Jump to content

Դերջան

Բնակավայր
Դերջան
Երկիր  Թուրքիա[1]
Տարածութիւն 1546 քմ²
ԲԾՄ 1425 մեթր
Պաշտօնական լեզու թրքերէն
Բնակչութիւն 17 623 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 24530
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 24
Պաշտօնական կայքէջ tercan.gov.tr

Դերջան, նախապէս ծանօթ էր նաեւ իբրեւ Մամախաթուն, գիւղաքաղաք (աւան, քաղաք, գիւղ) Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրումի Դերջան գաւառակին մէջ։ Կը գտնուէր Էրզրում-Երզնկա ճամբուն վրայ, Արեւմտեան Եփրատի Դերջան (Տուզլու) վտակին աջ ափին։ Գաւառակին կեդրոնը կը համարուի։

Մամախաթունը ունէր մեծ կայազօր մը իր զօրանոցներով։ Քաղաքին մէջ կար նաեւ առաջնորդարան։

1877-1878 թուականներուն ունէր 430 տուն հայ եւ թուրք բնակիչ։

Պատմամշակութային կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մամախաթունը ունէր հայկական եկեղեցի մը։ Գիւղաքաղաքին մօտակայքը կար արաբական եւ այլ կառոյցներու աւերակներ եւ գերեզմանոց։

Գիւղին մէջ կը գործէր հայակական դպրոց մը:

Անուանի մարդիկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մամախաթունի մէջ ծնած է գրականագէտ, արուեստաբանութեան դոկտոր Գ. Տէր-Ստեփանեանը (1909-1989)[2]։

  • «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան» (5 հատորով), 1986-2001, Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. GEOnet Names Server — 2018.
  2. «Հայաստանի եւ յարակից շրջաններու տեղանուններու բառարան», հտ 2, էջ 821