Տիարպեքիրի Ջարդերը (1895)
Տիարպեքիրի Ջարդերը կամ Տիգրանակերտի ջարդերը Տիարպեքիրի ջարդերը կոտորածներ էին, որոնք տեղի ունեցան Օսմանեան Կայսրութեան Տիարպեքիրի նահանգին (վիլայէթ) մէջ 1894-էն 1896 թուականներուն միջեւ։ Ասոնք իրականացուեցան մահմետականներու կողմէ, որոնց մեծամասնութիւնը էթնիք քիւրտեր էին։ Այս դէպքերը Համիտեան ջարդերու մաս կը կազմէին եւ թիրախ դարձուցին նահանգի քրիստոնեայ բնակչութիւնը՝ գլխաւորաբար հայերն ու ասորիները։
Ջարդերը սկզբնապէս ուղղուած էին հայերուն դէմ՝ հրահրուած օսմանեան քաղաքական գործիչներու եւ կրօնաւորներու կողմէ, այն պատրուակով, թէ անոնք կը ցանկանան քանդել պետութիւնը։ Սակայն շուտով անոնք վերածուեցան ընդհանուր հակաքրիստոնէական հալածանքի (փոկրոմ), երբ սպանութիւնները տարածուեցան Տիարպեքիրի նահանգին եւ Թուր Ապտինի շրջակայ տարածքներուն մէջ, ուր կը բնակէին էթնիք ասորի քրիստոնեաներ։ Այդ ժամանակաշրջանի տուեալներով՝ 1894-էն 1896 թուականներուն սպաննուած ասորիներու ընդհանուր թիւը կը հասնէր շուրջ 25,000-ի[1]։

Ֆրանսայի փոխ հիւպատոս Մէյրիէի զեկոյցին համաձայն Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի) սանճաքի տարածքին մէջ, 119 գիւղեր, որոնք բաղկացած էին 6000 ընտանիքներէ, թալանուած եւ այրուած էին, մօտ 30 000 քրիստոնեաներ սպաննուած կամ անյայտ կորսուած էին։ Մասնաւորապէս Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ առեւանգած էին 50 կիներ եւ աղջիկներ, իսկ գիւղերուն մէջ այդ թիւը շատ աւելի մեծ էր։ Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքի նիւթական վնասներու չափը կը գնահատուէր ըստ Մէյրիէի 2 միլիոն թրքական ֆունտ, իսկ սպաննուած քրիստոնեաներու թիւն էր 3000։
Իսլամներու մօտ սպաննուածներու թիւը կը կազմէր 195, որոնցմէ 70-ը սպաննուած էին իսլամներու կողմէ՝ թալանուած գոյքը բաժնելու ժամանակ։ Ջարդերու ընթացքին մօտ 1500 քրիստոնեաներ կրցած էին պատսպարուիլ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին մէջ, իսկ մօտ 3000-ը՝ Սուրբ հայրերու տաճարին մէջ (Монастырь Святых отцов)։ Այն թաղամասերուն մէջ, ուր քրիստոնեաները ունէին որոշակի զէնք եւ զինամթերք եւ կրցած էին հաւաքել եւ միաւորել բաւարար քանակութեամբ՝ ջարդարարները մուտք չէին գործեր։ Սակայն եռօրեայ ջարդերէն յետոյ թրքական ուժայինները քրիստոնեաներուն զինաթափած են, իսկ իսլամներու մօտ ձգած էին զէնքերը։ Շատ հայեր ձերբակալուեցան եւ կոտտանքներու կ'ենթարկուէին բանտերուն մէջ։
Թուրքերը հայ բնակչութենէն խլեցին անգամ այն փոքրածաւալ օգնութիւնը, որ տրամադրուած էր անօթի մնացած ընտանիքներուն։ Պատճառն այն էր, որ հայ եպիսկոպոսը հրաժարած էր ստորագրել այն փաստաթբւղթերը, որոնք կը փաստագրէին հայերու մեղաւորութիւնը ջարդերու իրագործման մէջ։
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Геноцид армян в Османской империи», Сборник документов и материалов под редакцией М. Г. Нерсисяна. Второе дополненное издание. Издателсьство «Айастан», Ереван 1983, стр.132 - 137 (Էլեկտրոնային տարբերակ[permanent dead link])։
- ↑ O'Mahony 2006, p. 512