Ժողովրդական Արուեստի Թանգարան
Ժողովրդական Արուեստի Թանգարան | |
---|---|
Տեսակ | թանգարան |
Երկիր | Հայաստան[1] |
Տեղագրութիւն | Երեւան եւ Կեդրոն |
Հասցէ | Աբովյան փող. 64[1] |
Հիմնադրուած է | 1978 |
Տնօրէն | Յովիկ Յովէեան |
40°11′29″N 44°31′43″E / 40.1914°N 44.5286°E | |
Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոն, Ժողովրդական արուեստի թանգարան, Հայաստանի ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանը, հայկական տեկորաթիւ-կիրառական արուեստի եւ գեղանկարչական աշխատանքներու թանգարան է Երեւանի մէջ։ Հիմնադրուած է նկարիչ Յովհաննէս Շարամբէեանի կողմէ ստեղծած ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանի հիման վրայ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնը՝ մշակոյթի կեդրոն՝ կը զբաղուի հայ ժողովուրդի գեղարուեստական ստեղծագործութեան տարբեր ժանրերու եւ ժողովրդական արուեստի նմոյշներու ձեռքբերման, պահպանման, վերականգնման, ուսումնասիրման, հանրահռչակման աշխատանքներով։
Կեդրոնի Երեւանի եւ Դիլիջանի ժողովրդական արուեստի թանգարաններուն մէջ կը պահպանուին եւ կը ցուցադրւուին գեղանկարիչ, բանահաւաք Յովհաննէս Շարամբէեանի ջանքերով հաւաքուած տեկորաթիւ-կիրառական արուեստի ու կերպարուեստի անկրկնելի նմոյշներ։
Կեդրոնը հիմնադրուած է 2011-ին, որու հաւաքածոյի հիմքը կազմած են 1930-ականներուն ստեղծուած Ժողովրդական ստեղծագործութեան տան, ապա եւ Հայաստանի Ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանի ցուցանմոյշները։
Թանգարանի հաւաքածոյի կազմաւորումը սկսած է 1930-ականներու վերջերը ազգագրագէտ-բանահաւաք Հաբեթնակ Պապայեանի գլխաւորած խումբի ջանքերով։ Հաւաքչական աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ նկարիչներ Մարտիրոս Սարեանը, Յակոբ Կոջոյեանը, Գաբրիէլ Գիւրջեանը եւ այլք։ Այս հաւաքածոյի հիմքի վրայ 1978-ին բացուած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստի պետական թանգարանը։ Առաջին տնօրէն դարձած ՀՀ վաստակաւոր նկարիչ, Յովհաննէս Շարամբէեանը, որ շարունակած է հաւաքչարարական աշխատանքները։ Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին նաեւ ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ։
Հաւաքածոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաւաքածոն կ՚ընդգրկէ շուրջ 12.000 թանգարանային առարկայ (10.276՝ ըստ Մշակոյթի նախարարութեան )։ Այն լայն պատկերացում կու տայ հայկական ժողովրդական արուեստի զարգացման տարբեր փուլերու մասին։ Կը ցուցադրուին փայտի փորագրութեան, մետաղի գեղարուեստական մշակման (ինչպէս արծաթագործութեան), ասեղնագործութեան, քարարուեստի, խեցեգործութեան նմոյշներ, մանրաքանդակներ, գորգեր, կարպետներ, գեղանկարչական աշխատանքներ։ Մշտական ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած է 1033 ցուցանմոյշ (2007)։ Թանգարանը ունի ֆոնտապահոցներ, մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութեան սրահներ։
Թանգարանը ունի մշտական ցուցադրութեան 4 դահլիճ, որոնց մէջ կը ցուցադրուին շուրջ 2 հազար, իսկ ֆոնտերուն մէջ պահուող ցուցանմոյշները կը համալրուին նուիրատուութիւններու ու գնումներու շնորհիւ։ Դահլիճներէն երեքը խստօրէն մասնագիտացուած են եւ կը բաժնուին՝ փայտարուեստի եւ խեցեգործութեան, մետաղագործութեան, գեղարուեստական մշակման, արծաթագործութեան, քարարուեստի եւ ձեռագործ արուեստի բաժիններու եւ ենթաճիւղերու: Կայ մէկ ընդհանուր բաժին-դահլիճ, ուր կը ներկայացուին գորգարուեստի, խեցեգործութեան եւ մետաղագործութեան նմոյշներ. այստեղ կը կազմակերպուին հանդիպումներ, զրոյցներ, ժողարուեստին վերաբերող քննարկումներ։ Թանգարանին մէջ կը ներկայացուին նշանաւոր արուեստագէտներ՝ Արծրուն Պերպերեանի (մետաղագործ), Եդուարդ Ղազարեանի, Ռաֆիկ Պատալեանի (միկրոմինեատիւրիստ), Կարապետ Նորաշխարհեանի, Ռոպէրթ Եսայեանի (արծաթագործ), Սահակ Սահակեանի, Ժիրայր Չուլոյեանի, Վահան Հացագործեանի, Մեսրոպ Աւագեանի (փայտարուեստ), Մամիկոն Մխիթարեանի, Վիլիամ Մուրատեանի (քարարուեստ), Անահիտ Իսունցի, Դաւիթ Ջրբաշեանի, Մարի Ղազանչեանի, Սոնա Գարամանեան (Աւստրալիա), Սալոմէ Ջրբաշեանի (ձեռագործ) ու նաեւ տարբեր երկիրներու արուեստագէտներու ստեղծագործութիւնները։
Հիմնական բաժիններն են՝
- ֆոնտերու պահպանման եւ հաշուառման բաժին
- գիտական բաժին
- ցուցահանդէսներու կազմակերպման եւ հանրահռչակման բաժին
Ժողովրդական արուեստի թանգարանի հաւաքածոն կը շարունակէ համալրուիլ պետական գնումներու, ինչպէս նաեւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ Այդ գործին մէջ մեծ դեր ունին յատկապէս սփիւռքահայերը, որոնք թէ՛ իրենց ստեղծած աշխատանքները եւ թէ՛ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ձեռք բերած հայկական արուեստի եզակի նմոյշները կը նուիրեն թանգարան։
Կեդրոնի թանգարաններու բացառիկ ցուցանմոյշները ցուցադրուած են Ֆրանսայի, Պելժիոյ, Իտալիոյ, Փորթուկալի, Յունաստանի, Չինաստանի, Իրանի, Սուրիոյ, Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Ժամանակակից արուեստի բաժնին մէջ ներկայացուած են ինքնուս նկարիչներ Հաբեթնակ Պապայեանի, Ասատուր Ճերմակեանի, Գէորգ Ոսկանեանի, Յարութիւն Աթոյեանի, Գերասիմ Ամիրեանի, Յովհաննէս Համբարձումեանի, քանդակագործ Արտաշէս Պետրոսեանի, տեկորաթիւ-կիրառական արուեստի բաժնին մէջ՝ Վահան Հացագործեանի, Յակոբ Ազատեանի, Հրաչիկ Ստեփանեանի, Կարապետ Նորաշխարհեանի, Սահակ Սահակեանի, Արծրուն Պերպերեանի, Եդուարդ Ղազարեանի, Ռաֆիկ Պատալեանի, Սոնա Գարամանեանի, Մարի Համալեանի եւ ուրիշներու գործերէն։
Դիլիջանի մասնաճիւղը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնական յօդուած՝ Ժողովրդական Արուեստի Թանգարան (Դիլիջան)
1979-ին Դիլիջան քաղաքին մէջ բացուեցաւ Ժողովրդական արուեստի թանգարանի մասնաճիւղը։ Թանգարանի շէնքը կառուցուած է 1896-ին եւ պատկանած յայտնի ազգային-հասարակական գործիչ, բարերար, իշխանուհի Մարիամ Թումանեանին։ Մասնաճիւղը բացուած է այդ տան վերջին բնակիչի՝ Յովհաննէս Շարամբէեանի նախաձեռնութեամբ։ Դիլիջանի մասնաճիւղին մէջ կը ցուցադրուի 723 առարկայ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 Wiki Loves Monuments monuments database — 2017.