Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարան (Կիւմրի)
յուշային թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | հուշային թանգարան? |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Գիւմրի[1] |
Մասն է | Արգելոց «Կումայրի»? |
Հասցէ | շահումեան փողց. |
Հիմնադրուած է | 1975 |
40°47′18″N 43°50′36″E / 40.788281°N 43.843269°E | |
Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարան, Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը կը գործէ 1975 թուականէն սկսեալ՝ բանաստեղծին հայրական տան մէջ, որ կառուցուած է 1828 թուականին Աւետիքին մեծ հօր՝ Նիկողայոս Իսահակեանի կողմէ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]29 Հոկտեմբեր, 1975 թուականին, Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 100-ամեակի օրը, Իսահակեաններու տունը դարձաւ յուշատուն-թանգարան: Սակայն այդ շէնքը ենթարկուեցաւ բազմաթիւ աւերածութիւններու 1988 թուականի Սպիտակի եկրաշարժին հետեւանքով։
1990-ական թուականներու սկիզբին, թանգարանին շէնքը ամբողջովին քանդուեցաւ՝ նոր շէնք մը կառուցելու նպատակով: Սակայն ժամանակ մը ետք շինարարութիւնը կէս մնաց ու ընդհատուեցաւ։ Վերականգնումը նոր թափով սկսաւ 2002 թուականի գարնան, եւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը իր դռները բացաւ բոլորին համար[2]։
Տուն-թանգարանը վերականգնուեցաւ եւ ձեւաւորուեցաւ իր հին ու նախկին ոճով ու վիճակով՝ այնպէս ինչպէս 1957 թուականին նկարագրած էին Իսահակեաններուն հարազատներն ու բարեկամները։
Ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ վերականգնուած է բանաստեղծին աշխատասենեակը, Իսահակեաններուն հիւրասենեակը, ննջասենեակը, խոհանոցը, մառանը եւ թոնիրի տունը։
Տուն-թանգարանին կահաւորանքն ու դասաւորումը շինուած է այնպէս, ինչպէս որ էր հեղինակին կենդանութեան օրերուն։ Այստեղ կարելի է տեսնել Աւետիք Իսահակեանի անձնական հարուստ գրադարանը, հին գրասեղանը, որուն վրայ ծնած է անոր առաջին ստեղծագործութիւնը, փայտէ մանկական օրօրոցը եւ այլն։
Այստեղ կը գտնուի նաեւ ասեղնագործութեան սեղանի ծածկոցը եւ բարձը, հեղինակին շատ սիրելի սուրճի պատրաստութեան ամանը, մեծ եւրոպական ոճի հայելին եւ նոյնիսկ 2 մեթր բարձրութեամբ փայտէ քանդակը, որ կը ներկայացնէ Աւետիք Իսահակեանի դիմաքանդակը։
Տուն-թանգարանին մէջ կարելի է ծանօթանալ ոչ միայն այս մեծ բանաստեղծին առնչուող մասունքներուն, այլ նաեւ 19-րդ դարու Կիւմրիի ժողովուրդին կենցաղին եւ ապրելակերպին։
Այցելութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը այցելած են բազմաթիւ հիւրեր եւ նշանաւոր մարդիկ, օրինակ՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Առաջինը, աշխարհահռչակ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանը, Յովհաննէս Բաղրամեանը եւ հանրաճանաչ երգչուհի Ելենա Օպրազցովան ու շատ ուրիշներ, որոնք իրենց տպաւորութիւնները արձանագրած են պատուաւոր այցելուներու յուշամատեանին մէջ։
Հասցէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանը կը գտնուի Կիւմրի քաղաքին Վարպետաց փողոցին մէջ։ Այս փողոցին մէջ կը գտնուի նաեւ Յովհաննէս Շիրազի տուն-թանգարանը։