Jump to content

Ծաղկակաղամբ

Ծաղկակաղամբ (լատին․՝ Brassica Cauliflora), բանջարանոցային կաղամբներու ենթատեսակին մէջ մտնող բազմաթիւ բանջարեղէններէն մէկը:

Շատ ջուր եւ քիչ ջերմուժ պարունակող ծաղկակաղամբը հարուստ է կենսանիւթերով, յատկապէս` «Սի», «Պի 6» եւ «Պի 9», բացի կենսանիւթերէն` անիկա կը պարունակէ հանքանիւթեր եւ հզօր հակաօքսիտաններ:

Անոր հետեւողական սպառումը`

  • Կը պահպանէ սիրտին առողջութիւնը:
  • Կը բարելաւէ ուղեղին աշխատանքը:
  • Կը նպաստէ մարսողութեան:
  • Հակաքաղցկեղային է, ունի քաղցկեղի որոշ տեսակներու պատճառ հանդիսացող բջիջները վերացնելու յատկութիւն:
  • Կ'օգնէ նիհարնալու:
  • Կը պաշտպանէ մորթը վաղաժամ ծերացումէ:
  • Միզամուղ է[1]:
  • Կը բարելաւէ սրտանօթային համակարգը:
  • Կը պաշտպանէ թոքերու, միզապարկի, ստինքի, փրոսթաթի, ձուարաններու քաղցկեղէ:
  • Կը կանխարգիլէ տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւնները:
  • Կը կարգաւորէ արեան բարձր ճնշումը եւ քոլեսթերոլի մակարդակը:
  • Կը կարգաւորէ շաքարի տոկոսը արեան մէջ:
  • Կը զօրացնէ ոսկորները եւ կը կանխարգիլէ օսթէոփորոզը:
  • Կը զօրացնէ մարմինին դիմադրականութիւնը:
  • Կ'օգնէ առողջ մազեր ունենալու:
  • Կը մաքրէ աղիքները եւ կը ձերբազատէ լեարդը թոյներէն[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]