Աղեքսանտրիա
Բնակավայր | |||||
---|---|---|---|---|---|
Աղեքսանտրիա | |||||
արաբերէն՝ الإسكندرية | |||||
| |||||
![]() | |||||
Երկիր | Եգիպտոս | ||||
Երկրամաս | Ափրիկէ | ||||
Հիմնադրուած է՝ | Ք․ա․ 331 | ||||
Առաջին յիշատակում | 332 | ||||
Տարածութիւն | 2679 քմ² | ||||
ԲԾՄ | −1 մեթր | ||||
Պաշտօնական լեզու | Արաբերէն | ||||
Բնակչութիւն | 5,280,664 մարդ | ||||
Կը գտնուի ափին | Միջերկրական Ծովուն | ||||
Ժամային գօտի | UTC+2 եւ Արեւելաեւրոպական ժամ | ||||
Հեռախօսային ցուցանիշ | 889 | ||||
Փոստային ցուցանիշ | 21500 | ||||
Անուանուած է | Մեծն Աղեքսանտրի կողմէ | ||||
Հիմնադիր | Մեծն Աղեքսանտր | ||||
Պաշտօնական կայքէջ | alexandria.gov.eg | ||||
Աղեքսանտրիա, երբեմն ալ՝ Աղեքսանդրիա (արաբերէն՝ الإسكندريه), ծովեզերեայ քաղաք՝ Եգիպտոսի հիւսիսը, Միջերկրականի հարաւային ափերուն, Նեղոս գետին տելդային արեւմտեան կողմը։ Կառուցուած է Մարիուդ լիճին Lake Mariout եւ Միջերկրական ծովուն երկարող նեղուցին միջեւ։
Հիմնուած է Ք․ա․ 331 Մեծն Աղեքսանտրին կողմէն։ Ներկայ Եգիպտոսին երկրորդ գլխաւոր քաղաքն է։ Անցեալին եղած է Եգիպտոսի Պտողեմէացիներու թագաւորութեան հզօր մայրաքաղաքը։
Աղեքսանտրիան 5,280,664 բնակչութեամբ[1] Միջերկրականի աւազանին ամէնէն ընդարձակ քաղաքն է, Արաբական աշխարհի՝ 6-րդը, իսկ Ափրիկէի՝ 9-րդը։ Քաղաքը 40 քմ․ երկարութեամբ կ՛երկարի Եգիպտոսի Միջերկրականի ափին։ Զբօսաշրջկութեան ժողովրդային համբաւ վայելող քաղաք է, նաեւ՝ ճարտարարուեստի կեդրոն շնորհիւ Սուէզէն եկող բնական կազի եւ քարիւղի կազամուղիին։
Հին ժամանակներուն, Աղեքսանտրիան Եգիպտոսին գլխաւոր նաւահանգիստն էր եւ մայրաքաղաքը։ Իր աճման շրջանին եղած է հիւսիսային Ափրիկէին ամենամեծ տնտեսական կեդրոնը, աշխարհի մշակոյթի ամենակարեւոր օճախներէն եւ համբաւաւոր իր Գրադարանին եւ Փարոսին համար՝ հին աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը, կառուցուած համանուն կղզիին վրայ։
Քաղաքին հին աւերակները եւ Աղեքսանտրիոյ նոր Գրադարանը, 2003 առաջարկուեցան եւ այժմ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Բաժնի Ցուցական Ցանկին մաս կը կազմեն։[2][3][4]
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հելլենիստական Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան յուն․՝ Ἀλεξάνδρεια (Alexandreia) կը հիմնէ Մեծն Աղեքսանտր, Ք․ա․ 331 թուականին։ Հելլենիստական շրջանին, յունական ամենամեծ քաղաքն է, համաքաղաքացիական բնակչութեամբ։
Մեծն Աղեքսնատրի նպատակն է խճուղի Heptastadion կառուցել, որպէսզի միացնէ Փարոս կղզիակը ցամաքին երկու բնական նաւահանգիստ ունենալու համար եւ այս ձեւով կապել Յունաստանը՝ Նեղոս գետի աւազանին։ Ան կը շարունակէ իր արշաւանքը, ետին ձգելով Քլէոմենիս կառավարիչը հետեւելու քաղաքին կառուցման աշխատանքներուն։ Ճարտարապետն է Ռոտացի Տինոքրադին Dinocrates of Rhodes։
Աղեքսանտրի մահէն ետք, Ք․ա․ 323, անոր զօրավարներէն Պտողեմէոս կը յաջողի Աղեքսանտրի մարմինը յափշտակել եւ Եգիպտոս տանիլ։ Ըստ կարգ մը վկայութիւններու, Աղեքսանտրի մարմինը Մեմֆիս կ՛ամփոփուի եւ ապա Աղեքսանտրիա (երբ այլեւս քաղաքի կը վերածուի)։ Ուրիշ աղբիւրներու համաձայն, Եգիպտոս հասած կ՛ամփոփուի Աղեքսանտրիա։ Պտողեմէոս սպաննել կու տայ Քլէոմենին եւ Ք․ա․ 305-ին ինքզինք Փարաւոն կը յայտարարէ Պտողեմէոս Փրկիչ անունով եւ Եգիպտոսի մայրաքաղաքը Մեմֆիսէն Աղեքսանտրիա կը տեղափոխէ։
Աղեքսանտրիոյ քաղաքին կառուցման վերջնական աշխատանքները եւ խճուղիին կառուցումը Պտողեմէոսին կը վերագրուին, իսկ Փարոսին Phare d'Alexandrie՝ անոր զաւկին, Պտողեմէոս Բ․ Փարոսին (ճարտարապետն է Սոսդրադոս Քնիտեցին՝ Սդրապոնի Strabon անուանումով, Σώστρατος ὁ Κνίδιος - Sostrate de Cnide․ Քնիտուս, Փոքր Ասիոյ ծովեզերեայ քաղաք)։ Ան, օրինակուելով Սուրի վաղեմի զարգացած քաղաքը՝ առեւտուրէն, Աղեքսանտրիան քանի մը տարուան ընթացքին կը դարձնէ վաճառականութեան կեդրոն․ Եւրոպայի, Արաբական աշխարհի եւ Հնդկաստանի միջեւ եւ դար մը ետք, աշխարհին ամենաընդարձակ քաղաքը, իսկ քանի մը դար ետք աշխարհի երկրորդ քաղաքը՝ Հռոմէն ետք։
Քաղաքը կը բնակուի մեծ մասով, յոյն բնակչութեամբ․ անոնք եկած են Յունաստանի տարբեր վայրերէ։ Նաեւ, կը հասնին հրեաներ եւ անոնք կը կազմեն այդ ժամանակի ամենամեծ հրէական համայնքը։ Աղեքսանտրիոյ մէջ է, ուր կը կատարուի Թանխի Tanakh (հրէական աստուաշունչ) յունարէնի թարգմանութիւնը Μετάφραση των Εβδομήκοντα - Septuagint։ Աղեքսանտրիան Հելլենիստական մշակոյթի կեդրոն է, սակայն ծագումով յոյն Պտողեմէացիները կը յաջողին հաւասարակշռել քաղաքին յոյն, հրեայ եւ Եգիպտացի բնակչութեան միջեւ տարբերութիւնները։
Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ Թանգարան Հաստատութիւնը Μουσεῖον τῆς Ἀλεξανδρείας կ՛ընդգրկէ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը Library of Alexandria։
Ըստ պատմական աղբիւրներու, գրադարանը կը հիմնուի Պտողեմէոս Ա․ին կողմէ ու կը կառուցուի Պտողեմէոս Բ․ին կողմէ։ Եղած է աշխարհի գլխաւոր եւ ամենահամբաւաւոր գրադարաններէն մէկը։
Գրադարանի աշխատանքներուն ծիրէն ներս, կարեւոր տեղ կը գտնեն թարգմանութիւնները, հին արձանագրութիւններուն գրադատութիւնը (այս աշխատանքով կը զբաղի յատկապէս Սամոթրաքիին Արիսթարխոն Aristarchus of Samothrace (Ք․ա․ 220-143) եւ մասնագիտացած բառարաններու կազմութիւնը։ Բիւզանդացի Արիսթոֆանին Aristophanes of Byzantium (Ք․ա․ մօտաւորապէս 275-180) կը սեպուի գիտական բառագիտութեան եւ գրական գիտութեան հիմնադիրը։
Աղեքսանտրիոյ Թանգարանը կը գործէր իբրեւ ուսման եւ հետազօտութեան բարձրագոյն կեդրոն։ Կ՛ունենայ բազմազան աշխատանոցներ, կենդանաբանական եւ բուսաբանական պարտէզ, աստղադիտարան եւ հիւրատուներ հիւր-ուսումնասիրողներուն համար։ Հոն կ՛աշխատին նշանաւոր գիտնականներ, օրինակ՝ թուաբանագէտ Էւքլիտը Euclide կը սեպուի երկրաչափութեան հայրը (Ք․ա․ 300-270), աստղագէտ Արիսթարխոն, թուաբանագէտ Էրադոսթենին Eratosthenes (Ք․ա․ 276-194 , հիմնադիր՝ գիտական աշխարհագրութեան եւ տեղագրութեան) եւ բժիշկ-կազմախօս Հիրոֆիլոս Խալքիտոնացին (Ք․ա․ 4-րդ դար)․ վերջինը ու անոր յաջորդը Էրասիսդրադօ Erasistratus (Ք․ա․ 304 -250 Աղեքսանտրիոյ մեծ բժշկութեան համալսարանին հիմնադիրները կը սեպուին։ Համալսարանին համբաւը Ղալինոյին Galen (հին աշխարհի երկրորդ համբաւաւոր բժիշկը, Հիփոքրադիսէն Hippocrates ետք) ուշադրութիւնը կը գրաւէ․ ան Աղեքսանտրիա կու գայ եւ կ՛ուսանի Հերակլէսին մօտ, ապա 28 տարեկան հասակին ծննդավայրը՝ Փերկամօ կը վերադառնայ 157-ին։
47 թուականին, հրդեհ մը Թանգարանին մեծ վնաս կը պատճառէ։ Իսկ Հռոմի Աւրիլիանոս կայսրի եւ Փալմիրի Զենովիա թագուհիին միջեւ բախումներուն ընթացքին (3-րդ դար, 273), զոյգ գրադարանները լուրջ վնասներ կ՛ունենան։
Շատ մեծ դէմքեր կ՛անցին վաղեմի Աղեքսանտրիոյ մտաւորական կեդրոններէն․ հարկ է նշել Իփադիային Hypatie անունը․ ծնաւ, ապրեցաւ ու մահացաւ Աղեքսանտրիա (370 - 415)։ Ան Նէոպղատոնեան փիլիսոփայ, աստղագէտ, թուաբանագէտ եւ տնօրէնուհի Աղեքսանտրիոյ Նէոպղատոնեան Ուսումնարանին էր։ Կը սպաննուի մոլեռանդ քրիստոնեայ խուժանի կողմէ 8 Մարտ 415-ին։ 25 տարի ետք, Սոկրատիս Սքոլասդիքոս Socrate le Scolastique կը գրէ իր մասին։ Ի պատիւ Իփադիային, 1884․ գտնուած աստղակերպը կ՛անուանուի «238 Hypatia»։
Աղեքսանտրիոյ Գրադարանին աւերման թուականը յստակ չէ, սակայն տուեալ են շրջանները, ուր ծանր վնասներ կրած է։
Տեսակէտներ՝ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանի քայքայման շուրջ․-
- Հռոմէական եղբայրասպան պատերազմ՝ Պոմպէոսի եւ Յուլիոս Կեսարի միջեւ (Ք․ա․ 50)․
- Գարագալա կայսրին կողմէ Աղեքսանտրիոյ մէջ կազմակերպուած ջարդեր (215)․
- Հռոմի Աւրիլիանոս կայսրի եւ Փալմիրի Զենովիա թագուհիին միջեւ բախումներուն ընթացքին (3-րդ դար, 273).
- Կրօնական առաջնութեան՝ հեթանոսութեան եւ քրիստոնէութեան միջեւ փախումներու ընթացքին (4-րդ մինչեւ 5-րդ դար)․
- Արաբական գրաւման հետեւանքները (642)․
- Բազմաթիւ քանդիչ երկրաշարժներ եւ մակընթացութիւններ 115 թ․- 630, մասնաւորաբար 365
- Բազմաթիւ այլ աւերումներ։[5][6][7][8][9]
Հռոմէական Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ք․ա․ 31, Օգոստոս կայսրը Imperator Caesar Divi filius Augustus Ագդիումի Ճակատամարտին Bataille d'Actium յաղթանակէն տարի մը ետք Աղեքսանտրիան պաշտօնապէս կ՛անցնի Հռոմէական իշխանութեան տակ։ Հռոմէական կայսրութեան մայրաքաղաքներէն ամենամեծը։
Օգոստոս կայսրի օրերուն, քաղաքը շրջապատող պարիսպներուն երկարութիւնն է 5․34 քմ․, իսկ քաղաքին բնակչութիւնը հռոմէական շրջանին արդէն անցած է 300,000 հոգին։
115-117 թուականներուն, Աքսորեալներու Պատերազմին ժամանակ Guerre de Kitos (հռոմէահրէական պատերազմ) Աղեքսանտրիոյ մեծ մասը կ՛աւերուի։ Ատրիանոս կայսր Hadrian եւ իր ճարտարապետը՝ Տեքրիանուս քաղաքը կը վերակառուցեն։
215 թուականին, Գարագալա Caracalla կայսրին այցելութեան ժամանակ, կարգ մը քաղաքացիներ անոր հասցէին հեգնական խօսքեր կ՛ուղղեն (ան երբ կ՛այցելէ Մեծն Աղեքսանտրի դամբանը, անյարգանք վերաբերմունք կը ցուցնէ)։ Կայսրը, վիրաւորուած կը զգայ եւ սպանդի կ՛ենթարկէ Աղեքսանտրիոյ բնակչութեան բոլոր երիտասարդները։
3-րդ դարու ընթացքին Եգիպտական նուիրատառ գիրերը Egyptian hieroglyphs կը դադրին գործածուելէ, ինչպէս նաեւ դիակներուն զմռսումը այլեւս չի կիրարկուիր։
21 Յուլիս 315 թուականին Կրետէի երկրաշարժին պատճառով պատահած ցունամին կ՛աւերէ Աղեքսանտրիան։
435 թուականներուն, Յուլիեան Օրացոյցով, Վաղարշապատի դպրոցի ուսուցիչներ, Մեսրոպ Մաշտոց եւ Սահակ Պարթեւ, Մովսէս Խորենացին Աղեքսանտրիա կը ղրկեն ուսանելու համար։
Արաբական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
616 թուականին, Սասանեան պարսիկներու Խոսրով Բ․ թագաւորը Աղեքսանտրիան կը գրաւէ, որ արդէն կորսնցուցած է վաղեմի համբաւը եւ բարգաւաճումը։ Բիւզանդիոյ Հեռակլես կայսրը 629 թ․ քաղաքը ետ կ՛առնէ, սակայն 642 թ․ արաբները 14 ամիս պաշարումէ ետք, Աղեքսանտրիան կը գրաւեն։
969 թուականին, Ֆաթիմեան Խալիֆայութեան Fatimid Caliphate շրջանին մայրաքաղաքը Աղեքսանտրիայէն Գահիրէ կը փոխադրուի։ Կը յաջորդեն Սալահհետինի հիմնած Ակուպեան հարստութեան իշխանութիւնը 1171, Մեմլուքներուն աւատապետական իշխանութիւնը 1250։
Աղեքսանտրիոյ անկումը կը շարունակուի։ 1309 երկրաշարժին պատճառով քաղաքին խորհրդանիշ Փարոսը կը կործանի։ Ջրանցքը որ Աղեքսանտրիան Նեղոս գետին կը միացնէր, անգործածելի կը դառնայ։ Իպն Պադուդա Ibn Battuta մարոքեցի պէրպէր ուսումնական եւ հետազօտող, իր շրջապտոյոտներուն ընթացքին (14-րդ դար) կը նկարագրէ Աղեքսանտրիան եւ մանաւանդ Փարոսը իր աւերակ վիճակին մէջ։
Օսմանեան ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1517 օսմանցիները Եգիպտոսը կը գրաւեն եւ վերջինը Օսմանեան Կայսրութեան մէկ նահանգը կը դառնայ։
Նաբոլէոնի Աղեքսնտրիա ցամաքահանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1798 Նափոլէոն Եգիպտոս կ՛արշաւէ եւ Աղեքսանտրիան կը գրաւէ։ Ան, Մեծն Աղեքսանտրէն կ՛օրինակուի եւ հետը Եգիպտոս կը բերէ գիտնականներու, պատմաբաններու, աշխարհագէտներու, բուսաբաններու եւ հնագէտներու մեծ խումբ մը։ Աղեքսանտրիոյ Պաշարումով Siege of Alexandria, վերջ կը գտնէ ֆրանսական ներխուժումը Եգիպտոս։
Աղեքսանտրիան կը վերագտնէ իր վաղեմի հռչակը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Օսմանցի կառավարիչ Մուհամէտ Ալի Muhammad Ali, 1810 թուականին կը սկսի վերակառուցել Աղեքսանտրիան։ Նոր քաղաքը կը կառուցուի հին քաղաքին աւերակներուն վրայ․ ինչ որ ներկայիս կը դժուարացնէ հնագիտական պեղումներու աշխատանքները։ Նոր ջրանցք կը բանայ ու քաղաքը Նեղոս գետին կը միացնէ․ այսպէս Աղեքսանտրիան կարեւոր նաւահանգիստի եւ ռազմական նաւակայքի կը վերածէ։ Կը հիմնէ համանուն հարստութիւնը որ Եգիպտոսը կ՛իշխէ մինչեւ 1957։ Իսկ 1867 մինչեւ 1914, Եգիպտոս Օսմանեան Կայսրութեան մէջ կիսանկախ վարչակարգ կ՛ունենայ։
1850-ական թուականներուն արդէն քաղաքը վերագտած է իր անցեալի բարքէն մաս մը։ Եգիպտոս աչքերը Եւրոպային կը յառէ երկիրը բարեփոխելու համար։ Առաջին՝ յոյներ քաղաքը կը հասնին, անոնց կը հետեւին եւրոպացիներ եւ այլ։ 20-րդ դարուն սկիզբին, Աղեքսանտրիան գրագէտներու, բանաստեղծներու քաղաք կը դառնայ։
1882 Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ պատերազմի ժամանակ, Անգլիոյ Թագաւորական Նաւատորմիղը Աղեքսանտրիան կը ռմբակոծէ․ անգլիացիները քաղաքը կը գրաւեն։ Անոնք Աղեքսանտրիա եւ Եգիպտոս կը մնան մինչեւ 1922 թ․։
Նորագոյն շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին (1941 - 1942) քաղաքը իր ռազմական դիրքին պատճառով, արեւելեան Միջերկրականի մէջ Դաշնակից ուժերուն խարիսխը կը դառնայ եւ պարբերաբար գերմանական ռազմական օդուժէն կը ռմբակոծուի։ Քաղաքին բնակիչները կ՛ապրին գերմանական ներխուժման վախով։ Աղեքսանտրիա իջեւանած են անգլիական ուժերը։ 1942 ամրան, գերմանական «փանզըր»ները Panzer Էլ-Ալամէյն կը հասնին (Աղեքսանտրիայէն 102 քմ․ արեւմուտք), սակայն 8 Նոյեմբեր 1942-ին, դաշնակից ուժերը վերջնականապէս կը յաջողին ետ մղել գերմանացիներուն։
Կամալ Ապտուլ Նասերի իշխանութեան տիրանալէն մինչեւ մեր օրերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1952 թուականին, Ազատներու կամ՝ Այժմէականներու յեղափոխութիւնը կը ծագի։ Այս շարժումին առաջնորդներէն մէկն է Կամալ Ապտուլ Նասեր։ Շարժումը կը ձգտի Եգիպտոսի ազգային եւ տնտեսական անկախացման։
Օտար ազգութեամբ քաղաքացիները՝ գլխաւորաբար յոյներ (որոնք Աղեքսանտրիոյ բնակչութեան գլխաւոր համայնքը կը կազմեն), եւրոպացիներ եւ հայեր քաղաքէն հերթաբար կը հեռանան։ Այս արտագաղթը արդէն սկսած է 20-րդ դարուն չորրորդ տասնամեակէն, երբ անոնք կը կորսնցնեն իրենց առանձնաշնորհումները։
Աղեքսանտրիայէն հեռանալը զանգուածային բնոյթ կ՛առնէ երբ Նասեր, Եգիպտոսի նախագահ 1954 թուականէն, կ՛ազգայնացնէ Սուէզի ջրանցքը։ Կը յաջորդէ անգլիական, ֆրանսական եւ հրէական զինուորական ուժերու անյաջող ներխուժումը։
1957, Նասեր կը պետականացնէ ճարտարարուեստի գլխաւոր կեդրոնները, հիմնարկները, կը գրաւէ օտարներուն հարստութիւնը ի բացառեալ յոյներունը, (շնորհիւ 7 Յունիս 1960 Նասերին Յունաստան այցելութեան՝ ընդառաջելով թագաւոր Փաւլոսի հրաւէրին)։ Սակայն կ՛օրէնսդրէ հրամանագրեր, որոնցմով՝ փոխանակագրերու երկրէն դուրս ելլելը կ՛արգիլէ, գաղթաբնակները զերծ մը մնան արտաքին առեւտուրէն, պետական սպասարկութիւններէն, հողագործութենէն եւ ճարտարարուեստի ռազմական բաժիններէ եւ այլն։
Այս զարգացումները, կը ստիպեն մնացած օտարազգի բնակչութեան մեծամասնութեան հեռանալ Աղեքսանտրիայէն․ յոյներ, հայեր եւ այլ։ Հետեւանքն է մեծ թիւով ուսումնական կեդրոններու՝ դպրոց եւ ճեմարաններ, հիմնարկութիւններու եւ եկեղեցիներու փակման։
Աղեքսանտրիոյ տնտեսական վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարանայ 1967 Իսրայէլի դէմ Եօթը Օրուան պատերազմի ընթացքին․ կը փակուի Սուէզի Ջրանցքը եւ առեւտուրը լուրջ վնասներ կ՛ունենայ։[10][11][12][13][14][9][15][16][17][18][19][20][21][22][23]
Ժամանակակից Աղեքսանտրիան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ժամանակակից Աղեքսանտրիան ծովային առեւտուրի գլխաւոր խաչմերուկ դարձած է եւ կը սպասարկէ Եգիպտոսի արտածումի եւ ներածումի 80%։ Զբօսաշրջկութեան նշանաւոր սահմանեալ տեղ եւ նաեւ ճարտարարուեստի կարեւոր կեդրոն՝ շնորհիւ Սուէզէն եկող բնական կազի եւ քարիւղի կազամուղիին։ Քաղաքին տարածքն է 300 քմ․։[24][25]
Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանը եւ կամ՝ bibliotheca alexandrina (եգիպտական արաբ․՝ مكتبة الإسكندرية Maktabat El-Iskandarīyah) հսկայ գրադարան մըն է եւ մշակութային կեդրոն։ Կը գտնուի քաղաքին Միջերկրականի ափին։ Կառուցուեցաւ շնորհիւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-յի, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութեան, որուն նպատակն էր կառուցել Նոր Գրադարան մը հնադարեան հռչակաւոր շինուածքին տեղը։ Մամտուհ Համզա Mamdouh Hamza ճարտարապետն է։ Պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ 16 Օգոստոս, 2002-ին։
Նոր Գրադարանին նկարագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ընթերցանութեան սրահին կից կը գտնուին երեք թանգարաններ, հինգ հետազօտական կաճառներ եւ ցուցադրութեան սրահներ։ Գրադարանին ընթերցանութեան սրահները (կրնան ընդունիլ մինչեւ 2000 հոգի) եօթը մակարդակներու վրայ են, որոնցմէ մէկը՝ ծովուն մակերեսէն վար։ Ընթերցասրահներուն բարձր սիւները զարդարուած են լուտաս ծաղիկով։ Թանգարաններէն մէկը կը պահպանէ հազարաւոր հին ձեռագիրներ, որոնցմէ երկուքը Աստուածաշունչի օրինակ գիրքեր (Նոր Գրադարանին նուիրուեցան Վատիկանի կողմէ), ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի նկարագրութեան գիրքը Description de l'Égypte (1809 թ․ ա․ հրատարակութիւն եւ կը վերահրատարակուի բազմիցս մինչեւ 1829, Նափոլէոնի հրամանագրով)։[4][9][24][26]
Տնտեսութիւն եւ Հասարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան կառուցման եւ հետեւող դարերուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ մէջ իր հիմնումին օրերէն իսկ կը բնակին յոյներ, հրեաներ, ասորիներ եւ եգիպտացիներ։ Յունական եւ հրէական համայքները գլխաւորներն են։ Քաղաքին վարչաձեւը հին Աթէնք՝ քաղաք-պետութեան նման է։
Աղեքսանտրիան տարածուն աշխուժ տնտեսութեան կեդրոնն է։ Միջերկրական Ծովուն վրայ Եգիպտոսի միակ նաւահանգիստն է, ուրկէ կը ներածուին փայտ, մետաղի տեսակներ, մարմար, գինի, ձէթ եւ կ՛արտածուին՝ ցորեն, փափիրուս, կտաւեղէն եւ մարմաշէ կտաւ, բուրմունքներ եւ ուրիշ շքեղանքի արտադրանքներ։ Նաւահանգիստին միջոցաւ կ՛առաքուին Ափրիկէի, Արաբական աշխարհի եւ Հնդկաստանի արտադրանքները։
Այսօր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
21-րդ դարոն, Աղեքսանտրիոյ տնտեսութիւնը կը յենուի նաւահանգիստին, ճարտարարուեստին եւ հակառակ ունեցած ելեւէջներուն՝ զբօսաշրջութեան։
Ճարտարարուետը աշխուժ է․ զտարաններ, կրաշաղախ, նաւային կառուցում, հիւսուածեղէն, երկաթ, թուղթ, սննդեղէն, քիմիական եւ մեքենագիտութիւն։
Հակառակ հնագիտական հետքերու հազուադիպութեան, Աղեքսանտրիան զբօսաշրջութեան կարեւոր վայրերէն մէկը կը նկատուի։ Միջերկրականի ծովափնեայ կլիման լոգանքի յատուկ վայրերու զարգացման թափ կու տայ․ ամէն ամառ կը ներգրաւէ Գահիրէ մայրաքաղաքին միջին եւ ունեւոր դասակարգը։
Մարզական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան մարզական պատկառելի աւանդութիւն կը ունի։ Քաղաքը կազմակերպած է 1951-ի Միջերկրականի Խաղերը եւ 1953-ի Համարաբական Խաղերը։ Ունի բազմաթիւ մարզադաշտեր, օրինակ՝ Աղեքսանտրիոյ մարզադաշտը 13,660 հոգինոց է․ քաղաքին եւ Եգիպտոսին ամենահինը որ նաեւ դասական մարզախաղեր կը հիւրասիրէ, 86,000 հոգինոց Պորկ Ալ Արաբ՝ քաղաքին ամենաընդարձակ մարզադաշտը եւ կամ նաեւ՝ Էլ Մաքս մարզադաշտը։
Մարզախաղեր եւ մարզական խումբեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
19-րդ դարէն կը հիմնուին մարզական միութիւններ կամ խումբեր, գլխաւորաբար յունական համայնքին մէջ։ Ոտնագնդակը շատ տարածուած ու սիրուած է բնակիչներէն, նաեւ վերջին տասնամեակներուն՝ կողովագնդակը։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ խումբեր, որոնցմէ 4-5 Եգիպտոսի ախոյեանութեան մրցաշարքին առաջնահերթութիւններ բերած են ու կը բերեն։ Նաեւ, տարածուած են դասական մարզախաղերը։
Համափրիկեան Բաժակի խաղերուն, Յունուար 2006, Աղեքսանտրիան խաղերը հիւրասիրող երեք քաղաքներէն մէկն է։ Կը զարգանան նաեւ ծովու խաղերը՝ surfing, jet-skiing եւ water polo։ Եգիպտոսի մէջ Skateboarding խաղը Աղեքսանտրիայէն սկսած է։
Նաեւ Աղեքսանտրիան չորս անգամ հիւրասիրած է Համափրիկեան Կողովագնդակի մարզախաղերը՝ 1970, 1975, 1983, 2003։[27][28][29][30]
Հայկական Գաղութը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութը կազմուած է 19 դարուն ընթացքին։ Անկէ առաջ հայութեան կամ հայու ներկայութեան համար արձանագրուած տուեալներ չկան․ 1611 թ․ հայ ճամբորդ մը, Սիմէոն Դպիր Լեհացի, Եգիպտոս եկած Աղեքսանտրիոյ մասին կ՛ըսէ թէ․ «Կայր եկեղեցի մի Հռոմի, խաններ մեծամեծք, կային հռոմք, խպտիք, Ֆրանք, բայն հայք եւ ոչ»։
Իսկ 1762, Հ․ Յովհաննէս Թոմաճան, Մխիթարեան Ուխտէն, իր Եթովպիա (գրութեան մէջ Հապեշիստան գրուած) ուղեւորութեան առթիւ, կը հանդիպի Աղեքսանտրիա ու կը պատմէ․ «Կացեալ ի Քանտիա, աւուրս 24, ելի նոյեմբեր 24-ին 1762 եւ 29 ին հասաւ ի յԱղեքսանդրիա, ընդ որդւոյն իւրոյ Պօղոսի եւ գնացեալ իջեւանեցաւ ի վանս Ֆրանչիսկան բաթերայից, որոյ մեծաւորին անունն էր Բատրէ Պօնավէնթուրա․․․․․»։ Ըստ Արտաշէս Գարտաշեանի (հեղինակ Նիւթեր Եգիպտոսի հայոց Պատմութեան համար, գիրք Ա․ էջ՝ 115), եթէ հայեր գտնուէին Հ․ Յ․ Թոմաճան ապահովաբար անոնց պիտի դիմէր, ինչպէս ըրած էր Գահիրէ։ Սակայն հաւանական է որ 1796-1800 թուականներուն, Նափոլէոնի Եգիպտոս արշաւանքին ատեն, քանի մը հայ վաճարականներ բնակած ըլլան Աղեքսանտրիա (այդ շրջանի նաւահանգիստ եւ առեւտուրի գլխաւոր կեդրոն)։
Մուհամէտ Ալի կառավարիչի իշխանութեան սկիզբէն, հայեր կը սկսին Աղեքսանտրիա հաստատուիլ, մանաւանդ Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան՝ պետական թարգմանիչի պաշտօնին կոչուելէն ետք։ Կառավարիչը, Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի մահէն անմիջապէս ետք, պետութեան կողմէ հսկայ հողատարածք (որուն մէկ փոքր բաժինը արդէն Եուսուֆեան գնած է եւ իր տուն-ապարանքը, ինչպէս նաեւ Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կառուցած է) հայ գաղութին կը շնորհէ եւ անոր մէկ մասի գնման Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը կը մասնակցի․ այս ուղղութեամբ տեղեկութիւնները գրեթէ նոյնն են, բացի փոքր տարբերութիւններէ՝ Վրդ․ Էփրիկեան (Բնաշխարհիկ Բառարան Ա․ հատորին մէջ, էջ 638-39), Թորգոմ Արք․ին յիշողութիւնները (Եգիպտոսի Հայոց հին եւ արդի Եկեղեցիները, էջ 53-54) եւ Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան (Ազգապատում)։
Իզմիրցի Պօղոս Պէյ Եուսուֆեան Boghos Yusufian կը սեպուի Աղեքսանտրիոյ հայկական գաղութին հիմնադիրը։ Ան, իր շուրջը կը հաւաքէ հայ հասարակութեան գլխաւոր դէմքերը, որոնցմէ են՝ Խավակա Աբրահամ Կիւլպէնկեան, Նուպար Փաշա Նուպար*, Ղազարոս Տէր Գասպարեան, Ստեփան Աղա Ապրոյեան, Թագուոր Փաշա Յակոբեան․.․ եւ շատ ուրիշներ։
- Նուպար Փաշան եղած է Եգիպտոսի առաջին վարչապետը: Ան այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է երեք անգամ: Անոր պրոնզէ արձանը տեղադրուած է Ալեքսանդրիոյ ազգային օփերայի բակին մէջ։ Ան կանգնեցուած է 1904-ին: Նուպար Փաշայի անունով կոչուած են երկու փողոց, մէկը Գահիրէի, միւսը՝ Ալեքսանդրիոյ մէջ:
Աղեքսանտրիոյ Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ս․ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին կը հիմնուի Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանին կողմէ 1830-ին եւ կը գործէ մինչեւ 1880․ այնուհետեւ անոր շէնքին մէջ գործած է Մելգոնեան Մանկապարտէզը։ Պօղոս Եուսուֆեանի ժառանգորդները սեփական կալուածը գաղութին կը նուիրեն։ Եկեղեցւոյ հարաւ արեւմուտքին կը հիմնուի հայկական գերեզմանատունը․ ծառազարդ եւ պարսպապատ։ 1881-ին թաղականութեան ջանքերով կը հիմնադրուի նոր եկեղեցին։ 1882-ի ռմբակոծումները անոր շինութեան աշխատանքները կը դանդաղեցնեն, սակայն 1884-ին շինութիւնը կ՛աւարտի։ Անոր բացման Նուպար Փաշան (Եգիպտոսի առաջին վարչապետը եղած է) ներկայ կը գտնուի։ Նոյն տարին, 9 Դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ նորաշէն գոթական ոճով եկեղեցւոյ օծումը։ 1914-ին եկեղեցւոյ մայր դրան յառաջամասը կը վերաշինուի հայական ոճով, իսկ 1923-ին եկեղեցին կը նորոգուի։
Եկեղեցուոյ կից կը գործէ Ազգային Առաջնորդարանը, հիմնուած՝1839 թուականին, իսկ առաջին տոմարներուն արձանագրութիւնները կը սկսին 1843 թուականէն։
Գերեզմանատունը եւ Ս․ Գէորգ Զօրավարի մատուռը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նոր գերեզմանատան կարիքը կը զգացուի, որովհետեւ հինին շուրջը քաղաքը արագ թափով կը զարգանայ։ Պետութիւնը Աղեքսանտրիոյ համայնքներուն հսկայ հողատարածք մը կը նուիրէ, գոհացնելու համար անոնց կարիքը։ 8 Ապրիլ 1878-ին, տարածքին հարթակումի, պարսպատման եւ թաղամասերու բաժանման աշխատանքները կը լրանան։ Հայկական Գերեզմանատան կեդրոնը 22 Մայիս 1927-ին կ՛օծուի Ս․ Գէորգ Զօրավարի մատուռը։
Ս․ Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս մատուռը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ թեմին նաեւ կը պատկանի Տիսանիս գիւղին մէջ Ս․ Թաթէոս եւ Բարթողիմէոս մատուռը, կառուցուած՝ 1835-36 թուականներուն։
Հայկական կրթական Ազգային եւ անհատական վարժարաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ներկայիս կը գործէ Պօղոսեան-Մելգոնեան վարժարանը, որուն աշակերտութեան թիւը 1950-ական թուականներուն 800 հոգիի հասած էր, իսկ 1960-ական թուականներէն ետք հայութեան զանգուածային արտագաղթին պատճառաւ: Գաղութին թիւը շատ կը նուազի եւ 2016-ի տուեալներով աշակերտութեան թիւը հազիւ 86 հոգի կը հաշուէ։
Աղեքսանտրիոյ մէջ գործած են հետեւեալ վարժարանները։
- ԱՐԱՄԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐԱՏՈՒՆ, 1845-1862 հաստատուած է 1845-ին, Պօղոս Պէյ Եուսուֆեանի կողմէ 1838-ին ազգին նուիրուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ, Աղեքսանդրիոյ Միտան Մաթրագ (Միտան Սուք-Գանթօ, Սուք-Կազզարին) կոչուած թաղին պարսկական մզկիթին մօտերը:
- ՊՕՂՈՍ-ՊԷՅԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐԱՏՈՒՆ, 1862-1895 հաստատուած է Աղեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս Պետրոս ներկայի Եկեղեցիին կից տարածքին վրայ գտնուող նախկին եկեղեցիին վերնատան մէջ, իբրեւ շարունակութիւնը Արամեան Դպրատան, իր երկսեռ բաժիններով եւ սակաւաթիւ աշակերտութեամբ:
- ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1895 - ․․․: 1946-ին, դէպի հայրենիք ներգաղթին եւ 1960-ականներու արտագաղթին պատճառով աշակերտութեան թիւը դժբախտաբար շարունակ նուազում կը կրէ: 1968-1969 տարեշրջանին, Ազգային Իշխանութիւնը յարմար կը նկատէ Պօղոսեան Վարժարանի աշակերտութիւնը միատեղել Մելգոնեան Մանկապարտէզի շէնքին մէջ, որուն հիմնովին նորոգութիւնը կը կատարուի 1985-ին: Վարժարանին երկրորդական կարգերը կը հաստատուին 1974-1975 տարեշրջանին: 1924, 1925 եւ 1926 տարիներուն, Նիկոլ Աղբալեանի խմբագրութեամբ լոյս կը տեսնեն Պօղոսեան Ազգ. Երկսեռ Վարժարանի տարեկան գործունէութիւններու “Զեկուցում”ները, իսկ 1953-էն 1955 տարեշրջաններուն «Զարթօնք», «Զուարթնոց» եւ «Ջանք» աշակերտական պարբերականները:
- ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ - Սիուֆ, 1938-1948 Աղեքսանդրիոյ Ազգային Իշխանութեան նախաձեռնութեամբ Պօղոսեան Վարժարանի Սիուֆի մասնաճիւղը կը հաստատուի եւ բացումը կը կատարուի 1 Հոկտեմբեր 1938-ին։
- ՊՕՂՈՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ, 1896 - եւ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ, 1929: Պօղոսեան Մանկապարտէզը կը հաստատուի 1896-ին։ 1968-1969 տարեշրջանին, Պօղոսեան Վարժարանի աշակերտութիւնը կը միատեղուի Մելգոնեան Մանկապարտէզի շէնքին մէջ, որուն կառոյցին նորոգութիւնը եւ հանդիսասրահին բարեզարդումը կը կատարուի 1985-ին:
- ՀԱՅԿԱԶՆԵԱՆ ԿՐԹԱՐԱՆ, 1924-1952։ Քան-Տը-Սէզար թաղաշրջանին մէջ, 24 Մայիս 1924 Հայկազուն Ա. Քհնյ. Ոսկերիչեան կը հիմնէ «Հայկազեան Կրթարան»ը մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ բարձրագոյն նախակրթարանի երկսեռ բաժիններով:
- ՊԱԼԱՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1927-1938։ 1 Սեպտեմբեր 1927-ին, Տիկին Մարիցա Պալայեանի նախաձեռնութեամբ «Պալայեան Մանկապարտէզ եւ Երկսեռ Վարժարան Աղեքսանդրիոյ» անունով կրթարանը կը հիմնուի Իպրահիմիէ թաղաշրջանին մէջ:
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑ. ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1933:
- ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1936-1939: Գործած է Սալահ-էլ-տին թաղաշրջանի «Վերածնունդ» Հայ Երիտասարդաց ակումբի շէնքին մէջ։
- ԹԱԳՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ, 1937-1943:
Հայ Կաթողիկէ համայնքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1800-1840 թուականներուն կը սկսի կազմուիլ Հայ Կաթողիկէ Համայնքը։ 25 Մայիս 1880-ին կ՛օծուի Սուրբ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան եկեղեցին։
Կաթողիկէ համայնքի գործած վարժարաններ
Անարատ Յղութեան մայրապետերու օրիորդաց վարժարան, 1914 եւ ապա՝ Հայ Կաթողիկէ «Քերց Անարատ Յղութեան» Վարժարան 1922 - 1962:
Մաթոսեան աղջկանց որբանոց - Կրթարան, 1924-1934:
Մխիթարեան Վարժարան, 1937-1946 եւ Շուլց արուարձանին մէջ՝ 1946-1964:
Հայ Աւետարանական համայնքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աւետարանական համայնքը կը ստեղծուի 1896 երբ նոյն թուականին Պատմական Հայաստանի գաւառներուն մէջ կատարուած ջարդերէն փրկուած հայ բողոքական ընտանիքներ Աղեքսանտրիա կը հաստատուին։ Անոնք իրենց կրօնական պաշտամունքը Ամերիկեան միսիոնարներուն եկեղեցիին մէջ կը կատարեն։
Գործած է «ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ» Կիրակնօրեայ վարժարանը, 1947-1953։
Աղեքսանտրիոյ հայ գաղութին ընկերային-հասարակական կեանքը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ հայ գաղութը իր 200-է աւելի Միութիւններով եւ Ընկերութիւններով (Մշակութային, Բարեսիրական, Հայրենակցական, Սանուց-Շրջանաւարտից, Կանացի, Պատանեկան - Երիտասարդական, Մամուլի - Հրատարակչական, Խնայողական, Բժշկական) ունեցած է հարուստ հասարակական կեանք։
Նուագախումբեր, երգչախումբեր եւ թատերախումբեր
Աղեքսանտրիոյ հայերուն կեանքին մէջ, անպակաս եղած են տասնեակէ աւելի նուագախումբերը, նոյնքան երգչախումբերը եւ թատերախումբերը։
Մամուլի եւ հրատարակչատան ընկերութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մինչեւ Բ․ Համաշխարհային պատերազմ, գործած են երկու հրատարակչական ընկերութիւններ։
- Հրատարակչական Ընկերութիւն Եգիպտոսի Հայոց - Աղեքսանդրիա, 1907-1908
- Հայկական Համայնագիտարան Ընկերութիւն - Աղեքսանդրիա, 1913
Տպարաններ
Գաղութը ունեցած է 18 տպարաններ, որոնց կեանքը կ՛երկարի մինչեւ 1960-ական թուականները։
- «ՂԵՒՈՆԴ ՔՀՆՅ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ» Տպարան, 1889
- «Գ. ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ» Տպարան-Փորագրատուն, 1900-1909
- «ԱՐԱՄ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ» Տպարան 1900 -1901, ապա՝ «ԱՐԱՔՍ» Տպարան, 1917, 1925-1965, 1970-
- «ՓԻՒՆԻԿ» Տպարան, 1901-1903
- «ԿԱՄՊէԹԱ» Տպարան, 1902
- «ՐԱՖՖԻ» Տպ. 1907
- «ՍԻՍՈՒԱՆ» Տպարան, 1903-1905
- «ՓԵԹԱԿ» Տպարան, 1903
- «ԱՍՔԱՆԱԶԵԱՆ» Տպարան, 1903-1904
- «ՀԱՅԵԼԻ» Տպարան- Գրատուն, 1903-1904
- «ԹԷՔԷԵԱՆ ԵՒ ԸՆԿ.» Տպարան, 1905
- «ԽՆԱՅՈՂԱԿԱՆ» (Imp.Economique)- «ՏԱՄԱՏԵԱՆ» Տպ., 1910-1919
- «Ա. ԳԱՍԱՊԵԱՆ» Տպարան, 1913-1939
- «ՏԸ ԼԻՒՔՍ» Տպարան- Impr.DE LUXE, 1918, «Խ.Վ.ԹԷԼԼԱԼԵԱՆ» Տպ.
- «ՀԱՅԿ Ս.ԲԻՒՐԱՏ» Տպարան, 1935-1940
- «ՄՈՀԱՐՐԱՄ ՓՐԷՍ» Տպարան, 1935
- «ԱՐԱՔՍ» Տպարան, 1902-1905, «ԿԻԼԻԿԻԱ» Տպ., 1906
- «ՀԱՅԿԱԿԱՆ» Տպ. (Օ. Հալէպլեան)
- «ԱՐԱՔՍ» Տպ., 1899-1906, «ԿԻԼԻԿԻԱ» Տպ.,
- «ՀԱՅԿԱԿԱՆ» Տպարան-Կազմատուն, 1906-1919
- «ԱՐԵՒ» Տպարան, 1918-1924
Գրադարաններ
Կազմուած եւ գործած են տասնեակէ աւելի գրադարաններ։
Մամուլ
Արժանի են յիշատակումի՝
Նեղոս 1889, Նոր Կեանք 1896, Լրաբեր 1897, Ազատ Խօսք 1902, Փեթակ 1903, Հայելի 1903, Պարտէզ 1903, Սուրհանդակ Պարտէզի 1904, Գրասէր 1904, Սիսուան 1905, Օրէնք 1905, Թերթիկ 1906, Կրակ 1906, Մտրակ 1908, Արեւ 1908, Ոմանց Տարեցոյցը 1909, Կավրօշ Եգիպտոս 1914, Անիւ 1915, Արաքս 1917, Յառաջդիմասէր 1917, Պրիսմակ 1917, Որբունի 1919, Եգիպտահայ Տարեց. (ՈՄ) 1919, Ալեակներ եւ Խլեակներ 1919, Ասեղ 1922, Զեկուցում 1923, Հայ Բուժակ 1923, Կայծ 1924, Եգիպտահայ Տարեցոյցը (ԱԼ) 1925, Գրպանի Տարեցոյց 1941, Հայ Վարժարան, Տեղեկատուութիւն 1946, Արարա 1926 , Զուարթնոց 1953, Ամէնուն Գիրքը 1937, Զարթօնք 1953, Դալարիք 1939, Փիւնիկ 1899-1901, Աւետարանի Ձայն 1939-1945, Եգիպտահայ Տարեցոյց (ՊՍ) 1914-1917, Բարի Լուր 1948, Ազատ Բեմ 1903-1906, Մասիս 1923-1925, Հորիզոն 1904, Փունջ 1925-1940, Շիրակ 1905-1907, Սֆինքս 1925-1928, Տարեկան Տեղեկագիր 1907-1912, Սարկաւագին Տրեց. 1928-1933, Արեւ 1915-1922, Հայ Դպրոց 1933-1935։
Մամուլը Ներկայիս
«ԱՐԵՒ» թերթ (1915-1922)․ երկօրեայ, հրատ.՝ Սահմանադիր Ռամկ. Կուսակցութիւն։ 1922-էն ետք օրաթերթ, հրատ.՝ Ռ.Ա.Կ. Եգիպտոսի Կազմակերպութիւն։ 1970-էն ետք օրաթերթ, իսկ 2016-էն Շաբաթաթերթ, հրատ.՝ Հայ Ազգային Հիմնադրամ։
Մարզական միութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մինչեւ 1961 թուական, պարբերաբար տեղի ունեցած են միջմարզական ախոյանական մրցումներ, հետեւեալ հայկական մարզական միութիւններուն եւ ակումբներուն միջեւ։
- «Հայ Արի»ներու Ընկերակցութիւն, 1934-1974
- «Կամք» Մարմնամարզական Միութիւն, 1912-1917
- «Կամք» Մարմնամարզական Ակումբ եւ Հայ Հետազօտիչներու Ընկերակցութիւն , 1917
- «Հ.Մ.Ը.Մ. Կամք» Մարզական Ակումբ , 1974 -
- Հայ Հետազօտիչներու Ընկերակցութիւն, 1915-1917
- Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, 1923 -
- «Հ.Մ.Ը.Մ. Նուպար» - Աղեքսանդրիա , 1959 -
- «Տորք» Մարմնամարզական Միութիւն, 1924-1925 եւ 1935
- «Հ.Մ.Ը.Մ. Տորք» Մասնաճիւղ, 1943-1947
Աղեքսանտրիոյ գաղութը այսօր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
20-րդ դարուն առաջին կիսուն, գաղութին թիւը կը սկսի դանդաղօրէն նուազիլ․ 1947-48ին եւ 1956-ի պատերազմին ներգաղթ դէպի Հայաստան։ Սակայն, 1960-ական թուականներէն ետք, հայութեան թիւը Եգիպտոսի գլխաւոր քաղաքներուն մէջ՝ մայրաքաղաք Գահիրէ եւ Աղեքսանտրիա արագ թափով կը նօսրանայ։ Այժմ Աղեքսանտրիոյ եւ Գահիրէի մէջ հայութեան թիւը մօտաւորապէս 400-500 հոգի է։ Համայնքին կեանքը համերաշխ է։ Գաղութը ունի եկեղեցի, դպրոց եւ կը գործեն հետեւեալ միութիւնները․- «Տիգրան Երկաթ» եւ «Յառաջադիմասէր» մշակ. միութիւնները, ՀԲԸՄ Նուպար եւ ՀՄԸՄ մարզական ակումբները, ուր երիտասարդները կը զբաղին հայկական պարով եւ երգով։ Վերեւ ընդգծուած երկու մարզական ակումբներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը նախընտրաբար կողովագնդակով կը զբաղի։ Գաղութը նիւթական դժուարութիւններ չունի եւ կալուածներուն նիւթական հասոյթը կը տրամադրուի հայ երիտասարդներուն ուսման եւ ամէն օգնութեան։[31][32][33][34][35][36][37][38][39][40][41][42][43][44][45]
Գիր եւ Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գիր եւ Գիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Պտողեմէոս Փրկիչին տարիներէն (Ք․ա․ 662-283 թ․), Աղեքսանտրիոյ մէջ հաւաքուած աշխարհի բոլոր կողմերէն գիրքերը, արձանագրութիւնները, գիտունները եւ փիլիսոփայութիւնները պաճառ կ՛ըլլան մտաւորական կեանքի աշխուժ զարգացման։ Քաղաքը կ՛ունենայ երկու համբաւաւոր գրադարաններ, մէկը Աղեքսանտրիոյ Թանգարան Հաստատութեան մէջ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը, իսկ միւսը՝ «Քոյր Գրադարանը» Սարափիօ տաճարին մէջ (Աղեքսանտրիոյ արեւմուտքը)։
Նորագոյն շրջանի Եգիպտացի հեղինակներ իրենց հայեացքը դէպի Աղեքսանտրիա կ՛ուղղեն․ կը ներշնչուին անոր եւրոպական ազդեցութենէն։ Աղեքսանտրիոյ աշխարհաքաղաքացի մթնոլորտը եւ անոր պատմութիւնը կը ներշնչեն միջազգային համբաւի գրագէտներ, արուեստագէտներ․ ինչպէս՝ Կոստանտինոս Քավաֆիս Constantine Cavafy (յոյն աշխարհահռչակ բանաստեղծ, 19-րդ դար), Կարպիս Ափրիկեան Garbis Aprikian հայ յօրինող (Աղեքսանտրիոյ «Համազգային» երգչախումբի հիմնադիր), Սելին Աքսելոս Céline Axelos՝ հրապարակագիր, բանաստեղծուհի եւ հեղինակ (1902–1992), Ֆիլիփ Թոմասօ Մարինեդի Filippo Tommaso Marinetti (1876 - 1944) գրագէտ, ծագումով իտալացի, ապագայնապաշտութեան հիմնադիրը։ Ուրիշներ ալ, որոնք թէեւ Աղեքսանտրիա ծնան ու մեծցան, սակայն հետագային կը գաղթեն ու կը ստեղծագործեն այլուր․ օրինակ՝ երգչուհի Տալիտա Dalida, յօրինող Ժորժ Մուստաքի Georges Moustaki, երգիչ Տեմիս Ռուսոս Demis Roussos, բանաստեղծ Ճիւզեփէ Ունկարեդի Giuseppe Ungaretti, գծագրիչ Ժորժ Սապահ Georges Sabbagh, դերձակ՝ Ժան Տեսէ Jean Dessès, շարժապատկերի արտադրիչ՝ Ռէյմոն Հագիմ Raymond Hakim եւ շատ ուրիշներ։
Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան ունի բարձրագոյն ուսումնարաններու լուրջ թիւ մը։
- Աղեքսանտրիոյ պետական համալսարանը,
- Ափրիկէի Զարգացման Ֆրանսերէն Լեզուի Համալսարանը Université Senghor d'Alexandrie - UILFDA,
- Եգիպտաճափոնական գիտութեան եւ ճարտարարուեստի համալսարանը,
- Գիտութեան, Ճարտարարուեստի եւ Նաւային Փոխադրութեան Արաբական կաճառը,
- Ընկերային, Քաղաքական եւ Միջազգային կապերու ուսման Ֆրանսական անձնական համալսարանը,
- Աղեքսանտրիոյ Ճարտարարուեստի Կաճառը,
- Աղեքսանտրիոյ Փարոս Համալսարանը։
Աղեքսանտրիոյ մէջ նաեւ 19-րդ դարու առաջին տարիներէն բազմաթիւ օտար կրթական հաստատութիւններ կը հիմնուին (յունական, հայկական, ֆրանսական, անգլիական, իտալական)։ Մինչեւ այսօր, անոնցմէ շատեր կը գործեն։ Այժմ, համբաւի կ՛արժանանան ընհանրապէս անգլերէն լեզուով կրթական հաստատութիւնները։
Յատկանշական է որ Մոնթեսորեան դաստիարակչական մեթոտի մուտքը Եգիպտոս, Աղեքսանտրիա կը կատարուի, 1970 թուականին։
[9][46][47][48][49][50][51][52][53]
Մշակոյթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան հարուստ է յուշարձաններով, ճարտարապետական 19-րդ, 20-րդ դարերու եւ ժամանակակից շրջանի կառոյցներով եւ թանգարաններով։
Թանգարաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Յունահռոմէական Թանգարանը Graeco-Roman Museum (հիմն․՝ 1892),
- Աղեքսանտրիոյ Ազգային Թանգարանը (հիմն․՝ 1926, սակայն վերջնական կառուցումէն ետք, բացումը եղաւ 31 Դեկտ․ 2003)
- Քավաֆի Cavafy Թանգարանը,
- Նրբարուեստի Fine Arts թանգարանը,
- Ոսկերչութեան Թագաւորական Royal Jewelery թանգարանը։
Նաեւ, Եունեսքօն ծրագրած է Աղեքսանտրիոյ մէջ կառուցել ստորաջրային թանգարան մը։
Թատրոն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ Օփերան, ուր տեղի կ՛ունենան դասական եւ արաբական երաժշտութեան, պարի եւ օփերայի ներկայացումներ։
Պաշտամունքի վայրեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ժամանակակից Աղեքսանտրիոյ մէջ իսլամ կրօնի մզկիթները կը գերիշխեն։ Սակայն կան քրիստոնէական կրօնի՝ Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ դաւանանքի եկեղեցիներ եւ տաճարներ։ Աղեքսանտրիան նաեւ Ղպտի քրիստոնիաներուն կեդրոնն է։ Աղեքսանտրիոյ Եկեղեցին աշխարհի քրիստոնէական հնագոյն Եկեղեցիներէն է։[54][55][56][57]
Պատկերասրահ Աղեքսանտրիոյ տեսարժան վայրերու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեծն Աղեքսանտրի յուշարձանը
Ալապաստր Դամբանը. կը կարծուէր Մեծն Աղեքսանտրին դամբանն է․ հնութեան պեղումներէն ոչինչ գտնուեցաւ
Փոխադրական միջոցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիան Եգիպտոսի մնացեալ քաղաքներուն հետ կը կապուի ցամաքի երթեւեկութեան եւ երկաթագծային ցանցով, ինչպէս նաեւ 77քմ․ երկարութեամբ Մահմուտիա Ջրանցքին Mahmoudia Canal միջոցաւ (ջրանցք որ կը սկսի Նեղոս գետի ափին Մահմուտիա քաղաք-նաւահանգիստէն եւ Աղեքսանտրիայէն անցնելով կը հասնի Միջերկրական Ծով․ կառուցուած էր Աղեքսանտրիան հայթայթելու համար սնունդով, Նեղոս գետի թարմ ձուկով եւ ջուրով)։
Քաղաքին մէջ փոխադրութիւնները կ՛ըլլան հանրային փոխադրամիջոցներու՝ trolleybus - autobus եւ թաքսի taxis միջոցաւ։ Ասոնք կապուած են նաւային եւ օդային փոխադրամիջոցներուն։ Աղեքսանտրիան Գահիրէ կապող պողոտան անապատէն կ՛անցնի եւ Եգիպտոսի լաւագոյններէն կը սեպուի։
Նաւային փոխադրամիջոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նաւային փոխադրամիջոցը կը կատարուի քաղաքին չորս նաւահանգիստներէն․ Արեւմտեան՝ որ Աղեքսանտրիոյ գլխաւոր նաւահանգիստն է, 1980 թուականի կառուցուած Տեքելիա՝ կը գտնուի նախորդին արեւմուտքը եւ կը սպասարկէ բեռնարկող նաւերն ու մօտակայ պողպատի գործարանը, Արեւելեան՝ զբօսանաւերու նաւակայք եւ Ապուքիր՝ քաղաքին հարաւ արեւելեան կողմը։ Եգիպտոսի նաւային բեռնատարութեան ծաւալին՝ արտածումի եւ ներածումի մեծ մասը կը սպասարկուի այս նաւահանգիստներէն։
Օդային փոխադրամիջոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միջազգային թռիչքները կը կատարուին Պորկ Ալ Արաբ օդակայանէն, իսկ ներքին թռիչքները ընդհանրապէս Ալ Նոզա օդակայանէն։
Կլիման[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աղեքսանտրիոյ կլիման անջրդի է, տարեկան 189 մմ․ անձրեւաչափով։ Ձմեռը անձրեւ կը տեղայ մանաւանդ Դեկտեմբերին։ Ջերմաստիճանը, անկախ եղանակէն, չափազանց փոփոխումներ չի կրեր եւ հաճելի է շնորհիւ Միջերկրական Ծովուն բարեկարգ ազդեցութեամբ։ Աղեքսանտրիան Ռաֆա քաղաքին հետ, Եգիպտոսին ամենախոնաւ շջրանն է։ Յունուար եւ Փետրուարին ամէնէն պաղն է․ ջերմաստիճանը կը խաղայ 18 °C մինչեւ՝ 5 °C (բարձրագոյնը՝ 12 - 18 °C եւ նուազագոյնը՝ 5 °C)։ Նաեւ, պաղ ամիսներուն, քաղաքը կը փորձուի զօրաւոր փոթորիկներէ, անձրեւներէ եւ քանի մը անգամներ թեթեւ կամ կանոնաւոր կարկուտներէ, որոնք միացուած թաթաւներուն՝ պատահական ողողումներու պատճառ կ՛ըլլան։ Տարուան ամէնէն տաք եւ չոր ամիսներն են՝ Յուլիսն ու Օգոստոսը։[58][59]
Աղեքսանտրիայի կլիմայական տուեալները | |||||||||||||
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
Ամիս | յունու | փետ | մարտ | ապր | մայ | յուն | յուլ | օգոս | սեպ | հոկ | նոյ | դեկ | Տարի |
ցուցանշային բարձր °C (°F) | 29.6 (85.3) |
33.0 (91.4) |
40.0 (104) |
41.0 (105.8) |
45.0 (113) |
43.8 (110.8) |
43.0 (109.4) |
38.6 (101.5) |
41.4 (106.5) |
38.2 (100.8) |
35.7 (96.3) |
31.0 (87.8) |
45 (113) |
Միջին բարձր °C (°F) | 18.4 (65.1) |
19.3 (66.7) |
20.9 (69.6) |
24.0 (75.2) |
26.5 (79.7) |
28.6 (83.5) |
29.7 (85.5) |
30.4 (86.7) |
29.6 (85.3) |
27.6 (81.7) |
24.1 (75.4) |
20.1 (68.2) |
24.9 (76.8) |
Միջին օրական °C (°F) | 13.4 (56.1) |
13.9 (57) |
15.7 (60.3) |
18.5 (65.3) |
21.2 (70.2) |
24.3 (75.7) |
25.9 (78.6) |
26.3 (79.3) |
25.1 (77.2) |
22.0 (71.6) |
18.7 (65.7) |
14.9 (58.8) |
20.0 (68) |
Միջին ցած °C (°F) | 9.1 (48.4) |
9.3 (48.7) |
10.8 (51.4) |
13.4 (56.1) |
16.6 (61.9) |
20.3 (68.5) |
22.8 (73) |
23.1 (73.6) |
21.3 (70.3) |
17.8 (64) |
14.3 (57.7) |
10.6 (51.1) |
15.8 (60.4) |
ցուցանշային ցած °C (°F) | 0.0 (32) |
0.0 (32) |
2.3 (36.1) |
3.6 (38.5) |
7.0 (44.6) |
11.6 (52.9) |
17.0 (62.6) |
17.7 (63.9) |
14 (57) |
10.7 (51.3) |
1.0 (33.8) |
1.2 (34.2) |
0 (32) |
Անձրեւի տեղումներ մմ (մատնաչափ) | 52.8 (2.079) |
29.2 (1.15) |
14.3 (0.563) |
3.6 (0.142) |
1.3 (0.051) |
0.0 (0) |
0.0 (0) |
0.1 (0.004) |
0.8 (0.031) |
9.4 (0.37) |
31.7 (1.248) |
52.7 (2.075) |
195.9 (7.713) |
Միջ. անձրեւոտ օրեր (≥ 0.01 mm) | 11.0 | 8.9 | 6.0 | 1.9 | 1.0 | 0.0 | 0.0 | 0.0 | 0.2 | 2.9 | 5.4 | 9.5 | 46.8 |
% խոնաւութիւն | 69 | 67 | 67 | 65 | 66 | 68 | 71 | 71 | 67 | 68 | 68 | 68 | 67.92 |
Միջին ամսական արեւային ժամ | 192.2 | 217.5 | 248.0 | 273.0 | 316.2 | 354.0 | 362.7 | 344.1 | 297.0 | 282.1 | 225.0 | 195.3 | 3307,1 |
Աղբիւր: {{{Աղբիւր 1}}} |
Յունուար | Փետրուար | Մարտ | Ապրիլ | Մայիս | Յունիս | Յուլիս | Օգոստոս | Սեպտ․ | Հոկտ․ | Նոյ․ | Դեկտ․ |
---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|---|
18 °C (64 °F) | 17 °C (63 °F) | 17 °C (63 °F) | 18 °C (64 °F) | 20 °C (68 °F) | 23 °C (73 °F) | 25 °C (77 °F) | 26 °C (79 °F) | 26 °C (79 °F) | 25 °C (77 °F) | 22 °C (72 °F) | 20 °C (68 °F) |
Աղեքսանտրիոյ հետ Եղբայրացած Քաղաքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երկիր | Քաղաք |
---|---|
Ղազախստան | ![]() |
Սլովաքիա | ![]() |
Մարոքօ | ![]() |
Ա․Մ․Ն․ | ![]() |
Ռումանիա | ![]() |
Հարաւային Ափրիկէ | ![]() |
Թուրքիա | Զմիւռնա |
Պուլկարիա | ![]() |
Ֆրանսա | ![]() |
Հնդկաստան | ![]() |
Ազրպէյճան | ![]() |
Հայաստան | ![]() |
Կիպրոս | Լիմասոլ |
Ուքրանիա | ![]() |
Չինաստան | ![]() |
Ռուսիա | ![]() |
Յունաստան | Սելանիկ |
Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ՆԻՒԹԵՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, Ա․ գիրք, Պատմութիւն Եգիպտահայ Եկեղեցիներու եւ Գերեզմաններու, գրեց՝ Արտաշէս Հ․ Գարտաշեան, 1943 Տպր․ Նուպար, Գահիրէ
- Հայ Գիրքը Եգիպտոսի մէջ, ըստ Ժամանակագրութեան
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Աշխարհի Քաղաքներուն Բանկչութիւնը - Աղեքսանտրիոյ Բնակչութիւնը, (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ քաղաքապետութիւնը (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիա (ֆր.)
- ↑ 4,0 4,1 Աղեքսանտրիա․ հնադարեան ժառանգութիւն եւ Նոր Գրադարանը (անգլերէն)
- ↑ Culture France (Ֆրանսական Մշակոյթ) - Աղեքսանտրիոյ գրադարաններուն պատմութիւնը 12-5-2017 (ֆր.)
- ↑ Յունական եւ Հռոմէական Եգիպտոսը, Bernard Legras, գլուխ 9 էջ՝162-184 (ֆր.)
- ↑ Կեանքն ու ճակատագիրը Աղեքսանտրիոյ հին գրադարանին 1992, Martine Poulain (ֆր.)
- ↑ Կորսուած Գրադարաններ, James Raven (անգլերէն)
- ↑ 9,0 9,1 9,2 9,3 Աղեքսանտրիոյ եղելութիւնները - Գրադարանը, Գիր (յուն.)
- ↑ Հելլենիստական Աշխարհը (ֆր.)
- ↑ Պղուդարխոս․ Աղեքսանտրին հետքերով (անգլերէն)
- ↑ Քեմպրիճի համալսարան - Մշակոյթ եւ իշխանութիւն Եգիպտոսի մէջ․ Աղեքսանտրիոյ Գրադարանը եւ Թանգարանը․(անգլերէն)
- ↑ le monde - Հռոմէական կայսրութեան Բարձր Շրջանը՝ Միջերկրականի արեւելեան շրջաններ
- ↑ Ամիանուս եւ Միջերկրականի մեծ Ցունամին (անգլերէն)
- ↑ Բջիջային Եգիպտոս (անգլերէն)
- ↑ The Cambridge, Եգիպտոսը իսլամական խալիֆայութեան նահանգ, էջ 70-85 (անգլերէն)
- ↑ եգիպտոսը ակուպեան եւ Մեմլուքներուն իշխանութեանց տակ (անգլերէն)
- ↑ ԱրեւՊարբերական, Նաբոլէոն Եգիպտոսի մէջ – 1938. – ԻԲ.Տարի.– թ.6021. – Հոկտեմբերի 18. – էջ 2
- ↑ Հին Աշխարհի վեց հրաշքները․ Իպն Պադուդա՝ Աղեքսանտրիոյ Փարոսը․ Peter A Clayton, Martin Price - էջ 151-160 (անգլերէն)
- ↑ Եգիպտոս Մուհամմատ Ալիի թագաւորութեան շրջանին, Afaf Lutfi Al-Sayyid Marsot, (անգլերէն)
- ↑ Գահիրէի Ամերիկեան համալսարան․ Աղեքսանտրիոյ 1882 թ․ ռմբակոծումը, (անգլերէն)
- ↑ Եգիպտոսը Նասերին իշխանութեան տակ․ Հրայր Տէքմէճեան(անգլերէն)
- ↑ Հայրենիք օրաթերթ - Պոստոն, Պատերազմ արաբ երկիրներուն ու Իսրայէլի միջեւ, 1967 Յունիս 6, թիւ 16729
- ↑ 24,0 24,1 Աղեքսանտրիոյ նահանգապետարան - Աղեքսանտրիա․ մշակոյթ եւ արուեստ (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ նահանգապետարան (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Նոր Գրադարանի բացումը, 16-10-2020(անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիա - Յունական մշակոյթի երկու դարեր (յուն.)
- ↑ Եգիպտոս․ Աղեքսանտրիոյ զարգացումը (անգլերէն)
- ↑ Կեդրոնական Եւրոպայէն Եգիպտոս, ANTONIO LASCIAC ARCHITECT (1856-1946)(անգլերէն)
- ↑ Մելգոնեան Նորակառոյց Մանկապարտէզին բացումը․ Արեւ օրաթերթ, Գահիրէ, Հինգ․ 30 Մայիս, 1929
- ↑ «Հայկազեան»ի՝ «Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները 2018/06/12
- ↑ Հայերը Եգիպտոս, Աղեքսանտրիա,09/11/2017 (անգլերէն)
- ↑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ (արեւլ/հ)
- ↑ Եգիպտահայերը Փոքրաթիւ, Սակայն՝ Վճռական Ի Հեճուկս Երկրին Մէջ Տիրող Խառնաշփոթ Իրավիճակին Ասպարէզ, Մայիս 17, 2012
- ↑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱՀԱՐՈՒՍՏ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԷՆ ՄԻՆ, 2010-01-03
- ↑ Եգիպտոսի հայ համայնքը, Վահրամ Հովյան, արեւլ/հ․
- ↑ Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան - Ազգապատում, հատոր Գ․
- ↑ Տեղեկատու, ԹԻՒ 48 Նոր Շրջան. ՅՈՒԼԻՍ 2008, Հրատարակութիւն Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ․ >
- ↑ Եգիպտոսում հայաստանի Դեսպանութիւն - հայերը Եգիպտոսում,
- ↑ AGBU Աղեքսանտրիոյ հայերը, Դաւիթ Զենեան, Յունիս 1, 1994 (անգլերէն)
- ↑ Մանկապատանեկան Արեւմտահայերէն Կայք Ուղղեւորութիւն դէպի Եգիպտոս, Հայկուհի Մուրատեան
- ↑ ՀՄՒՄ Մարմնամարզ, Բ․ տարի թիւ 14 Յուլիս 15, 1912, 1912-14
- ↑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ, ՀԱՄԱԴՐԵՑ` ՏՈՔԹ.ՍՈՒՐԷՆ Ն. ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ, ԳԱՀԻՐԷ - 2017
- ↑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ԵՒ ԱՐԴԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՇԻՆՈՒԹԵԱՆ, Գուշակեան Թորգոմ Պատրիարք, Գահիրէ, 1927, Էջ 52-66
- ↑ HAY HORIZON TV CHANNEL Աղեքսանտրիոյ հայ գաղութը
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Իփադիան (անգլերէն)
- ↑ Աթէնքի եւ Աղեքսանտրիոյ քաղաքներն ու Ուսումնարանները, Edward Jay Watts (անգլերէն)
- ↑ asia minor հանրագիտարան - Հիրոֆիլոս Խալքիտոնացին (յուն.)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Մոնթեսորի կրթութեան դաստիարակութեան դպրոց (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ դպրոցներ (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ հինգ լաւագոյն համալսարանները(անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ ամենագլխաւոր համալսարանները(անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ բարձրագոյն ուսման համալսարաններն ու կաճառները (անգլերէն)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ տեսարժան վայրեր եւ թանգարաններ (յուն.)
- ↑ Եունեսքօի ծրագիրը՝ հիմնել ստորաջրային թանգարան (ֆր.)
- ↑ Եգիպտոսը կը պատրաստուի ընդունիլ ստորաջրային թանգարանը (ֆր.)
- ↑ Աղեքսանտրիոյ Պատրիարքութիւն (ֆր.)
- ↑ weather2travel, Աղեքսանտրիոյ կլիման (անգլերէն)
- ↑ Պրիտանական Հանրագիտարան,Միջերկրականի Կլիման (անգլերէն)
Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Աթէնքի Հնագիտական ազգային թանգարանը
Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Գամել Ապտել Նասեր(անգլերէն)
- Աղեքսանտրիոյ գրադարանը (անգլերէն)
- Սամոթրաքիին Արիսթարխոն(անգլերէն)
- Բիւզանդացի Արիսթոֆանին(անգլերէն)
- Պոմպէոսին Սիւնը(անգլերէն)
- Իփադիա(ֆր.)
- Աստղակերպ 238 Իփադիա(անգլերէն)
- Էւքլիտիս(անգլերէն)
- Աղեքսանտրիոյ Եկեղեցին (ֆր.)
- Համարաբական Խաղեր 1953(ֆր.)
- Միջերկրակնեան Խաղեր 1951(ֆր.)
- Ափրիկեան կողովագնդակի խաղեր (անգլերէն)
- Ափրիկէի Ոտնագնդակի խաղեր(անգլերէն)
|