Հռոմէական Կայսրութիւն
Հռոմէական կայսրութիւն (լատիներէն՝ Imperium Romanum, հին յունարէն՝ Βασιλεία Ῥωμαίων), Հին Հռոմի յետ-հանրապետական ժամանակաշրջան, որ կը բնութագրուի միանձնեայ իշխանութեամբ եւ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ հսկայական տարածքներ ընդգրկող պետութեան հաստատմամբ[1]։
Եզրը կը գործածուի առաջին կայսր՝ Օգոստոսի կառավարումէն սկսեալ մինչեւ 476-ին, Հին Հռոմի պատմութիւնը բնութագրելու համար։
Կայսրութեան նախորդող եւ 500-Ամեայ պատմութիւն ունեցող Հռոմի Հանրապետութիւնը տկարացած էր բազմաթիւ քաղաքացիական պատերազմներու պատճառով (քաղաքացիական պատերազմներուն ընթացքին բազմաթիւ ծերակուտականներ սպաննուած էին եւ Ծերակոյտին մէջ կը գերակշռէին Առաջին կամ Երկրորդ եռապետութեան այս կամ այն մասնակիցներուն աջակիցները)։
Պատմաբանները կը մատնանշեն շարք մը իրադարձութիւններ, որոնք կը բնութագրեն հանրապետութենէն կայսրութիւն անցումը, ներառեալ՝ Յուլիոս Կեսարի հռչակումը իբրեւ ցմահ միապետ (Ք.Ա. 44-ին), Աքթիոնի նաւամարտը (Ք.Ա. 2 Սեպտեմբեր 31-ին ), եւ Սենատին (Ծերակոյտին) կողմէ Օգոստոս (Ղայիոս) Օքթավիանոսին կոչման շնորհումը (Ք.Ա. 4 Յունուար 27-ին) (Օքթավիանոս շատ խորամանկ քաղաքական գործիչ մըն էր. ան կը յայտարարէ, թէ փրկած է Հռոմը եւ պահպանած՝ հանրապետական շրջանէն կարգ մը տարրեր. խորհրդատուները կը շարունակեն ընտրուիլ, Փլեպէյներու ատեանները կը շարունակեն առաջարկել օրինագիծեր, սակայն իրականութեան մէջ, Օգոստոսն էր, որուն ձեռքին մէջ կը գտնուէր ամբողջ իշխանութիւնը, վերջնական որոշում կայացնելու իրաւունքը եւ բանակը)։
Հռոմի ընդարձակումը կը սկսի հանրապետութեան ժամանակաշրջանին, սակայն իր գագաթնակէտին կը հասնի Տրայանոս կայսեր գահակալման ընթացքին։ Կայսրութիւնը իր ծաւալման շրջանին կը զբաղեցնէ 6,5 միլիոն քառակուսի քիլոմեթր տարածք[2]։ Տուեալ պետական միաւորման երկարատեւ գոյատեւման շնորհիւ, հռոմէական մշակոյթը, օրէնքներն ու կառավարման համակարգը մեծ ազդեցութիւն կ'ունենան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդներուն վրայ։
Գ. դարու վերջաւորութեան, երկիրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպելու նպատակով, Դիոկղետիանոս հսկայ կայսրութեան տարածքը կը բաժնէ ենթակայսրերու միջեւ՝ այդպիսով վերջ դնելով Գ. դարու ճգնաժամին։
Յաջորդ դարերուն ընթացքին, կայսրութիւնը քանի մը անգամ կը կիսուի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածներու։
Թէոտոս Ա. Մեծ կայսեր մահէն ետք՝ 395-ին, կայսրութիւնը վերջնականապէս կը բաժնուի [3]։
Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութիւնը կը դադրի գոյութիւն ունենալէ 476-ին, երբ վերջին կայսր Հռումուլուս Աւկուսդուլուսը կը ստիպուի գերմանացի վարձկաններու առաջնորդ Օտոագրին ճանչնալ իբրեւ կայսր։ Արեւելեան հատուածը կամ Բիւզանդական կայսրութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել,նոյնիսկ պահ մը վերականգնել Հռոմէական կայսրութեան երբեմնի հզօրութիւնը։ Բիւզանդական կայսրութիւնը կը կործանի 1453-ին, երբ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիսը կը գրաւուի Օսմանեան-թուրքերուն կողմէ եւ կը սպաննուի վերջին կայսր Կոստանդին ԺԱ.-ը[4]։
Կառավարման Համակարգ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կայսր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կայսեր ղեկավարութեան հեղինակային իրաւունքները կը բաժնուին երկու ճիւղերու՝ «ատենակալական իրաւունք կամ հեղինակութիւն» (potestas tribunicia) (անգլ.՝ tribunician) եւ «փոխնահանգի, փոխկուսակալի կամ փոխհիւպատոսային բացարձակ հեղինակութիւն» imperium proconsulare)[5]։ Ատենակալական հեղինակութիւնները (որոնք նման էին հանրապետութեան «փլէպէյներ» Plebs, Plebeians, tribune of the plebs, tribune of the people, իրաւազուրկ եւ կամ ստորադաս դասակարգի ատենակալի իրաւունքներուն. «փլէպէյներ» Plebs, Plebeians լատ.՝ հին հռոմի քաղաքականապէս իրաւազուրկ դասակարգ կամ ամբոխ) կայսեր իրաւունք կամ հեղինակութիւն կու տային ղեկավարելու քաղաքացիական կառավարման համակարգը, ներառեալ ծերակուտական ժողովը (Senate)[5]։
Անթիհիւպատոսական իրաւունքները (imperium proconsulare) (որոնք նման էին հանրապետական շրջանի ռազմական գործիչներու իրաւունքներուն) իրեն կու տային բանակը կառավարելու հնարաւորութիւն։ Ան ունէր նաեւ պատերազմ յայտարարելու կամ ալ պայմանագիր կնքելու իրաւունք։
Կայսրը իրաւունք ունէր նաեւ կառավարելու ծերակուտական (Senate) կազմը, կրօնական հաստատութիւնները եւ, իբրեւ կայսր, ան միշտ կը համարուէր «Փոնթիֆէքս Մաքսիմուս» (ծայրագոյն Քահանայապետ) եւ չորս գլխաւոր քահանայապետներէն մէկը։ Ի հարկ է, իրաւունքներու նման տարբերակը ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը եւ կայսեր իշխանութիւնը կը դառնայ նուազ սահմանադրական եւ առաւել միապետական։
Կայսեր իշխանութեան յենարանը բանակն էր։ Զինուորները կը վճարուէին կայսերական գանձարանէն եւ ամէն տարի հաւատարմութեան երդում կու տային կայսեր, որ կը կոչուէր ուխտ «սաքրամենթում» (Սacramentum, Sacrament)[6]:
Կայսեր մահէն ետք, սովորաբար խառնաշփոթութիւն կը յառաջանայ։ Ծերակուտական կազմը իրաւունք կամ հեղինակութիւն ունէր հռչակելու նոր կայսր մը, սակայն կայսրերուն մեծ մասը ինք կ'ընտրէր իր ժառանգորդը՝ սովորաբար հարազատներէն ոեւէ մէկը։ Ո՛չ մէկ կայսր կրնար գահին վրայ երկար մնալ առանց Փրեթորական (Pretorian) պահակախումբին եւ լեգէոններու (legions - հետեւակ՝ 400 - 600 ձիաւոր) աջակցութեան։ Կարգ մը կայսրեր, անոնց համակրանքը շահելու նպատակով, զինուորներուն կը վճարէին յաւելեալ նուիրատուութիւններ՝ այսպէս կոչուած «donative» պարգեւ։
Սենատ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ընդհանրապէս, կայսրն ու (սենատը) ծերակոյտը կառավարութեան հաւասարազօր իշխանութեան մարմիններ էին, սակայն իրական իշխանութիւնը կայսեր ձեռքն էր։ Եւ հակառակ իր սենատոր (ծերակուտական) հանգամանքին ան կը համարուէր պատուաւոր եւ փառահեղ կոչում, սակայն ծերակուտականը ընդամէնը գործիք էր կայսեր ձեռքին մէջ եւ կ'օգտագործուէր վերջինիս կառավարութիւնը օրինականացնելու համար[7]։
Կարգ մը կայսրեր, ծերակուտականի նկատմամբ մեծ յարգանք կը ցուցաբերէին, իսկ ոմանք ալ՝ արհամարհանք։ Ծերակուտական կազմի գումարման ատեն, կայսրը կը նստէր երկու հիւպատոսներու միջեւ[8]: Աւելի ցած կոչում ունեցող ծերակուտականներ կը խօսէին բարձր կոչում ունեցողներէն ետք, իսկ կայսրը կրնար խօսիլ երբ փափաքէր[8]։
Գ. դարուն Ծերակուտական կազմը վերածուած էր բարձրաշուք, սակայն զուտ ձեւական բնոյթ կրող կառավարման մարմինի։
Սենատորներն ու Հեծեալները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ոչ մէկ կայսր կրնար կառավարել առանց սենատորներու եւ հեծեալներու կարգին։ Ամէնէն պատշաճ պաշտօնները կը տրուէին այդ երկու ազնուական դասերուն։ Այդ պաշտօններն էին՝ նահանգի կառավարիչ, լէգէոնի հրամանատար եւ նմանատիպ բարձր պաշտօններ։ Հեծեալներու եւ ծերակուտականներու դասը կը փոխանցուէր ժառանգաբար եւ մեծ մասամբ փակ էր օտարներուն համար։ Հեծեալ կամ սենատոր կրնար դառնալ մեծ յարգանք վայելող եւ փառաւոր անձնաւորութիւնը, սակայն նման դէպքեր հազուադէպ էին։ Երիտասարդ ազնուականին ապագան կախեալ էր իր ընտանիքին կապերէն։
Այնքան որքան ունակութիւնները, գիտելիքը, տաղանդը անհրաժեշտ էին բարձր պաշտօնի համար, նոյնքան ալ անհրաժեշտ էր կայսեր հայեցողութիւնը։
Ծերակուտական Դաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սենատորը պէտք է ունենար բաւականաչափ ունեցուածք՝ նուազագոյնը 12,000 ոսկեդրամ[9], (մօտաւորապէս 100 քկ ոսկի), սահմանում մը, որ դարերու ընթացքին անընդհատ աճի մէջ էր։
Հեծեալներու Դաս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սենատորներու դասին կը յաջորդէր հեծեալներու դասը։ Կարգ մը կարեւոր պաշտօններ, ինչպէս օրինակ Եգիպտոս նահանգին կառավարումը արգիլուած էր սենատորներուն եւ կը տրուէր միայն հեծեալներուն։
Բանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լեգէոններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քաղաքացիական պատերազմներէն ետք, յառաջացած էր 60 լեգէոն, որոնց թիւը Օգոստոսին կը կրճատուի եւ կը հասնի 28-ի[10][10]: Կարգ մը լեգէոններ ուղղակի կը ցրուին, ուրիշներ կը ձուլուին (անոր վկայութիւնն է լեգէոններէն մէկուն տրուած «Կեմինա» (Երկուորեակ) կոչումը)[10]:
Ք.Ա. 9 թուականին գերմանական ցեղերը Թեւթոպուրկեան անտառի ճակատամարտին կը վերացնեն 3 լեգէոն, եւ լեգէոններու թիւը կը հասնի 25-ի: Յաջորդ 300 տարիներու ընթացքին լեգէոններուն թիւը մօտաւորապէս 30 էր[11]:
Օգոստոս կը ստեղծէ նաեւ Պրետորական պահակախումբը. անոնք 9 գունդեր էին, որոնք տեղակայուած էին Իտալիոյ մէջ եւ Հռոմի մէջ խաղաղութիւն պէտք է պահպանէին: Պրետորականներու աշխատավարձը լեգէոններէն աւելի բարձր էր, եւ անոնք աւելի քիչ կը ծառայէին՝ լեգէոններու 25 տարուան փոխարէն 16 տարի[12]:
Օգնական Ուժեր (Օքզիլիա)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէեւ Օքզիլիան (Լատիներէն: auxilia = աջակիցներ) յայտնի չէր այնքան, որքան լեգէոնները, սակայն անիկա որոշակի դեր կը կատարէր հռոմէական զինուորական համակարգին մէջ: Օքզիլիան հռոմէական քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու համախմբում էր: Անիկա թուաքանակով լեգէոնէն աւելի փոքր միաւոր էր, հոն ծառայողները աւելի քիչ կը վճարուէին:
25 տարուան ծառայութենէ ետք, զինուորները կը ստանային հռոմէական քաղաքացիութիւն, որ ժառանգաբար կ'անցնէր իրենց զաւակներուն:
Ըստ պատմիչ Քոռնելիուս Թաքիթուսի[13], կայսրութեան մէջ որքան Օքզիլիա կար, նոյնքան ալ լեգէոն: Քանի որ յայտնի է, որ այդ օրերուն կար 25 լեգէոն՝ իւրաքանչիւրին մէջ մօտ 5.000 զինուոր, հետեւաբար Օքզիլիայի մէջ պէտք է ընդհանուր առմամբ 125.000 զինուոր եւ մօտաւորապէս 250 Օքզիլիական միաւորում ըլլար[14]:
Նաւատորմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմէական նաւատորմը (Լատիներէն: Classis, բառացիօրէն. «նաւատորմ») ո՛չ միայն ռազմամթերք կ'ապահովէր լեգէոններուն եւ կը ծառայէր իբրեւ փոխադրամիջոց իրենց համար, այլ՝ կ'օգնէր կայսրութեան սահմաններ հանդիսացող Հռենոս եւ Տանուպ գետերու պաշտպանութեան: Իրենց պարտականութիւնն էր նաեւ քաղաքացիական նաւերը ծովահէններու յարձակումներէն պաշտպանել: Այսպիսով, անիկա գիշերապահութիւն կ'ընէր ամբողջ Միջերկրական ծովու ափին, հիւսիսային Ատլանտեան ովկիանոսի որոշ հատուածներու (Հիսպանիոյ, Կալիոյ եւ Բրիտանիոյ ափերուն), կարգ մը ռազմանաւեր ալ կը գտնուէին Սեւ ծովուն մէջ: Հակառակ անոր որ ցամաքային զօրքերը կը համարուէին բանակի աւելի պատուաւոր եւ աւագ ճիւղը[15]:
Նահանգներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հռոմէական կայսրութեան Իտալիայէն դուրս գտնուող վարչական եւ տարածքային միաւորները կը կոչուէին փրովինսիաներ (լատ.՝ provincae), թարգմանաբար՝ նահանգներ:
Հանրապետութեան օրերուն՝ նահանգներու կառավարումը[16] կը շնորհուէր սենատորական դասի ներկայացուցիչներուն:
Օգոստոսի բարեփոխումները կը փոխեն այդ կարգը:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ "Roman Empire", Microsoft Encarta Online Encyclopedia 2008
- ↑ Parker, Philip, "The Empire Stops Here". p.2.
- ↑ Chester G. Starr, A History of the Ancient World, Second Edition. Oxford University Press, 1974. pp. 670–678.
- ↑ Asimov, p. 198.
- ↑ 5,0 5,1 Աբբոտ, 342
- ↑ Գոլդսվորտի Adrian (2003)։ «The Life of a Roman Soldier»։ The Complete Roman Army։ London: Thames & Hudson։ էջ 80։ ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Աբբոտ, 385
- ↑ 8,0 8,1 Աբբոտ, 383
- ↑ Suetonius,The Twelve Caesars, Life of Augustus paragraph 41
- ↑ 10,0 10,1 10,2 The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի, 2003 chapter The Army of the Principate, p.50; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի, 2005 chapter The Army of the Principate, p.183; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Rome and her enemies published by Osprey, 2005 part 3 Early Empire 27BC — AD 235, chapter 9 The Romans, section Remuneration, p.183; ISBN 978-1-84603-336-0
- ↑ Կոռնելիոս Տակիտոս, Տարեգրութիւններ. IV.5
- ↑ Գոլդսվորտի (2003) 51
- ↑ The complete Roman army by Adrian Գոլդսվորտի 2003, chapter After Service, p.114; ISBN 0-500-05124-0
- ↑ Suetonius, The Twelve Caesars, Life of Augusts paragraph 47