Առիւծ
Առիւծ (լատիներէն՝ Panthera leo, հայերէն անուան ստուգաբանութիւնը տես՝[1])՝, կատուազգիներու ընտանիքի վայրի կաթնասուն կենդանի մըն է։
Հայերէնին մէջ կիրառուող «առիւծ» տարբերակն ունի բնիկ հնդեւրոպական ծագում եւ առաջացած է «reug՛» (թարգմանաբար կը նշանակէ «մռնչալ») բառարմատէն։ Գրական եւ խօսակցական լեզուի մէջ կ'օգտագործուին նաեւ «շեր» եւ «ասլան» փոխառութիւնները, իսկ «ուշբան» տարբերակը բնորոշ է բարբառային լեզուին։
Տարածուած է Ափրիկէի եւ հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ մէջ։

Ներկայիս առիւծները գրեթէ ամբողջապէս ոչնչացած են։ Պահպանուած են միայն կեդրոնական Ափրիկէի կարգ մը շրջաններու եւ արգելոցներու մէջ, շատ քիչ քանակով՝ Հնդկաստանի մէջ։ Կը բնակին սաւաննաներու, կիսաանապատներու եւ անապատներու մէջ։
Ներկայիս գոյութիւն ունեցող կատուազգիներուն մէջ երկրորդն է իր մեծութեամբ (միայն վագրին կը զիջի). որոշ առիւծներու կշիռքը կրնայ ըլլալ 250 քկ[2]։
Ենթատեսակներ[3]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-20-րդ դարերու հետազօտութիւններու արդիւնքով առանձնացուած են առիւծներու բազմաթիւ ենթատեսակներ, որոնք գիտականօրէն համընդհանուր կերպով ճանչցուած եղած են մինչեւ 2017 թուականը։ 2008-2016 թուականներու ուսումնասիրութիւններէն մեկնած Բնութեան Պահպանութեան Միջազգային Միութիւնը (ԲՊՄՄ) գոյութիւն ունեցող բոլոր ենթատեսակներու միաւորման արդիւնքով առանձնացուցած է երկու խոշոր ենթատեսակային խումբեր։
- Panthera leo leo՝ այս անուան տակ ներառուած են ասիական առիւծները, ներառեալ՝ վերացած պարպարեան առիւծը, ինչպէս նաեւ արեւմտեան եւ կեդրոնական Ափրիկէի հիւսիսային շրջաններու առանձնեակները։ Անոնք են՝ P. l. persica, P. l. senegalensis, P. l. kamptzi, and P. l. azandica։ Որոշ հետազօտողներ այս խումբը կ'անուանեն հիւսիսային առիւծներու ենթատեսակ։
- Panthera leo melanochaita՝ այս անուան տակ ներառուած են արեւելեան եւ հարաւային Ափրիկէի առանձնեակները, ինչպէս նաեւ վերացած Կապեան առիւծը։ Անոնք են՝ P. l. somaliensis, P. l. massaica, P. l. sabakiensis, P. l. bleyenberghi, P. l. roosevelti, P. l. nyanzae, P. l. hollisteri, P. l. krugeri, P. l. vernayi, and P. l. webbiensis։ Ի հակադրութիւն Panthera leo leo-ի՝ այս խումբի կաթնասունները կ'անուանուին հարաւային ենթատեսակի առիւծներ։
- Հարաւարեւելեան ափրիկեան առիւծ (Panthera leo krugeri)
- Կոնգոլեզեան առիւծ (Panthera leo azandica)
- Ասիական առիւծ (Panthera leo persica)
Պատմական տարածուածութիւնը Հայաստանի մէջ[4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիմնական յօդուած՝ Հայաստանի կատուազգիներ
Դեռեւս հնագոյն ժամանակներուն հայկական լեռնաշխարհին մէջ բնակած են առիւծներ, որոնք պատկանած են ասիական ենթատեսակին։ Ի դէպ, նախապէս ենթատեսակը անուանուած է ո՛չ թէ ասիական, այլ՝ պարսկական։ Գիտնականները կ'ենթադրեն, որ նախապատմական ժամանակներուն Հայաստանի մէջ բնակած են եւրոպական քարանձաւային առիւծներ (շուրջ 10 հազար տարի առաջ), իսկ աւելի ուշ՝ անոնց կենեթիքական ժառանգորդները։ Հայաստանը կը համարուէր այս տեսակի տարածուածութեան ամէնահիւսիսային աշխարհագրական լայնութիւններէն մէկը։
Հայաստանէն ամենայն հաւանականութեամբ առիւծները վերացած են 10-րդ դարուն՝ կարեւոր ազդեցութիւն ունենալով յետագայ տարիներուն հայկական քաղաքակրթութեան ձեւաւորման գործին մէջ։
Վերարտադրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Էգ առիւծն ընդունակ է բազմանալու չորս տարեկանէն։ Յղութիւնը կը տեւէ միջինը 110 օր։
Առիւծին նորածին ձագերը՝ կորիւնները, որոնք սովորաբար երեք հատ կ'ըլլան, շատ փոքր են (մօտաւորապէս 30 սմ, քաշը՝ 1.2-2.1 քկ) ու խայտաբղէտ, անոնք մեծնալով կը դառնան միագոյն։ Կորիւնները կը ծնին կոյր եւ անօգնական։ Աչքերը կը բացուին ծնելէն մէկ շաբաթ անց։
Սովամահ ըլլալէն բացի, կորիւններու համար վտանգ կը ներկայացնեն նաեւ այլեւայլ գիշատիչներ՝ բորենիները, շնագայլերը, յովազները, արծիւները եւ օձերը։ Նոյնիսկ գոմէշները, կորիւններու հոտն զգալով կը վազեն անոնց թաքստոցին մօտ եւ ամէն ձեւով կը ցանկանան ոտնատակ ընել զանոնք, քանի դեռ մայր առիւծը որսի գացած է։ Եթէ խումբի գլխաւոր առիւծին դուրս մղէ մէկ ուրիշը, ան կը սպաննէ յաղթուածի կորիւնները։
Ընդհանուր առմամբ, առիւծներու 80%-ը կը սատկին մինչեւ երկու տարեկան դառնալը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հրաչեայ Աճառեան, Հայերէնի Արմատական Բառարան, Ե.1926 http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=7&query=%D5%A1%D5%BC%D5%AB%D6%82%D5%AE
- ↑ Nowak, Ronald M. (1999). «Walker’s Mammals of the World. Baltimore: Johns Hopkins University Press». ISBN 0-8018-5789-9.(անգլերէն)
- ↑ (հայերեն) Առյուծ, 2025-06-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%BC%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%AE&oldid=10363458, վերցված է 2025-06-26
- ↑ (հայերեն) Առյուծ, 2025-06-24, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B1%D5%BC%D5%B5%D5%B8%D6%82%D5%AE&oldid=10363458, վերցված է 2025-06-26


