Զանգեզուր
Պատմական շրջան Արեւելեան Հայաստանի մէջ | |
---|---|
Զանգեզուր | |
Երկիր |
Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն Հայաստան |
Զանգեզուր, պատմական շրջան Արեւելեան Հայաստանի մէջ, Զանգեզուրի լեռնաշղթայի լենռերուն մօտ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զանգեզուրը պատմականօրէն ընդգրկուած է Մեծ Հայքի Սիւնիք նահանգի կազմին մէջ եւ սահմանակից եղած՝ Այրարատ, Վասպուրական, Արցախ, Ուտիք եւ Գուգարք նահանգներուն:
Սիւնիքի տարածքին մէջ յայտնաբերուած են Արտաշէս Ա․-ի արձանագրութիւնները: 2-րդ դարէն մինչեւ 4-րդ դարու վերջը Սիւնիքը եղած է Մեծ Հայքի կազմին մէջ, ուր թագաւորած են Արտաշէսեանները ապա Արշակունիները: Շուրջ հազար տարի Սիւնիքի մէջ իշխեր են հին հայկական Սիւնի տոհմի ներկայացուցիչները: 301 թուականին Սիւնիքը, ինչպէս եւ ողջ Մեծ Հայքը, ընդունած է քրստոնէութիւնը: Ընտ զորանամակի՝ Մեծ Հայքի թագաւորական բանակին Սիւնիքը տուեր է ամենաշատ թուով զինուորները (19400):
Չորրորդ դարէն Սիւնիքը կը յիշատակուի որպէս հայկական ամենամեծ նախարարութիւններէն մէկը, ուր ժարանգաբար կ՝իշխեն Սիւնի տոհմի ներկայացուցիչները:
Սիւնիքի 12 գաւառներէն Զանգեզուրի տարածքին մէջ էին եօթը (Ճահուկ, Աղահեճք, Ղաբանդ, Բաղք կամ Բալք, Ձորք, Արեւիք եւ Կովսական):
5-րդ դարու սկիզբը այստեղ գործունէութիւն ծաւալեր է Մեսրոպ Մաշտոց: 428 թուականէն մինչեւ 8-րդ դարու սկիզբը Զանգեզուրը եղած է Սասանեան Պարսկաստանի Հայկական մարզապանութեան կազմին մէջ: 7-րդ դարուն Զանգեզուրը գրաւած են արաբները:
9-11-րդ դարերուն Զանգեզուրը եղած է Սիւնիքի թագաւորութեան մաս, որ եղած է Հայկական թագաւորութեան կազմին մէջ, իսկ 11-րդ դարու երկրորդ կիսուն՝ Հայկական թագաւորութեան անկումէն յետոյ, եղած է ինքնուրոյն թագաւորութիւն մինչեւ 1170 թուականը։ Այսպիսով՝ Հայկական թագաւորութեան կործանումէն յետոյ, Սյունիքը Տաշիր-Ձորագետի թագաւորութեան հետ միասին եղած է հայկական այն սակաւաթիւ տարածքներէն մէկը, որ պահպանած է իր անկախութիւնը։ 1211-1435 թուականներուն Սիւնիքի մէջ ծաղկում ապրած է Օրբելեաններու իշխանական տոհմը։
16-18-րդ դարերուն Զանգեզուրի մէջ ծաւալած է հայերու ազատագրական պայքարը՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ու Պարսկաստանի։ Պայքարն առաւել զօրացած է 18-րդ դարուն՝ Դաւիթ Պէկի օրօք, որ ազատագրած է Զանգեզուրն օտարի տիրապետութենէն, եւ որու իշխանութիւնը ճանչցուած է Սեֆեաններու կողմէ։ 16-19-րդ դարերուն Զանգեզուրն Արեւելեան Հայաստանի հետ միասին ընդգրկուած եղած է Երեւանի կուսակալութեան կազմին մէջ, որ եղած է Սեֆիդեաններու, ապա Աֆշարներու տիրապետութեան տակ, իսկ յետագային բաժնուած է Երեւանի, Նախիջեւանի ու Ղարաբաղի խանութիւններուն միջեւ։
1813 թուականին Կիւլիստանի պայմանագրով Զանգեզուրը միացուած է Ռուսական կայսրութեան, որու կազմին մէջ 1868 թուականի Յունուար 25-ին Ելիզավետպոլի նահանգի կազմաւորման ժամանակ Բաքուի նահանգի Շուշիի գաւառի ու Երեւանի նահանգի Օրդուբադի գաւառի տարածքներուն մէկ մասէն կազմաւորուած է Զանգեզուրի գաւառը։ 1897 թուականին Զանգեզուրի շրջանի 137,9 հազար բնակիչներէն 71,2 հազարը իսլամներ եղած են, 63,6 հազարը՝ հայեր (46,2%), 1,8 հազարը՝ քիւրտեր (1,3%), 1,0 հազարը՝ սլաւոններ (գլխաւորաբար) ռուսեր, ինչպէս նաեւ ուքրանացիներ եւ պելառուսեր (0,73%)։ Իսլամադաւան բնակչութիւնը կեդրոնացած էր գլխաւորաբար Արաքս եւ Հագարու գետերու հովիտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Նախիջեւանի գաւառի սահմանին։
1917 թուականի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն եւ Անդրկովկասեան Դեմոկրատական Ֆետերաթիւ Հանրապետութեան անկումէն յետոյ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ վէճեր սկսած են շարք մը տարածքներու պատկանելութեան վերաբերեալ, որոնց կարգին էր նաեւ Զանգեզուրը։ 1918 թուականէն Զանգեզուրի գաւառին մէջ տեղի ունեցած են ռազմական բախումներ՝ հայերու ու ազրպէյճանցիներու միջեւ։ Այդ տարածքին մէջ իշխանութիւնն իր ձեռքն առած է Անդրանիկ Օզանեանը, ապա Գարեգին Նժդեհը։
1920 թուականի Օգոստոս 10-ին Հայաստանի Դեմոկրատական Հանրապետութեան ու ՌՍՖՍՀ միջեւ կը կնքուի պայմանագիր, որու համաձայն՝ մինչեւ տարածքային վէճերու լուծումը, Զանգեզուրի տարածքին մէջ կը տեղակայուին խորհրդային զօրքեր։
1920 թուականի Նոյեմբեր 29-ին Հայաստանի մէջ կը հռչակուի խորհրդային իշխանութիւն, իսկ Նոյեմբեր 30-ին Խորհրդային Ազրպէյճանի ԱզՌեւԿոմը, դադրեցնելով սահմանային վէճերը, կը յայտարարէ, որ Զանգեզուրը կը պատկանի Խորհրդային Հայաստանին։
1920 թուականի Դեկտեմբերին ՌՍՖՍՀ-ի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած է պայմանագիր, որով հաստատուած է, որ Զանգեզուրը կը պատկանի Հայկական ԽՍՀ-ին։
Ըստ ԽՍՀՄ ԳԱ Կովկասի ժողովրդագրական ժողովածուին՝ Հայաստանի՝ ազրպէյճանցիներով բնակեցուած տարածքները դատարկուած են. դաշնակցականներու կողմէ այստեղ իրականացուած է յատուկ քաղաքականութիւն՝ «երկիրը մաքրելու օտարազգիներէն» եւ առաջին հերթին իսլամներէն, որոնք վտարուած են Նոր Պայազետի, Երեւանի, Էջմիածինի ու Շարուր-Դարալագեազի գաւառներէն։ Միեւնոյն ժամանակ դատարկուած են Ազրպէյճանի՝ հայերով բնակեցուած տարածքները, վտարուած են տասնեակ հազարաւոր հայեր։ Ն. Վոլկովան կը նշէ, որ 1897 թուականին Զանգեզուրի գաւառի (որ կ'ընդգրկէր նաեւ ազրպէյճանական ԽՍՀ՝ յետագային ձեւաւորուած Լաչինի, Զանգելանի ու Ղուբաթլուի շրջանները) 137, 9 հազար բնակիչներէն 71, 2 հազարը ազրպէյճանցիներ էին (51, 7 %), 63, 6 հազարը՝ հայեր (46, 2 %), 1, 8 հազարը՝ քիւրտեր (1, 3 %)։ 1922 թուականին գիւղատնտեսական հաշուառման տուեալներով՝ Զանգեզուրի՝ Հայկական ԽՍՀ-ին անցած տարածքին մէջ կ'ապրէր 63, 5 հազար մարդ, այդ կարգին՝ 56, 9 հազար հայ (89, 5 %), 6, 5 հազար ազրպէյճանցի (10, 2 %), 0, 2 հազար ռուս (0, 3 %)։
1918 թուականին թրքական զօրքերու դուրսբերումէն յետոյ, հայկական զինուած ուժերը Անդրանիկ Օզանեանի գլխաւորութեամբ մեծ դեր խաղացին Զանգեզուրի՝ իսլամներով բնակեցուած տարածքներու դատարկմանն ու շրջանի էթնիկական մաքրման։ Բրիտանական հրամանատարութիւնը քաղաքական նպատակներով Անդրանիկին թոյլ չտուաւ նոյն կերպ վարուիլ նաեւ Ղարաբաղի մէջ։ Անդրանիկն Արեւմտեան Հայաստանէն իր հետ Արեւելեան Հայաստան բերած է 30 հազար հայ փախստականներ, որոնք գլխաւորաբար Մուշէն ու Պիթլիսէն էին եւ կրցած էին դիմադրել թուրքերու յարձակումներուն։ Փախստականներու մեծ մասը բնակութիւն կը հաստատէ Զանգեզուրի մէջ, միւսները՝ Երեւանի եւ Դարալագեազի շրջաններուն մէջ՝ փոխարինելով այդտեղէն վտարուած իսլամները։
Խորհրդային տարիներուն Զանգեզուրի կազմին մէջ կը գտնուէին Հայկական ԽՍՀ Գորիսի, Կապանի, Մեղրիի եւ Սիսիանի շրջանները, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական ԽՍՀ Լաչինի, Զանգելանի եւ Կուբաթլուի շրջանները; 1992-1993 թուականին Զանգեզուրի արեւելեան շրջանները ազատագրուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կողմէ եւ ընդգրկուած՝ Քաշաթաղի շրջանի կազմին մէջ, իսկ 1995 թուականին Հայկական ԽՍՀ չորս շրջանները միաւորուած են Սիւնիքի մարզի կազմին մէջ։ 2020 թուականին Քաշաթաղի շրջանի մէկ մասը կը գրաւուի, մէկ մասն ալ կը յանձնուի Ազրպէյջանին։
Ստուգաբանութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զանգեզուր անուան ծագման վերաբերեալ գոյութիւն ունին քանի մը վարկածներ։
Ըստ Ղեւոնդ Ալիշանի՝ «Զանգեզուր» բառը կապուած է Ձագաձոր բերդաւանի անուան հետ։ Վերջինս իր հերթին ծագում առած է Սիւնեաց Ձագիկ նահապետի անունէն, որ եղած է Սիսակ նահապետի տոհմէն։ Ժամանակի ընթացքին Ձագաձոր անունը փոփոխութեան ենթարկուած է եւ դարձած՝ Զանգեզուր։ Զանգեզուր բառի ծագումը կը կապուի նաեւ Ծակեձոր տեղանուան հետ, որ տեղակայուած է Գորիս քաղաքէն դէպի հարաւ-արեւելք՝ Գորիս գետի հովիտին մէջ։
Տեղանունը կը բացատրուի նաեւ որպես «զանգ» եւ «ձոր», սակայն նման բացատրութիւնը հաւանական չէ։ Աւանդութիւններէն մէկուն համաձայն՝ բառի արմատներն են «Զանգը զոռ» արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ «զօրեղ զանգ». Գորիսէն երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եղած է վանք, որ ունեցած է զօրեղ զանգ, որու ձայնը լսուած է շատ հեռուէն։
Աւանդութեան համաձայն՝ Զանգեզուր անուանումն սկսած է օգտագործուիլ Լենկ-Թեմուրի արշաւանքներէն յետոյ։ Մեհրի անունով հայ իշխան մը Լենկ-Թեմուրին կ'առաջարկէ իր օգնութիւնը՝ ըսելով, թէ ան չի կրնար գրաւել Սիւնիքը, քանի դեռ Խոտ գիւղին մէջ կայ մեծ զանգը, որով վտանգի պարագային կը զգուշացնէ մարդկոց։ Լենկ-Թեմուրը ոսկի ու իշխանութիւն կը խոստանայ դաւաճանին, եթէ ան լռեցնէ զանգը։ Մեհրին ու իր մարդիկը գիշերը զանգի տակ կրակ կը վառեն եւ կը կտրեն անոր ձայնը։ Առաւօտեան Լենկ-Թեմուրի զօրքերն կ'անցնին Արաքսը եւ կը ներխուժեն Սիւնիք։ Զանգի միջոցով հնարաւոր չ'ըլլար զգուշացնել մարդոց եւ Լենկ-Թեմուրը մէկ օրուայ ընթացքին կը գրաւէ Սիւնիքը։ Մարդիկ յետոյ կը հարցնեն, թէ ինչ եղած էր զանգին։ Անոնց կը պատասխանեն. «Զանգը ի զուր է, զանգը ի զուր է...»։ Անկէ յետոյ այդ տեղը սկսած են կոչել Զանգեզուր։
Արդիւնաբերութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զանգեզուրի մէջ կը գործէ Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գոմպինաթը, ուր կը վերամշակուի Քաջարանի պղինձ-մոլիպտենային հանքավայրէն բերուած հանքանիւթը։ Քաջարանի պղինձ-մոլիպտենային հանքավայրը պղնձամոլիպտենային ամէնամեծ հանքավայրերէն մէկն է աշխարհի մէջ։ Այնտեղէն յանված հանքանիւթին մէջ կը պարունակուի մօտաւորապէս 7 % մոլիպտեն։ Գոմպինաթին մէջ վերամշակուած հանքանիւթը կ'ուղարկուի Եւրոպա (Իրանով ու Վրաստանով)։