Երեւանի Պետական Համալսարան

Երեւանի Պետական Համալսարան

Երեւանի պետական համալսարան, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, կը համարուի Հայաստանի Հանրապետութեան մայր բուհը[1]։

Պատմութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

16 Մայիս 1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդը ընդունած է Երեւանի մէջ համալսարան հիմնելու վերաբերեալ որոշում։ 31 Յունուար 1920-ին Ալեքսանտրաբոլի (այժմ՝ Գիւմրի) առեւեւտրային դպրոցի շենքին մէջ մեծ շուքով կատարուած է Հայաստանի համալսարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցած են ինչպէս հանրապետութեան ղեկավարները, այնպէս ալ՝ բազմաթիվ հիւրեր արտասահմանէն։ Համալսարանին մէջ դասերու մեկնարկը տրուած է նշանաւոր հայագետ Ստեփան Մալխասեանցի՝ 1 Փետրուար 1920-ին կարդացած դասախոսութեամբ։ Համալսարանի հինադիրներէն էր նաեւ Սիրական Տիգրանեանը։

Առաջին ուսումնական տարիին համալսարանը ունեցած է մէկ՝ պատմալեզուաբանական բաժին, 262 ուսանող եւ 32 դասախօս։ Համալսարանի առաջին նախագահ Յուրի Ղամբարեանի ջանքերուն շնորհիւ, հիմնադրման առաջին տարին համալսարանին մէջ դասախօսելու հրավիրուած էին արտասահմանեան բուհեր աւարտած, մանկավարժական եւ գիտական աշխատանքի փորձ ունեցող այնպիսի անուանի մասնագէտներ, որոնք էին՝ Յակոբ Մանանդեանը, Մանուկ Աբեղեանը, Աշխարհբեկ Քալանթարը, Ստեփան Մալխասեանցը եւ ուրիշներ։ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, ՀԽՍՀ առաջին լուսաւրութեան նախարար Աշոտ Յովհաննիսեանի «Երեւանի համալսարանի վերակազմութեան մասին» հրամանով, 17 Դեկտեմբեր 1920-ին Հայաստանի համալսարանը վերանուանուած է Երեւանի Ժողովրդական Համալսարան։ Երեւանի մէջ վերաբացուած կրթօճախի նախագահ ընտրուած է հայագէտ, փրոֆէսօր Յակոբ Մանանդեանը։

1920-ական թուականներուն համալսարանը գործած է Աստաֆեան (այժմ՝ Աբովեան) փողոցին մէջ գտնուող ուսուցչական սեմինարի՝ սեւ տուֆով կառուցուած երկյարկանի շէնքի առաջին հարկին մէջ։ Ժողովրդական համալսարանին մէջ գործած է ընդամէնը երկու բաժին՝ հասարակագիտական եւ բնագիտական։ Իսկ արդէն Հոկտեմբեր 1921-ին համալսարանը ունեցած է հինգ բաժանմունք՝ բնագիտական, արեւելագիտական, արհեստագիտական, մանկավարժական եւ խորհրդային շինարարութեան։ Այնուհետեւ բնագիտական բաժինը վերաձեւաւորուած է գիւղատնտեսականի, իսկ Մարտ 1922-ին բացուած է բժշկական բաժինը։

Կառավարութեան Հոկտեմբեր 20 1923-ի որոշման համաձայն՝ ժողհամալսարանը վերանուանուած է «Պետական Համալսարան»։ Ըստ այդ՝ բարձրացուած է «մայր» բուհի կարգավիճակն ու պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ խստացուած են կրթօճախին ներկայացուած պահանջքները։ Համալսարանի ղեկավարութիւնը յատուկ ընտրութեամբ աշխատանքի հրավիրած է արտասահմանեան բուհեր աւարտած եւ մի քանի օտար լեզուներու տիրապետող, մանկավարժական հարուստ փորձ ունեցող գիտնականները։

1933-1934 ուսումնական տարիներուն համալսարանին մէջ կը գործեն տնտեսագիտական, բնապատմական, պատմալեզուագրական, բնագիտութեան եւ մանկավարժական բաժիններ։

1934 թուականին մանկավարժական բաժինը առանձնացուած է եւ անոր հիմքին վրայ կազմաւորուած է մանկավարժական դպրոցը (այժմ՝ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարան)։ Նոյն ուսումնական տարին բնագիտական բաժինը բաժնուած է երկու՝ կենսաբանական եւ քիմիական բաժանմունքներու։

ԽՍՀՄ փոստային նամականիշ, 1970 թուականին Երեւանի պետական համալսարանը 50 տարեկան է

Այսպէսով, 1935-1936 ուսումնական տարուընէ համալսարանին մէջ ձեւաւորուած եւ սկսած են գործել ութը բաժիններ՝ պատմութեան, բանասիրական, իրաւաբանական, երկրաբանա-աշխարհագրական, քիմիական, բնագիտական, կենսաբանական։ 1945 թուականին բացուած է եւ մինչեւ 1953 թուական գործած է նաեւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը։ 1957 թուականին Պետական համալսարանին որպէս առանձին բաժին ըլլալով միացուած է Ռուսերէն լեզուի դպրոցը եւ օտար լեզուներու դպրոցը, որ 1961 թուականին կրկին առանձնացած է։ 1959 թուականին բնագիտական բաժանմունքէն անջատուած է եւ ինքնուրոյն միաւոր դարձած է ԵՊՀ բնագիտական բաժանմունք։ Հատկապէս 1960-1990-ական թուականները համալսարանի համար դարձած են աննախադէպ զարգացման տարիներ. կազմաւորուած են նոր բաժանմունքներ, ստեղծուած են գիտական նոր աշխատանոցներ, հիմնուած է հայագիտական կեդրոն։ Զգալիօրէն աշխուժացած է հրատարակչական գործը. ուսումնական դասագիրքերէն եւ ձեռնարկներէն բացի, հրատարակուած են նաեւ դասախօսներու գիտական աշխատութիւններ, գիտական ամսագրեր, բազմաբնոյթ ժողովածուներ եւ այլն։

1991 թուականին Երեւանի պետական համալսարանը արդէն ունեցած է 17 բաժին։

1994 թուականին հիմնադրուած է ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղը ունի 4 բաժանմունք, որտեղ կ’ուսանին շուրջ 1400 ուսանողներ։

1995-1996 ուսումնական տարին Երեւանի պետական համալսարանի համար նշանաւորուած է նոր ուսումնական գործընթացի սկզբնաւորմամբ։ Հանրապետութեան մէջ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան նոր եւ որակեալ կրթակարգ ունենալու նպատակով ԵՊՀ-ն, ինչպէս նաեւ հայաստանեան շարք մը բուհեր, անցան երկաստիճան կրթական համակարգի։ 1990-ական կէսերէն մինչեւ այսօր հետեւողական աշխատանք կը տարուի պսակաւոր արուեստի եւ մագիստրոսի կրթական ծրագիրներու չափորոշիչներու, ուսումնական գործընթացի բարելաւման հետ կապուած չափանիշներու եւ կանոնակարգերու մշակման եւ ներդրման ուղղութեամբ։ Ուսումնառութեան գործընթացը ճկուն դարձնելու համար մշակուած եւ կիրառուած է գիտելիքներու գնահատման կանոնակարգ, որ կը նախատեսէ մասնագիտական առարկաներէն ընթացիկ քննութիւններու հանձնում։

ՀՀ կառավարութեան 27 Նոյեմբեր 2014-ին առնուած որոշումով փոխուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպա-իրաւական կարգավիճակը՝ պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութենէն դառնալով հիմնադրամ[2]:

Մինչ օրս ԵՊՀ-ն տուած է 100 հազարէն աւելի շրջանաւարտ։ Համալսարանին մէջ այսօր գործող 19 բաժիններուն մէջ կը մասնագիտանան շուրջ 20 հազար ուսանողներ։

2006 թուականին ԵՊՀ նախագահն է ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ, պատմ. գիտ. դոկտոր, փրոֆեսոր Արամ Սիմոնեանը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]