Jump to content

Մայր Հայաստան յուշահամալիր

Մայր Հայաստան յուշահամալիր, յուշահամալիր է Երեւանի մէջ, կառուցուած է ի նշանաւորումն ԽՍՀՄ-ի՝ Հայրենական մեծ պատերազմին տարած յաղթանակին։ Բացուած է 29 Նոյեմբեր 1950-ին Յաղթանակ զբօսայգիին մէջ։ Հեղինակը ԽՍՀՄ ժողովրդական ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանն է։ Պատուանդանի վրայ տեղադրուած էր ԽՍՀՄ ժողովրդական նկարիչ Սերկէյ Մերգուրովի հեղինակած Ժոզեֆ Սթալինի 17 մեթր բարձրութեան պղինձէ կոփածոյ արձանը։ 1951 թուականին հեղինակները արժանացած են ԽՍՀՄ պետական մրցանակի։ 1962 թուականին հանուած է Ժոզեֆ Սթալինի արձանը։ 1967 թուականին տեղադրուած է Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Արա Յարութիւնեանի հեղինակած 22 մեթր բարձրութեան պղինձէ կոփածոյ «Մայր Հայաստան» արձանը[1]։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յուշահամալիրը նախագծուած է հայկական եռանաւ կոթիկ եկեղեցւոյ կառուցուածքով, ընդհանուր բարձրութիւնը 52 մեթր է։ Պատուանդանը, ի հակադրութիւն արտաքին պաղ, ուղղանկիւն ձեւերուն, ներսէն հայկական գմբէթաւոր, եռայարկ եկեղեցի մըն է եւ իր մանրամասնութիւններով կը յիշեցնէ Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարը։ Յուշահամալիրը կառուցուած է տարբեր երանգներու սեւ տուֆով։ Նախշազարդ կամարներն ու խոյակները եւ պղնձաձոյլ դուռը մեծ շուք կը հաղորդեն կոթողին, իսկ չորս անկիւններու բարձրադիր բաց պատշգամբներէն կ'երեւի մայրաքաղաքին ամբողջ համայնապատկերը[2]։

Յաղթանակի յուշարձան ճարտարապետական եւ քանդակագործական մասերը համարժէք են եւ ընդհանուր մտայղացման սահմաններուն մէջ ունին ինքնուրոյն նշանակութիւն, բովանդակութիւն ու իմաստաւորում։ Պատերու զուսպ մշակումը, քանդակազարդ շքամուտքի 19 չկրկնուող վարդեակներու նուրբ նկարուածքը հարազատ են ազգային արուարձանի լաւագոյն նմոյշներուն։ Յուշարձանը կառուցուած է սեւ տուֆով։ 1970 թուականին բացուած է Հայաստանը Հայրենական մեծ պատերազմի ժամանակ 1941-1945 թուականներուն։

1995 թուականին ան վերանուանուած է Մայր Հայաստան զինուորական թանգարան եւ անցած՝ ՀՀ ՊՆ ենթակայութեան մէջ։ Թանգարանը գլխաւորաբար կ'արտացոլէ 2 թեմա՝ հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եւ Արցախեան ազատագրական պատերազմը[3]։

Յուշարձանի բնորդուհին[4]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Մայր Հայաստան» յուշարձանի բնորդուհին հայ մանկավարժ Եւգենեայ Մուրատեանն է (ծնած՝ 1942-ին)։ Արձանը կը մարմնաւորէ անկոտրում ռազմական ոգիի եւ հայրենիքի պահապան հրեշտակ հայ մօր հաւաքական կերպարը։

Գենեայ Մուրատեան կը պատմէ, թէ ինչպէս Արա Յարութիւնեան իրեն առաջարկեց դառնալ արձանի բնորդուհի։ Ան 17 տարեկան էր, երբ քանդակագործը նկատեց զինք եւ մօրը ըսաւ, որ Ստալինի արձանի փոխարէն պէտք է զետեղուի «Մայր Հայաստան»-ը։ Ան խնդրեց Գենեայի մօրմէն՝ աղջիկը ուղարկել արուեստանոց, սակայն մայրը թոյլ չտուաւ։ Աւելի ուշ, աղջիկը եղբօր հետ գնաց արուեստանոց։ 4-5 տեսակցութիւններու (սեանսներու) ընթացքին քանդակեց աղջկան դէմքը, որուն մասին ան ըսած է․

«Շատ հետաքրքրական էր, շատ նման էր, բացի յօնքերէն. յօնքերը միացած էին իրարու, ու ինքն ըսաւ՝ ատիկա վեհ կնոջ, ուժեղ կնոջ իմաստը ունի, որ հայ կինը եղած է ուժեղ, յաղթանակող, կռուող ու ազգն ու հայրենիքը պաշտպանող»։

Մուրատեանի խօսքերով՝ այդ դրուագը փոխած է իր ներաշխարհը․

«Ես աւելի զօրացայ, ես զիս կը զգամ այնպէս, ինչպէս որ կանգնած է արձանը»։

Բնորդուհին կը նշէ, որ առաջարկը ընդունած է սեփական զգացումներէն մղուած եւ այդ պահուն շատ հեռու էր կերպարի իրական նշանակութիւնը ամբողջութեամբ ընկալելէ։

Արձանը սկսած են քանդակել 1961 թուականին, իսկ 1967-ին՝ պատրաստի վիճակի մէջ, կիսանդրին մաս-մաս տեղափոխած են։

Երեւանի ճարտարապետական դիմագիծին մէջ յուշակոթողին քաղաքաշինական տեսանկիւնէն առանցքային եւ գերիշխող դերը ընդգծած է արուեստաբան Ա. Կամենսքին։ Յայտնի պատմաբան Զ. Ա. Մանֆրետը գրած է այն խոր տպաւորութեան եւ հիացումին մասին, զոր զգացած է՝ դիտելով «Երեւանի վրայ վեր խոյացող, արտայայտչականութեամբ ու գեղարուեստական ուժով ապշեցնող «Մայր Հայաստան» յուշարձանը»։

«Մայր Հայաստան»-ի գաղափարը զգալի չափով արդէն կանխորոշուած էր. կար պատուանդանը, որոշուած էին նաեւ յուշարձանի նշանակութիւնն ու իմաստը, տեղն ու կողմնորոշումը։ 22 մեթրանոց պղնձաձոյլ արձանը պիտի ըլլար քաղաքին ու երկրին պահապանը, ժողովուրդին խորհրդանիշը։ Քանի որ ան պիտի անձնաւորէր ժողովուրդի եւ մայր հողի գաղափարը, ես ընտրեցի սուրով աղջկայ, կնոջ ու մօր կերպարը։ Անշուշտ, սուրով կանայք աշխարհի տարածքին շատ ստեղծուած են, եւ ես բնաւ չեմ յաւակնած յայտնագործութիւն ընել։ Չեմ ալ ձգտած շոյել դիտողին հայեացքը արձանի մեղմիկ ձեւերով։ Պատերազմին նուիրուած թանգարան-պատուանդանի վրայ զետեղուող արձանը պէտք էր խիստ ու մոնումենթալ ըլլար։ Ան պէտք էր արտայայտէր առնականութիւն, ուժ, հերոսականութիւն ու յաղթանակ։ Իսկ պատուանդանի ուղղահայեաց ձեւերը պէտք էր հատուէին հորիզոնական ծաւալներով։ Պատուանդանի երեք քառորդներուն համար ալ գտանք արձանի համապատասխան լուծումը՝ սուրին հորիզոնական շարժումը։ Այդ շարժումը խորհրդանշական է. սուրը պատեան կը դրուի, բայց կը զգացուի նաեւ զայն հանելու պատրաստակամութիւնը։ Ասիկա կատարուող գործողութեան երկրորդ իմաստն է եւ իր կարգին կը խորհրդանշէ այն, որ մեր ժողովուրդը միշտ պատրաստ է եւ հարկ եղած պարագային պիտի պաշտպանէ իր ձեռք բերած յաջողութիւնները, իր սիրասուն հայրենիքը։

Կերպարային լուծում փնտռած ատեն եղան բազմաթիւ տարբերակներ, որոնց մէջ կար նաեւ յուշարձանը զինուորով աւարտելու տարբերակը։ Սակայն զինուորը կրնար խորհրդանշել միայն ռազմական ուժին՝ բանակին յաղթանակը, ուստի ամբողջ հայ ժողովուրդի գաղափարը կը պահանջէր ընտրել «Մայր Հայաստան»-ի կերպարը։ Արձանը պղնձաձոյլ է՝ հաւաքուած երկաթեայ հիմնակմախքի վրայ։ 22 մեթրանոց արձանը կը կշռէ մօտ 15 թոն։

Մայր Հայաստան Զինուորական Թանգարան[5]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատուանդանի ներսը՝ շուրջ 3000 քառակուսի մեթր օգտակար տարածութեան վրայ, 1970 թուականին, ի նշանաւորումն Յաղթանակի 25-ամեակին, բացուած է «Հայաստանը Հայրենական Մեծ Պատերազմին (1941-1945)» թանգարանը։ 1995-ին անիկա վերանուանուած է ՀՀ ՊՆ «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանի եւ անցած՝ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ։ Թանգարանի ցուցադրութիւնը կազմուած է երկու հիմնական մասերէ՝ «Հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին» եւ «Արցախեան ազատագրական պատերազմ»։

«Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանը ԱՊՀ-ի տարածքին հանրապետական ու ազգային նշանակութեան միակ զինուորական թանգարանն է։ Անիկա նախկին ԽՍՀՄ-ի տարածքին գործող միակ թանգարանն է, ուր կը գտնուին ոչ թէ պատերազմի որոշակի ժամանակաշրջանի, յատուկ գործողութեան կամ առանձին ճակատի վերաբերող ցուցանմուշներ, այլեւ այցելուներուն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Հայրենական մեծ պատերազմին հայ ժողովուրդի մասնակցութեան, մարշալներու, զօրավարներու, հերոսներու եւ այն հասարակ զինուորներուն մասին, որոնք զոհուած են յանուն հայրենիքի։

Գաղափարական ընդհանուր մտայղացման մաս կը կազմեն նաեւ «Անյայտ զինուորի գերեզմանը», դէպի անոր տանող «Հերոսներու պուրակը», ինչպէս նաեւ մարշալ Բաղրամեանին ու ռուս սահմանապահներուն նուիրուած ծառուղիները։

Հայրենական Մեծ պատերազմի յաղթանակի յոբելեանին առիթով, ՀՀ Զինուած ուժերու «Մայր Հայաստան» զինուորական թանգարանը հանդէս եկած է նոր ցուցադրութեամբ։ Աւագ Յարութիւնեան կը նշէ, որ նոր ցուցադրութեան մէջ յատկապէս ուշագրաւ են «Նեմեսիս» գործողութեան նուիրուած բաժինը, կամաւորական շարժումներուն ու մարտերու 100-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւնները, ինչպէս նաեւ մերօրեայ հերոսներուն եւ ադրբեջանական յարձակումներուն դիմակայած ու հերոսաբար ինկած զինուորներուն նուիրուած յիշատակարանները։

«Բաւական է» ընկերային արշաւը[6]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2019 Հոկտեմբեր 11-ին՝ Աղջիկ երեխայի միջազգային օրուան առթիւ, «Մայր Հայաստան» արձանի լուսաւորութիւնը փոխուեցաւ՝ դառնալով կարմիր։ Ասիկա տեղի ունեցաւ սեռով պայմանաւորուած յղիութեան արհեստական ընդհատումներու (վիժեցումներու) դէմ նոյն օրը մեկնարկած «Բաւական է» ընկերային արշաւի շրջանակէն ներս։

Արշաւը, որուն մտայղացումը «Doping Creative Agency»-ինն էր եւ իրականացուած էր ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ ու «UNFPA Armenia»-ի նիւթական օժանդակութեամբ, միտուած էր Հայաստանի մէջ աղջիկ երեխաներու թերարժեւորման եւ սեռով պայմանաւորուած վիժեցումներու վերաբերեալ մտահոգիչ ցուցանիշներու մասին իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնելուն։ Անիկա նպատակ ունէր հանրային քննարկումներ խթանել ապագայ ժողովրդագրական, ընկերային ու տնտեսական բացասական հետեւանքներուն շուրջ, եւ արդիւնքին՝ քաջալերել ընկերային նորմերու փոփոխութիւնը՝ հասարակութեան մէջ աղջիկ երեխայի արժեւորման եւ կնոջ դերի բարձրացման ճամբով։

Յուշարձանի ընտրութիւնը պայմանաւորուած էր քանի մը հանգամանքներով.

  • Տեսանելիութիւն. Անիկա երկրի ամենաբարձր արձանն է եւ տեսանելի է քաղաքի շատ մը հատուածներէն։
  • Խորհրդանիշ. «Մայր Հայաստան»-ը ոչ միայն ռազմական խորհուրդ ունեցող արձան է, այլեւ հայ կնոջ հաւաքական կերպարն է, ինչ որ զայն կը դարձնէ յարմար հարթակ՝ աղջիկ երեխայի եւ ընդհանրապէս հասարակութեան մէջ կնոջ հանդէպ խտրական վերաբերմունքի մասին բարձրաձայնելու համար։

Միջոցառման օրը արձանի սովորական լուսաւորութիւնը մարեցաւ, իսկ յատուկ արհեստագիտութեան կիրառմամբ՝ արձանը լուսաւորուեցաւ կարմիր լոյսով։ Այս գոյնը կը զուգորդուի տագնապի կամ «կանգ»-ի նշանին հետ եւ անմիջապէս կը գրաւէ անցորդներուն ուշադրութիւնը։ Արձանի պատուանդանին վրայ ցուցադրութեան (projection) միջոցով կը հեռարձակուէին արշաւի հիմնական պատգամները։ ՀՀ Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը «Մայր Հայաստան» յուշարձանի մօտէն, իր դստեր հետ միասին, ուղիղ կապով դիմեց իր հետեւորդներուն՝ շեշտելով արշաւին կարեւորութիւնը։

Տ-34 հրետանիի գողութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զբօսայգիին ցուցանմոյշներուն մէջ ներառուած է Տ-34 հրետանին, որ երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եղած է Սովետական բանակի հրետանիներէն մէկը, իսկ 30 Հոկտեմբեր 1974-ին բերուած է Թիֆլիսէն։ 1990 թուականին հրետանին գողցած են ֆետայիական շարժման մասնակիցները՝ զայն գործարկելու յոյսով։ Մէկ ամիս անց հրետանին յայտնաբերուած է Էջմիածինի շրջակայքին մէջ[7]։

2020 Ապրիլ 21-ին, ՀՀ Կեդրոնական դրամատունը թողարկեց արծաթեայ յուշադրամ մը՝ նուիրուած Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակին։ Յուշադրամին երեսին պատկերուած են քանդակագործ Արա Յարութիւնեանի հեղինակած Երեւանի «Մայր Հայաստան» յուշարձանը եւ Հայրենական պատերազմի առաջին աստիճանի շքանշանը, իսկ կռնակին՝ վահան մը եւ գէորգեան ժապաւէնը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Рождение "Матери Армении"։ Собеседник Армении։ N 7, 20 июля, 2007 г։ էջ 18
  2. (հայերեն) Մայր Հայաստան հուշահամալիր, 2025-11-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D6%80&oldid=10606986, վերցված է 2026-03-25
  3. Հռիփսիմէ Սիմոնեան (2008 թ)։ Այս մեր երկիրն է, Հայաստան։ Երեւան: Հեղինակային հրատարակութիւն։ էջեր 125–128։ ISBN 978-99930-4-959-3
  4. (հայերեն) Մայր Հայաստան հուշահամալիր, 2025-11-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D6%80&oldid=10606986, վերցված է 2026-03-25
  5. (հայերեն) Մայր Հայաստան հուշահամալիր, 2025-11-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D6%80&oldid=10606986, վերցված է 2026-03-25
  6. (հայերեն) Մայր Հայաստան հուշահամալիր, 2025-11-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D6%80&oldid=10606986, վերցված է 2026-03-25
  7. Ցուցանմուշի պատմութիւն մը. թանգարանային հրետանիի երկրորդ մարտական «գրոհը»
  8. (հայերեն) Մայր Հայաստան հուշահամալիր, 2025-11-17, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B5%D6%80_%D5%80%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BD%D5%BF%D5%A1%D5%B6_%D5%B0%D5%B8%D6%82%D5%B7%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%AB%D6%80&oldid=10606986, վերցված է 2026-03-25
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։