Թալինի Կաթողիկէ Եկեղեցի

Թալինի Կաթողիկէ Եկեղեցի

Հիմնական տեղեկութիւններ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Հիմնադրուած 7-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ

Թալինի Կաթողիկէ եկեղեցի,

Թալինի Կաթողիկէ եկեղեցի, եռախորան գմբէթաւոր պազիլիկ տիպի եկեղեցի, ՀՀ Արագածոտնի մարզի Թալին բնակավայրի հիւսիս-արեւելեան եզրամասին մէջ։ Պազիլիկ եւ խաչաձեւ եկեղեցիներու իւրօրինակ զուգորդական նմուշ մըն է։ Տաճարի կառուցման վերաբերեալ մատենագրական եւ վիմագրական վկայութիւններ պահպանուած չեն, սակայն յատակագծային եւ ծաւալատարածական յօրինուածքներու, ճարտարապետագեղարուեստական արտայայտչամիջոցներու եւ շինարարական առանձնայատկութիւններու վերլուծութիւնը ենթադրել կուտան, որ ան կառուցուած է 7-րդ դարու երկրորդ կիսուն։

Շինարարութիւնը կը վերագրուի Կամսարական տոհմին։

Յատակագիծ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թալինի տաճարի արտաքին չափերն են 17,8 x 34,3 մէթր, աղօթասրահին չափերն են՝ 15,80 x 7,0 մէթր։ Տաճարն ունի ընդարձակ ու հանդիսաւոր, սակայն գմբեթաւոր մոյթերով մասնատուած ներքին տարածութիւն։ Ներսի պատերը ծեփուած են եղած կրաշաղախի բարակ շերտով մը, որու վրայ տեղ-տեղ պահպանուած են երբեմնի որմնանկարներու պատառիկներ։