Բաբելոն
Քաղաք | |
---|---|
Բաբելոն | |
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-mis" does not exist։ | |
Հին Բաբելոնի պարիսպները | |
Երկիր |
Աքեմենեան կայսրութիւն Մակետոնական թագաւորութիւն Սելեւկեան թագաւորութիւն Պարթեւաստան Պարթեւաստան Սասանեան Պարսկաստան Ուղղահաւատ խալիֆներու պետութիւն Հին Հռոմ Բաբելոնի թագավորություն Նորասորեստանյան թագավորություն Նեոբաբելոնյան կայսրություն Իրաք[1] |
Բնակչութիւն | 150 000 մարդ[2] |
Բաբելոն[3], (Աքքատ․՝ Bāb-ili(m), սումեր․՝ KÁ.DINGIR.RA, արաբ․՝ بابل Bābil, արամերէն՝ Babel) աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն, Եփրատ գետին հարաւ-արեւելեան աւազանին մէջ, Միջագետք։ Այսօր, աշխարհահռչակ հնագիտական վայր մըն է մասնակի վերաշինութիւններով, որոնք եղած են քաղաքական եւ զբօսաշրջութեան նպատակով։ Կը գտնուի Պաղտատ (Իրաք) քաղաքէն մօտաւորապէս 85 քմ․ հարաւ, այսօրուան Հիլա Hilla նոր քաղաքին կից։[4][5]
Ք․Ա․ երկրորդ հազարամեակի սկիզբներուն, փոքր աննշան քաղաքէ մը՝ Բաբելոնեան հարստութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ։ Այս կայսրութիւնը կը տարածուի Միջագետքի ամբողջ տարածքին։[6][7][8][9]
Բաբելոն քաղաքին համբաւը իր գագաթնակէտին կը հասնի Ք․Ա․ 6-րդ դարուն, Նաբուգոթոնոսոր Բ․ թագաւորին օրով, երբ կայսրութիւնը Միջին Արեւելքի մեծ մասին վրայ կը տիրէ։ Ըստ պատմական եւ հնագիտական աղբիւրներուն, Բաբելոն այդ ժամանակի ամէնէն մեծ քաղաքներէն էր, որուն տարածքը 1․000 հեկտարը կ'անցնէր։ Անոր համբաւը Միջագետքի սահմաններէն դուրս կ'ելլէ, շնորհիւ կառուցուած նշանաւոր յուշարձաններուն, հոյակապ շէնքերուն, ինչպէս օրինակ՝ բարձր պարիսպները, «զիկուրադները» ziggourat (պաշտամունքի վայր), եւ այլն. անոնք հաւանաբար յառաջացուցած են Բաբելոնի Աշտարակին եւ նշանաւոր կախուած պարտէզներուն առասպելները։[10][11][12][13]
Անուան Ծագումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբելոն քաղաքին ամէնէն հին վկայութիւնը արձանագրուած է Ք․Ա․ 2500-ին, տախտակի մը վրայ․ հոն գրուած է, թէ այդ քաղաքին մէջ, Էնսի (ENSÍ) վեհապետը Ամար-ուդու (AMAR.UTU) աստուծոյ տաճարին շինութիւնը կ'ոգեկոչէ։ Իսկ Բաբելոն անունը կը նշուի սումերեան սեպագիր արձանագրութեան մը մէջ, Շար-քալի-շարի Shar-kali-sharri (Աքատեան կայսրութեան թագաւոր) թագաւորութեան շրջանին Ք․Ա․ 2218-2193 թուականներուն։ Անկէ ետք, Բաբելոն անունին կը հանդիպինք, Գ․ Հարստութեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանին, բազմաթիւ գրութիւններու մէջ՝ Ք․Ա․ 12-րդ դարուն։[14][15]
Բաբելոն անունը յառաջացած է յունարէնէն, որ ան ալ իր կարգին փոխ առած է աքատեան պապ-իլի(մ) bāb-ili(m), թարգմ․՝ Աստուծոյ (Իլի(մ)) դուռը (bābu(m)) բառէն։ Այս անունին՝bāb-ilāni «Աստուածներուն դուռը» կը հանդիպինք նաեւ գրութիւններուն մէջ։ Բառին ծագումը կրնայ ըլլալ Պապալ Babal կամ Պապուլու Babulu, հնագոյն մեզի անծանօթ լեզուի մը եւ կամ ալ՝ սումերերէն լեզուի եզր մը, որ հաւանաբար «անտառակ» կը նշանակէ։ Այս եզրը (նկատելով ձայնահնչութիւնը) քաղաքին մէջ ապրող աքատերէն խօսողներէն մեկնաբանուած է իբրեւ «Աստուծոյ Դուռը», որովհետեւ անոր կը հանդիպինք ամէնէն հին արձանագրութիւններուն մէջ սումերէնի կրկնագիրերով։[11] [16][17]
Համառօտ Տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխարհագրական Դիրքը Եւ Կլիման
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբելոն քաղաքը կառուցուած է Եփրատ գետի հարաւային աւազանին երկու ափերուն․ այսօրուան Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն 85 քմ․ հարաւ, Հիլա Hilla քաղաքին կից։[18]
Միջագետքի կլիման կիսաչոր է, տաք ամառներով եւ ցանուցիր անձրեւներով։ Սակայն, շնորհիւ Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն խոնաւ կը դառնայ եւ հողը՝ բերրի։ Ջուրին առատութիւնը եւ սնուցիչ հարուստ հողը, շրջանը դարձուցած են հողագործութեան զարգացման իտէալ վայր մը։[19] [20]
Բաբելոնեան Կայսրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբելոնեան կայսրութիւնը կոչուած է իր գլխաւոր քաղաքին՝ Բաբելոնի անունով։ Համուրապի արքային օրով, Միջագետքի մեծ մասը կը միաւորուի Բաբելոնի իշխանութեան տակ։ Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի կէսէն՝ զանգուածաբար Բաբելոն թափանցած քասիտական ցեղեր, կամաց-կամաց կը տկարացնեն ստրկատիրական ծաղկուն պետութիւնը եւ կը հիմնեն իրենց տիրապետութիւնը Ք․Ա․ 1518-1204 թուականներուն։[21] Քասիտական իշխանութեան անկումէն ետք, Բաբելոն ժամանակաւոր վերելք մը կ'ապրի նոր հարստութեան ներկայացուցիչ Նաբուգոթոնոսոր Ա․-ի օրով, Ք․Ա․ 1146-1123 թուականներուն։ Ան ետ կը մղէ դրացի Ասորեստանի եւ Էլամի ոտնձգութիւնները, կը պահպանէ պետութեան անկախութիւնն ու հզօրութիւնը։ Իրմէ ետք Բաբելոն կը տկարանայ։ Կը քայքայուի եւ կը վերակառուցուի ասորեստանցիներէն, որպէսզի կրկին Բաբելոնը կարճատեւ կեանք ունեցող Նոր-Բաբելոնեան Կայսրութեան մայրաքաղաքը դառնայ՝ Ք․Ա․ 609-539 թուականներուն։ Այնուհետեւ, Բաբելոն կ'ենթարկուի Ասորեստանի, Աքեմենեան, Մեծն Աղեքսանտրի կայսրութեան, Սելեւկեան, Հռոմէական, Պարթեւաստանի եւ Սասանեան իշխանութիւններուն։[22]
Կ'ենթադրուի, թէ Ք․Ա․ 1770-1670 եւ Ք․Ա․ 612-320 թուականներուն Բաբելոն այդ ժամանակի ծանօթ աշխարհի ամէնէն ընդարձակ քաղաքն էր։ Հաւանական է, թէ առաջին քաղաքը եղած ըլլայ, որուն բնակչութեան թիւը 200.000-ի հասած է։ [23][24][25] [26][27]
Համուրապի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շուրջ 30 տարի Բաբելոնի արքայ եղած է՝ Համուրապին (Ք.Ա. 1792-1750)։ Ան դրացի երկիրներուն դէմ կը կռուի։ Սակայն քաջ կը գիտակցի, որ զէնքով նուաճածը միայն զէնքով հնարաւոր չէ պահպանել, նորաստեղծ պետութեան մէջ կարգ ու կանոն կը մուծէ։ Ան կը հրամայէ հաւաքել բոլոր ի զօրու օրէնքները եւ ստեղծել մէկ օրէնսգիրք մը։ Արքային հրամանը կը կատարուի։ Օրէնսգիրքը կը ստեղծուի եւ կը բաղկանայ 282 յօդուածներէ։[28][29][11]
Բաբելոն Քաղաքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք.Ա. 539-ին Աքամենեան թագաւոր Կիւրոս Բ. Մեծը, Բաբելոնը կը նուաճէ եւ զայն Աքեմենեան Պարսկաստանի փոխարքայութեան նստավայրին կը վերածէ։ Ալեքսանտր Մակետոնացիի նուաճումէն ետք, Բաբելոնը կը կառավարեն մակեդոնացի կուսակալներ։ Ք.Ա. մօտաւորապէս 140-ին Բաբելոն հերթաբար կը մտնէ Պարթեւական եւ Սասանեան պետութիւններու կազմին մէջ։[12]
Պատմագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբելոնի մասին գոյութիւն ունեցող պատմագրութիւնը հիմնուած է հետեւեալ աղբիւրներուն վրայ, որոնք սակայն լրիւ չեն եւ քանի մը անգամներ զիրար կը հակասեն․
- Հնագիտական պեղումներ,
- Միջագետքէն եւ Բաբելոնէն դուրս գտնուած սեպագիր արձանագրութիւններ՝ Ուրուկ Uruk, Նիփուր Nippur, եւ Հարատում Haradum քաղաքներ,
- Աստուածաշունչի վկայութիւններ,
- Դասական գրականութեան մէջ նկարագրութիւններ՝ գլխաւորաբար Հեռոտոդոսէն,
- Երկրորդական աղբիւրներէ տեղեկութիւններ․ Գդիսիաս Ctesias վկայակոչելով Թէոտորոս Սիկիլիացին Diodorus Siculus եւ Գէորգ Սիկելոսը George Syncellus «Chronographia» (թարգմ․՝ Քրոնողրաֆիա), կը պնդէ, թէ մուտք գործած է Բաբելոնի արխիւներու ձեռագիրներուն, որոնք Բաբելոնի հիմք ունին Ք․Ա․ 2286-ին։ [30] [31][32][33][12]
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ մօտաւորապէս ԺԹ. դարուն, Միջագետքի մեծ մասը Ամոռացիները գրաւած են Amorrites (սումերերէն՝ MAR.TU , աքատերէն՝ Tidnum ou Amurrūm, հին յուն․՝ Ἀμορραῖοι)․ վաչկատու ցեղեր հիւսիսային Լեւանտէն (Միջերկրածովեան տարածաշրջանի արեւելեան մասի երկիրներուն/շրջաններուն ընդհանուր անուանումը)։ Անոնք կը խօսին հիւսիս-արեւմտեան սեմական լեզուն, տարբեր՝ բնիկ Աքատներէն, որոնք կը խօսին արեւելեան սեմական լեզուն։ Ժամանակի ընթացքին, կիսավաչկատու վիճակէն կ'ելլեն եւ Միջագետքի քաղաք-պետութիւններուն մէջ (հաւանաբար Իսին Isin, Լարսա Larsa, Էշնունա Eshnunna, Լակաշ Lagash) իրենց անկախ հարստութիւնները կը կերտեն եւ վերջապէս Բաբելոնի պետութիւնը։[12][16][34]
Հին Բաբելոնեան Շրջանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Բաբելոնեան ժամանակագրութեան, Ք․Ա․ ԺԹ. կամ ԺԸ. դարուն, Սամու Ապու ցեղապետ մը, դրացի Քազալլու քաղաքէն կ'անկախանայ։ Նոյն ատեն կը ստեղծուի Բաբելոնեան Առաջին Հարստութիւնը, որուն նախահայրը՝ Սամու Լա Էլ կը նկատուի։ Գրաւոր տեղեկութիւնները կը նկարագրեն, թէ Սամու Լա Էլին տարած զինուորական յաջողութիւնները Բաբելոնի շրջանին մէջ կը տարածեն անոր ազդեցութիւնը։
Բաբելոն, Ասորեստանի մեծ քաղաքներուն շուքին տակ կը մնայ։ Անիկա կը ծաղկի եւ նշանաւոր կը դառնայ, երբ Համուրապիի ստեղծած կարճատեւ կայսրութեան մայրաքաղաքը կը դառնայ, Ք․Ա․ 1792-1750 թուականներուն։ Համուրապի հարաւային Միջագետքի բոլոր քաղաքները եւ քաղաք-պետութիւնները կը նուաճէ եւ Բաբելոնին կը միացնէ։ Ան կը գրաւէ նաեւ արեւելքէն Էլամ Elam եւ հիւսիս-արեւմուտքէն Մարի Mari եւ Էպլա Ebla թագաւորութիւնները։ Բաբելոնի իշխանութիւնը կը տարածէ մինչեւ Փոքր Ասիոյ Խաթթիներուն կամ՝ Հիթիթներու եւ Հուրիներուն գաղթօճախները՝ Ասորեստանի վաղեմի կայսրութեան շրջանները։
Համուրապիի մահէն ետք, կայսրութիւնը կը տկարանայ եւ տարածքներ կը կորսնցնէ։ Ամոռացիներուն իշխանութիւնը Բաբելոն քաղաքին մէջ կը սահմանուի։ Հին Բաբելոնէն գրութիւններ, յաճախ Շամաշը՝ Սիփարի արեւու աստուածը եւ Մարտուկը՝ Շամաշին տղան կը նկատեն։ Հետագային, Մարտուկը* կը դառնայ Բաբելոնի գլխաւոր աստուածը․ կը ցոլացնէ Բաբելոնի քաղաքական վերելքը։[21][35][36]
- Մարտուկ Marduk առասպելական աստուած․ կը նոյնանայ Բաբելոնի եւ անոր իսկական թագաւորը կը նկատուի։
Միջին Բաբելոնեան Շրջանը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 1595-ին, Փոքր Ասիոյ մէջ տարածուած Հէթէական Կայսրութիւնը կ'իշխէ Բաբելոն քաղաքին վրայ։ Ապա, հիւսիս արեւմտեան Իրանի Զագրոշի լեռներէն Քասեդիները քաղաքը կը գրաւեն։ Անոնց տիրապետութեան շրջանին Բաբելոն կը վերանուանուի Քարատունիաշ եւ Ք․Ա․ 14-րդ դարուն կը հիմնեն նոր մայրաքաղաք մը, Տուր Քուրիկալզու Dûr-Kurigalzu, Պաղտատէն 30 քմ. արեւմուտք։
Բաբելոն, Ք․Ա․ 1365-1053 թուականներուն, յաջորդաբար կը հպատակի Ասորեստանի Կայսրութեան եւ Էլամի Թագաւորութեան։
Ք․Ա․ 1235-ին, Ասորեստանի թագաւոր Թուկուլդի-Նինուրդա Ա․ Բաբելոնը կը գրաւէ։ Այս շրջանին Chronique P (ժամանակագրութիւն) կոչուած արձանագրութիւնները, կը վկայեն, թէ թագաւորը կը փլէ քաղաքին պարիսպները եւ իրեն հետ կը տանի Մարտուկ աստուծոյ արձանը, ապա գրել կու տայ երկար բնօրինակ մը, որմով կը տօնէ իր յաղթանակները։
Բաբելոնի բնակիչները կը փորձեն քանի մը անգամ իշխանութիւնը ետ առնել, սակայն չեն յաջողիր։
Ք․Ա․ 1158 եւ 1155 թուականներուն յաջորդաբար, Բաբելոնը կը գրաւեն Էլամի Շուդրուք-Նահունդէ եւ զաւակը Քուդիր-Նահունդէ, որոնք իրենց կարգին քաղաքին գանձին եւ Մարտուկ աստուծոյ արձանին կը տիրանան։
Բաբելոնցիները ետ կը քշեն Էլամցիները եւ նոր հարստութիւն մը Բաբելոնը կը վերականգնէ։ Այս հարստութեան գլխաւոր թագաւորը, Նաբուգոթոնոսոր Ա․ (Ք․Ա․ 1126-1105) կը գրաւէ Էլամի երկիրը եւ հանդիսաւորապէս Բաբելոն կը վերադարձնէ Մարտուկ աստուծոյ արձանը։ Այս եղելութիւնը կը յիշատակուի «Ստեղծման դիւցազներգութիւն» Épopée de la Création Enūma eliš գործին մէջ, ուր Նաբուգոթոնոսոր Ա․ կը պատմէ, թէ ինչպէս արքայից արքայ դարձաւ։
Ք․Ա․ մօտաւորապէս 1050-ին, Բաբելոն կը հեղեղեն վաչկատու` ընդհանրապէս արամական ցեղեր։ Ք․Ա․ 1032-1025 թուականներուն կը յատկանշուին իշխանութեան յաճախակի փոփոխութիւններով։[36][17]
Բաբելոնը Ասորիներուն Հպատակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 9-րդ դարուն, խառնաշփոթ վիճակը կը շարունակուի եւ կ'աւարտի Ք․Ա․ 728-ին, երբ Ասորեստանի Թիկլաթ Բալասար Գ․ թագաւորը երկար տարիներ տեւող կռիւներէ ետք, Բաբելոնը կը գրաւէ։ Անոր կը յաջորդեն զաւակը Սաղմանասար, ապա յաջորդաբար Սարգոն Բ․ (ան, կը յարձակի նաեւ Ուրարտուի վրայ եւ երբ կը գրաւէ Մուսասիր կրօնական քաղաքը, կը կողոպտէ ու կը քանդէ), Սենեքերիմ՝ Բաբելոնացիներուն ապստամբութիւնները արիւնի մէջ կը խեղդէ եւ քաղաքին մէջ աւերներ կը գործէ, իսկ անոր զաւակը՝ Ասուրհատոն, Բաբելոնը կը վերակառուցէ։ Անոր յաջորդները, Ք․Ա․ 669-ին կը թագաւորեն նոր վարչաձեւով․ Ասուրպանիբալ՝ Ասորեստանը, իսկ եղբայրը ու իրեն հպատակ Շամաշ Շում Ուքին՝ Բաբելոնը։ Վերջինս, Ք․Ա․ 652-ին կ'ապստամբի եղբօրը դէմ եւ չորս տարի տեւող կռիւներէ ետք, կը մեռնի (կ'այրի պալատին մէջ) Բաբելոնի պաշարման ընթացքին։ Ասուրպանիբալ կը վերակառուցէ Բաբելոնը։ Ք․Ա․ 627-ին, Ասուրպանիբալի մահէն ետք, գահաժառանգութեան ներքին բախումներ տեղի կ'ունենան․ ասոնք Ասորեստանը կը տկարացնեն։ Այս վիճակէն կ'օգտուի Քաղթէացի զօրավարը՝ Նապոբոլասար եւ Բաբելոնը անկախ կը հռչակէ։ [36][17][37][38]
Նոր Բաբելոնեան Կայսրութիւնը Եւ Բաբելոնը Իր Հզօրութեան Գագաթնակէտին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 614-610 տարիներուն տեւող ընդհարումներէ ետք, Նապոբոլասար մարերու Կիաքսառ թագաւորին օգնութեամբ Ասորեստանին կը յաղթէ։ Անոր կը յաջորդէ որդին՝ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (Ք․Ա․ 605-562)։ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ երկարատեւ թագաւորութեան շրջանին, Բաբելոն իր գագաթնակէտին կը հասնի․ Նոր-Բաբելոնեան կայսրութեան ժամանակաշրջանն է։ Անոնց յաջորդները կը յաջողին պահպանել կայսրութիւնը, սակայն հիմնադիրներուն նման չեն։ Կայսրութիւնը վերջին տարիներուն կը տկարանայ եւ Ք․Ա․ 539-ին Բաբելոնը պարսիկները կը գրաւեն։[39]
Բաբելոն Կը Շէննայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նապոբոլասար եւ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ Բաբելոնը կը փոխակերպեն։ Քաղաքին վերակառուցման աշխատանքները Նապոբոլասարը կը սկսի եւ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ կը շարունակէ․ այս աշխատանքները մեզի ծանօթ են կառուցումներուն հիմնադրութեան արձանագրութիւններէն։
Այս արձանագրութիւնները կը նպաստեն Բաբելոնի աշխարհահռչակ համբաւին եւ անոր շուրջ հիւսուած առասպելներուն շնորհիւ Հեռոտոդոսին, Գդիսիասին նաեւ հրէական Աստուածաշունչի հեղինակներուն․ Բաբելոնի տպաւորիչ պարիսպները, կայսերական կառուցումները, վերանորոգուած կամ ընդարձակուած յուշարձանները՝ զիկուրադ տաճարները, արքայական պալատները, մեծ ճամբաները՝ ինչպէս «Արարողական Երթ»ը «Voie processionnelle», որ կը սկսէր Իշթարի Դուռէն։ Բաբելոնի այդ շրջանին տնտեսական, վարչական եւ ուսումնական կեանքը վկայագրուած է համապատասխան արձանագրութիւններուն մէջ։
Նաբուգոթոնոսոր Բ․ին կը վերագրուին Բաբելոնի Կախուած Պարտէզներուն կառուցումը (հին աշխարհի 7 հրաշալիքներէն մէկը)․ կ'ըսուի, թէ ան կառուցեց հայրենաբաղձ կնոջ համար։ Մինչեւ այսօր, յստակ չէ եթէ իսկապէս կային այս պարտէզները։
Նաբուգոթոնոսորին նաեւ կը վերագրուի Հրեաներուն աքսորը․ խաղաղութիւնը բերելու կայսերական հմտութիւնը։ Այս միջոցին կը դիմէին նուաճողները․ բնիկ ժողովուրդները մայրաքաղաք կը տեղափոխէին։ Ըստ Հրէական Աստուածաշունչին, Նաբուգոթոնոսոր Բ․ Սողոմոնին տաճարը կը քանդէ եւ հրեաները Բաբելոն կ'աքսորէ․ այս եղելութիւնը արձանագրուած է նաեւ Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւններուն մէջ։ [40][41][42][43][44][45]
Բաբելոնը Պարսիկներու Աքամենեան Գերիշխանութեան Տակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 539 պարսիկները Միջագետք կ'արշաւեն։ Օփիսի կամ՝ Ովպիսի Ճակատամարտի ընթացքին Battle of Opis Պարսից Կիւրոս Բ․ թագաւորը Բաբելոն մայրաքաղաքին վրայ կը յարձակի։ Բաբելոնի պարսիպները անթափանցելի կը նկատուէին։ Պաշարման ընթացքին, պարսիկները կը նկատեն, թէ մայրաքաղաքը շրջապատող պարիսպներու ութը դուռերէն միակ մէկ դուռէն կարելի կ'ըլլայ քաղաք մտնել, Եփրատ գետն ի վեր՝ Էնլիլ դուռէն (քաղաքին հիւսիս արեւմուտքը)։ Պարսից զօրքը քաղաքին ծայրամասը կը գրաւէ, իսկ Բաբելոնի բնակիչները զբաղած կրօնական տօնախմբութիւններով, անտեղեակ են եղելութենէն։ Բաբելոնը կը կորսնցնէ անկախութիւնը։
Այս կռիւը Հեռոտոդոս տեղեկագրած է, նաեւ նշուած է Հրէական Աստուածաշունչին մէջ։
Պարսից արքան կը ցուցնէ իր բաղձանքը քաղաքը պահպանել։ Տեղական կղերականութեան հանդէպ նպաստաւոր հրովարտակ մը կը հրամանագրէ արձանագրուած կաւէ գլանի մը վրայ, ծանօթ իբրեւ՝ Կիւրոսի Գլանը։ Բաբելոն, Պարսկական կայսրութեան հռչակաւոր քաղաքներէն մէկը կը դառնայ։ [46][47]
Բաբելոնը Հելլենիստական Ժամանակաշրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ք․Ա․ 331-ին, Պարսիկներուն դէմ Ղաւղամիլայի յաղթանակէն ետք Մեծն Աղեքսանտր կը մտնէ Բաբելոն։ Անոր բնակիչները խանդավառութեամբ, զայն իբրեւ ազատագրող կ'ընդունին։ Բաբելոն կը դառնայ ուսման, գիտութեան եւ առեւտուրի գլխաւոր կեդրոն։ [27]
Ան, Ք․Ա․ 323-ին Մեծն Աղեքսանտր Հնդկաստանի արշաւանքէն վերադարձին, Բաբելոնը իր նստավայրը կը դարձնէ Ասիոյ մէջ։ Նոյն տարին, գարնան աշխատանքի կը լծուի։ Ան Եփրատ գետին ջրանցքները կը շրջի, գետի ջուրին ողողումները կասեցնող աշխատանքներուն հետեւելու համար, նաեւ կը հովանաւորէ էսաժիլ տաճարին վերանորոգումները։
Մեծն Աղեքսանտրի կը յաջորդէ անոր զօրավարներուն միջեւ ժամանակաւոր համաձայնութիւն մը՝ Բաբելոնի դաշինքը, որ սակայն կը դադրի Յաջորդներու Diadoque կռիւներով։ Բաբելոնեան կռիւներուն յաղթական Սելեւկիոս զօրավարը, իր թագաւորութեան մայրաքաղաքը Բաբելոնէն նորակառոյց Տիգրիսի Սելեւկիան Séleucie du Tigre կը տեղափոխէ։ Բաբելոն սակայն կը պահէ իր համբաւը։
Բաբելոն, Յունական Քաղաք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անտիոխոս Դ․ Էփիֆանիսի Antiochos IV Épiphane - Aντίoχoς Έπιφανής թագաւորութեան շրջանին, Ք․Ա․ 170-ին Բաբելոն իր քաղաքացիներով politai (այս յունական անուան կը հանդիպինք նաեւ բաբելոնեան արձանագրութիւններու մէջ՝ puliṭē ou puliṭānu) յունական քաղաք կը դառնայ։ Կը կառավարուի Էփիսդադի Επιστάτης (կամ՝ pahāt սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ) կողմէ։ էսաժիլ տաճարին պաշտօնէութիւնը բնիկ բաբելոնացի համայնքին ներկայացուցիչն է յունական վարչակարգին առջեւ։ Այս համայնքը կը կառավարուի ատեանէ (kiništu) մը, որուն առաջնորդն է Էսաժիլ սրբավայրին վարչական պատասխանատուն šatammu։ Ատեանին հաւաքավայրը հոն կառուցուած յունական Թատրոնն (théâtre) է։
Բաբելոն, Պարթեւներուն իշխանութեան տակ կ'անցնի Միհրդատ Բ․ (Mithridate II) պարթեւ թագաւորին ատեն, Ք․Ա․ 123-88 թուականներուն։ Այս բախումներուն ընթացքին Բաբելոն եւ շրջակայքը կը վնասուին, մանաւանդ պարթեւ Հիմերոս (Himéros) զօրավարին գործած աւերներէն։ [17][36][48][49]
Վերջ Բաբելոնի Հնագոյն Շրջանին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բաբելոն պարթեւներուն տիրապետութեան շրջանին իր համբաւը կամաց-կամաց կը կորսնցէ․ բնակչութեան թիւը կը նուազի եւ կառավարման գլխաւոր կեդրոնները կը տեղափոխուին դէպի Տիգրիս գետի հիւսիսը։ Փլինուս Աւագ Gaius Plinius Secundus գրագէտ, փիլիսոփայ եւ Հռոմէական կայսրութեան առաջին տարիներուն ընթացքին (Ա. դար) զօրավար եւ նաւապետ, կը վկայէ թէ հակառակ քաղաքին կիսաւեր վիճակին աշխուժօրէն կը գործեն իր գլխաւոր յուշարձանները։ Նաեւ Բ. դարու յունական արձանագրութիւն մը կը վկայէ, թէ Թատրոնը նորոգուած է։
Սակայն առեւտրական կեանքը քաղաքին մէջ կը շարունակուի։ Բազմազան համայնքներով քաղաք մըն է, որոնց կը գլխաւորեն բաբելոնեան եւ յունական համայնքները։ Նաեւ հոն կայք կը հաստատեն քրիստոնեայ առաջին համայնքները։ Յունահռոմէական արձանագրութիւնները, ինչպէս նաեւ Հռոմի կայսր Մարքուս Ուլփիուս Դրաիանուս (Marcus Ulpius Traianus) արշաւանքներուն ընթացքին (115 թուական), ընկերակցող հռոմէացի քաղաքագէտ եւ պատմաբանի Տիոն Գասիուս Լուսիուս (Dion Cassius Lucius) կամ Claudius վկայութիւնները, թէ քաղաքը աւերակներու դաշտ մըն է, կը պատկերացնեն Բաբելոնի անկումին կարեւորութիւնը։
Բաբելոն կ'ամայանայ յաջորդող դարերուն ընթացքին, մանաւանդ Սասանեան պարսիկներուն տիրապետութեան տակ եւ ըստ Իպն Հաուգալ (Ibn Hawqal ) աշխարհագրագէտին, իսլամական ժամանակաշրջանին (Ժ. դար) պարզ գիւղ մը կը դառնայ։ Անոր հսկայ շինութիւններուն փլատակներէն քարեր կ'առնուին, որպէսզի ծառայեն շրջակայքի նոր շէնքերու կառուցման։[50][51][52]
Իսլամական Շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Է. դարու ընթացքին, Բաբելոն կ'ասպատակէ Իսլամական Կայսրութիւնը․ կը յաջորդէ Իսլամացման շրջան մը։ Իպն Հաուգալ կը նշէ, թէ Բաբելոն պարզ գիւղ մը կը դառնայ, Պապել Babel անունով։ Հետագային, ճամբորդներ պիտի նկարագրեն աւերակ քաղաք մը։
Արաբական միջնադարեան արձանագրութիւններուն մէջ, Բաբելոն կը յիշատակուի իբրեւ աղիւսներու աղբիւր քաղաք․ կը գործածուին Պաղտատէն մինչեւ Պասրա։
Փիետրօ Տելա Վալէ (Pietro Della Valle ) Ք․Ա․ ԺԷ. դարուն կը յայտնաբերէ Բաբելոնի ճշգրիտ վայրը։[53][54]
Ժամանակակից Շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԸ. դարու ընթացքին, ճամբորդներու հեղեղ մը կ'այցելէ Բաբելոն։ Ֆրանսացի դիւանագէտ, հոգեւոր եւ աստղագէտ Փիեռ Ժոզէֆ տը Պօշան (Pierre-Joseph de Beauchamp), իր «Յիշատակներ» գիրքին մէջ, 1792-ին, կը գրգռէ Արեւելեան Հնդ-Բրիտանական Ընկերութիւնը իր գործակալները Պաղտատ եւ Պասրա ուղղելով, Միջագետքէն յիշատակներ ձեռք ձգելու եւ Լոնտոն առաքելու համար։[55][56]
Բաբելոնի Վերայայտնումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԲ. դարէն ճամբորդներ այցելած են Բաբելոն՝ Դուտելլայի Պենճամին Benjamin of Tudela, Փիետրօ Տելա Վալէ (Pietro Della Valle ) Ք․Ա․ ԺԷ. դար, եւ այլն։
ԺԹ. դարէն Բրիտանացի Գլաուտիւս Ճէյմս Ռիչ (Claudius James Rich) առաջին հետախուզութիւնները կը կատարէ եւ վայրը կը քարտէսագրէ։ Ուրիշներ ալ կը հետեւին, սակայն 1850-ականներու պեղումները կը դադրին եւ կը շարունակուին ֆրանսացի Ֆուլճանս Ֆրեսնելի (Fulgence Fresnel ) եւ իր խումբին կողմէն 1852-1855 թուականներուն։ Պեղումները կը շարունակուին մեծ թիւով հնագէտներէ ընդհանրապէս ֆրանսացի եւ անգլիացի, որոնք յայտնաբերուածներէն գլխաւորները իրենց երկիրները կը տանին․ օրինակ, Պարթեւական դամբանը՝ Լուվրի թանգարանը եւ կամ՝ Սիրուսին Գլանը (cylindre de Cyrus, պարսկ․ منشور کوروش, manshour-e Kourosh)՝ Բրիտանական թանգարանը։ Եռուն պեղումները սակայն, (սովորական այս ժամանակներուն) կարեւոր վնասներ կը պատճառեն Բաբելոնի հնագիտական տարածքին։ Բազմաթիւ հնագիտական յայտնումներ շուկաները կը շրջին։
1879-1882 թուականներուն Բրիտանական Թանգարանին հաշւոյն, Հորմուզտ Ռասսամ (Hormuzd Rassam ) հնագիտական պեղումներ կը կատարէ․ կը յայտնաբերէ մեծ թիւով սեպագիր արձանագրութիւններ ու այլ արժէքաւոր իրեր։
Պեղումներ Եւ Հետազօտութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հին Բաբելոնեան շրջանէն Բաբելոն քաղաքին երեւոյթին մասին տեղեկութիւնները մինչեւ այսօր բաւարար ու ճշգրիտ չեն։ Քաղաքին մասին առաջին յստակ գլխաւոր տեղեկութիւնները կու գան Նոր-Բաբելոնեան (Ք․Ա․ 624-539) շրջանէն։
Առաջին գիտական հնագիտական պեղումները կը կատարուին 1899-1917 թուականներուն Գերմանական Արեւելեան Ընկերութեան կողմէ, Ռոպերթ Գոլտուէյի գլխաւորութեամբ։ Պեղումներէն կը յայտնաբերուին Մարտուկ աստուծոյ նուիրուած Էսաժիլ տաճարին յառաջամասը, հարիւրաւոր ուրիշ արձանագրութիւններ եւ Իշթար Դուռէն իրեր։ Վերջինները, Գերմանիա կը ղրկուին, ուր Գորլտուէյի գործակից Ուոլթըր Անտրայէ զանոնք կը վերակառուցէ եւ կը ցուցադրէ Պերլինի Vorderasiatisches թանգարանը։
1917-ին նախքան անգլիական զօրքին հասնիլը, գերմանացի հնագէտները Բաբելոնէն կը մեկնին։ Սակայն, հնագիտական վայրէն կարեւոր իրերուն անհետացումը կը շարունակուի։
1959-ին Հենրիկ Ճ․ Լենզեն (Heinrich J. Lenzen) եւ Հանսւորկ Շմիտ (Hansjörg Schmid) 1962-ին յաջորդաբար կը գլխաւորեն Գերմանիոյ Հնագիտական Կաճառին կողմէ կատարուած պեղումները։ Առաջինը կը կեդրոնանայ Հելլենիստական Թատրոնի հետազօտութեան աշխատանքին, իսկ երրորդը՝ Etemenanki զիկուրադին վրայ։
1974-ին, Բաբելոնի հնագիտական վայրին մէջ պեղումներ կը կատարեն Միջին Արեւելքի Թորինոյի Հնագիտական Հետազօտութիւններու եւ Պեղումներու Կեդրոնը եւ Իրաք-Իտալական Հնագիտական Գիտութեան Հիմնարկը։ Յաւելեալ պեղումներ կը կատարուին 1987-1989 թուականներուն Բաբելոնի Շու-Աննա թաղամասի Իշարա եւ Նինուրդա տաճարներուն շրջակայքը։
Բաբելոնի վերակառուցման աշխատանքներուն ատեն, Իրաքի Պետութեան Հնութեան եւ Ժառանգութեան Կազմակերպութիւնը ընդհանրացած հետազօտութիւններու, պեղումներու եւ զտումներու աշխատանքները կը ղեկավարէ։ Այս աշխատանքներուն մասին հրատարակուած տեղեկութիւնները սահմանափակ են, իսկ նորագոյն հետազօտութիւններէն ծանօթ արձանագրութիւնները դեռ չեն հրատարակուած։
Բաբելոն Լուրջ Վնասներու Կ'ենթարկուի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2003-ին երբ Ա․Մ․Ն․ զօրքերը Իրաք կը ներխուժեն, Բաբելոնը եւ անոր շրջակայքը կ'իյնան անոնց ձեռքը եւ աւելի ուշ ամերիկացիները շրջանի հսկողութիւնը լեհերուն կը յանձնեն։ Օտար զօրքերուն Բաբելոն ժամանումը ծանր վնասներ կը պատճառէ հնագիտական վայրին, որովհետեւ անոնք հոն կը հիմնեն իրենց բանակավայրը բոլոր արդի յարմարութիւններով։ Նաեւ, երկու թանգարաններ եւ գրադարան մը հարուստ կրկնանկարներով, հին արձանագրութիւններով, տեղեկագրութիւններով, հնագոյն իրերով եւ քարտէսներով մարտական օդուժի յարձակումներու կ'ենթարկուին ու կը քանդուին։
Բաբելոնի Հնագիտական Վայրը ԻԱ. Դարուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայիս 2009-ին, Բաբելոնի նահանգապետարանը հանրութեան կը վերաբանայ հնագիտական վայրը։ Սակայն, շրջանին անկայուն վիճակը չի ներեր զբօսաշրջութեան զարգացման։ Նաեւ, Բաբելոնի արտաքին մէկ պարիսպին մէջէն նաւթախողովակ մը կ'անցնի։
5 Յուլիս 2019-ին, Բաբելոն կ'արձանագրուի Եունեսքոյի Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Բաբելոնի առիւծը, Ք․Ա․ 6-րդ դար
-
Բաբելոնի առիւծը
-
Ապակիէ անցուած աղիւսներ, Բաբելոն Ք․Ա․ 6-րդ դար
-
Հին Բաբելոնեան ջրանցքներ․ պատկերացում
-
Ասուրպանիպալ կը քննէ Բաբելոնէն բերուած գերիներն ու աւարը, Ք․Ա․ 645-640։ Լոնտոնի Բրիտանական թանգարան
-
Սեպաձեւ արձանագրութեամբ աստղագիտական տախտակ, օրացոյցի նման։ Բաբելոն, Ք․Ա․ 61
-
Բաբելոն․ աստղագիտական արձանագրութիւն - օրացոյց․ կը նշէ Սելեւկեան կայսրութեան Տիմիթրիոս Բ․ Նիկաթորի պարտութիւնը Միհրդատ Ա․-ին կողմէ․ Ք․Ա․ 141
-
Բաբելոն, աստղագիտական օրացոյց, ուր արձանագրուած է Մեծն Աղեքսանտրի յաղթանակը Դարեհ Գ․-ի դէմ, Ղաւղամիլա, Փոքր Ասիա, Ք․Ա․ 1 Հոկտեմբեր 331
-
Եզ․ կը ներկայացնէ Ատատ աստուածը․ Բաբելոնի պարիսպներ, Իշթար մուտքին դիմացի պատ
-
Բաբելոն, մերկ կնոջ արձանիկ, Հիլլա նեքրոփոլիս (գերեզմանատուն)
-
Բաբելոնի հնագիտական վայրը․ նկար՝ Հոկտմեբեր 2011
-
Բաբելոն, 30 Օգոստոս 1919․ հնագիտական պեղումներ
-
Բաբելոն․ նկար՝ 2016
-
Բաբելոն․ պարսիպի պատին մանրամասնութիւնը
-
Հին Բաբելոն․ պատկերացում, Collections Keywords: Robert von. Spalart
-
Աքատեան ժամանակաշրջանի քանդակուած ժայռ՝ «քուտուրու»․ կը պատկերացնէ թագաւորներ, աստուածներ, ծէսեր, եւ այլն։
-
Մարտուք-նատին-ախէ թագաւոր. «քուտուրու»
-
Բաբելոնի - Միջագետքի կին․ Ք․Ա․1000 - Ք․Ա․500
-
Պղինձէ սուրեր, Բաբելոն, արձանագրուած է Մարտուք-նատին-ախէ թագաւորին անունը, Ք․Ա․ 1099 - 1082
-
Բաբելոնի թագաւորի սուր․ Ք․Ա․1080 - Ք․Ա․1070, կը գտնուի Օնթարիոյի թագաւորական թանգարանը, Թորոնթօ
-
Փոքրիկ տղայ․ թրծակաւէ արձանիկ, Բաբելոն, մօտաւորապէս Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակ
-
Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (Ք․Ա․ 605-562) թագաւորին արձանագրութիւնը աղիւսի վրայ
-
Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (Ք․Ա․ 605-562) թագաւորին գահի սենեակին պատէն մանրամասնութիւն մը
-
Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (Ք․Ա․ 605-562) թագաւորին գահին սենեակին պատէն մանրամասնութիւն մը
-
Խաղի տախտակ․ մօտաւորապէս Ք․Ա․1000 - Ք․Ա․ 500
-
Ապակեայ անօթ, գերեզմանէ մը գտնուած․ Ք․Ա․ 6-րդ դար
-
Ք․Ա․ 8-րդ - Ք․Ա․ 7-րդ դար
-
Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (Ք․Ա․ 605-562) թագաւորին հարաւային Պալատին շրջափակի պատէն մանրամասնութիւն մը․ կը պատկերացնէ պարսիկ պահակ մը․ Աքեմենեան շրջան, Ք․Ա․ 6-րդ Ք․Ա․ 5-րդ դար
-
Ք․Ա․ 8-րդ - Ք․Ա․7-րդ դար
-
Դիւթութեան աման արամեան արձանագրութեամբ, Ք․Ա․ 7-րդ - Ք․Ա․4-րդ դար
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ archINFORM — 1994.
- ↑ Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 48։ ISBN 99941-56-03-9
- ↑ Մէջբերման սխալ՝ Invalid
<ref>
tag; no text was provided for refs named:8
- ↑ Կորսուած քաղաքներ․ Բաբելոն, ինչպէս պատերազմը գրեթէ ոչնչացուց աշխարհի մեծ ժառանգութիւններէն մին(անգլերէն)
- ↑ Պերլինի Փերղամօ Թանգարան - Վերակառուցելով Բաբելոնը, Can Bilsel էջ 159-181 (անգլերէն)
- ↑ Բաբելոնի հետազօտուած եւ չհետազօտուած գրադարաններ, Ed. by Cancik-Kirschbaum, Eva / Ess, Margarete van / Marzahn, Joachim (անգլերէն)
- ↑ Նինուէի եւ Բաբելոնի աւերակներէն յայտնաբերումներ․ ճամբորդութիւններ դէպի Հայաստան, Քիւրտիստան եւ անապատը։ Layard, Austen Henry, Sir, 1817-1894
- ↑ Բաբելոնի հնագիտական վայրին կրած վնասները, Իրաք ներխուժած դաշնակից ուժերուն կողմէն․ Boston Globe - Leeman, Sue (16 Յունուար, 2005) (անգլերէն)
- ↑ Հինգ քաղաքներ եւս արձանագրուած եունեսքոյի ժառանգութեան ցանկին մէջ, (անգլերէն)
- ↑ 11,0 11,1 11,2 historyancient, Համուրապիի թագաւորութիւնը, (արեւել/հ)
- ↑ 12,0 12,1 12,2 12,3 Բաբելոնի քաղաքը ըստ Հեռոտոդոսին, 12/02/2018, LAURA BATTINI
- ↑ Բաբելոնեան կայսրութեան կարեւորութիւնը (անգլերէն)
- ↑ Իշթարի Դուռը եւ Արարողութեան ճամբան (անգլերէն)
- ↑ Միջագետքը Ք․Ա․ առաջին հազարամեակին (անգլերէն)
- ↑ 16,0 16,1 Բրիտանական Հանրագիտարան, Սումերերէն (անգլերէն)
- ↑ 17,0 17,1 17,2 17,3 Հին Միջին Արեւելքի մայրաքաղաքը,Pr․ Stefan Maul, Heidelberg-ի համալսարան, յօդ․ թարգմ․՝ Thomas Lampert, Ph.D., Պերլին, Գերմանիա (անգլերէն)
- ↑ Հանրագիտակ, «Բաբելոնի կախուած պարտէզները», (արեւլ/հ)
- ↑ Միջագետքի կլիման, (անգլերէն)
- ↑ Միջագետքի կլիմային փոխոխութիւնը (անգլերէն)
- ↑ 21,0 21,1 [https://www.ancient.eu/image/2473/king-hammurapi-at-worship/ Համուրապի, Osama Shukir Muhammed Amin 31-3-2014 (անգլերէն)]
- ↑ the guardian - Աւերը զոր պատերազմը Բաբելոնին գործեց, Rory McCarthy եւ Maev Kennedy, 16 Յունուար, 2005 (անգլերէն)
- ↑ Ո՞վ էր Նաբուգոթոնոսոր (անգլերէն)
- ↑ Բաբելոնի գրած վնասները (անգլերէն)
- ↑ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ (անգլերէն)
- ↑ «Նոր-Բաբելոնեան Կայսրութիւնը (անգլերէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-06-18-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-03
- ↑ 27,0 27,1 Բաբելոն․ հնագիտութիւնը եւ պատկերացումը Միջագետքի մէջ (անգլերէն)
- ↑ Համուրապիին օրէնսգիրքը, Osama Shukir Muhammed Amin 18-7-2014 (անգլերէն)
- ↑ Համուրապիին օրէնսգիրքը, James Blake Wiener 28-7-2017
- ↑ Ի՞նչ է Բաբելոնի կարեւորութիւնը աստուածաշունչի պատմութեան մէջ (անգլերէն)
- ↑ Թագաւորներ եւ Դէպքեր Բաբելոնեան, Պարսկական եւ Յունական Հարստութեանց (անգլերէն)
- ↑ Հեռոտոդոսին Բաբելոնի մասին տուած նկարագրութիւնը, pdf (անգլերէն)
- ↑ Աւետարանի ժամանակագրութիւնն Բաբելոնին շուրջ, Ernst von Bunsen , Archibald Henry Sayce, էջ 45-48 (անգլերէն)
- ↑ Սեմական ցեղերուն ծագումը Archibald Henry Sayce(անգլերէն)
- ↑ Մեթրոփոլիթըն թանգարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ, Մեթրոփոլիթըն թանգարան, Հատոր 4․ Սեպագիր արձանագրութիւններ,(անգլերէն)
- ↑ 36,0 36,1 36,2 36,3 «Հին երկիրներ եւ ժողովուրդներ - Բաբելոնի պատմութիւնը,(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-20-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-08
- ↑ Քաղաքային Բաբելոնը, Ք․Ա․ առաջին հազարամեակին Baker, H.D. 2007.(անգլերէն)
- ↑ Բաբելոնի տնտեսական աճը Ք․Ա․ առաջին հազարամեակին, Michael Jursa, Cambridge University Press (անգլերէն)
- ↑ Քաղթէացիներուն պաշտպանութեան համակարգը, L. Battini, 1997 (ֆր.)
- ↑ «Նոր Բաբելոնեան կայսրութիւննը եւ Քաղթէական հարստութիւնը (ֆր.)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-17-ին։ արտագրուած է՝ 2020-02-11
- ↑ Գրել եւ կարդալ Բաբելոնի մէջ․ գլուխ 6,էջ 193-228, 2008, (ֆր.)
- ↑ Նաբուգոթոնոսոր Բ․ շինարար թագաւորը, National Geographic, Դեկտ․ 4, 2018 (անգլերէն)
- ↑ Բաբելոն - Ընտանեկան արխիւները (ֆր.)
- ↑ Բաբելոնեան Ժամանակագրութիւնները, ձեռագիր 16-6 (անգլերէն)
- ↑ Բրիտանական թանգարան․ Ք․Ա․ սեպագիր արձանագրութիւն՝ Բաբելոնեան դիւցազներգութիւն Ք․Ա․605-594 (անգլերէն)
- ↑ Հեռոտոդոս կը նկարագրէ Բաբելոնը եւ Բաբելոնցիները (անգլերէն)
- ↑ Հեռոտոդոս Բաբելոնը կը նկարագրէ John MacGinnis(անգլերէն)
- ↑ Հելլենիստական թագաւորութիւն մը- Սելեւկեաններուն իշխանութիւնը (ֆր.)
- ↑ Յունական եւ պարթեւական տիրապետութիւնը Բաբելոնի մէջ, Ք․Ա. 331 - 1-ին դար, B. André-Salvini, Hazan հրատարակութիւն, Փարիզ, 2008, էջ 251-292. (ֆր.)
- ↑ Բրիտանական հանրագիտարան, Bābil / Al-Ḥillah (անգլերէն)
- ↑ Բաբելոնի Թատրոնի նկարագրում (անգլերէն)
- ↑ Բաբելոնի տնտեսութիւնը Հելլենիստական շրջանին (ֆր.)
- ↑ Բաբելոնի հետազօտութիւնները, Koldewey, Robert, 1855-1925 (անգլերէն)
- ↑ [https://www.jstor.org/stable/25188732?seq=1 Բաբելոնի յայտնաբերումը, Bart Ooghe Journal of the Royal Asiatic Society Third Series, Vol. 17, No. (3 Յուլիս 2007), էջ՝ 231-252(անգլերէն) ]
- ↑ Բաբելոն գաղափարը - Հնագիտութիւն եւ Ներկայացում Միջագետքի մէջ(անգլերէն)
- ↑ Վերակենդանացնել Բաբելոնը (անգլերէն)
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բրիտանական Հանրագիտարան, Բաբելոն(անգլերէն)
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հիլլա(անգլերէն)
- զիկուրադ(անգլերէն)
- Համուրապի(անգլերէն)
- Նապուգոթոնոսոր(անգլերէն)
- Գդիսիաս(անգլերէն)
- Թէոտորոս Սիկիլիացի(անգլերէն)
- Հարատում(անգլերէն)
- Գլաուտիւս Ճէյմս Ռիչ(անգլերէն)
- Դիւտելլայի Պենճամին(անգլերէն)
- Փիետրօ Տելա Վալէ(անգլերէն)
- Ֆիւլճանս Ֆրեսնել(անգլերէն)
- Սիրիւսին Գլան(ֆր.)
- Բաբելոնի Կախուած Պարտէզները(անգլերէն)
- Համուրապիի Օրէնսգիրքը(անգլերէն)
- Ստեղծման դիւցազներգութիւնը (ֆր.)
- Ովփիսի Ճակատամարտը(անգլերէն)
- էսաժիլ(անգլերէն)
- Ամոռացիներ(ֆր.)
- Էլամ(ֆր.)