Արա Գեղեցիկ
Արա Գեղեցիկ, Հայկի սերունդէն սերող հայոց արքայ՝ Արամի որդին է։ Կը մարմնաւորէ հեթանոս հայերու հաւատալիքները մեռնող եւ յառնող աստուծոյ, բնութեան զարթօնքի, նաեւ ընտանեկան առաքինութեան եւ ողջմտութեան մասին։ Շարունակած է Ասորեստանի դէմ ուղղուած հօր սկսած հայոց ազատագրական պայքարը։ Արայի պաշտամունքի վերջին եւ զարգացած փուլը տեղ գտած է «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» առասպելին մէջ։ Արային նուիրուած տօնախմբութիւնները կը կատարուէին գարնան եւ կապուած էին բնութեան զարթօնքին հետ։ Արայի պաշտամունքի լայն տարածուածութեան մասին կը վկայեն Այրարատ, Արագած, Արայի լեռ, Արայի դաշտ, Արայի գիւղ եւ բազմաթիւ այլ տեղանուններ։ Արային նուիրուած էր հայոց հեթանոսական տոմարի վեցերորդ ամիսը, որ կը կոչուէր Արաց։
Որոշ ուսումնասիրողներ, ինչպէս Արամը կը նոյնացնեն Արամէ Ուրարտացիի հետ, այնպէս ալ ընդհանուր պատմական զուգահեռներ կը գտնեն Արա Գեղեցիկի եւ Արգիշտի Ա. Ուրարտացիի միջեւ:
Արա Գեղեցիկի տեղը Մովսէս Խորենացիի հայ ժողովուրդի ծննդաբանութեան շարքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արա ամուսնացած է հայ կնոջ՝ Նուարդի հետ։ Արայի եւ Նուարդի սիրոյ ու նուիրուածութեան մասին գիտէին բոլորին։ Այսինքն՝ Արան իր հայոց երկրի նուիրեալն ու պաշտպանն էր։ Ասորեստանի թագուհի՝ Շամիրամը սիրահարուած էր Արայի։ Սակայն պարզուեցաւ, որ թագուհիի սէրը Արայի հանդէպ խարդաւանք էր՝ Հայաստանին տիրելու համար։
Արա չէր ենթարկուեր Շամիրամին, սակայն այդ մէկը թագուհին չէր ուզեր։ Շամիրամ պատերազմ կը յայտարարէ Հայաստանի դէմ։ Արայի դաշտին վրայ տեղի կ'ունենայ ճակատամարտ մը, որուն ընթացքին, կռուելով իր զօրքի առջեւի գիծին վրայ, Արա կը զոհուի։ Բայց Շամիրամի սպասելիքները չեն իրականանար, որովհետեւ զինուորներուն յանձնարարուած էր պատերազմէն ետք իր մօտ կենդանի հասցնել հայոց թագաւորը։