Jump to content

Հայաստանի դրօշ

Հայաստանի դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Երկիր  Հայաստան
Իրաւասութեան տարածք Հայաստան
Նշան 🇦🇲
Յարաբերութիւն 2:1?
Ընդունուած է 24 Օգոստոս 1990
Գոյներ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն
Պատկերուած է դաշտ
Նախագծող Ստեփան Մալխասեանց

Հայաստանի դրօշ, Հայաստանի պետական խորհրդանիշներէն մէկը։ Այն սահմանուած է Հայաստանի Սահմանադրութեամբ եւ դրօշի մասին օրէնքով։ Կազմուած է կարմիր, կապոյտ, ծիրանագոյն գոյներէն (վերեւէն ներքեւ)՝ հորիզոնական հաւասարաչափ շերտերով, լայնքի եւ երկայնքի 1։2 յարաբերակցութեամբ։ Այն չափերով եւ գոյներով Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան (1918-1920) դրօշի կրկնութիւնն է։

«ՀՀ դրօշի մասին» առաջին օրէնքը ընդունած է ՀՀ Գերագոյն խորհուրդը 24 Օգոստոս 1990-ին։ Ներկայ օրէնքը ընդունուած է 15 Յունիս 2006-ին 2005-ի Սահմանադրական փոփոխութիւններէն ետք։ Դրօշի գոյներու մասին կան տարբեր մեկնաբանութիւններ։ 2006-ի օրէնքին մէջ գրուած է.

«Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ Հայկական բարձրաւանդակը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը յարատեւման, քրիստոնէական հաւատքի, Հայաստանի անկախութեան եւ ազատութեան համար։ Կապոյտ գոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը խաղաղ երկինքի ներքոյ։ Նարնջագոյնը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի արարչական տաղանդը եւ աշխատասիրութիւնը»:

Տե՛ս նաեւ՝ Հայաստանի դրօշներու ցանկ

Ալիշանի նախագծած դրօշը 1885-ին
Արտաշէսեան հարստութեան դրօշը, Ն.Ք. 189-1
Պատկեր:Flag of the Armenian Kingdom of Cilicia under the Lusignan Dynasty (1341-1375).svg
Ֆրանս-հայկական Լուսինեան հարստութեան դրօշը, 14-րդ դար

Այսօրուան եռագոյն դրօշը շատ քիչ նմանութիւն ունի նախկին հայկական դրօշներուն հետ։ Հին ժամանակներուն, բանակները կ՚երթայինն կռիւներու՝ առջեւէն սիւներու վրայ տանելով փորագրուած ժայռաբեկորներ։ Փորագրութիւնները կրնային ներկայացնել վիշապ, արծիւ, վագր կամ ինչ-որ խորհրդաւոր աստուածային առարկայ։ Քրիստոնէութեան ընդունման հետ, հայկական տէրութիւնը փոխառեց շատ տարբեր դրօշներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր հարստութիւններ։ Արտաշէսեան հարստութեան դրօշը, օրինակ, բաղկացած է կարմիր կտորէ, որու վրայ պատկերուած են երկու արծիւ, որոնք կը նային իրարու եւ բաժանուած են ծաղիկով։

Դրօշներու Ազգային Ուսումնարանը 2012-ին սահմանեց Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի ընդհանուր տեխնիկական պայմանները։

Գունային պատկեր Կարմիր Կապոյտ Նարնջագոյն
Pantone 485 286 1235
CMYK 0-100-100-0 100-80-0-0 0-35-100-0
RGB 217-0-18 0-51-160 242-168-0
HEX #D90012 #0033A0 #F2A800

Չնայած, դրօշի ուրիշ տարբերակ մըն ալ կ՚օգտագործուի, բայց ոչ շատ յաճախ։

Գունային պատկեր Կարմիր Կապոյտ Նարնջագոյն
RGB 216-28-63 85-117-196 239-107-0
HEX #D81C3F #5575C4 #EF6B00
Ալիշանի նախագծած դրօշը, Հայկական Սփիւռքի դրօշը։

Պարսկաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ Հայաստանի բաժանումէն ետք, որոշ ժամանակ Հայկական դրօշ ստեղծելու գաղափարը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալ։ Ֆրանսացի գրող Վիքթոր Հիւկոյի թաղման արարողութեան մասնակցելու համար, 1885-ին Փարիզի հայկական ուսանողական համաժողովի խնդրանքով Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ եւ յայտնի բանասէր Ղեւոնդ Ալիշանը Հայաստանի համար նոր դրօշ ստեղծեց։ Ալիշանի առաջին նախագիծը շատ նման էր նորօրեայ Հայկական դրօշին՝ այն հորիզոնական եռագոյն էր։ Այնուամէնայիւ, այն աւելի նման էր ՊուլԿարիոյ ներկայիս դրօշի հակառակ շրջուած տարբերակին։ Առաջին կարմիր ժապաւէնը՝ կը խորհրդանշէր Զատիկի առաջին Կիրակին, յաջորդող կանաչ ժապաւէնը՝ Զատիկի Կանաչ կիրակին, եւ, վերջապէս, կամայական սպիտակը ընտրուած էր լրացնելու այս համադրութիւնը։ Ալիշանը Ֆրանսայի մէջ եւս մէկ դրօշի նախագիծ ըրած է, որ ներկայիս յայտնի է իբրեւ՝ «Հայկական Ազգայնական դրօշ»։ Այն նոյնպէս եռագոյն էր, բայց ի տարբերութիւն նախորդի, այս մէկը ուղղահայաց եռագոյն էր՝ ֆրանսական դրօշի նման։ Անոր գոյները՝ կարմիր, կանաչ եւ կապոյտ, (ձախէն աջ)՝ կը խորհրդանշէին այն ծիածանը, որ Նոյը տեսած էր Արարատից իջնելիս։

Անդրկովկասի Խորհրդային Սոցիալիստական դաշնութեան Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Անդրկովկասեան Դեմոկրատական դաշնութեան Հանրապետութեան դրօշը 1922–1936:

1828-ի վերջը ռուս-պարսկական պատերազմէն ետք պարսից Հայաստանը կը միանայ Ռուսական կայսրութեան եւ կը կոչուի Ռուսահայաստան։ Երբ ռուսական կայսրութիւնը կը փլուզուի, Ռուսահայաստանը կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ Վրաստանի ու Ազրպէյճանի հետ միասին կը միացուի Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Դաշնակից Հանրապետութեան։ Այս միասնական նահանգը գոյատեւեց գրեթէ մէկ տարի եւ շուտով կազմալուծուեցաւ։ Քանզի Հանրապետութիւնը կարճ կեանք ունեցաւ, այն չունէր դրօշ կամ այլ խորհրդանիշ։ Այնուամէնայնիւ, որոշ պատմաբաններ կը համարեն, որ հորիզոնական ոսկեգոյն, սեւ եւ կարմիր եռագոյնը, նման է Գերմանիոյ դրօշին, սակայն որոշ փոփոխութիւններու շնորհիւ եղած է Անդրկովկասի դրօշը։ Դաշնութիւնը կազմալուծուած է 26 Մայիս 1918-ին, երբ Վրաստանը կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ կը վերածուի Վրաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան։ Երկու օր ետք՝ 28 Մայիս 1918-ին, եւ՛ Հայաստանը, եւ՛ Ազրպէյճանը կը վերականգնեն իրենց անկախութիւնը՝ իբրեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն եւ Ազպէյճանի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն։

Անդրկովկասեան Դեմոկրատական դաշնակից Հանրապետութեան դրօշը (1918)

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

link=|մինի Անկախութիւն ձեռք բերելէն ետք, Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը ընդունեց ներկայիս հայկական եռագոյնը։ Սիմոն Վրացեանը վկայած է. «Դրօշակի ձեւի եւ գոյնի շուրջ եղան բաւական երկար խորհրդակցութիւններ. ի նկատի առնուեցան հայոց պատմական դրօշակները, լսուեցաւ հայկաբան Ստ. Մալխասեանցի հիմնաւորուած զեկուցումը հայկական դրօշակի մասին եւ, ի վերջոյ, որոշուեցաւ ընդունել հորիզոնական կարմիր, կապոյտ ու նարնջի երեք գոյները՝ պայմանով, որ վերջնական հաստատումը կատարուի Սահմանադիր ժողովի կողմէ, որ պէտք է գումարուէր Հայաստանի երկու հատուածներու միացումէն ետք» (Սիմոն Վրացեան, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Բ. հրատարակութիւն, Պէյրութ, 1958, էջ 183)։ Նախնական ձեւը, որ վերջին հաշուով մերժուեցաւ, ծիածանագոյն դրօշն էր։ Այս նախնական ձեւը կարելի է տեսնել Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ (Երեւան)։ Անկախ Հայաստանի դրօշը ուներ 2:3 յարաբերակցութիւն, սակայն 26 Օգոստոս 1990-ին, երբ ՀԽՍՀ Գերագոյն Խորհուրդը ընդունեց այն իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշ՝ յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ 1:2-ի:

Ազգային դրօշը նաեւ կը յիշատակուի Հայաստանի ազգային օրհներգին մէջ՝ «Մեր Հայրենիք»։ Մասնաւորապէս՝ երկրորդ եւ երրորդ տուներուն։


Ահա եղբայր քեզ մի դրօշ,
Որ իմ ձեռքով գործեցի,
Գիշերները ես քուն չեղայ,
Արտասուքով լուացի։

Նայիր նրան՝ երեք գույնով,
Նուիրական մէկ նշան
Թող փողփողի թշնամու դէմ
Թող միշտ պանծայ Հայաստան[1]։


Արցախի Հանրապետութեան դրօշ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արցախի Հանրապետութեան դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Երկիր Արցախի Հանրապետութիւն
Իրաւասութեան տարածք Արցախի Հանրապետութիւն
Նշան 🇦🇲
Յարաբերութիւն 1:2
Ընդունուած է 2 Յունիս 1992
Գոյներ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն
Պատկերուած է հորիզոնական եւ հաւասար երկարութեամբ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն շերտեր, եւ կտորի աջ կողմի երկու ծայրերէն կը սկսի սպիտակ հնգատամ սանդղանման գորգանախշ, որ կը միանայ դրօշի մէկ երրորդ հատուածին վրայ
Նախագծող  

Հիմնական յօդուած՝ Արցախի դրօշ

Տե՛ս նաեւ՝ Արցախի Հանրապետութեան զինանշան

Արցախի Հանրապետութեան պետական դրօշը ընդունուած է հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի որոշմամբ՝ 2 Յունիս 1992-ին՝ Հայաստանի դրօշի նմանութեամբ, աւելացուած է միայն սպիտակ եռանկիւնաձեւ նախշանկար։ Երկու ծայրերէն սկսուող սպիտակ հնգատամ սանդղանման գորգանախշ, որ կը միանայ դրօշի մէկ երրորդ հատուածի վրայ։ Սպիտակ գորգանախշը կը խորհրդանշէ մայր Հայաստանէն Արցախի բաժանումը եւ Հայրենիքին վերջնական միանալու ձգտումը։ Դրօշի լայնութեան յարաբերակցութիւնը անոր երկարութեան կը կազմէ 1:2, որ հաւասար է Հայաստանի դրօշի յարաբերութեան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Lyrics of Mer Hayrenik»։ National Anthems.net։ արտագրուած է՝ 2007-01-10