Վռամշապուհ
Կաղապար:Տեղեկաքարտ միապետ Վռամշապուհ (ծննդեան թուականը՝ անյայտ – մահուան թուականը՝ 414), Հայոց Արշակունի տոհմի թագաւոր 389-էն կամ 400-էն։
Գահակալութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Յաջորդած է եղբորը՝ Խոսրով Դ–ին։ Գահակալած է համեմատաբար խաղաղ ժամանակաշրջանին, հաշտ ու բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանած է ինչպէս Սասանեան Պարսկաստանի, այնպէս ալ Հռոմէական կայսրութեան հետ։ 404–էն ոչ վաղ մեկնած է Հայկական Միջագետք, հաշտարար–միջնորդի դերով կարգաւորած պարսկա-հռոմէական վէճերը։ Այնտեղ ալ ան հայ եւ ասորի մտաւորականներէն տեղեկացած է հայկական հին նշանագրերու մասին, որ կարեւոր դեր խաղցած է հայ նոր գրերու ստեղծման գործին մէջ։ Վռամշապուհը մեծապէս աջակցած է Հայոց կաթողիկոս Սահակ Պարթեւին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին՝ հայ գիրերու ստեղծման եւ լուսաւորական ձեռնարկումներուն։ Վռամշապուհ նաեւ յաջողած է միաւորել Մեծ Հայքի երկու մասերը։
Խնդրանք. որեւէ փոփոխութիւն մի՛ կատարէք, մինչեւ այս հաղորդագրութիւնը չհանուի, այլապէս խմբագրման ընդհարումներ կրնան յառաջանալ։ Հաղորդագրութիւնը տեղադրուած է 28 Սեպտեմբերին՝ (Հինգշաբթի) ժամը՝ 08:33, եւ զայն չի կրնար պահել աւելի քան 2 օր։ |
|