Jump to content

Երուանդ Քոչարի Թանգարան (Երեւան)

Երուանդ Քոչարի Թանգարան
Տեսակ հուշային թանգարան?
Երկիր  Հայաստան[1]
Տեղագրութիւն Երեւան
Մասն է Բնակելի տուն?
Հասցէ Մաշտոցի 39/12, Երևան, Հայաստան եւ Mesrop Mashtots Avenue 39/12, Yerevan, ArmeniaՄաշտոցի Պողոտայ
Հիմնադրուած է 1984
40°11′16″N 44°30′53″E / 40.18766°N 44.51471°E / 40.18766; 44.51471
Կայքէջ kochar.am(հայ.)
Քարտէս
Քարտէս

Երուանդ Քոչարի թանգարան, կը գտնուի Երեւան քաղաքին մէջ, բացուած է 22 Յունիս1984-ին՝ Երուանդ Քոչարի արուեստանոցի հիմքի վրայ։ Աշխարհի միայն երկու թանգարանի մէջ կարելի է տեսնել Քոչարի տարածական նկարներէն՝ Երուանդ Քոչարի եւ Փարիզի Ժ. Պոմպիտիի կեդրոնին մէջ։ Երուանդ Քոչարի թանգարանը տարածաշրջանին մէջ պատմական աւանգարդի ուսումնասիրման եւ հանրահռչակման կարեւոր կեդրոն կը հանդիսանայ:

Թանգարանի շէնքը կը գտնուի բնակելի շէնքի առաջին յարկին վրայ, ուր նկարիչը ապրել եւ ստեղծագործած է 1946-1959-ականներուն, յետագային թանգարանին աւելցած է 3 սրահներ, ուր ցուցադրուած է արուեստագի «Թիֆլիսեան», «Փարիզեան», «Երեւանեան» շրջաններու ստեղծագործութիւններ՝ գրաֆիկական, գեղանկարչական աշխատանքներ, քանդակներ, սեղմումով գործեր, կողոթներ քանդակներ, մանրակերտեր, ինչպէս նաեւ բացառիկ արժէքաւոր փաստաթուղթեր։

2001-ին թանգարանը ենթարկուած է հիմնանորոգման:

Թանգարանը կ՚իրականացնէ 5 լեզուներով զբօսապտոյտներ՝ Հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն:

Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին դասախօսութիւններ, շնորհանդէսներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ:

Թանգարանի երկրորդ յարկի սրահին մէջ ԱԱպրիլ 2017-էն կը գործէ «Քոչար» արուեստի արուեստանոցը: Արուեստանոցը կ՚իրականացնէ իր հիմնական գործունէութիւնը, ուր հաշուի կ՚առնուին տարիքային առանձնայատկութիւններուն համապատասխան չափորոշային պահանջները եւ հենքային ուսումնական ծրագիրով նախատեսուած ժամաքանակի բաշխումը: Դասընթացքը կ՚իրականացուի երկու հիմնական փուլերով՝ նկարչութիւն կամ կիրարկութիւն եւ արուեստի պատմութիւն: Կը կարեւորուի Գունանկարչութիւնը, քանի որ այն շրջապատող իրականութեան գունային բազմազանութեան հարստութեան եւ ներդաշնակութեան ընկալման եւ պատկերման միջոց է: Իսկ արուեստի պատմութիւն՝ արուեստի բնագաւառէն տեսական գիտելիքներու ձեռքբերման եւ ընդհանուր աշխարհայեացքի ընդլայնման միջոց է: Աշակերտները կը ծանօթանան կերպարուեստի ժանրերուն, ուղղութիւններուն անոնց առանձնայատկութիւններուն, կը ծանօթանան յայտնի արուեստագէտներու ստեղծագործական ուղիին:

Թանգարանը կ՚իրականացնէ տարաբնոյթ միջոցառումներ որոնցմով փորձ կ՚առանուի հանրահռչակել Երուանդ Քոչարի արուեստը: Թանգարանը կ՚իրականացնէ նաեւ շարք մը արտագնայ պտոյտներ:

Թանգարանի տնօրէններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թանգարանի տնօրէնն է Կարինէ Քոչարը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]