Շահամիր Շահամիրեան
Շահամիր Շահամիրեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1723 |
Ծննդավայր | Սպահան, Իրան |
Մահացած է | 1798 |
Մահուան վայր | Չեննայ (Մատրաս), Բրիտանական Հնդկաստան, Բրիտանական կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Միացեալ Թագաւորութիւն |
Կրօնք | Հայ Առաքելական Եկեղեցի |
Ազդուած է | Մովսես Բաղրամյան? |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Որոգայթ փառաց եւ Հարավային ծրագիր? |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, հանրային գործիչ |
Երեխաներ | Յակոբ Շահամիրեան եւ Եղիազար Շահամիրեան |
Շահամիր Շահամիրեան (1723, Սպահան, Իրան - 1798, Չեննայ (Մատրաս), Բրիտանական Հնդկաստան, Բրիտանական կայսրութիւն), Հնդկահայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, հայ ազատագրական պայքարի ականաւոր ներկայացուցիչ եւ վաճառական։ Ազգային-ազատագրական շարժման գործիչներէն եւ հայ քաղքենի-լուսաւորական գաղափարախօսութեան հիմնադիրը։ Անոր «Որոգայթ փառաց» (1773) երկը աշխարհի տարածքին գտնուող սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու առաջին ծրագիրն է։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շահամիր Շահամիրեան Նոր Ջուղայէն Հնդկաստան կը գաղթէ եւ կը հաստատուի Մատրաս քաղաքին մէջ։ Նախ դերձակութեամբ կը զբաղի, ապա առեւտուրով եւ մեծ հարստութիւն կը կուտակէ։ Անոր հայեացքներուն ու գործունէութեան վրայ մեծ ազդեցութիւն կ'ունենայ Մատրասի մէջ հաստատուած հայ ազատագրական ու լուսաւորական գործիչ՝ Մովսէս Բաղրամեանը։
ԺԸ. դարը հարուստ է հայոց ազատագրական դարաւոր պայքարի որոշ փայլուն դրուագներով, պայքարի նոր ձեւերով, գաղափարաքաղաքական նոր հայեցակարգերով ու ծրագիրներով։ Հայ քաղաքական միտքի որոնումներու եւ գործնական դիրքորոշումներու յստակեցման համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցած են դարու Արցախի եւ Սիւնիքի հայութեան ազատագրական հերոսամարտերը։
Այդ դարաշրջանի հայ քաղաքական միտքի, պետականութեան վերականգնման եւ քաղաքական անկախութեան ձեռքբերման նախապայմաններ կը համարուէին՝
- ազգային ուժերու միաբանութիւնը,
- արեւմտեան երկիրներու օգնութիւնը,
- վրացի ժողովուրդի հետ համագործակցութիւնը։
ԺԸ. դարուն կը յառաջանայ քաղաքական նոր գործօն հզօրացող Ռուսաստանը իր հեռաձիգ ռազմավարական ձգտումներով ու յաւակնութիւններով։
Ռուսական գործօնի կարեւորութիւնը կ'արտայայտէ Իսրայէլ Օրի իր քաղաքական հայեացքներուն եւ գործնական քայլերուն մէջ։ Նշուած գործօնները կը վերաիմաստաւորուին ու կը բիւրեղանան դարու երկրորդ կիսուն՝ արտացոլուելով հայ քաղաքական գիտակցութեան մէջ եւ քաղաքական վերլուծութեան առարկայ կը դառնան յատկապէս «Մատրասի խմբակ»էն՝ Յովսէփ Էմինի, Մովսէս Բաղրամեանի եւ Շահամիր Շահամիրեանի քաղաքական հայեացքներուն մէջ։
Փիլիսոփայութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ ազատագրական պարտութենէն ետք, ազատագրական միտքը ԺԸ. դարու երկրորդ կիսուն կը հիմնաւորուի Ասիոյ եւ Եւրոպայի հայկական գաղթավայրերուն մէջ։ Հայկական սփիւռքի Ռուսաստանի եւ Հնդկաստանի գաղթավայրերը աւելի աշխուժ էին։ Ռուսական կայսրութեան մէջ, ռուսերը հայերուն իրենց հայրենիքի ազատագրման սին յոյսեր կու տային։ Ռուսաստան նպատակ ունէր ճանապարհ հարթել դէպի Միջերկրական ծով եւ Հնդկական ովկիանոս՝ այդ ճանապարհին գրաւելով Հայաստանը։ Հնդկաստանի մէջ հաստատուած հայերը առեւտուրով կը զբաղէին եւ հարստութիւններ կը կուտակէին։ Երբ Հնդկաստան Մեծն Բրիտանիոյ գաղութներէն մէկը կը դառնայ, հայերը կը սկսին տնտեսական մեծ կորուստներ կրել՝ չդիմանալով անգլիացիներու հետ տնտեսական մրցակցութեան։ Հայերուն մօտ կը յառաջանայ իրենց տնտեսական գործունէութիւնը անկախ Հայաստանի մէջ տեղափոխելու գաղափարը:
Շահամիրեանի իրաւաքաղաքական համակարգին մէջ առկայ էր միաստուածութեան փիլիսոփայութեան ազդեցութիւնը.-
Աստուած, ստեղծելով աշխարհը ու մարդը եւ զանոնք օժտելով աստուածային օրէնքներով, այլեւս անմիջականօրէն չի միջամտեր աշխարհի եւ հասարակութեան հետագայ գոյութեան հարցերուն։ Սակայն ասիկա պատճառ չի նկատուիր, որ ըստ քաղաքական մտածողի՝ հասարակութեան մէջ գործող կարգերն ու օրէնքները համապատասխանեն բնական բնութեան եւ բանական բնութեան, այսինքն՝ բնութեան օրէնքները կը համընկնին աստուածային օրէնքներուն հետ։ Ուստի հասարակութեան մէջ գործադրուող օրէնքներու համապատասխանութիւնը բնական բնութեան կամ բանական բնութեան, իրականութեան մէջ, կը նշանակէ համապատասխանող աստուածային օրէնքներուն։
Շահամիրեան ըսել կ'ուզէ, որ դրական իրաւունքի օրէնքները պէտք է բխին բնական, այսինքն՝ աստուածային իրաւունքի սկզբունքներէն։ Հակառակ պարագային՝ ստեղծուած օրէնքները կը համարուին հակաբնական եւ հակաբանական։
Ազատագրական միտք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շահամիրեան կապեր կը հաստատէ հայ ազգային-ազատագրական շարժման կեդրոններու հետ։ Օտարին լուծէն Հայաստանի ազատագրութիւնը, ըստ Շահամիր Շահամիրեանի, պէտք էր կատարուէր համաժողովրդական ապստամբութեան մը միջոցով։ Զայն պէտք էր գլխաւորէին Արցախի մելիքներն ու Էջմիածինի հոգեւորականները։ Հայ ժողովուրդը կրնար օժանդակութիւն ստանալ Վրաստանէն եւ Ռուսաստանէն։ Ուստի Մատրասի մէջ տպագրուած «Նոր տետրակ» եւ «Որոգայթ փառաց» գիրքերը Շահամիրեան կ'ուղարկէ ոչ միայն Սիմէոն կաթողիկոսին, այլեւ Արցախի մելիքներուն, Գանձասարի Յովհաննէս կաթողիկոսին եւ Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին։ Ան նամակային կապեր կը հաստատէ Ռուսաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ շատ ուրիշներու հետ։ Անոնց յղած իր նամակներուն մէջ ան կը նկարագրէ Հայաստանի ճակատագիրին մասին ազատագրական խմբակի տեսակէտերը եւ առաջարկներ կու տայ այդ ծրագիրի իրագործման համար։ Շահամիրեան կ'առաջարկէ դպրոցներ բանալ, ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածելու, ժողովուրդը զինելու եւ պատրաստելու ազատութեան համար պայքարի։
Նամակներուն մէջ դիմելով վրացի Հերակլ Բ. թագաւորին, ցոյց կու տայ, որ հայ-վրացական ռազմական դաշինքն ամուր յենարան է Անդրկովկասը թուրք-պարսկական նուաճողներէն ազատագրելու եւ պաշտպանելու համար։ Որպէս հայ-վրացական դաշինքի խորհրդանշան՝ Շահամիրեան Հերակլ Բ.-ին կ'ուղարկէ իր պատրաստած ոսկէ շղթայով ու թանկարժէք քարերով ագուցած շքանշանը։ Հետագային հասկնալով, որ հայ-վրացական ուժերը, առանց Ռուսաստանի ռազմաքաղաքական օգնութեան չեն կրնար ազատագրել եւ ապահովել Հայաստանի ու Վրաստանի տեւական անկախութիւնը, կապեր կը հաստատէ ռուսական արքունիքին հետ։ Վրացի թագաւորը իր հերթին, Լոռի գաւառը կը նուիրէ Շահամիրեանին եւ անոր կը շնորհէ իշխանի տիտղոս։ 1790-ին Հերակլ Բ. Շահամիրեանի առաջարկով յատուկ ուղերձ մը կը յղէ Պարսկաստան քշուած հայ ժողովուրդին։ Վերջինները կը հրաւիրէ բնակութիւն հաստատելու վրաց թագաւորութեան կազմին մէջ գտնուող հայաբնակ գաւառներուն մէջ։
Շահամիր Շահամիրեան կապեր կը հաստատէ նաեւ ԺԸ. դարու հայ ազատագրական շարժման գործիչներու՝ Յովսէփ Արղութեանի, Յովհաննէս Լազարեանի եւ ուրիշներու հետ։ 1780-ական թուականներուն, երբ ռուսական արքունիքը կը ծրագրէր արշաւել Անդրկովկաս, Շահամիրեան Ռուսաստանի եւ ապագայ հայկական պետութեան յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուելիք կարգերու մասին դաշնագիրի նախագիծով մը կը ներկայանայ արքունիք, ըստ որուն՝ ազատագրուող Հայաստանի մէջ պէտք էր հաստատուէին հանրապետական կարգեր։
Մատրասի խմբակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի ազատագրութիւնը նախապատրաստելու համար, Շահամիր Շահամիրեանի գլխաւորութեամբ, Մատրասի մէջ ստեղծուած խմբակի անդամները 1770-1780-ական թուականներուն մեծ աշխատանք կը կատարեն։ Յովսէփ Էմինի եւ Մովսէս Բաղրամեանի վերադարձը Հնդկաստան կարեւոր նշանակութիւն կ'ունենան գաղութին կեանքին մէջ։ Անոնք կը համոզեն հնդկահայ ուրիշ գործիչներ եւս, որ առանց ժողովուրդի լայն աջակցութեան Հայաստանի ազատագրման գործին մէջ հնարաւոր չէ հասնիլ յաջողութեան։ Հետեւաբար անհրաժեշտ էր միաւորել հայ երիտասարդութիւնը, զանոնք դաստիարակել հայրենասիրութեան ու ազգային արժանապատուութեան ոգիով[1]։
Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայ ժողովուրդին մէջ ազատագրական գաղափարներու տարածման, երիտասարդութիւնը հայրենի երկրի պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթացնելու համար 1771-ին Մատրասի մէջ կը հիմնէ հայկական տպարան մը, ուր 1772-ին լոյս կը տեսնէ Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» գիրքը[2]։
Հայ իրականութեան մէջ ատիկա առաջին հրապարակախօսական տպագիր աշխատութիւնն էր։ Գիրքին մէջ կը ներկայանան հայ ժողովուրդին հերոսական անցեալը, անոր աշխարհագրական լայնարձակ սահմանները, առկայ վիճակը, երբ երկիրը կը շահագործուի օտարներու կողմէ եւ Հայաստան աստիճանաբար հայաթափ կ՛ըլլայ։ Գիրքը կոչ կ'ուղղէ հայ երիտասարդներուն դուրս գալու օտար բռնակալներուն դէմ եւ զէնքի ուժով հասնելու ազատութեան. «Խիզախութեամբ եղէք, եղէք նմանողներ մեր նախահօր՝ քաջ Արամի որդիներուն, որ կրնայ ըլլալ թէ այդպիսով կրնանք վերագտնել մեր Արարատեան հայրենիքը»։ «Նոր տետրակ»ին մէջ կը քննադատուի միապետական կարգը՝ զայն համարելով հայոց պետականութեան անկման պատճառներէն մէկը։ Մէկ մարդը ի վիճակի չէ անսխալ կառավարելու, իսկ թագաւորին սխալը դժբախտութիւն է երկրին համար։ Ուստի կ'առաջարկուի ստեղծել սահմանադրութիւն մը եւ երկիրը կառավարել ժողովուրդին ընտրած ներկայացուցիչներուն միջոցով, որպէսզի հայերն ալ ունենան իրենց սեփական պետութիւնը։ Այդ պետութիւնը Բաղրամեան կը կոչէ «Մեծ Հայաստան», որ պիտի ընդգրկէր պատմական Հայաստանի բոլոր երկրամասերը, ինչպէս նաեւ՝ Կիլիկիան։ Վերագտնելու համար «Հայրենիքը Արարատեան», ան կարեւոր կը նկատէր հիմնական երեք տուեալներ՝ ազգային գիտակցութիւնը, բանակը եւ երիտասարդութեան եւրոպական կրթութիւնը։
Մովսէս Բաղրամեանի քննարկուող աշխատութեան մէջ կ'արծարծուին ժամանակակից քաղաքագիտութեան համար կարեւոր հիմնահարցեր, ինչպէս՝ հայոց ազգային-ազատագրական շարժման տեսութեան, այդ պայքարի մարտավարութեան ու ռազմավարութեան, միջնադարեան ամբոխէն քաղաքական ազգի կերտման, ազգային գաղափարախօսութեան եւ այլ կարեւոր հիմնահարցեր։
«Նոր տետրակ»էն օրինակներ կ'ուղարկուին Էջմիածինի Սիմէոն կաթողիկոսին, Գանձասարի Յովհաննէս Հասան-Ջալալեանին եւ Վրաստանի Հերակլ Բ. թագաւորին։ Ստանալով «Նոր տետրակը» եւ զգուշանալով հայ երիտասարդներու անժամանակ ապստամբելու վտանգէն՝ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը խիստ միջոցներու կը դիմէ։ Ան կը հրամայէ հաւաքել եւ այրել այդ գիրքը, փակել տպարանը եւ հեռացնել Մովսէս Բաղրամեանը։ Անոր սպառնալիքները, սակայն, չեն կասեցներ գիրքին տարածումը։
1786-ին «Նոր տետրակը» կը թարգմանուի ռուսերէնի եւ լոյս կը տեսնէ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, անկէ ետք կը թարգմանուի նաեւ վրացերէնի։
Որոգայթ փառաց
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շարունակելով «Նոր տետրակի» գաղափարները՝ Մատրասի խումբի անդամներէն՝ Շ. Շահամիրեան կը հրատարակէ «Որոգայթ փառաց» գիրքը[3], որ օտար լուծէն ազատագրուելէ ետք ստեղծուելիք ապագայ հայկական պետութեան կառավարման համար նախատեսուած օրէնքներու ժողովածու էր։ «Որոգայթ փառաց» գիրքը սահմանադրական հանրապետութիւն ստեղծելու ծրագիր էր եւ հայ քաղաքական միտքի կարեւոր նուաճումներէն մէկը։ Իսկ 1783-ին կը տպագրէ Մատրասի հայերու ինքնավարութեան կանոնադրութիւնը՝ «Տետրակ որ կոչուած է նշանակ»։
«Ներածութիւն» կոչուող մասին մէջ Շահամիրեան քննադատութեան կ'ենթարկէ կառավարման միապետական կարգերը եւ կ'առաջարկէ օրէնքի հիման վրայ կառավարման գաղափարը։ Վերջինը կը նմանէր Մեծն Բրիտանիոյ մէջ հաստատուած կառավարման ձեւին։ Մանրամասն շարադրելով օրինակելի պետական կարգի գլխաւոր սկզբունքը, Շահամիրեան կը մերժէ ազնուականութեան ու եկեղեցւոյ դասային արտօնութիւնները եւ աւատատիրական միւս ձեւերը։
Ըստ էութեան, հակապատմական տեսակէտը բնորոշ է ոչ միայն հայ լուսաւորականներուն, այլեւ քաղքենի-լուսաւորական դարաշրջանի մտածողներու ճնշող մեծամասնութեան։ Լուսաւորականները աւատատիրութեան կը նայէին որպէս մարդկային պատմութեան աւելորդ շրջափուլ։ Ասիկա, ըստ անոնց, արդիւնք է միայն տգիտութեան ու արժանի է արհամարհանքի։
Աշխատութեան յառաջաբանը զուտ տեսական բնոյթ չի կրեր, անիկա հայերուն օրէնքները գնահատելու եւ ընդունելու, լուսաւորութեան օգուտները հասկնալու մասին է։ Միաժամանակ հայերուն կոչ կ'ուղղէ ազատագրական պայքարի ելլելու եւ օտարին լուծէն ազատագրելու հայրենիքը.
Ընդհանուր ձեւով ուրուագծելով հայոց անցեալի պատմութիւնը՝ Շահամիրեան կ'եզրակացնէ, որ միապետութիւնը մեծ վնաս կը հասցնէ Հայաստանին։ Հետեւաբար պէտք չէ թոյլ տալ, որ մեր ազգին մէջ հանդէս գայ թագաւոր մը կամ այլ պաշտօնեայ մը՝ միապետական իշխանութեան գաղափարներով։ Հարկաւոր է ժողովուրդը ազատել բռնակալներու իշխանութենէն։
Շահամիրեան կը յիշեցնէր Հռոմի պատմութեան օրինակը, մէկ պետութեան, որ օրէնքի գերիշխանութեան պայմաններուն մէջ հանրապետական կարգերու ժամանակ կը ծաղկէր, իսկ երբ բռնապետութիւն հաստատուեցաւ, կործանեցաւ։ Հայ ժողովուրդի փրկութիւնը օրէնքներու անխախտ կիրառումն է, որ զայն կը փրկէ ստրկութենէ, հնարաւորութիւն կու տայ զբաղելու բարի գործերով եւ կատարելու իր հասարակական պարտքը։ Ազատութիւնը ամենաբարձրագոյն բարիքն է։
«Որոգայթ փառացի»ի երկրորդ՝ ընդարձակ մասը կը ներկայացնէ հայկական անկախ պետութեան սահմանադրութիւնը՝ 521 յօդուածէ բաղկացած նախագիծ մը։ Շ. Շահամիրեանի կանխատեսած պետական կարգը կը հիմնուի այն սկզբունքին վրայ, որ ամբողջ իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին, պաշտօնեաները անոր համար են, որ անխախտ կիրառեն օրէնքները։ Երկրի բարձրագոյն օրէնսդրական հաստատութիւնը հայկական խորհրդարանն է՝ «Տունն հայոցը»։ Ըստ վերջինիս տասներկու հազար տուն ունեցող ամէն մէկ մարզէն կ'ընտրուի 2 լիազօր՝ 3 տարի ժամկէտով։ Անոնցմէ մէկը ըլլալու «Հայոց տան» անդամ՝ տանուտէր, միւսը՝ պետական պաշտօնեայ։ Հայոց տան իւրաքանչիւր անդամ կրնար ազատ կարծիք յայտնել օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ։ Փոխանորդները իւրաքանչիւր տունէն կը ստանային կէս արծաթ դահեկան, որ կը կազմէր վեց հազար դահեկան իբրեւ վարձատրութիւն։
Հայոց տունը իր կազմէն ընտրելու էր 13 հոգի, որոնցմէ մէկը քուէարկութեամբ 3 տարի ժամկէտով կ'ընտրուէր իբրեւ գործադիր իշխանութեան ղեկավար՝ նախարար։ Նախարարը առաջին պաշտօնեան էր, օրէնքի առաջին կատարողը եւ զօրքերու գլխաւոր հրամանատարը։ Հայոց տան լիազօրութիւններով ան պատերազմ կը յայտարարէր կամ հաշտութիւն կը կնքէր։ Հայոց տունը իր կազմէն պիտի ընտրէր գլխաւոր դատաւորը եւ գերագոյն դատարանի 24 անդամները, բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ զօրքի հրամանատարները։ Յատուկ յօդուածներով կը կարգաւորուէին եկեղեցւոյ եւ պետութեան յարաբերութիւնները։ Հայ եկեղեցին ազատ կը կացուցուէր հարկերէն։
Ըստ Շահամիրեանի, հայոց ապագայ պետութեան բարձրագոյն օրէնսդիր մարմինը՝ «Հայոց տունը», պէտք էր կազմուէր ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատգամաւորներէ։ Հայաստանի մէջ պէտք էր իշխէր օրէնքը։ «Հայոց տունը» պարտաւոր էր ստեղծել գործադիր իշխանութիւն մը (կառավարութիւն)։ Այդ նպատակով փոխանորդներէն պէտք էր ընտրուէին տասներեք հոգի, որոնցմէ մէկը քուէարկութեամբ կրնար դառնալ նախարար, իսկ միւսները՝ նախարարի խորհրդակիցներ։ Նախարարը օրէնքները առաջին յարգողը պէտք էր ըլլար եւ զօրքին գլխաւոր հրամանատարը։ Հայաստանի բոլոր բնակավայրերը պէտք էր դպրոցներ ունենային։
Ռուսաստանի հովանիին տակ հայկական պետականութիւնը վերականգնելու 20 յօդուածներէ բաղկացած նախագիծ մը կը կազմէ Շահամիր Շահամիրեանը։ Այս նախագիծով Ռուսաստանի օգնութեամբ ազատագրուած Հայաստանը պէտք էր հռչակուէր հանրապետութիւն՝ խորհրդարանական կառուցուածքով։ Կառավարութիւնը պէտք էր գլխաւորէր ազգութեամբ հայ նախարարը։ Հայաստանի մէջ 20 տարի ժամկէտով պէտք էր մնար 6 հազարնոց ռուսական զօրք։ Հայաստան տարեկան հարկ պիտի վճարէր Ռուսաստանի եւ անհրաժեշտութեան պարագային տրամադրէր նաեւ զօրք։ Կ'առաջարկուէր երկու երկիրներու միջեւ սահմանել ազատ երթեւեկութիւն։ Հայաստանի կառավարութիւնը Փեթերսպուրկի մէջ պէտք էր ունենար իր դեսպանը։ Յովսէփ Արղութեանի ծրագիրին օրինակով Շ. Շահամիրեանի նախագիծը եւս կը ներկայացուի ռուսական կառավարութեան, սակայն իշխանութիւններու կողմէ ատոնք բաւարար ուշադրութեան չեն արժանանար ու չեն քննարկուիր[4]։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբ Շահամիրեան
- Մատրասի խմբակ
- Մատրասի հայկական տպագրութիւն
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Խմբակի գործունէութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
- ↑ «Շահամիր Շահամիրեանի «Որոգայթ փառաց» եւ Մովսէս Բաղրամեանի «Նոր տետրակ, որ կոչի Յորդորակ» աշխատութիւնները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2013-06-17-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
- ↑ Գիրք անուանեալ Որոգայթ փառաց վասն կալանաւորելոյ ամենայն գործ անկարգութեան (Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարան)։
- ↑ «Հայաստանի ազատագրութեան Հարաւային (Շահամիր Շահամիրեանի) ծրագիրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-29-ին։ արտագրուած է՝ 2016-01-08
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարդան Գրիգորեան, Շահամիր Շահամիրեանի «Աշխարհացոյց Հայաստանեայց»-ը,- «Բանբեր Մատենադարանի», 1962, թիւ 6, էջ 353-362։
- Խաչատրեան Պօղոս, Մխիթարեանների հետ Շահամիրեանների մատենագրական առնչութիւնների պատմութիւնից («Բառգիրք Հայկազեան լեզուի»-ն իբրեւ «Նոր տետրակի» աղբիւր).- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 2002, № 1, էջ 128-137։
- Պաւել Չոպանեան, Հայ-ռուս-վրացական փոխյարաբերութիւնները ԺԸ. դարի երկրորդ կէսին, Ս. Էջմիածին, 2006 (Պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, Ա.)։