Jump to content

Արտաշէս Ա.

Արտաշէս Ա.
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է ՔԱ160[1]
Քաղաքացիութիւն  Մեծ Հայք
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ամուսին Սաթենիկ
Երեխաներ Արտաւազդ Ա., Տիրան Ա. եւ Մաժան

Արտաշէս Ա. կամ Արտաշէս ԲաԲարեպաշտ Ք.Ա.230 – Ք.Ա.160), Մեծ Հայքի թագաւոր Ք.Ա.189 թուականէն, Արտաշէսեան հարստութեան հիմնադիր[2]: Զարեհի որդին, Երուանդունի տոհմէն[3]:

Արտաշէս սելեւկեան բանակին մէջ նախապէս եղած է բարձրաստիճան զինուորական։ Սելեւկեան թագաւոր Անտիոքոս Գ. Մեծը, Երուանդունիներէն նուաճելով Հայաստանի զգալի մասը, Ք.Ա.200-ին անոր կառավարիչ կարգած է Արտաշէսին[4]: Մակնիսիոյ Ճակատամարտին Անտիոքոս Գ.-ի Հռոմէն կրած պարտութենէն ետք, Արտաշէսը անկախ հռչակած է Հայաստանը եւ հիմնած է նոր արքայատոհմ, որ իր հիմնադրի անունով պատմագրութեան մէջ Արտաշէսեան կը կոչուի[5]:

Արտաքին քաղաքականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մակնիսիոյ ճակատամարտէն ետք Արտաշէս իրեն արտաքուստ հռոմէացիներուն դաշնակից յայտարարած էր եւ գուցէ դեսպաններ ուղղարկած էր Հռոմ. նպատակն էր ապահովագրել պարտուած, սակայն դեռ ուժեր ունեցող Սելեւկեաններէն[5]:

Արտաշէս Ա.–ի թագաւորութիւնը սկիզբը սահմանափակուած է Մեծ Հայքի կեդրոնական մարզերով[3]:

Մինչեւ Արտաշէս Ա.-ի գահակալութիւնը դրացի երկիրները, օգտուելով Մեծ Հայքի տկարութենէն, նուաճած էին անոր ծայրամասի հողատարածքները: Արտաշէսը եւ Զարեհը ձեռնամուխ եղան հայկական հողերու վերամիաւորման։ Արտաշէս արքան ոչ միայն վերամիաւորեց Մեծ Հայքի գրաւած տարածքները, այլ նաեւ քայլերու ձեռնարկեց իր թագաւորութեան միացնելու նաեւ Ծոփքը, Կոմագենէն եւ Փոքր Հայքը[4]:

Իր թագաւորութեան առաջին տարիներէն իսկ, Արտաշէս կ'արշաւէ դէպի արեւելք եւ կը հասնի Կասպից ծովու ափերը: Ան Մեծ Հայքին կը միացնէ Փայտակարանը եւ Պարրսպատունիքը: Հայաստանին կը միաւորուի նաեւ Ուրմիոյ լճի արեւմտեան ափերը ինկած հողերը՝ Պարսկահայքը: Ապա կ'արշաւէ դէպի հիւսիս` Վիրք, որ զաւթած էր հայկական Կղարջքը եւ Գուգարքը: Հայոց զօրավար Սմբատ Բագրատունին կը ջախջախէ վրացական բանակը եւ կը վերադարձնէ գրաւած տարածքները: Վրացական կողմը կը պարտաւորուի «դրամ հատել Արտաշէս արքայի պատկերով» եւ զօրք տրամադրել հայոց արքային: Արեւմուտքի մէջ Արտաշէս գրաւեց եւ Մեծ Հայքին միացուց Կարինն ու Դերջանը, ինչպէս նաեւ Եկեղէաց գաւառը: Հարաւի մէջ երկարատեւ ու արիւնահեղ կռիւներէ ետք Արտաշէս կ'ազատագրէ Սելեւկեաններու կողմէն բռնագրաւուած Տմորիք երկրամասը՝ Կորճայք նահանգը[6]:

Ծոփքի արքայ Զարեհի մահէն ետք, որ իր հերթին ազատագրած էր հայկական երկրամասերուն արեւմուտքը, Արտաշէս փորձեց Ծոփքը նոյնպէս միացնել Մեծ Հայքին: Այդտեղ, սակայն, հանգիպեցաւ Ծոփքի դաշնակից Կապադովկիոյ յամառ դիմադրութեան, որուն հետեւանքով անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ Ծոփքի միացումը[3]:

Յոյն աշխարհագրագէտ Ստրաբոնը մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ Արտաշէսի այդ միաւորիչ գործունէութեան մասին[7]:

Ք.Ա.183 - Ք.Ա.179 թուականներուն Փոքր Ասիոյ մէջ պատերազմ բռնկեցաւ մէկ կողմէն՝ Պոնտոսի ու Փոքր Հայքի եւ միւս կողմէն՝ Կապադովկիոյ, Բիւթանիոյ ու անոնց դաշնակիցներու միջեւ։ Մեծ Հայքը չէզոքութիւնը պահպանեց, բայց աշխուժօրէն ներազդեց կողմերուն վրայ՝ պատերազմը դադարեցնելու համար: Հաշտութեան պայմանագրի կնքումը, որպէս հեղինակաւոր ու յարգուած գահակալ, դատաւորի կարգավիճակով հրաւիրուեցաւ նաեւ Արտաշէս Ա.-ը: Դիւանագիտական նուրբ ու ճշգրիտ քայլերով Արտաշէս կարողացաւ ընդարձակել Փոքր Հայքի տարածքը Պոնտոսի հաշուին՝ յետագային վերջինս իր թագաւորութեան միացնելու հեռահար ծրագրով։ Իսկ երբ Մարաստանի Սելեւկեան սատրապը ապստամբեցաւ եւ ինքզինք յայտարարեց անկախ թագաւոր, Արտաշէս Ա.-ը Սելեւկեաներուն տկարացնելու նպատակով անմիջապէս օգնութեան ձեռք երկարեց անոր[8]:

Շնորհիւ Արտաշէսին հայկական տարածքներու մեծ մասը միաւորուեցաւ մէկ ընդհանուր պետութեան՝ Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ Այդ պատճառով է, որ յոյն պատմիչը զայն կ'անուանէ «Մեծ Հայքի մեծ մասի կառավարիչ», իսկ այլ պատմիչ մը՝ յոյն աշխարհագէտ Ստրաբոնը, կը գրէ՝

Մեծ Հայքը... աճած է Արտաշէսի ջանքերով... եւ այստեղ բոլորը միալեզու հայալեզու են
- Ստրաբոն

Հայկական հողերու մեծ մասի միաւորումով Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը վերածուեցաւ Առաջաւոր Ասիոյ մէջ պատկառելի ուժ ներկայացնող մէկ պետութեան:

Իր միաւորիչ գործունէութիւնը յաջողութեամբ իրականացնելու համար Արտաշէսին անհրաժեշտ էր հզօր բանակ: Արտաշէս Ա.-ը մեծցուցած եւ կանոնաւորած է բանակը, զայն բաժնած է չորս կողմնապահ զօրավարութիւններու, կազմաւորած արքունի գործակալութիւնները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը պարտաւորութիւն ունէր օտար յարձակման պարագային պաշտպանել սահմանի իր մասը մինչեւ արքայական բանակն հասնիլը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտութեան դէպքին իրականացնել յարձակողական արշաւանքները: Այդ զօրավարութիւններուն հիմքին վրայ յետագային ստեղծուեցան բդեշխութիւններ։ Հզօր բանակի միջոցով Արտաշէսը միաւորեց հայկական տարածքներուն մեծ մասը: Յոյն աշխարհագրագէտ Ստրաբոնի վկայութեամբ այդ բոլոր տարածքներու բնակչութիւնը հայախօս էր[5]:

Այսպիսով՝ Հայաստանի հիմնական մասը ընդգրկուեցաւ Արտաշէսի պետութեան մէջ[7]:

Միաւորուած ու ընդարձակուած պետութեան կառավարումը դիւրացնելու նպատակով ան Մեծ Հայքը բաժնած է 120 գաւառներու, որոնք կը ղեկավարէին թագաւորի նշանակած զօրավարները[4]:

Ներքին քաղաքականությին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսութեան զարգացում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաշէս Ա.-ը վարած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ գերիշխող Սելեւկեան պետութիւնը թուլացնելու քաղաքականութիւն, հմտօրէն օգտագործած ինչպէս հարեւան երկիրներու, այնպէս ալ Հռոմի հակասելեւկեան դիրքաւորումը: Սակայն հայոց արքան չէ դաշնակցած Հռոմին հետ, աւելին, ապաստան տուած է Հռոմի անհաշտ հակառակորդին՝ Կարթագենի զօրավար Հաննիբալին[4]:

Ք.Ա.165-ին հարաւի մէջ Արտաշէս Ա. բախում ունեցած է սելեւկեան թագաւոր Անտիոքոս Դ. Էպիֆանեսի հետ, յաջողութեամբ ետ մղած անոր յարձակումը եւ պաշտպանած երկրի անկախութիւնը: Ան կատարած է հողային բարենորոգումներ՝ նպատակ ունենալով կարգաւորել հողի մասնաւոր սեփականութեան զարգացման ընթացքը, մեղմել հողատէրերու եւ գիւղական համայնքներու միջեւ ստեղծուած հակասութիւնները[9]:

Արտաշէս Բարեպաշտի բարեփոխումներու շարքին մէջ կ'առանձնանայ հողային տարաձքներու հաւաքումը: Չնայած այն իրողութեան, որ երկրին մէջ կը տիրէր ստրկատիրական հասարակարգ, սակայն ի տարբերութիւն յունա-հռոմէական «դասական» ստրկատիրութեան, ուր աշխատաւոր դասակարգը հիմնականին կազմուած էր ստրուկներէ, Հայաստանի մէջ աշխատաւորներու հիմնական մասը ազատ գիւղացիներն էին, որոնք միաւորուած էին համայնքներու մէջ։ Ազնուականները ամէն կերպով կը ձկտէին լաւագոյն տարածքները խլել գիւղական համայնքներէն եւ զանոնք միացնել իրենց սեփական տնտեսութիւններուն՝ դաստակերտներուն կամ ագարակներուն, ուր մշակ-ստրուկներու աշխատանքը կ՛օգտագործուէր[5]:

Գիւղացի համայնականները սեփական ուժերով չէին կրնար ընդդիմանալ խոշոր հողատէրերու ոտնձգութիւններուն, եւ հետեւանքը կրնար ըլլալ գիւղական համայնքներու քայքայումը: Ան վնաս էր պետութեան, քանի որ համայնքները թագաւորին կու տային հարկ եւ զօրք: Արտաշէս իրականացուց հողաբաժանումն եւ համայնքներու ու ագարակներու միջեւ կանգնեցուց արամերէն արձանագրութեամբ հողաբաժան սահմանաքարերը: Այս բարեփոխումը կարգաւորած է հողի սեփականութեան խնդիրը՝ արգիլելով ագարակատէր-ազնուսկաններուն իւրացնել գիւղացի-համայնականներու հողերը[7]:

Պատմահայր Մովսէս Խորենացին խօսելով Արտաշէս Ա.-ի հողային բարեփոխումներու մասին, կը գրէ.

Արտաշէսի ժամանակ մեր հայոց աշխարհին մէջ անմշակ հող չէր մնացած՝ ոչ լեռնային եւ ոչ դաշտային, այնքան շէնցած էր երկիրը
- Մովսէս Խորենացի

Կարեւոր էր հայկական տոմարի կարգավորումը։ Գետերու ու լիճերու վրայ նաւարկութիւններ կը սկսին, կ'աշխուժանան արհեստագործութիւնը եւ առեւտուրը։ Հայաստանը հերթաբար կը շարունակէ մասնակցիլ միջազգային տարանցիկ արեւելք-արեւմուտք առեւտուրին[9]:

Արտաշէսեան հարստութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Արտաշէսեաններու դրօշ

Արտաշէսեան արքաայտոհմը Հայաստանի մէջ կառավարած է 2 դար։ ԱՆոր հիմնադիրը՝ Արտաշէս Ա.-ն, իշխանութիւնը օրինական դարձնելու նպատակով իրեն կը ներակայացնէր Երուանդունիներու ներկայացուցիչ՝ որդի Զարեհի, Երուանդեան: Իրականին մէջ ան հիմնադրած է նոր թագաւորական հարստութիւն[3]:

Անունը Տարեթիւեր Իշխած է Նշումներ
Արտաշէս Բարեպաշտ մ.թ.ա․ 230-մ.թ.ա․ 160 մ.թ.ա․ 189-մ.թ.ա․ 160 Զարեհի որդի, Երուանդեան
Արտաւազդ Ա․ անյայտ-մ.թ.ա. 115 160-115 Արտաշէս Ա.-ի աւագ որդի
Տիգրան Ա. անյայտ մ.թ.ա. 115-մ.թ.ա. 95 Արտաշէս Ա-ի կրտսեր որդի
Տիգրան Մեծ մ.թ.ա. 140-մ.թ.ա. 55 մ.թ.ա. 95-մ.թ.ա. 55 Տիգրան Ա.-ի կրտսեր որդի
Արտավազդ Բ. անյայտ-մ.թ.ա. 34 մ.թ.ա. 55-մ.թ.ա. 34 Տիգրան Մեծի որդի
Արտաշէս Բ. անյայտ-մ.թ.ա. 20 մ.թ.ա. 30-մ.թ.ա. 20 Արտավազդ Բ.-ի աւագ որդի
Տիգրան Գ. անյայտ-մ.թ.ա. 8 մ.թ.ա. 20-մ.թ.ա. 8 Արտավազդ Բ.-ի կրտսեր որդի
Տիգրան Դ.
Էրատօ
մ.թ.ա. 8-մ.թ.ա. 5,
մ.թ.ա. 2-մ.թ.ա. 1
Տիգրան Գ. որդին եւ դուստրը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. «Արտաշես Ա-ի գահակալումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-04-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 «Արտաշեսյան արքայատոհմ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-12-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 Մայր Հայաստան զինվորական թանգարան
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 Ժամկոչյան Հ.Գ. - Հայոց պատմություն
  6. «Արտաշես Ա-ն եւ հայկական հողերի մեծ մասի միավորումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  7. 7,0 7,1 7,2 ԵՊՀ հայագիտական հետազոտությունների ինստիտուտ
  8. «Մեծ Հայքի թագավորության միջազգային հեղինակության աճը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-10-16-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-20 
  9. 9,0 9,1 Արտաշեսյան արքայատոհմի հաստատումը: Արտաշես Ա
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։