Ալեքսանդր Թամանեանի Անուան Ճարտարապետութեան Ազգային Թանգարան-Ինստիտուտ
Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ, ստեղծուած է ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ 1990-ին իբրեւ «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ»՝ հիմնադիր տնօրէն, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսոր Աշոտ Հայկազուն Գրիգորեան։ ՀՀ կառավարութեան 31 Մարտ 2016-ի N 350-Ն որոշմամբ «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւնը վերանուանուած է «Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան[1][2]:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր տեսակի մէջ ինքնատիպ գիտա-մշակութային հաստատութիւն է, ուր կը հաւաքուին ճարտարապետութեան, քաղաքաշինութեան եւ շինարուեստի պատմութեան, տեսութեան եւ գործնականին վերաբերող տարաբնոյթ նիւթեր։ Թանգարանի գործունէութեան առանձին մաս են Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ ստեղծագործած եւ ստեղծագործող հայ ճարտարապետներու եւ շինարար-ճարտարագէտներու գործունէութիւնը ներկայացնող բազմաբնոյթ նիւթերը։ Թանգարանին մէջ հաւաքուած նիւթերը ուսումնասիրուելէ ետք կ՛արձագրուին եւ կ՚առնուին պետական պահպանութեան ներքոյ։
Թանգարանը գիտա-հետազօտական մշակութային հաստատութիւն է եւ կը զբաղուի գիտական, հրատարակչական, գիտա-մեթոդական գործունէութեամբ, կը կազմակերպէ ցուցահանդէսներ (նաեւ արտերկրի մէջ), կը մասնակցի հանրապետութեան գիտա-մշակութային եւ ուսումնական ծրագրերու զարգացման գործընթացին։ Թանգարանը, գիտական եւ ստեղծագործական կապեր հաստատելով, կը համագործակցի ինչպէս հանրապետութեան, այդպէս ալ արտերկրի նմանատիպ մշակութային կեդրոններու, թանգարաններու, գիտա-ուսումնական հիմնարկներու եւ անհատ ճարտարապետներու հետ։
Թանգարանի լրիւ անուանումն է «Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն (ՊՈԱԿ), կրճատ՝ ՃԱԹԻ։ Թանգարանը ունի իր տարբերանշանը (հեղինակ՝ Հ. Սամուէլեան)։
Ցուցադրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ֆոնտարան
Թանգարանի ֆոնտարանին մէջ կը պահպանուին աւելի քան 6830 անուն արխիւային նիւթեր, ֆոնտերէն կարելի է օգտուիլ ամէն օր 11.00-16.00-ին, բացի Երկուշաբթի, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն։ Ֆոնտային նիւթերէն պատճեններու տրամադրումը վճարովի է։
- Գրադարանը
Թանգարանի գրադարանին մէջ ամբարուած է 2800 անուն գրականութիւն։ Գրականութեան սպասարկումը կը կատարուի տեղը, պահանջուող նիւթի պատճենահանման, լուսանկարման եւ այլ ծառայութիւնները վճարովի են։
Միջոցառումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուին ինչպէս անհատական, այդպէս ալ խմբակային ցուցահանդէսներ (գեղանկարչական, գրաֆիկական, ճարտարապետական եւ այլն), մրցոյթներ, շնորհանդէսներ, սեմինարներ, դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ։ Թանգարանին մէջ կը կազմակերպուի նաեւ շրջիկ ցուցահանդէսներ։
Վերջին տարիներու ընթացքին հայ ճարտարապետութեան նուիրուած ցուցահանդէսներ կազմակերպուած են Գիւմրիի, Գորիսի, Գաւառի, Ալաւերդիի, Արտաշատի, Վանաձորի, Արցախի մէջ։ Ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուին նաեւ Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Պուլկարիոյ, Փորթուկալի, Յունաստանի, Քանատայի, Ռուսաստանի մէջ։
Ցուցադրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 1996-էն սկսած Հայաստանի ճարատարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտը Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքին մէջ կազմակերպուող «Վենետիկեան ճարտարապետական երկամեայ է» ցուցահանդէսներուն կը մասնակցի՝ ներկայացնելով հայ ճարտարապետներուն եւ հայ ճարտարապետութիւնը
- 1998-ին Սպիտակի երկրաշարժի 10-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս
- 1999-ին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն հռչակման 1700 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս, որ յետագային 2001-ին վերաբացուեցաւ «Հայ միջնադարեան ճարտարապետութիւնը եւ մշակոյթը» խորագրով
- 2001-ին Անիի Մայր տաճարի օծման 1000 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս եւ Փետրուար-Մարտ 2013-ի ամիսներուն Անիի 1050 - ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս Քանատայի մէջ
- 2004-ին Սթամպուլահայ նկարիչ Արա Կիւլէրի լուսանկարչական աշխատանքներու առաջին ցուցադրութիւնը Երեւանի մէջ
- 2004-ին Իրանահայ ճարտարապետ Վարուժան Առաքելեանի «Իրանի տարածքի հայկական վանքային համալիրներու վերակառուցման աշխատանքներու արդի վիճակը» թեմայով ցուցադրութիւն եւ սեմինար
- 2004-ին «Տարուայ նախագիծ եւ կառոյց» ամէնամեայ մրցոյթ-ցուցահանդէս, 2011-ին վերանուանուած է «Երեւանեան ճարտարապետական Բիեննալէ»
- 2007-ին Քանդակագործ Արտաշէս Յովհաննիսեանի աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէսը
- 2007-ին «Աշխարհի 100 ստեղծագործողները» խորագրով ցուցահանդէս Փարիզի մէջ
- 2008-ին Ճարտարապետ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած անհատական ցուցահանդէս
- 2009-ին Սփիւռքահայ ճարտարապետներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէս
- 2009-ին Ճարտարապետ Արմէն Զարեանի 95-ամեակին նուիրուած անյատական ցուցահանդէս, որ 2012 -ին ցուցադրուած է Վանաձորի մէջ
- 2010-ին Հոլանտացի նկարիչ Ռալֆ Հայնենի գեղանկարչական աշխատանքներու անհատական ցուցահանդէս
- 2011-ին «Արեւմտականացող Սթամպուլի հայ ճարտարապետներ» խորագրով ցուցահանդէս Երեւանի, Վանաձորի եւ Գիւմրիի մէջ
- 2012-ին «Նկարում են հայ ճարտարապետները» խորագրով ցուցահանդէս
- 2013-ին Ճարտարապետ Ռոմէօ Ջուլհակեանի 75 - ամեակին նուիրուած յետմահու առաջին անհատական ցուցահանդէս
Հասցէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը՝ Կառավարական 3-րդ շէնքին մէջ։
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀՀ կառավարութեան 31 մարտի 2016 թուականի N 350-Ն որոշում»։ www.arlis.am։ արտագրուած է՝ 2016-07-21
- ↑ «Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը անդրադարձած է Թամանեանի անու. ազգային թանգարան-ինստիտուտի ստեղծման հարցին»։ արտագրուած է՝ 2016-07-21
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ինստիտուտ Archived 2015-04-18 at the Wayback Machine.
- Ալեքսանդր Թամանեանի ինստիտուտ-թանգարանի գոյութիւնը վտանգուած է
- «Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը անդրադարձած է Թամանեանի անու. ազգային թանգարան-ինստիտուտի ստեղծման հարցին»։ արտագրուած է՝ 2016-07-21