Կարին


Քաղաք
Կարին
Իլ Արեւելեան Անատոլիա
Քաղաքապետ Ահմետ Կուծուկ
Տարածութիւն 3.385 քմ²
Խտութիւն 117.7 մարդ/քմ²
Ազգային կազմ Թուրքեր, քիւրտեր

Կարին կամ Էրզրում (թրք.՝ Erzurum)[1], Թուրքիոյ Հանրապետութեան Էրզրում նահանգի վարչական կեդրոնն է, նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ հայկական քաղաք։

Կարին (Карин, Karin, Անաստասուպոլիս, Առզըռում, Առզռում, Արգիրոն, Արդուրում, Արզ, Արզան, Արզան ար-Ռում, Արզան էր Ռում, Արզարում, Արզերում, Արզը Ռում, Արզն ար ռում, Արզնե էլ-Ռում, Արծն Հոռոմոց, Արզն Ռում, Արզրում, Արտը Ռում, Բարանդիս, Կարիկալա, Գալիգուլա, Գարանիգիս, Գարանիտիդե, Էրեզ Էրում, Էրզեն Էլ-Ռում, Էրզենէրում, Էրզեն Էրում, Էրզենիռում, Էրզերում, էրզ էր-Ռում, Էրզին էրում, էրզիռում, էրզիրում, էրզյուրյում, էրզրում, էրզունիրում, էրզուրում, Թէոդոպոլիս, Թէոդոսիպոլ, Թէոդոսիոպոլիս, Թէոդոսիպոլիս, Թէոդոսիուպոլիս, Թէոդոսոպոլիս, Թէոդոսպոլիս, Թէոդոսուպոլ, Թէոդոսուպոլիս, Թէեոդուպոլիս, Թվուլուս, Կալիկալա, Կալիքալա, Կարախպոլիս, Կարանա, Կարանատիդէ, Կարանիտիդէ, Կարանիտիս, Կարեն, Կարենտիս, Կարինի, Կարինիտես, Կարինիտիս, Կարնային քաղաք, Կարնայ քաղաքի, Կարնոյ քաղաք, Կարնու քալաքի, Կարնու քաղաք, Կարունս քաղաք, Կարուց քաղաք, Քալիքալա, Քարին քաղաք).

Աշխարհագրական դիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաք Մեծ Հայքի Բարձր Հայք աշխարհի Կարնոյ գաւառին, Կարնոյ սարահարթին, Եփրատ գետի ձախ կողմը, Այծպտկունք լերան հիւսիս–արեւմտեան լանջերուն, ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 2000 մ. բարձրութեան վրայ։ Քաղաքէն հարաւ՝ կ՛երեւին Հաւատամք լերան բլրաշարերը։ Արեւելքէն՝ կ՛երկարի Տաւապոյնի լեռնաշղթան, իսկ հիւսիսէն ու արեւմուտքէն՝ քաղաքին մօտ կը տարածուի Կարնոյ դաշտը։ Ունի զով ու առողջարար կլիմայ, առատ եւ սառնորակ ըմպելի ջուր։ Ձմեռը երկարատեւ ու խստաշունչ է, ամառը՝ զով եւ կարճատեւ։

Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարինը Հայկական լեռնաշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն է։ Անոր հիմնադրումը կը վերագրեն Ք․Ա․ 2 - րդ հազարամեակի 2-րդ կէսին ապրած հայոց (Հայասական) թագաւոր Կարաննիին, որմէ ալ յառաջացած է «Կարին» անունը։ Քաղաքին  ծագումնաբանութիւնը կը կապուի նաեւ Կարինիտես անձնանուան կամ նոյնանուն ցեղանուան հետ։ Կարնոյ մասին պատմական հաւաստի տեղեկութիւնները պահպանուած են յունահռոմէական (Ա. դարուն) եւ հետագայի հայ պատմիչներու գործերուն։ Երուանդունի, Արտաշէսեան եւ Արշակունի թագաւորական հարստութիւններու ժամանակ (Ք.Ա.. 6-րդ դար ,Ք.Ա. 5-րդ դար), Կարինը Կարնոյ գաւառի կեդրոնն էր։ Անոր դերն ու նշանակութիւնը առանձնապէս կը սկսի մեծնալ 387-ին, Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք, որպէս բիւզանդական մասի սահմանային կարեւորագոյն բերդաքաղաք։ Բիւզանդիոյ Թէոդոս Բ. կայսեր (408 - 450) յանձնարարութեամբ, Անատոլ զօրավարը, 431-ին Կարնոյ մէջ կը կառուցէ նոր ամրութիւններ եւ կայսեր անունով քաղաքը կը կոչուի Թէոդոսուպոլիս։ Քաղաքի ամրութիւններն ու պաշտպանական կառոյցները կ՛ընդարձակուին, կը վերակառուցուին նաեւ Անաստաս Ա. - ի (491-518) եւ յատկապէս՝ Յուստինիանոս IԱ.- ի (527 - 565) օրերուն։ 7 - 9-րդ դարերուն Կարինը մերթ բիւզանդական, մերթ արաբական մասին մէջ կը գտնուէր։ Այդ շրջանին Կարինը Կալիկալա եւ այլ անուններով շատ յաճախ կը յիշատակուի նաեւ արաբական աղբիւրներուն մէջ։ 885-ին Հայաստանի մէջ Բագրատունիներու թագաւորութեան հաստատումէն ետք, Կարին նոյնպէս մուտք կը գործէ հայկական պետութեան կազմին մէջ։ 949-ին, սակայն, բիւզանդացիները զայն դարձեալ կը խլեն հայերէն, 1049-ին, երբ սելճուք-թուրքերը հիմնայատակ կը կործանեն Արծն քաղաքը, անոր կենդանի մնացած բնակիչները կու գան ու կը հաստատուին Կարին եւ զայն իրենց հայրենի քաղաքին անունով կը կոչեն նաեւ Արծն, որմէ յաոաջացած են Կարնոյ թուրք-արաբական Արզն Ռում (այսինքն՝ բիւզանդացիներու Արծն), Արզրում, Էրզրում անունները։ Սելճուք-թուրքերը կարճ ժամանակով մը հոսկէ կը վռնտեն Զաքարեանները, իսկ 1242-ին, քաղաքը կ'անցնի մոնկոլ-թաթարներու իշխանութեան տակ։ 15-րդ դարուն Կարնոյ, յաջորդաբար, կը տիրեն Գարագոյունլու եւ ագգոյունլու վաչկատուն ցեղերը, իսկ 1514 - ին զայն կը գրաւէ Օսմանեան սուլթան Սելիմ IԱ. - ը։ 19 - 20-րդ դարերուն ռուսական զօրքերը երեք անգամ ազատագրած են քաղաքը թուրքերէն եւ երեք անգամ ալ՝ վերադարձուցած։ 1829-ին, Ատրիանապոլսոյ հաշտութեան պայմանագիրով, երբ Կարինը կը վերադարձուի թուրքերուն, ռուսական զօրքերուն հետ քաղաքէն կը հեռանան աւելի քան 20.000 հայեր, որոնք բնակութիւն կը հաստատեն Ախալցխայի, Ախալքալաքի, Լոռիի եւ Փամբակի շրջաններուն մէջ։ Կարնեցիներն իրենց նոր բնակավայրերէն մէկ քանին կը վերանուանեն Կարնոյ գաւառի գիւղերուն անուններով։ 1877 - 78 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, 7 Սեպտեմբերին, քաղաքը կրկին կը պարպուի, հոնկէ Անդրկովկաս կը գաղթէ 2000 ընտանիք։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին Կարնոյ հայ բնակչութեան զգալի մասը զոհ կ'երթայ թրքական եաթաղանին։26 Փետրուար 1918-ին քաղաքը դարձեալ կ՛անցնի թուրքերու ձեռքը։

Կարինը միշտ ալ եղած է Հայաստանի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, Կարնոյ աշխարհի վարչաքաղաքական, Յուստինիանոս Ա.-ին վերակազմած Առաջին Հայք նահանգի, հետագային էրզրումի էմիրութեան, իսկ թրքական տիրապետութեան ողջ ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի ամենաընդարձակ Էրզրումի նահանգի (վիլայէթի) կեդրոնը։ Կարինը նախ եւ առաջ յայտնի եղած է իբրեւ բերդաքաղաք։ Թէեւ հին հայկական եւ վաղ միջնադարեան պաշտպանական կառոյցներէն այստեղ քիչ բան պահպանուած է, սակայն ուշ ժամանակներուն թուրքերու կառուցած բերդն ու քաղաքամերձ ամրութիւնները (Մեճիտիէ, Նիխախ, Սեւիշլի) կանգուն էին մինչեւ առաջին Համաշխարհային պատերազմը եւ կը պահպանէին իրենց ռազմագիտական նշանակութիւնը։ Քաղաքին միջնաբերդը կը գտնուի կեդրոնը, երեք բլուրներու վրայ շրջապատուած կրկնակի պարիսպներով։ Անիկա ունէր նաեւ խրամ, որ անհրաժեշտութեան պարագային, կը լեցուէր Մուրտառ գետակի ջուրերով։ Այստեղ կային գաղտնի գետնուղիներ, զինանոցներ, պահեստներ ու զօրանոցներ։ Միջնաբերդէն բացի, քաղաքը նոյնպէս ունէր շրջապարիսպներ, որոնց կը վերահսկէին 72 աշտարակներ։ Պարսպաշարի համալիրին մէջ կը մտնէին Ախալցխայի (կամ Վրացական), Երզնկայի, Թաւրիզի եւ Խարբերդի քաղաքային 4 գլխաւոր դարպասները։

Քաղաքը բաղկացած է գլխաւոր երեք մասէ: Կեդրոնը, բլուրին վրայ` միջնաբերդը իր անմիջական շրջակայքով, որ հնագոյն Կարինը կը կազմէ: Բերդին արտաքին պարիսպները իրենց շրջապատով, որոնք հին Կարինը կը կազմեն: Իսկ բերդին չորս կողմը տարածուող թաղամասերը նոր Կարինը կը կազմեն: Միջնաբերդը ունի հարիւր մեթր երկարութիւն եւ շուրջ 55 մեթր լայնութիւն եւ կառուցուած է Ե. դարուն: Միջնաբերդին հարաւային կողմը կը գտնուի Թեփսի մինարէն, որ իր բարձրութեան շնորհիւ դիտարանի դեր խաղացած է: Արեւելեան կողմը կը գտնուի Չիֆթէ մինարէն, որ կառուցուած է 962-ին: Ուլու ճամին կառուցած են յոյները իբրեւ դիւանատուն կամ մատենադարան, իսկ սելճուքները 1178-ին մզկիթի վերածած են զայն:

Բնակչութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օտարներու երկարատեւ տիրապետութիւնը զգալիօրէն փոխած է Կարնոյ բնակչութեան ազգային պատկերն ի վնաս հայերուն։ 1829-ին Կարինն ունէր շուրջ 130.000 բնակիչ, որոնցմէ հայեր՝ 30.000, 1909-ին՝ 60.000 բնակիչ, որոնցմէ հայեր՝ 15.000 (2500 ընտանիք)։ Հայերը հիմնականին մէջ կը բնակէին քաղաքին հիւսիսային ու հիւսիս–արեւմտեան թաղամասերուն մէջ։ Այստեղ կը գտնուէին նաեւ ԱՄՆ-ի, Անգլիոյ, Ֆրանսայի ու Ռուսաստանի հիւպատոսութիւնները։

Կարնոյ Հայկական կառոյցները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայոց Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած էր 1840-ին, հին եկեղեցւոյ վայրին վրայ։ Գլանաձեւ քսան սիւներու վրայ կառուցուած եկեղեցին ունէր 24 մեծ եւ 15 փոքր կլոր պատուհան, երեք կամարաձեւ խորան, երկու աւանդատուն եւ երեք դուռ:

Կեդրոնական վարժարանը հիմնուած էր 1811-ին եւ հետագային կը վերանուանուի Արծնեան: Սանասարեան վարժարանը հիմնուած էր 1881-ին, Մկրտիչ Սանասարեանի միջոցներով եւ Կարապետ Եզեանի ջանքերով եւ կրթական բարձրագոյն հաստատութիւն էր, ունէր գիշերօթիկ բաժին, մանկավարժական եւ արհեստագիտական ճիւղեր, տարրալուծարան, գրադարան, հիւանդանոց, դեղարան, փուռ, ներկատուն եւ թանգարան: Միւս վարժարաններն էին` Հռիփսիմեանց օրիորդաց, Մսըրեան, Տէր Ազարեան, Գաւաֆեան, Աղապալեան եւ կաթոլիկ ու բողոքական դպրոցները եւ քանի մը մանկապարտէզներ:

Կարնոյ հայոց տուները երկյարկանի էին, շատ հաստ պատերով, տանիքները փայտէ գերաններով հիւսուած եւ կէս մեթր հողի խաւով ծածկուած: Թոնրատունը` հողին մէջ զետեղուած մեծ ու փոքր թոնիրներ, որոնց ամէնէն մեծը հացի թոնիրն էր, տանիքին վրայ մեծ ծխնելոյզով եւ պատերուն` թոնրատան յատուկ տնային երկաթեայ գործիքներով: Սաքուն` կարպետներով եւ բազմոցներով ծածկուած: Ներքնատունէն սանդուխներ` դէպի վերի սենեակները, որոնց պատերուն` պահարաններ ճերմակեղէնի եւ այլ իրեղէններու համար եւ տախտակաշէն ծալքը` անկողիններուն համար: Մառանը լեցուն` աղոն, իւղ, կարագ, պանիր, ձաւար, կորկոտ, ոսպ, սիսեռ, ճերմակ եւ կանաչ լուբիա` չորցուած, չոր պտուղներ, հաւկիթ, թթուներու տեսակներ` վարունգի, շողգամի, կաղամբի եւ ճակնդեղի, սոխ, սխտոր, գետնախնձոր, ռեհան եւ շոմին: Իսկ քարէ մուսլուխը` գուռը, ըմպելի ջուրի համար: Պատուհաններուն առջեւ կը գտնուէր նստարանը, կարպետով կամ գորգով ծածկուած, ետեւը` թաւշապատ բարձեր շարուած: Սենեակներուն յատակը գորգով կամ կարպետով ծածկուած կ՛ըլլար:

Կարնեցիներուն Խոհանոցը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հացը կը թխէին ամէն օր. երեկոյեան թթխմորով խմոր կը շաղէին եւ կը ձգէին մինչեւ առտու: Առտուն անգամ մը եւս կը շաղէին եւ քիչ ետք կը թխէին բարակ երկար լաւաշները: Թոնիրին մօտ նստող կիներէն կամ աղջիկներէն մէկը խմորը գունդ շինելէն ետք բացեր կը պատրաստէր, իսկ միւսը բացը քաշելով պատատի (ուռենիի բարակ ճիւղերով շինուած, խոտով ծածկուած եւ վրան կտոր անցուած) երեսին կը զարնէր թոնիրի տաք պատերուն:

Կարնեցիներու խոհանոցին ընդհանրացած ճաշերն են սուլու քէօֆթէ, թանապուր, խաշ, հերիսա, բանջարեղէնով եփած միս, փորը լեցուած գառնուկ եւ խմորեղէններու տեսակներ, իսկ օղին ճոխ, շքեղ սեղանին զարդը նկատուած է: Կարին արհեստներու եւ տարանցիկ առեւտուրի կարեւոր կեդրոն էր եւ հոնկէ կ՛անցնէր եւրոպական երկիրներէ Պարսկաստան տանող առեւտրական մայրուղին: Հայերը գլխաւորաբար արհեստաւորներ եւ առեւտրականներ էին: Ամէն արհեստ իր փողոցը ունէր, որ տուեալ արհեստին անունով կը կոչուէր:

Բուսականութիւն, Անասնապահութիւն եւ Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարնոյ բարեբեր դաշտը տարածուած է քաղաքին հիւսիսային կողմը եւ ջրարբի է. Եփրատ դաշտին մայր գետն է. կան բազմաթիւ ակեր եւ առուներ: Քաղաքէն քանի մը քիլոմեթր հեռու, Եփրատի եզերքը տարածուած է ճահճացած լճակ մը` Շամբը, եղէգնաբոյսերով ծածկուած, լեցուն` ջրասէր թռչուններով, գորտերով, կրիաներով, օձերով, միջատներով եւ բազմատեսակ ձուկերով, որոնցմէ նշանաւոր են կարմրախայտը եւ ծածանը: Դաշտէն հիւսիս կ՛երկարին Խաչափայտի լեռները: Հայ եւ թուրք խառն բնակչութեամբ գիւղերն են` Կան, Չիֆթլիկ, Կէզ, Բլուր, Շխնոց, Մուտուրկա, Սովուգ Ջերմուկ, Գեղախոռ, Պատիշէն, Օձնի, Իլիճէ, Ղարարզ, Դվնիկ, Կրճնկոց, Կռիչք, Ումուտում, Գոմք, Թարքունի, Նորշէն, Ըղտաձոր, Արծթի, Խաչկավանք, Երկնիստ, Ձիթող, Թուանճ, Տինարգոմ, Հինձք, Ղայափա, Ղարահասան, Սալաձոր եւ Սէկիւրտլի, որոնք բոլորը միասին 25 հազար հայ բնակչութիւն ունէին:

Հարուստ մարգագետիններուն շնորհիւ զարգացած է անասնապահութիւնը. նշանաւոր են Կարնոյ ոչխարը, կովը, եզը, գոմէշը եւ ձին: Կը մշակեն գլխաւորաբար ցորեն, գարի եւ հաճար:

Կարնոյ հայ գիւղացիներուն մէջ տարածուած էր իրերօգնութեան եւ հաւաքական տնտեսութեան դրութիւնը: Քանի մը տասնեակ ընտանիքներ մէկ ամբողջութիւն կը կազմէին. ամէն ընտանիք իր կովերէն ստացած կաթը կարգով կը տանէր մէկ ընտանիքի, եւ այսպէս մէկ-երկու շաբաթ շարունակաբար: Կաթը ստացող տան տաշտերը կը լեցուէին կաթով, որուն երեսներէն երեք-չորս օր վերջ կը քաշէին սերուցքը, իսկ մնացածէն պանիր կը պատրաստէին: Սերուցքը հողէ ամաններու մէջ կը լեցնէին եւ քանի մը օր վերջ խնոցի հարելով կարագ կը հարէին, իսկ թանը չորցնելով չորթան կը պատրաստէին:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքն այսօր՝

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 55։ ISBN 99941-56-03-9 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան» (5 հատորով), 1986-2001 թթ., Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]