Բուսաբուծութիւն
Բուսաբուծութիւն, գիւղատնտեսութեան գիտութիւն եւ բնագաւառ, որ կը զբաղի բոյսերու մշակման վերաբերող հարցերով։ Բուսաբուծութեան ուսումնասիրութեան ոլորտին մէջ ընդգրկուած է պտուղներու, բանջարեղէններու, սերմերու, ծիլերու, սունկերու, ջրիմուռներու, ինչպէս նաեւ խոտաբոյսերու եւ ծառատեսակներու մշակումը։ Մշակութեան մէջ գտնուող բուսատեսակները մարդու կողմէ կ՛օգտագործուին իբրեւ սնունդ, անասուններու կողմէ՝ կեր, ինչպէս նաեւ թեթեւ եւ սնունդի արդիւնաբերութեան համար կը ծառայեն հումք[1]։
Իբրեւ գիտութիւն, բուսաբուծութիւնը կ՛ուսումնասիրէ դաշտային պայմաններու մէջ մշակուող բոյսերու բազմազանութիւնը, անոնց բուսաբանա-կենսաբանական առանձնայատկութիւնները, աշխարհագրական տեղադրման եւ շրջանցնման սկզբունքները, բարձր, հարաճուն եւ որակեալ բերք ստանալու համար կատարուող ամենակատարելագործուած միջոցառումները։
Փորձարարական հետազօտութիւններուն մէջ բուսաբուծութիւնը կը հենի բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, բուսաբանութեան, բոյսերու բնախօսութեան, հողագիտութեան, գիւղատնտեսական օդերեւութաբանութեան, ծագումնաբանութեան, սերմնաբուծութեան, գիւղատնտեսական եւ կենսաբանական քիմիագիտութեան, երկրագործութեան, ծաղկաբանութեան, բուսական ախտաբանութեան, մեքենայացման, գիւղատնտեսական արտադրութեան տնտեսութեան ու կազմակերպման եւ գիտութեան այլ ճիւղերու տուեալներու վրայ։
Սերտօրէն կապուած է անասնաբուծութեան հետ։ Դաշտային պայմաններուն մէջ մշակուող բոյսերէն ստացուած արտադրանքի մօտաւորապէս 30-50 %-ը կարելի է օգտագործել իբրեւ պարէն կամ արդիւնաբերութեան հումքի աղբիւր (հատիկ, սերմ, թել, արմատ, պալար եւ այլն)։ Բերքի զգալի մասը (խոտ, ծղօտ, մղեղ, փրեր, խտացուած, կանաչ եւ հիւթալի կերեր եւ այլն) գիւղատնտեսական կենդանիներու կողմէ կը վերածուին միսի, կաթի, իւղի, բուրդի, ձուի, եւ այլ ապրանքատեսակներու։ Գիւղատնտեսական մշակաբոյսերու աճի վրայ կ՛ազդէ լոյսի, ջերմութեան եւ խոնաւութեան բարենպաստ զուգորդումը անոնց աճման ժամանակամիջոցին վրայ։ Կարեւոր գործոն է նաեւ բնակչութեան թիւը, որով կ՛որոշուի տուեալ մշակաբոյսերու բերքի պահանջարկի չափը։ Ըստ իրենց կիրառական նշանակութեան կ՛առանձնանան հացահատիկային, շաքարատու, ձիթատու, կաուչուկատու, վուշատու, թելատու եւ այլ մշակաբոյսեր։
Հացահատիկի արտադրութիւնը համաշխարհային գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղն է, հաշուի առնելով, որ հացահատիկը մեծ կարեւորութիւն ունի մարդու կեանքին մէջ։ Իր գրաւած ցանքատարածքով առաջնային տեղ կը գրաւէ ցորենի արդիւնահանումը։
Հացահատիկային մշակաբոյսեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտացորեն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտացորենի հայրենիքը կը համարուի Մեքսիքան։ Ներկայիս ցորենը կը մշակուի կլիմայական բարեխառն եւ մերձարեւադարձային շրջաններուն մէջ։ Այժմ ցորենի իրենց բերքատուութեամբ աշխարհին մէջ առաջատար դիրք կը գրաւեն Չինաստանը, Հնդկաստանը, Ռուսաստանը, Աւստրալիան, Միացեալ Նահանգները (ԱՄՆ), Ֆրանսան եւ Քանատան։
Բրինձ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Չինաստանը բրինձի հայրենիքն է։ Թէեւ բրինձի ցանքատարածութիւնները աւելի քիչ են, քան՝ ցորենինը, սակայն բրինձը իր գործածութեամբ ետ չի մնար ցորենէն։ Բրինձը խոնաւասէր եւ ջերմասէր մշակաբոյս է։ Այդ է պատճառը, որ բրինձի ամենամեծ բերքերը կ՛ըլլան հասարակածային, արեւադարձային եւ մերձարեւադարձային գօտիներուն մէջ։ Բրինձի արտադրութեամբ նշանաւոր են Չինաստանը, Հնդկաստանը, Սրիլանքան, Պանկլատէշը, Վիեթնամը եւ Ինտոնեզիան։
Արեւածաղիկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւածաղիկի հայրենիքը կը համարուի Հիւսիսային Ամերիկան։ Մեծածաւալ արտադրութիւն ունեցող երկիրներն են Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Ուքրանիան եւ Չինաստանը։
Ձիթենի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձիթենին խոնաւասէր եւ ջերմասէր բոյս է։ Ձիթենիի հայրենիքը կը համարուի Յունաստանը։ Ձիթենիները մեծ մասամբ կ՛աճին Հարաւային Եւրոպայի՝ Միջերկրական ծովու տարածաշրջանին մէջ։ Այն տարածուած է միջերկրածովային բոլոր երկրներուն մէջ (բացառութեամբ Փորթուկալ)՝ Իտալիոյ, Յունաստանի եւ Սպանիոյ մէջ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ա. Ա. Մաթեւոսեան, «Բուսաբուծութիւն», երկրորդ վերամշակուած եւ վերափոխուած հրատարակութիւն, «Լոյս Հրատարակչութիւն», Երեւան, 1977