Ամերիկա

Ամերիկա

Հիւսիսային Ամէրիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը տարածուի հիւսիսէն Արջային Ովկիանոսէն մինչեւ Մեքսիքայի հարաւը: Հոն կը գտնուին ձիւնածածկ լեռներ, կիզիչ անապատներ, հսկայ տարածութեամբ դաշտեր, խիտ անտառներ եւ ծովանման ընդարձակ լիճեր: Հիւսիսային Ամերիկա կ'ընդգրկէ Ալասքան, Գանատան, Միացիալ Նահանքները եւ Անթիլիան Կղզիներու խումբը: Արեւմուտքը Ռոքի լեռնաշղթան կ'երկարի Ալասքայէն մինչեւ Մեքսիքա: Ռոքիէն անդին կը տարածուի մեծ ընդարձակութեամբ դաշտ մը, որ կը հասնի մինչեւ Ափալաշներու Շղթան դէպի արեւէլք, եւ Մեծ Լիճերը դէպի հիւսիս: Ափալաշներուն արեւելքը ծովափնիայ դաշտը կը տարածուի մինչեւ Ատլանտեան Ովկիանոսը: Գանատայի եւ Միացիալ Նահանքներու միջեւ գտնուող Սիւփիրիոր, Միշիկըն, Հիւրօ, Էրիէ եւ Օնթարիօ լիճերը կը համարուին մոլորակի ամենամեծերը:

Ժողովուրդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային Ամերիկայի առաջին բնակիչները հնդիկներն էին: Անոնք կը պատկանէին տարբեր ցեղախումբերու, որոնք կ'ապրէին որսորդութեամբ, ձկնորսութեամբ եւ երկրագործութեամբ: Շեյէններն ու Սիուները կ'ապրէին կոնաձեւ վրաններու տակ շինուած վայրի եզի մորդէ:

Ամերիկայի Բնակչութիւնը Այսօր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այսօր, Հիւսիսային Ամերիկայի բնակչութիունը կը բաղկանայ Էսգիմոներէ, զտարիւն ամերիկացի հնդիկներէ, խառնուածներէ, սպիտակամորդերէ եւ սեւամորդներէ:

Միացիալ Նահանգներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միացիալ նահանգներ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներէն է: Կը հաշուէ 48 «դրացի» նահանգներ, առաւել երկու հեռաւոր նահանգ Ալասքա, որ կը գտնուի ծայրագոյն հիւսիսը Արջային Շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Հաւայեան կղզեխումբը Խաղաղականին մէջ:Միացիալ Նահանգներու ֆիզիքական տեղագրութիւնը կը նմանի ընդարձակ խեցիի մը, որուն ցցուն եզերքները կը համապատասխանեն լեռնաշղթաներու եւ մէջտեղ ը հսկայ տարածութեամբ դաշտագետինի մը: Արեւմուտքէն Ռոքի լեռները զուգահեռ կ'ընթանան Խաղաղականի ափին, Արեւելքէն Ատլանտեանի երկաճնքին կը տարածուի Ափալաշներուն Շղթան: Այս երկու շղթաներուն միջեւ կը տարածուի հսկայ տարածութեամբ դաշտ մը (կեդրոնական Տափաստան): Այդ կեդրոնական դաշտին մէջէն կը հոսին, հիւսիսէն դէպի հարաւ, Միսուրի եւ Միսիսիփի գետերը: Մանրամասն տեկղեկութիւն; Ֆրանսացիներուն կողմէ Ամերիկացիներուն նուիուած Ազատութեան արձանը (Statue of Liberty) կը գտնուի Նիւ Եորքի նաւահանգիստը: Ռաշմոր լեռան ժայրին վրայ (Հարաւային Տաքոթա) կարելի է տեսնել Ամերիկայի չորս նախագահներուն Քանթակուած կիսանդրիները (Thomas Jafferson, George Washington, Abraham Lincoln, Theodore Roosevelt):

Կեդրոնական Ամերիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կեդրոնական Ամերիկա բաղկացած է 7 երկիրներէ Գոսթա, Ռիֆա, Սալվատոր, Կուաթեմալա, Հոնտուրաս, Նիքարակուա, Փանամա եւ Պելիզ: Այս շրջանը հրափխային եւ երկրաշարժային է: Կեդրոնական Ամերիկա շրջապատուած է արեւմուտքէն Խաղաղական եւ արեւելքէն Ատլանտեան Ովկիանոսներով: Անձրեւները առատ են հոն, կլիման տաք է, անտարռերը խիտ են:

Ժողովուրդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակչութեան մեծ մասը խառնուածններ են հնդիկ, եւրոպացի եւ ափրիկեցի նախնիներէ:

Հարաւային Ամերիկա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հարաւային Ամերիկա կը բաղկանայ 13 երկիրներէ Պրազիլ որ կը համարուի իբրեւ մեծագոյնը եւ բնակչութեամբ ամենահոծը, Ֆրանսական Կիւյանա, Սիւրինամ, Վենզուէլլա, Չիլի, Փարակուէյ, Ուրուկէյ, Գոլոմպիա, Էգուատոր, Փերու եւ Արժանթին: Հոն կը գտնուին հրաբխային լեռներ եւ արեւադարձային խոնաւ անտառներ: Արեւմտեան ափի երկայնքին կը տարածուի մօտաւորապէս 8000 քմ. երկարութեամբ Անտեան Լեռնաշղթայ: Այս լեռներու ստորոտին դէպի արեւելք կը տարածուին մեծ դաշտեր. Ամազոնեան եւ Փամփայի ամբողջութիւնը խոտաւէտ դաշտագետին մը: Ամազոն աշխարհի ամէնէն երկար երկրորդ գետն է իր 6400 քմ. ով: Կը բխի Անտեաններէն եւ կ'անցնի Ամազոնայի արեւադարձային անտառներուն մէջէն: Թիթիքաքա Լիճը, որ կը գտնուի Փերուի եւ Պոլիվիայի միջեւ, Հարաւային Ամերիկայի ամենամեծ լիճն է: Հարաւային Ամերիկա կը ներկայացնէ կլիմայի մեծ զանազանութիւններ. Կրնայ հոն շատ տաք ըլլալ կամ շատ պաղ: Հարաւային Ամերիկա կ'արտադրէ յատկապէս թէյ, սուրճ, պանան, բամպակ, շաքար, քաքաօ եւ ձգախէժ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս Հրատարակութիւն CCM էջ 12 13 14 15 16 17