան իրաւունքներու մասին: Երեք վէպեր` «Մայտա», «Սիրանուշ» եւ «Արաքսի», կը յաջորդեն այս յօդուածներուն եւ աւելի խորութեամբ կ'ուսումնասիրեն յեղափոխական բնաբանները, զորս ներկայացուցած էին Սրբուհի Տիւսաբին յօդուածները:
Տիւսաբի գեղարուեստական ստեղծագործութեան նախերգանքը 1880-1882 թուականներուն Կ. Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ մամուլին մէջ տպագրուած հրապարակախօսական յօդուածներ են՝ «Կանանց դաստիարակութիւնը», «Քանի մը խօսք կանանց անգործութեան մասին», «Կանանց աշխատութեան սկիզբը», «Հայ ընկերութիւնք», որոնց մէջ ան բողոքած է կանանց կաշկանդուած վիճակին դէմ, խթանած է կրթութեան եւ աշխատանքի իրաւունքի պահանջները։ Այս գաղափարները ցայտուն կերպով արտայայտուած են անոր «Մայտա» (1883) վէպին մէջ։ Գրողը կինը կը համարէ «ողորմելի զոհ», որուն դէմ փակ են «ամէն ազատ շաւիղ», ծաղրած է Ֆրանսական յեղափոխութեան հռչակած «ազատութիւն եւ հաւասարութիւն» սկզբունքները, որոնք «պարզապէս ահագին բառեր են»։ Տիւսաբի կարծիքով կինը կրնայ ազատութիւն նուաճել լուսաւորուելու, նախապաշարումներու դէմ պայքարելու եւ աշխատելու միջոցով։
Իր վէպերուն միջոցով է, որ Տիւսաբ իր յատկանշական հետքը կը ձգէ հայ գրականութեան մէջ եւ կ'ոգեշնչէ հայ կիներու երիտասարդ սերունդը` դառնալ գրող եւ հասարակական գործիչ: Բայց տրուած ըլլալով, որ Տիւսաբի վէպերը կոչ կ'ուղղէին` վերակառուցելու հայ հասարակութիւնը, ուր կիներ լիակատար հաւասարութիւն կ'ունենային բոլոր ասպարէզներուն մէջ, անոնք բացառիկ հակասական կը նկատուէին: Հայ գրական վերնախաւը մեծ մասամբ կը դատապարտէր անոր վէպերը եւ անոր ստեղծագործութիւնը կը դիտէր իբրեւ հայ ընտանիքը ոչնչացնելու ստոր փորձ:
Կը հրատարակէ յաջորդական վէպեր, որոնց գլխաւոր հերոսները կիներ են, եւ որոնց մէջ տիրող գաղափարները կը վերաբերին կնոջ ազատագրման եւ իրաւահաւասարութեան՝ արական սեռին հետ։
Տիւսաբ կը փորձէ փոփոխութիւն ձեւաւորել, մարդոց արթնցնել եւ դիտել տալ, որ իրենց նախապաշարումները, ընկերային ուղղութիւնը, տիպարները եւ աւանդները ալ չեն յարմարիր կանանց իրականութեան, ետեւ կը պահեն զիրենք: Անոնք պէտք է փոխուին, որպէսզի կիներուն կեանքը առաջնորդեն դէպի լաւ: Իր գրութեամբ դրական փոփոխութիւն կը պահանջէ Տիւսաբ:
Տիւսաբի գործերը առիթ եղած են բանավէճերու. կարգ մը գրագէտներ պաշտպանած են իր գաղափարները, ուրիշներ՝ փորձած են այս կամ այն ձեւով զանոնք հերքել։ Յամենայնդէպս, Ս. Տիւսաբ որոշ հմայք եւ ագդեցութիւն գործած է իրեն անմիջապէս հետեւող սերունդին վրայ, մանաւանդ՝ կին գրողներուն։ Ան ունեցած է հրապարակագրական գործունէութիւն։ Գրած է նաեւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ՝ Մ. Պէշիկթաշլեանի յիշատակին նուիրուած քերթուածը ։
Տիւսաբի հայեացքները յուզած են ժամանակի արեւմտահայ հասարակական գործիչները, ինչպէս՝ Ռ. Պէրպէրեան, Գ. Զօհրապ, Յ. Պարոնեան, Գ. Չիլինկիրեան, Մ. Մամուրեան, Ե. Տէմիրճիպաշեան եւ այլք: Գրած է մամուլի մէջ։ Տիւսաբ շարունակած է իր ծաւալած պայքարը, քննադատութիւններուն պատասխանած՝ «Սիրանույշ» (1884) եւ «Արաքսիա կամ Վարժուհին» (1887) վէպերով։ Անոնցմէ առաջինին մէջ ան պաշտպանած է ազատ սիրոյ իրաւունքը, մերժած՝ բռնի ամուսնութիւնը, իսկ երկրորդի պարագային փորձած է հիմնաւորել այն գաղափարը, որ կնոջ ազատագրութեան կարեւոր նախապայմանը աշխատանքն է, որ կրնայ «անկախ վիճակ» ստեղծել իրեն համար։ Անոր երկերով ոգեւորուած են նաեւ Զապէլ Եսայեանն ու Արշակուհի Ճեզվէճեանը, իսկ անոնց գաղափարները հետագային արժանացած են Շիրվանզադէի եւ այլոց ուշադրութեան։
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1891-ին իր աղջկան մահէն ետք Սրբուհի Տիւսաբ ընդհանրապէս կը դադրի գրելէ:
Երբ Տիւսաբ կը մահանայ 1901-ին, ան արդէն մոռցուած էր հայկական հիմնական գրական շրջանակներուն մէջ: Ան մնացած էր միայն Զապէլ Եսայեանի եւ Զապէլ Ասատուրի նման երիտասարդ կին գրողներու միտքերուն մէջ, որոնց ան օգնած էր ձեւաւորելու իրենց գաղափարները:
Երկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մատյա, Կ. Պոլիս, 1883, 252 էջ,
- Սիրանուշ, Կ. Պոլիս, 1884, 408 էջ,
- Արաքսիա կամ վարժուհին, Կ. Պոլիս, 1887, 321 էջ,
- Արաքսիա կամ վարժուհին, Կ. Պոլիս, 1925, 288 էջ,
- Սիրանուշ, Կ. Պոլիս, 1925, 297 էջ,
- Երկեր, Երեւան, 1959, 654 էջ,
- Երկեր, Երեւան, 1981, 550 էջ,
- Սիրանուշ, Երեւան, 2011, 224 էջ:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Find A Grave — 1996.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Faceted Application of Subject Terminology
- ↑ 3,0 3,1 3,2 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ Սրբուհի Տիւսաբ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Դիմաստուերներ», Հրանդ Ասատուր, 1921, էջ 152-168։