Հայկական Կերպարուեստ

Լեւոն Գ. կնոջ եւ երեխաներուն հետ (13-րդ դարու մանրանկար)

Հայկական Կերպարուեստ, Հայաստանի նախնադարեան արուեստի հնագոյն յուշարձանները շուրջ 10 հազարամեայ պատմութիւն ունին (քարայրային գեղանկարչութիւն, ժայռապատկերներ)։ Վաղ պրոնզէ դարուն (Ք.Ա. IV–III հազարամեակներ) կիրառական արուեստը խեցեգործութեամբ հիմնականը կը ներկայանայ (երկրաչափական, բուսական շքեղ զարդերով բազմագոյն խեցեղէն՝ Շրեշ բլուրէն, Կառնուտ-Վանաձորէն եւ այլն)։ Ք.Ա. II հազարամեակի մետաղագործական հոյակապ կերտուածք է Վանաձորի դամբարանի բլուրը յայտնաբերուած ոսկէ թասը՝ դրուագուած, այսինքն՝ փորագրուած վեց առիւծներով։

Պրոնզի եւ Վաղ Երկաթի Դարաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆալոսներ Մեծամօրի թանգարանի տարածքին

Արուեստը նշանակալից զարգացման հասած է ուշ պրոնզի եւ վաղ երկաթի դարաշրջաններուն, Ք.Ա. 14-րդ դար–էն Ք.Ա. 9-րդ դարերուն․ Մեծամօր ու Դուինի մէջ յայտնաբերուած մարդակերպ կուռքեր, մետաղագործական բարձրարուեստ կերտուածքներ (կռածոյ, ձուլածոյ, դրուագուած, փորագիր եւ այլ Արուեստի կամ Գիտարուեստական հմտութեամբ գեղարուեստական իրեր, զարդեր), Լճաշենէն, Լոռիի բերդէն, Արթիկէն, Տոլորսէն՝ այծերու, թռչուններու եւ այլ արձանիկներ, պատկերներ, պրոնզաձոյլ մարտակառքերու մանրակերտեր՝ կառքին լծուած ձիերով ու ռազմիկներու պատկերներով։ Գեղարուեստական յուշարձանները ստեղծուած են նաեւ քարէ՝ ձկնակերպ վիշապներ, մարդակերպ կուռքեր՝ նաեւ ֆալոսաձեւ՝ (Phallus Phallic) կապուած պտղաբերութեան պաշտամունքին հետ։ Յայտնաբերուած են նաեւ կիսաթանկագին բազմագոյն քարերով, ոսկիով, արծաթով, պրոնզով պատրաստուած ուլունքներ, կախիկներ։

Ուրարտու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պրոնզէ արձանիկ թագաւորական գահէն

Ք.Ա. 9-րդ դար–Էն Ք.Ա. 7-րդ դարերուն գեղարուեստական մշակոյթը զարգացած է Արարատեան թագաւորութեան (Ուրարտու) ձեւաւորման եւ հզօրացման պայմաններուն մէջ։ Վանայ լիճի շրջակայքը, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի պեղումներով կ՝ ուսումնասիրուի այդ ժամանակաշրջանի հարուստ գեղարուեստական մշակոյթը՝ կոթողական որմնանկարչութիւնը, խճանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, կրօնական եւ աշխարհիկ թեմաներով կիրառական արուեստը (զարդեր, զէնքեր եւ այլն)՝ Կարմիր բլուրի, Արին-Բերդի (Էրեբունի), Ալթըն Թեփէի, Ազնաւուր Թեփէի, Ռուսիխինիլինի (Թոփրաք Քալէի), Վանի (պազալթէ բոլորաքանդակ իրանը այսինքն մարմնի մէջքի բաժինը waist)։ Մուսասիրի տաճարի գրաւման վերաբերող՝ Ասորեստանի արքայ Սարգոն Բ․-ի արձանագրութեան մէջ կը նկարագրուին Սարդուրի, Արգիշտի, Ռուսա արքաներու՝ յափշտակուած ձուլածոյ արձանները, իսկ տաճարի կործանումը պատկերող հարթաքանդակին առկայ են բոլորաքանդակները։ Կոթողական քանդակագործութեան համընթաց զարգացած է նաեւ արձանիկներու կերտումը, զարդարա-կիրառական արուեստը՝ պրոնզաձոյլ, քարակերտ, փղոսկրեայ կերտուածքներ, դրուագուած, փորագրուած վահաններ, սաղաւարտներ, գօտիներ՝ զանազան պատկերներով՝ պեղուած Հայաստանի տարբեր վայրերէն։ Ք.Ա. 4-րդ դար–էն Ք.Ա. 3-րդ դարերու կերպարուեստի մէջ շարունակուած են նախորդ շրջանի ձեռք բերումները, ստեղծուած գեղարուեստական տարբեր կերպաւորումներով կամ ձեւափոփոխութիւններով մետաղէ իրեր (արծաթէ պատեակներ, թասեր եւ այլն), կնիքներ, քանդակուած են Ծոփքի թագաւորներու եւ Արտաշէսեան արքաներու (Տիգրան Բ․ Մեծի, Արտաւազդ Բ․-ի) դիմապատկերային բնոյթի պղինձէ, արծաթէ դրամներ, խեցեգործութեան, կոթողական գեղանկարչութեան (որմնանկարչութիւն, խճանկարչութիւն), ոսկերչութեան, ակնագործութեան, ապակեգործութեան բարձրարուեստ գործեր (անոնք կ՛ընդգրկեն՝ Գառնիի բաղնիքի հանդերձարանի նշանաւոր խճանկարը, կաւէ արձանիկներէն՝ մանուկը կերակրող Անահիտ աստուածուհին, երաժիշտ կանանց, հեծեալներու եւ այլն)։ Ըստ մատենագրութեան, հին Հայաստանի դիցարանի բազմաթիւ աստուածութիւններու՝ քարով, փայտով, պղինձով եւ այլ նիւթերով պատրաստուած արձաններ կամ կուռքեր դրուած են մեհեաններուն մէջ, որոնք յափշտակուած են նուաճողներուն կողմէն կամ ոչնչացուած քրիստոնէութեան ընդունումէն ետք։ Տեղին ստեղծուած արձաններուն մէջ յաճախ առկայ է յունականի համադրումը տեղական աւանդոյթներուն եւ ազգագրական առանձնայատկութիւններուն հետ։ Այդ ակնառու նմուշներէն են Կոմմագենէի Նեմրութ լեռան վրայ Ք.Ե. 1-ին դարու Երուանդունիներու դրած կոթողական քանդակները։ Քարի գեղարուեստական քանդակի օրինակներ են նաեւ Երեւանի, Գիւմրիի մերձակայքը գտնուած տղամարդու եւ կնոջ արձաններու գլուխները (Ք.Ե. 3-րդ դար), Գառնիին (77 թուական) ճոխ ու շքեղ զարդերը։ Նման քանդակազարդ շէնքեր եղած են նաեւ Արտաշատի, Տիգրանակերտի, Վաղարշապատի մէջ եւ այլուր։ Այս ժամանակաշրջանին հայկական կերպարուեստը զարգացած է հելլենիստական մշակոյթի ոլորտին մէջ՝ երկու հիմնական ուղղութիւններով՝ տեղական աւանդական ժողովուրդական եւ արեւմտեան՝ «հելլենական», որոնք բեմնաւորուած եւ փոխհարստացուցած են իրարու։

Միջին Դարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հատուած Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիի որմնանկարներէն։

Միջին դարերուն (4-րդ դարէն 12-րդ դարեր) Հայաստանի կերպարուեստը ձեւաւորուած եւ առաջընթաց ապրած է քրիստոնէական դաւանանքի գերիշխանութեան պայմաններուն մէջ։ Արուեստի տարբեր բնագաւառներրէն ներս իրենց մարմնաւորումը գտած են կրօնական թեմաներով եւ սիւժէներով։

4-րդ դարէն հայկական եկեղեցիները յարդարուած են որմնանկարներով, քանդակներով։ 5-րդ դարէն յայտնի են որմնանկարի բեկորներ Երեւանի Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիէն եւ Քասախի պազիլիքէն։ Հատուածաբար որմնանկարներ յայտնաբերուած են Լմբատավանքի (6-րդ դար), Թալինի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Արուճի, Կոշի 7-րդ դարու եկեղեցիներուն մէջ։ Նոյն դարուն ալ կազմաւորուած են հայկական որմնանկարչութեան պատկերագրական եւ գեղարուեստական բնորոշ իւրայատկութիւնները, մշակելով ինքնատիպ ճարտարագործութիւն (յղկուած քարի վրայ նրբաշերտ հիմնաներկով)։

Որմնանկարչութեան զարգացման յաջորդ փուլերուն կը պատկանին 10-րդ դարու՝ Աղթամարի Սուրբ Խաչ (921 թուական), Տաթեւի վանքի Ս. Պօղոս-Պետրոս (930 թուական) եկեղեցիներու, Գնդեվանքի (930-ական թուականներ), 13–14-րդ դարերուն՝ Անիի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցւոյ, Բախտաղեկի եկեղեցւոյ, Քոպայրի վանքի, Թաթիվանքի, Ախթալայի, Հաղբատի վանքի որմնանկարները։

Ձեռագիր Մատեաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոմիկ, 1302 թուական

Հայկական ձեռագիրներու (մագաղաթէ, թուղթէ, աւելի քան 25 000՝ աշխարհի տարբեր թանգարաններուն եւ մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ, որոնցմէ շուրջ 14 000-ը՝ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ է) զգալի մասը պատկերազարդ է, հիմնականօրէն՝ Աւետարան, սակաւ՝ Աստուածաշունչ, Տօնական, Ճաշոց եւ այլն։

Մեզի հասած հնագոյն չորս բներգական (thematic) մանրանկար (6րդ –7-րդ դարերու) կցուած են «Էջմիածնի Աւետարան»-ին (989, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարան, ձեռ. N 2374) եւ գեղարուեստական արժանիքներով, ինքնուրոյն պատկերային մտածողութեամբ) կը յիշեցնեն «Լմբատի եւ Արուճի» (6-րդ –7-րդ) դարերուն որմնանկարները՝ գաղափար տալով հին քրիստոնէական պատկերարուեստի մասին։

Լռիւ պատկերազարդ մատեաններ պահպանուած են 9-րդ դարէն։ Հին եւ փայլուն նմուշը «Մլքէ թագուհիի Աւետարան»-ն է (862, Վենետիկի Մխիթարեաններու մատենադարան, ձեռ N 1144/86), որ, ինչպէս եւ «Կարսի Աւետարանը», «Տրապիզոնի Աւետարանը», «Մողնու Աւետարանը» մանրանկարազարդուած է Արծրունիներու եւ Բագրատունիներու թագաւորութիւններու շրջանին՝ 9-րդ -11-րդ դարերուն։

Հայկական մանրանկարչութիւնը հարուստ է ոճերու եւ տեղական դպրոցներու, մատեաններու ձեւաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ, խորաններու, գլխազարդերու, լուսանցազարդերու, սկզբնաթերթերու, տէրունական պատկերներու կիրառման ու կերպաւորման մէջ առաւել գոյնի եւ ռիթմի զգացողութեան բազմազանութեամբ։

Կիլիկիոյ Մանրանկարչութեան Դպրոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

12-րդ դարու մանրանկարչութիւնը, գիրքարուեստը աւելի շատ ծաղկման հասած են Կիլիկիոյ մանրանկարչութեան դպրոցը, որ ունեցած է նշանաւոր կեդրոններ՝ Դրազարկի, Սկեւռայի, Հռոմկլայի, Գռների, Բարձրբերդի եւ Ակների մէջ, ուր գործած են ականաւոր մանրանկարիչներ Գրիգոր Մլիճեցին, Կիրակոսը, Կոստանդինը, Յովհաննէսը, Յովասափը, Յովհաննէս Արքաեղբայրը, Սարգիս Պիծակը, Թորոս Փիլիսոփան եւ ուրիշներ, ինչպէս եւ անանուն վարպետներ՝ ստեղծելով հայ մանրանկարչութեան, գիրքարուեստի գլուխ գործոցներ (նեռարեալ՝ «Հեթում Բ․ թագաւորի Ճաշոցը», «Ութ մանրանկարիչներու Աւետարանը», «Կեռան թագուհիի աւետարանը» եւ այլն), շարունակելով եւ զարգացնելով այդ դպրոցի պսակը հանդիսացող Թորոս Ռոսլինի արուեստը։ Անոնց հովանաւորած են Կոստանդին Ա․ Բարձրբերդցի կաթողիկոսը եւ Կիլիկեան Հայաստանի արքայական տան պատուիրատու անդամները։

Թորոս Ռոսլինը կերպաւորած է աւետարանական թեմաներու իր պատկերագրական համակարգը, դասականօրէն վսեմ եւ կոթողային յօրինուածքներ, որոնք ուշագրաւ են գոյներու աննախադէպ նրբերանգներով։

Մանրանկարչութիւնը ծաղկած է 13-րդ դարու եւ 14-րդ դարու 1-ին կէսին՝ բուն Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ, համեմատաբար կայուն քաղաքական վիճակին եւ գործած են, մինչեւ այդ կազմաւորուած Անիի, Գլաձորի եւ Վասպուրականի մանրանկարչութեան դպրոցներուն մէջ։

Անիի, Գլաձորի եւ Վասպուրականի Մանրանկարչութեան Դպրոցներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիի մանրանկարչութեան դպրոցը, ապա՝ Գլաձորի մանրանկարչութեան դպրոցը, որուն աւանդոյթները շարունակուած են Տաթեւի մանրանկարչութեան դպրոցին մէջ մինչեւ 15-րդ դարու վերջը զարդարուած են հայկական մանրանկարչութեան առաջընթացի նոր էջեր բացող ինքնատիպ, բարձրարուեստ մատեաններ՝ «Թարգմանչաց Աւետարանը», «Հաղբաթի Աւետարանը», 1318 թուականի «Եսայի Նչեցու Աստուածաշունչը» եւ այլն:

Հանդէս եկած են շեշտուած անհատականութիւններով վարպետներ՝ Գրիգոր, Մարգարէ, Իգնատիոս, Թորոս Տարօնացի, Մատթէոս, Մոմիկ, Աւագ, Գրիգոր Տաթեւացի՝ իրարմէ տարբեր թէ՛ ոճով, թէ՛ պատկերագրական աւանդներով:

Հակառակ 9-էն - 11-րդ դարերուն սկզբնաւորուած, 13-րդ դարու 70-ական թուականներէն մինչեւ 17–րդ դարու վերջը գոյատեւած Վասպուրականի մանրանկարչութեան դպրոցի գրչութեան եւ մանրանկարչութեան բազմաթիւ կեդրոններուն ստեղծագործած ժամանակի երեւելի վարպետներ՝ Սիմէոն Արճիշեցիի, Մելքիսեդեկի, Զաքարիա Աղթամարցիի, Ծերուն Ծաղկողի, Ռստակէսի եւ ուրիշներ, որոնք հետեւած են աւելի միասնական, «պահպանողական» գեղանկարչութեան աւանդոյթներու՝ համեմուած տեղական-ազգ. պատկերացումներուն բնորոշ «գեղանկարչական բանագիտութեան» տարրերով, կենցաղային շարժառիթներով։

Մանրանկարչութեան արուեստը նուաճումներ ունեցած է նաեւ Ուտիքի, Արցախի, Նախիջեւանի գրչատուներուն, Հայաստանէն դուրս՝ գաղթավայրերուն՝ Ղրիմ, Նոր Ջուղայ, Կոստանդնուպոլիս եւ այլուր, ձեւաւորելով իրենց դէմքն ունեցող Ղրիմի մանրանկարչութեան դպրոցը, Նոր Ջուղայի դպրոցը։

17-էն - 18-րդ դարերուն հայկական մանրանկարչութիւնը աստիճանաբար իր տեղը կը զիջի գիրքի պատկերազարդման տպագրական արուեստին։

Քանդակագործութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոմիկի հեղինակած խաչքարերէն մէկը 1308։

Միջնադարեան Հայաստանի քանդակագործութիւնը, հիմնականօրէն, յայտնի է ճարտարապետական յուշարձաններու պատկերաքանդակներով, կոթողներով, յուշասիւներով, «թեւաւոր» խաչերով, խաչքարերով եւ վաղ միջնադարուն առաւելապէս հարթապատկերային, Գծանկարչական է։

4-րդ դարու սկիզբը, տեղական քանդակագործական աւանդոյթները ներհիւսուած են Հայաստանի վաղ քրիստոնէական քանդակագործութեան, առնչուելով շրջակայ երկերներւ քանդակային մշակոյթին, կազմաւորել 4-6րդ դարերուն կերպընկալ (փլասթիք) արուեսը՝ տեղական մի քանի դպրոցներով: Կոթողներուն եւ յուշարձաններուն քանդակուած են Հին եւ Նոր կտակարաններէն նիւթերէ, սուրբերու, Յիսուսի, Աստուածամօր, Գրիգոր Լուսաւորիչի, Տրդատ Ա. թագաւորի եւ այլոց, նաեւ խորհրդանշական (օր. Գառնիի հովիտի գարնան զարթօնքը աւետող յուշակոթողը) պատկերներ: 6-րդ դարու սկիզբը երեւան եկած են երկու մեթրանոց «թեւաւոր» խաչ-կոթողները՝ տիպարով կրկնելով Գողգոթայի խաչը, յետագային սկզբնաւորելով խաչքարերը, որոնք յատկանշական են միայն Հայաստանի 9-18-րդ դարերու արուեստին: Միայն հայկական խաչքարին յատուկ է ուղղաձիգ սալի տարածման ծաւալաձեւը, կեդրոնական խաչի (սովորաբար շրջանակուած կողային զարդաշերտերով) տակ քանդակուած վարդակը կամ գեղեցիկ զարդը, ծաւալի վերի մասին ելուստաւոր աւարտը: Վաղ խաչքարերը ձուաձեւ կամ պայտաձեւ էին, 9-18-րդ դարերուն՝ գերազանցապէս ուղղակիւն ուղղաձիգ: Ննջեցեալի յիշատակին, ի նշանաւորումն յաղթանակի եւ այլ տարբեր նպատակներով դրուող պատուանդանաւոր խաչքարերէն բացի, նման խաչաւոր յօրինուածքներ ստեղծուած են 9-18-րդ դարերու ճարտարապետական յուշարձաններուն որմերուն: Ճարտարապետութեան արտայայտչականութեան բաղադրիչներէն են զարդաքանդակային յարդարանքը, կերպարային եւ պատմողական քանդակները:

Վաղ նմուշները կը վերաբերին 5-6 դարերուն (Դուին, Տեկոր, Երերոյք, Պտղնավանք), 7-րդ դարուն՝ Զուարթնոց, Մրեն, 10-14-րդ դարերուն՝ Անիի յուշարձաններ, Աղթամար (ճարտ. եւ քանդ. Մանուէլ), Նորավանք (ճարտ. եւ քանդ. Մոմիկ), Սպիտակաւոր, Հաղբատ, Սանահին, Հաղարծին, Սաղմոսավանք, Յովհաննավանք, Գանձասար, Տաթեւ, Եղուարդ, Դադիվանք, Հառիճ եւ այլն:

Հայաստանի զարգացած միջնադարու մշակոյթի նոր առաջընթացը հաւաստող նմոյշ է Անիի պեղումներու ընթացքին գտնուած (այժմ տեղը անյայտ է) Գագիկ Բագրատունիի բոլորաքանդակը: Անոնք միջնադարեան Հայաստանի տարբեր շրջաններու՝ Այրարատի, Տաշիրի, Սիւնիքի, Շիրակի, Վասպուրականի մէջ ձեւաւորուած տեղային քանդակագործական դպրոցներու նշանաւոր վարպետներու ստեղծագործութիւններ են, որոնք կ'առանձնանան արտայայտչամիջոցներու, սիւժէներու, ոճերու բազմազանութեամբ, կատարման ձեւով, արուեստի համադրման տարբեր մօտեցումներով, յօրինուածքային լուծումներու իւրայատկութիւններով, պատկերագրութեամբ, բարձրարուեստ ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջ նկատելի են շփումները Արլի եւ Արմի արուեստներու հետ: Ուշ միջնադարու քանդակարուեստը աչքի կը զարնէ համակարգային ընդհանրութեամբ, տեղային տարբերութիւններու համահարթեցման հակումով: Ստեղծուած են յուշարձաններ՝ նշանաւոր ճակատազարդերով (Թադէի եւ Ստեփանոս Նախավկայ վանքերու 17-րդ դարու քանդակները): Գոյութիւն ունեցող համակառոյցներուն կից կանգնուած են յուշարձաններ, որոնք 9-14-րդ դարերու համեմատութեամբ ունեցած են զարդարուն այլ լուծումներ:

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։