Jump to content

Սիմոն Վրացեան

Սիմոն Վրացեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Սիմոն Գռուզեան
Ծնած է 24 Մարտ 1882(1882-03-24)[1]
Ծննդավայր Պոլշեէ Սալի, Ռոստովի շրջան, Եկատերինոսլավի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 21 Մայիս 1969(1969-05-21) (87 տարեկանին)
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Սուրբ Բեթըրսպուրկի Կայսերական համալսարան
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, քաղաքագէտ, գրագէտ, իրաւաբան, լրագրող
Աշխատավայր Վէմ
Հայրենիք
Դրօշակ
Վարած պաշտօններ Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ, Արտաքին գործերու նախարար, Գիւղատնտեսութեան նախարար, Աշխատանքի նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, Ներքին գործոց նախարար, գլխաւոր խմբագիր[2] եւ գլխաւոր խմբագիր
Անդամութիւն Հայոց ազգային խորհուրդ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւն
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Սիմոն Վրացեան (24 Մարտ 1882(1882-03-24)[1], Պոլշեէ Սալի, Ռոստովի շրջան, Եկատերինոսլավի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 21 Մայիս 1969(1969-05-21), Պէյրութ, Լիբանան), հայ քաղաքական գործիչ, դաշնակցական ղեկավար։ Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան եւ պետական գոյքի, ինչպէս նաեւ աշխատանքի նախարարն ու չորրորդ վարչապետը։

Ծնած է Նոր Նախիջեւանի Մեծ Սալա գիւղին մէջ։ Բուն անունով՝ Սիմոն Գռուզինեան։ Յաճախած է տեղւոյն միջնակարգ դպրոցը, ապա՝ Էջմիածինի Գէորգեան Ճեմարանը, ուր կազմաւորուած է իբրեւ հայ եւ մտաւորական։

1906-ին կը սկսի իր յեղափոխական գործունէութիւնը զէնք փոխադրելով դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ կ՚անդամակցի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիւսիսային Կովկասի Կեդրոնական Կոմիտէին։ Յաջորդ տարին կը մասնակցի Դաշնակցութեան 4-րդ Ընդհանուր ժողովին Վիեննայի մէջ։ Այս ժողովը արեւմտահայ եւ արեւելահայ դատերու միջեւ խաչաձեւման ու թրքահայու եւ ռուսահայու հակադրութեան բուռն մթնոլորտի մէջ գումարուած էր, որմէ կուսակցութիւնը դուրս եկած է աւելի միաձոյլ եւ միակամ։ Գաղափարական այդ միասնականութիւնն ու կազմակերպական հզօրացումը հիմքը կազմեցին Վրացեանի հետագայ աշխատանքին։

  • 1908-1910 թուականներուն ուսանած է Փեթրոկրատի համալսարանին մէջ, ուր հետեւած է իրաւաբանութեան, գիւղատնտեսութեան եւ մանկավարժութեան ճիւղերուն։
  • 1910-ին խուսափելով ցարական ոստիկանութեան հալածանքէն, կ'անցնի Կարին, ուր Ռոստոմ հաստատուած էր՝ մէկտեղելով Դաշնակցութեան փորձառու եւ խոստմնալից ուժերը, միասնաբար լծուելու համար բուն Երկրի հայութեան հասարակական եւ մշակութային զարգացման, ինչպէս եւ ազգային-յեղափոխական կազմակերպումին։ Կ՚անցնի Պաթում, ապա Տրապիզոն եւ ի վերջոյ Կոստանդնուպոլիս։ Կարճ ժամանակով կը ստանձնէ Կարինի «Յառաջ» թերթի խմբագրութիւնը։
  • Դեկտեմբեր 1911-1913 թուականներուն ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի «Հայրենիք» շաբաթաթերթի խմբագիր կ՚ըլլայ։ Անոր օրով թերթը կը վերածուի երկօրեայի։
  • 1914-ին Կարնոյ Հ. Յ. Դ. 8-րդ Ընդհանուր Ժողովին Ս. Վրացեան կը ներկայացնէ Ամերիկայի շրջանը։ Աւարտին կ'ընտրուի կուսակցութեան Բիւրոյի անդամ եւ կ'անցնի Թիֆլիս։ Կը ստանձնէ դաշնակցական պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը՝ զուգահեռաբար Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդին անդամ ընտրուելով եւ լծուելով հայ կամաւորական շարժման կազմակերպումին։
  • 1918-ին կ'ընտրուի Անդրկովկասեան Սէյմի անդամ: Անդրկովկասեան կառավարութեան կազմին մէջ մասնակցած է Պաթումի թուրք-անդրկովկասեան բանակցութիւններուն։
  • Անկախութեան հռչակումէն ետք (1918) կը նշանակուի Հարաւ Ռուսական կամաւորական բանակին կից դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավար։
  • Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Ազգային Խորհուրդի խառն նիստին կողմէ վարչապետ նշանակուած Յովհաննէս Քաջազնունիի աջ բազուկը դառնալով՝ Վրացեան իր կարգին կը տեղափոխուի Երեւան։ Կառավարութեան գլխաւոր բանագնացներէն կը դառնայ ինչպէս Պաթումի մէջ թուրքերու հետ հաշտութեան բանակցութիւններուն, այնպէս ալ համատարած սովին յաղթահարման համար Մ. Նահանգներու հետ տարուող բանակցութիւններուն՝ Պարէնի ապահովման նպատակով։
  • 1919-ին կ'ընտրուի դաշնակցական բիւրոյի անդամ։ Կ'ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ։ Միաժամանակ՝ կ'ընտրուի Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ խորհրդարանին՝ Հայաստանի Խորհուրդի պատգամաւոր եւ տենդագին կը լծուի նորահաստատ Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական հիմերու վրայ հաստատելու եւ միջ-կուսակցական գործակցութեամբ օժտելու աշխատանքին։ Իրաւագէտի եւ գիւղատնտեսի իր մասնագիտական պատրաստութեամբ ալ նշանակալի ներդրում կ'ունենայ աշխատանքի եւ տնտեսական յառաջդիմական օրէնսդրութեան մշակումին մէջ։ Պետական շինարարութեան գործին Սիմոն Վրացեանի փարումը կ'ըլլայ ամբողջական եւ արդիւնաւոր։ Կը դառնայ սերտ գործակիցը Ալեքսանդր Խատիսեանի կառավարութեան։
  • Մայիս 1920-ին կը նշանակուի Հ. Օհանջանեանի գլխաւորած կառավարութեան գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար, Նոյեմբեր 1920-ին ՀՀ կառավարութեան վարչապետ։
  • Հայաստանի մէջ Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք կը գլխաւորէ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն։ Այս կոմիտէն Փետրուար 1921-ին Երեւանի մէջ յեղափոխութեան անյաջող փորձ մը կը կատարէ, որ պատճառ կը դառնայ մէկ ամսուան տեւողութեամբ քաղաքացիական բախումերու: Ասոնք յայտնի են նաեւ փետրուարեան ապստամբութիւն անունով։ Անյաջողութեան պատճառով կ'անցնի Զանգեզուր, որմէ ետք Պարսկաստանի ճամբով Նժդեհի հետ դուրս կ'ելլէ երկրէն։ Օգոստոս 1921-էն ետք կ'ապրի Ֆրանսա, ԱՄՆ, Լիբանան` շարունակելով քաղաքական գործունէութիւնը։
  • Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Սիմոն Վրացեան իր կարգին կ'անցնի Թաւրիզ, Պարսկաստան, ուրկէ կը մեկնի Փարիզ եւ 1925-1933-ին կը ստանձնէ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը։ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան այս շրջանը պատուանդանը կը կազմէ Վրացեանի գաղափարագրական ժառանգութեան։ Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս դաշնակցական մտածողութեան մէջ յառաջ եկած բեկումներու, խզումներու եւ խոտորումներու դժուարին այդ հանգրուանին, «Դրօշակ»ի շուրջ համախմբուած ուժերու ստորագրած յօդուածներով թէ ուղղակի իր առաջնորդողներով՝ Սիմոն Վրացեան բառին բուն իմաստով ուղի կը հարթէ տարագիր հայութեան եւ նոյնպէս տարագրուած Դաշնակցութեան առջեւ։ Կը դառնայ ոչ միայն արթուն պահապանը հայ ազգային - ազատագրական շարժման քաղաքական-գաղափարական աւանդներուն, այլեւ նորարար ու լայնախոհ դրօշակիրը կը դառնայ ծանրագոյն ցնցումներէ վերականգնող աշխարհի մը մէջ հայ ժողովուրդին նոր տեղն ու դերը գաղափարականօրէն հունաւորելու շարժումին։ Միեւնոյն այդ շրջանին Սիմոն Վրացեան կը գրէ նաեւ իր կոթողական գործը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն»ը, որ մնայուն աւանդ մը կը կազմէ ոչ միայն պատմագրական առումով, այլեւ՝ նոր ժամանակներու հայ քաղաքական մտքի ինքնուրոյն ուղղութիւնը՝ ազգային արեւելումը հիմնաւորելու իմաստով։

Տարիներու ընթացքին, Սիմոն Վրացեան կը մշակէ մտաւորական լայն հետաքրքրութիւններ, որոնց մէջ գրականը յետինը չ'ըլլար։ Բայց երկար ատեն գրական իր հետաքրքրութիւնները, ազգային-քաղաքական գործի մարտահրաւէրներու ետին պահուած, կը դրսեւորուին հրապարակագրական եւ պարագայաբար կրթական գործունէութեամբ, որուն սկզբունքներուն հիմը կ՚ըլլայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարը։

  • 1945-ին, որպէս Հայկական ազգային կոմիտէի նախագահ վերջնագիր մը կը ներկայացնէ Սան-Ֆրանսիսքոյի մէջ ՄԱԿ-ի հիմնադիր համաժողովի կազմակերպիչ պետութիւններուն՝ անոնց ուշադրութիւնը գրաւելով հայ ժողովուրդի հանդէպ պատմական անարդարութեան վրայ։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն եւ նախկին ղեկավարութեան արտասահման ելքէն տարիներ ետք, հանրապետութեան վերջին վարչապետը առիթը կ'ունենայ հիմնելու եւ խմբագրելու մտաւորական բարձր որակի պարբերական մը «Վէմ»ը։ Եւ մանաւանդ, շատ աւելի ուշ գրելու իր յուշերը «Կեանքի Ուղիներով» շարքը (1967), որ ուղղակի գրական ընտիր էջեր կը հաշուէ իր առաջին երկու հատորներուն մէջ։

Կեանքի վերջին տասնամեակներուն, հինէն գոյ բայց ուշ յայտնուած գրագէտի կողքին, Սիմոն Վրացեան կը բացայայտէր ներկայութիւնը նաեւ կրթական մշակին։ Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951), Սիմոն տնօրէնի պաշտօնի կը կոչուի Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, այժմ՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան, ուր իրեն կ՚օժանդակեն, իբրեւ փոխ-տնօրէն, Մուշեղ իշխան եւ Գառնիկ Բանեան։ Իր պաշտօնավարութեան օրերուն կը բացուի Ճեմարանի թիւ 2 (1953-ին) եւ թիւ 3 (1957-ին) շէնքերը որպէսզի գոհացում տայ աշակերտութեան աճող թիւին։ Ան գրեթէ քսան տարի կը վարէ ճեմարանը մինչեւ իր մահը 21 Մայիս, 1968, որմէ ետք Հրաչ Տասնապետեան կը նշանակուի տնօրէն։

Ս. Վրացեանի կազմած կառավարութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սիմոն Վրացեան 24 Նոյեմբերին կը ներկայացնէ կառավարութեան հետեւեալ կազմը[3].

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐ ԱՆՈՒՆ ՊԱՇՏՕՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Սիմոն Վրացեան ՀՀ Վարչապետ, ՀՀ Արտաքին Գործերու նախարար ՀՅԴ
Դրաստամատ Կանայեան ՀՀ Ռազմական նախարար ՀՅԴ
Համբարձում Տէրտէրեան ՀՀ նախարար, ՀՀ Հանրային Խնամատարութեան նախարար ՀՅԴ
Վահան Մինախորեան ՀՀ Կրթութեան նախարար Սոցիալ-յեղափոխական կուսակցութիւն
Արշամ Խոնդկարեան ՀՀ Կապի նախարար, Արդարադատութեան նախարար Սոցիալ-յեղափոխական կուսակցութիւն
Արշակ Յարութիւնի Յովհաննիսեան ՀՀ Գիւղատնտեսութեան եւ աշխատանքի նախարար ՀՅԴ, Պաքուի «Արեւ» թերթի խմբագիր[4]

Թափուր կը մնան ներքին գործոց, հաղորդակցութեան եւ խնամատարութեան նախարարներու պաշտօնները, որոնք ժամանակաւորապէս կը վերաբաշխուին Ս. Վրացեանի, Հ. Տէրտէրեանի եւ Ա. Խոնդկարեանի միջեւ[5]։ Վրացեանի կառավարութեան աշխատակազմը նախորդներուն պէս բաղկացած էր 21 հոգիէ։ Կառավարութեան կազմը սակայն մինչեւ վերջ այդպէս չի մնար եւ ան վարչապետի պաշտօնին վրայ կը մնայ ընդամէնը շուրջ մէկ շաբաթ` մինչեւ 2 Դեկտեմբեր 1920, Հանրապետութեան կազմալուծումը[6]։ ՀՀ կառավարութիւնը կ'որոշէ երկրին ղեկավարութիւնը յանձնել Զօրաբանակի ընդհանուր հրամանատար Դրոյին՝ Դրաստամատ Կանայեանին[4]։

Քաղաքական մարտահրաւէրներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կառավարութեան Հռչակագիրով Սիմոն Վրացեան կը շեշտէ թուրքերու եւ հարեւան երկիրներու հետ «խաղաղ համակեցութեան» հաստատումը, «երկրի ուժերուն հաւաքումը եւ ժողովրդական կուռ բանակի կազմակերպումը», պետութեան ներքին կեանքին մէջ «պետութեան հիմքերը փորող բոլոր ուժերու եւ երեւոյթներու դէմ» պայքարիլը, «օրէնքի գիտակցում»ը ուժեղացնելը, «յանցաւորները պատժելը», «պարենաւորման սուր ճգնաժամը մեղմելը եւ գաղթականներու ծանր վիճակը թեթեւցնելը», ինչպէս նաեւ «երկիրը արտաքին փոթորիկներէն հեռու պահելը» եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանումը։

Եթէ Կիլիկիայէն մինչեւ Շուշի շատ շատ էր մեր համեստ ուժերի համար, ապա Նոր Պայազիտի ու Երեւանի շրջաններից կազմուած մի փոքրիկ Հայաստանի համար շատ շատ ենք։ Եւ այժմ քննադատելով մեր անցեալ գործելակերպը չպէտք է ընկնենք չափազանցութիւնների մէջ եւ մեր ձգտումները յարմարացնենք մեր ուժերին»։
- Սիմոն Վրացեան, «Յառաջ» 28 Նոյեմբերի 1920


Սիմոն Վրացեանին վիճակուած էր իր տրամաբանական վերջնագիծին հասցնել հայ-թրքական ու հայ-ռուսական բանակցութիւնները։ Ի պաշտօնէ ան ե՛ւ վարչապետ էր, ե՛ւ արտաքին գործերու նախարար։ Ալեքսանդրապոլի մէջ տեղակայուած քեմալական Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Քյազիմ Կարաբեքիր փաշան 18 Նոյեմբեր 1920-ին Հայաստանը պարտութեան մատնելէ ետք վերջնագիր ներկայացուցած էր հրաժարիլ Սեւրի պայմանագիրէն եւ վերջնական ժամկէտ նշանակել 25 Նոյեմբերի ժամը 6:45-ը։ Նախքան հրաժարական տալը, Օհանջանեանի կառավարութիւնը արդէն որոշած էր Կարաբեքիր փաշայի հետ բանակցութիւններ վարելու նպատակով Ալեքսանդրապոլ մեկնող պատուիրակութեան կազմը[7]։ Բանակցութիւններու վերսկսումը կը նախատեսուէր 24 նոյեմբերի գիշերուան 12-ը։ Ուշագրաւն այն է, որ զարմանալի զուգադիպութեամբ Բ. Լեգրան 19 Նոյեմբերին Երեւան ժամանած էր։ Այդպիսով, ակնյայտ էր ռուս-թրքական դաշնագրին իրողութիւնը. Ռուսաստան ակնդէտ կը հետեւէր թրքական բանակի յառաջխաղացքին։

...Փոխանակ Սեւրի դաշնագրի իրագործման, Հայաստան ունեցաւ նոր պատերազմ փաստօրէն երկու ճակատի վրայ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ[8][9],[10][11]։
- Սիմոն Վրացեան


Հայ-ռուսական յարաբերութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վրացեան վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ետք կը փորձէր բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել Խորհրդային Ռուսաստանի հետ Լեգրանի միջոցով, որ Պաքուէն Երեւան վերադարձած էր 19 Նոյեմբերին. թէեւ 28 Հոկտեմբեր 1920-ին ճամբորդած էր Մոսկուա` Հայ֊ռուսական պայմանագիրի կազմուած նախագիծը ստորագրելու ու հաստատելու նպատակով։ Պայմանագիրը Հայաստանի համար բաւական նպաստաւոր կէտեր կը պարունակէր (յատկապէս 2-րդ եւ 4-րդ կէտերը)[12], սակայն Լեգրան կանգ կ'առնէ Պաքուի մէջ։ Այն ատեն Ստալինի եւ Օրջոնիկիձէի ստորագրութեամբ հեռագիր կ'ուղարկուի Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործերու ժողկոմ Չիչերինին եւ Լենինին։ Հեռագիրին մէջ կ'ըսուի, որ պայմանագիրը «պէտք է հանգամանալից քննարկուի եւ ենթարկուի էական փոփոխութեան։ Թուրքիան պէտք է Ռուսաստանի ճնշման տակ նահանջէ մինչեւ 1914 թուականի սահմանը»[13]։ Բացի ատկէ 16 Նոյեմբերին Ստալին Լենինի հեռագիրով տեղեակ կը պահէր, որ Մդիվանիին հրահանգած է, որ «դաշնակների պատճառով թուրքերի հետ չկռուել»։

Եւ ահա, Լեգրան Երեւանի մէջ, 19 Նոյեմբերին Կովկասեան բիւրոյի անդամ Բ. Մդիվանիի մասնակցութեամբ երեք ժամ տեւողութեամբ զրոյց մը կ'ունենայ վարչապետ Հ. Օհանջանեանի եւ զինուորական նախարար Ռ. Տէր-Մինասեանի հետ։

Զրոյցը վարում էր այնպէս, կարծես անտեղեակ է Լեգրան ծաւալուող իրադարձութիւններին ու թուրքերի մտադրութիւններին։ Հետաքրքիր է, որ այս զրոյցի ընթացքում չի արծարծւում Հայաստանով Թուրքիա տանող ճանապարհի թրանզիթի հարցը, որը վերջին ամիսներին զբաղեցնում էր ռուսական կողմին եւ Հայաստանին ներկայացուող հիմնական պահանջն էր։ Այն, ըստ երեւոյթին, Հայաստանի գրաւումով ու խորհրդայնացումով կը համարուէր լուծուած։


Լենինին գրած նամակին մէջ Լեգրան գրած է, որ Ստալինի ղեկավարած խորհրդակցութիւնը բացասական ազդեցութիւն կ'ունենայ Հայ-ռուսական պայմանագիրին վրայ եւ «մենք փաստօրէն ոչինչ չենք կարող անել թուրքերի յարձակման կապակցութեամբ»[14]։

Բանակցութիւններ Լեգրանի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս պայմաններուն մէջ, 23 Նոյեմբերին Հայաստանի Խորհրդարանը վարչապետ կ'ընտրէ Ս. Վրացեանը, որ անմիջապէս բանակցութիւններ կը սկսի Բ. Լեգրանի հետ։ Բանակցութիւններու կարեւոր թեմաներն էին.

  • Հայաստանին ինչ միջոցներով եւ ինչպէս կրնար օգնել Խորհրդային Ռուսաստանը։ Ըստ Լեգրանի, պէտք է Ալեքսանդրապոլէն ետ կանչուի Ա. Խատիսեանի պատուիրակութիւնը, մերժուին թուրքերու պահանջները, խորհրդային զօրքերը մտնեն Հայաստան։ Սակայն Վրացեան կ'առարկէր ըսելով, որ ներկայ պահուն Հայաստանի սահմաններու մօտ անհրաժեշտ քանակութեամբ ռուսական զօրք չկայ եւ հետեւաբար ինչ երաշխիք կայ, որ «նախքան ռուսերու Երեւան հասնիլը, թուրքերը, բանակցութիւնները ընդհատելու պարագային, աւելի մօտ ըլլալով աւելի շուտ չեն մտներ Արարատեան դաշտ աւեր ու մահ սփռելով իրենց շուրջը»։ Լեգրան կը պատասխանէր, թէ թուրքերը, իմանալով ռուսական զօրքի Հայաստան մտնելու մասին, չեն համարձակիր յարձակիլ։ Վրացեան կը նկատէ, որ եթէ այդ այդպէս է, ապա ռուսական կողմին դիւանագիտական միջամտութիւնը լիովին բաւարար կրնար ըլլալ թրքական յարձակումը կասեցնելու համար, սակայն չ'ըլլար։ Վրացեան թէեւ ծանօթ չէր դաշնակներու համար թուրքերու հետ չկռուելու բովանդակութեամբ Ստալինի գրած հեռագիրին, սակայն կը հասկնար, որ ռուսերը թուրքերու հետ Հայաստանի համար չէին կռուիր։ Պարզ էր, որ պոլշեւիկեան Ռուսաստանի համար թուրքերը աւելի կարեւոր նշանակութիւն ունէին, քան ռուսերը թուրքերուն համար[15]։
  • Ռուսական կողմը կը պահանջէր հրաժարիլ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի օգնութենէն։ Սակայն Վրացեան կը հասկնար, որ հայ ժողովուրդը առանց այդ օգնութեան սովամահ կ'ըլլայ, Ռուսաստանէն ալ իրական օգնութիւն չեն կրնար ակնկալել, քանի որ կը հասկնան, որ Ռուսաստան նոյնպէս ծանր տնտեսական վիճակի մէջ է։
  • Վրացեան անհրաժեշտ կը համարէր Հայաստանի անկախութեան պահպանումը` շեշտելով յատկապէս Հայկական Հարցի իրաւատէրը ըլլալու հանգամանքը, որ կը կորսնցնէր խորհրդայնացման պարագային։
  • Վրացեան կը հաւաստիացնէր, որ Հայաստան պատրաստ է բարի դրացիական յարաբերութիւններ պահպանել Ռուսաստանի հետ եւ Ռուսաստանին կը տրամադրէ Հայաստանով Թուրքիա տանող ուղղակի ճանապարհ։
    Սիմոն Վրացեան Դրաստամատ Կանայեանի հետ

Բանակցութիւնները արդիւնաւէտ չեղան, քանի որ «Հայաստանի Խորհրդայնացման հարցը նախորդ ամիսներուն արդէն լուծուած էր Մոսկուայի եւ Պաքուի մէջ։ Սակայն հայ ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութենէն ելլելով բանակցութիւնները կը շարունակուէին Ալեքսանդրապոլի մէջ` թուրքերու, Երեւանի մէջ` Լեգրանի հետ։ Թուրքերը կտրականապէս կը մերժեն Ալեքսանդրապոլի մէջ Ռուսական կողմը ներկայացնող Մդիվանիի միջնորդութիւնը։ Իսկ Լեգրան մերժման այդ հանգամանքով կը մեկնաբանէ, թէ ինչու կարելի չ'ըլլար թուրքերուն Հայաստանի վերաբերեալ պայմաններ առաջադրել։ Մէկ այլ պարագային կ'ըսէ, որ Մդիվանին լիովին թուրքերու ազդեցութեան տակ է[16]։ Ըստ Խատիսեանի. «...ան աւելի շատ խանգարեց մեզ, քան օգնեց»[17]։

  • Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան (ուրուագիծ), Երեւան, 1920, 24 էջ:
  • Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան, 2–րդ հրտ., Պոսթըն, 1920, 64 էջ:
  • Բանակցութիւններ Ազգային պատուիրակութեան եւ Հայաստանի պատուիրակութեան միջեւ, Պոսթըն, 1920, 68 էջ:
  • Խարխափումներ (Յ. Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը անելիք չունի այլեւս» գրքի առթիւ), Պոսթըն, 1924, 230 էջ:
  • Հայաստանի հանրապետութիւն, Փարիզ, 1928, 548 էջ:
  • Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. Ա, Պոսթըն, 1934, 395 էջ:
  • Դիւան Հ. Յ. Դաշնակցութեան, խմբ. Ս. Վրացեան, հատ. Բ, Պոսթըն, 1938, 464 էջ:
  • Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ, Պոսթըն, 1941, 271 էջ:
  • Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան (1890–1950), կազմեց՝ Ս. Վրացեան, Պոսթըն, 1950, 636 էջ:
  • Վաթսունամեակ Հ. Յ. Դաշնակցութեան (1890–1950), կազմեց՝ Ս. Վրացեան, Պոսթըն, 1950, 264 էջ:
  • Հայաստանը բոլշեւիկեան մուրճի եւ թրքական սալի միջեւ, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1953, 208 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ա, Գահիրէ, 1955, 295 էջ:
  • Հայաստան եւ սփիւռք, Թեհրան, 1956, 66 էջ:
  • Հայաստանի հանրապետութիւն, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1958, 684 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Բ, Պէյրութ, 1960, 307 էջ:
  • Հին թղթեր նոր պատմութեան համար, Պէյրութ, 1962, 381 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Գ, Պէյրութ, 1963, 278 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Դ, Պէյրութ, 1965, 307 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ե, Պէյրութ, 1966, 363 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Զ, Պէյրութ, 1967, 348 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ա, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1967, 295 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Բ, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1967, 307 էջ:
  • Մրրկածին Դրօն, Պէյրութ, 1968:
  • Անձինք նուիրեալք (յուշագրութիւն), Պէյրութ, 1969, 248 էջ:
  • Ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս խորհրդայնացաւ Հայաստանը, Թեհրան, 1982, 53 էջ:
  • Հայաստանի հանրապետութիւն, 3–րդ հրտ., Թեհրան, 1982, 684 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ա, 3–րդ հրտ., Թեհրան, 1985, 284 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Բ, 3–րդ հրտ., Թեհրան, 1985, 308 էջ:
  • Հայաստանի հանրապետություն, 4–րդ հրտ., Երեւան, 1993, 704 էջ:
  • Մրրկածին Դրօն, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 1996, 207 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ա, 4–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 273 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Բ, 4–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 289 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Գ, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 265 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Դ, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 302 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Ե, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 360 էջ:
  • Կեանքի ուղիներով, հատ. Զ, 2–րդ հրտ., Պէյրութ, 2007, 344 էջ:
  • Խարխափումներ (Հովհ. Քաջազնունու Հ. Յ. Դաշնակցությունը անելիք չունի այլեւս գրքի առթիվ), 2–րդ հրտ., Երեւան, 2016, 188 էջ:

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. https://armenianweekly.com/history/
  3. Վրացեան Սիմոն (26 նոյեմբերի 1920 թվական)։ «Հայաստանի Հանրապետությունը 1918-1920 թթ. (Քաղաքական պատմություն): 320. Հայաստանի նախարարապետի հրամանը հանրապետության վերջին կառավարութիւնը կազմելու մասին»։ Հառաջ։ էջ 356 
  4. 4,0 4,1 «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թթ. (Քաղաքական պատմութիւն):»։ ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու ինստիտուտ։ էջ 418 
  5. Հայաստանի Ազգային արխիվ, ֆ. 199, ց. 1, գ. 119, թ. 75։ «Հառաջ», 26.XI.1920: Ս. Վրացյան, Հայաստանի Հանրապետություն, էջ 521
  6. Հայաստանի Ազգային արխիվ, ֆ. 199, ց. 1, գ. 133, թ. 162
  7. Անիկա կը գլխաւորէր Խատիսեանը, անդամներն էին նախարար Ա. Կիւլխանգանեանը, Կարսի նահանգապետ Ս. Ղորղանեանը, խորհրդարանի անդամներ Վ. Մինախորեանը, Լ. Զարիֆեանը եւ ուրիշներ։
  8. Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութիւն, էջ 517
  9. Սիմոն Վրացեան Կեանքի ուղիներով, էջ 177
  10. Ա. Խատիսյան ա ն. նչվ. աչքս., էջ 254-255
  11. Վրացյան Սիմոն (26 Նոյեմբերի 1920 թվական)։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թուականներուն (Քաղաքական պատմութիւն): 320. Հայաստանի նախարարապետի հրամանը հանրապետութեան վերջին կառավարութիւնը կազմելու մասին»։ Հառաջ։ էջ 254-255 
  12. Վրացյան Սիմոն (26 Նոյեմբեր 1920 թուական)։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թուականներուն (Քաղաքական պատմութիւն): 320 Հայաստանի նախարարապետի հրամանը հանրապետութեան վերջին կառավարութիւնը կազմելու մասին»։ Հառաջ։ էջ 326-327 
  13. Սիմոն Վրացեան «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խորհրդայնացաւ Հայաստանը» — Հայրենիք 1941, N 3, էջ 92
  14. Վրացյան Սիմոն (26 Նոյեմբերի 1920 թուական)։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թուականներուն (Քաղաքական պատմութիւն): 320 Հայաստանի նախարարապետի հրամանը հանրապետութեան վերջին կառավարութիւնը կազմելու մասին»։ Հառաջ։ էջ 330, վավ. N 287 
  15. Սիմոն Վրացեան Հայաստանի Հանրապետութիւն, 529
  16. Վրացյան Սիմոն (26 նոյեմբերի 1920 թվական)։ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-1920 թուականներուն (Քաղաքական պատմութիւն): N 323, N 330»։ Հառաջ։ էջ 357, 364 
  17. Ա. Խատիսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը, 1966, էջ 263