Անդրանիկ Օզանեան

Անդրանիկ Օզանեան
Ծնած է 25 Փետրուար, 1865
Ծննդավայր Կաղապար:Դրօշաւորում/Հայաստանի Առաջին ՀանրապետությունՇապին Գարահիսար, Արեւմտեան Հայաստան
Մահացած է 31 Օգոստոս, 1927
Մահուան վայր Չիքո, Բյուտ շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]
Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2][3]
Քաղաքացիութիւն Կաղապար:Դրօշաւորում/Ռուսական կայսրություն Ռուսաստան, Կաղապար:Դրօշաւորում/Հայաստանի Առաջին Հանրապետություն Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[2]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ, զինուորական, ֆետայի
Աշխատավայր Արեւմտեան Հայաստանի կառավարիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ստորագրութիւն

Անդրանիկ Թորոս Օզանեան կամ Զօրավար Անդրանիկ, Անդրանիկ Փաշա (25 Փետրուար 1865 - 31 Օգոստոս 1927), հայ զօրահրամանատար, պետական գործիչ, ֆետայապետ (հայդուկապետ): Առանձնայատուկ դեր խաղացած է Հայ ազատագրական շարժման գործին մէջ։ 1892-ին կ'անդամագրուի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան, այլ ֆետայիներու հետկը մասնակցի իր հայրենի երկրի բնակավայրերու պաշտպանութեան: Անդրանիկ առաջին անգամ կ'անցնի Սասուն, բայց 1896-ին կը մեկնի արտասահման: 1897-ին Վազգէն Տէրոյեանի խումբին հետ ան երկրորդ անգամ կը մտնէ Արեւմտեան Հայաստան, ուր կը մնայ մինչեւ 1904: 1912-1913 թուականներուն Գարեգին Նժդեհի հետ Անդրանիկի գլխաւորութեամբ հայ կամաւորներէն կը կազմակերպուի վաշտ մը, որ կը մտնէ պուլկարական բանակի աշխարհազօրքին մէջ եւ կը մարտնչի Օսմանեան կայսրութեան բանակին դէմ: Պուլկարական հրամանատարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայկական վաշտին մասնակցութիւնը Առաջին Պալքանեան պատերազմին:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ Թորոս Օզանեան ծնած է 25 Փետրուար 1865-ին [4]՝ Արեւմտեան Հայաստանի Շապին Գարահիսար քաղաքին մէջ[5]: Անդրանիկ հայերէն կը նշանակէ «առաջնեկ»: Անոր հայրական նախնիները եկած են հարեւան Օզան գիւղէն, 18-րդ դարուն եւ բնակութիւն հաստատած Շապին Գարահիսարի մէջ թուրքերու հետապնդումներէն խուսափելու համար[5]: Անոր նախնիները Օզանեան ազգանունը վերցուցած են իրենց հայրենի բնակավայրին անունէն:

Անդրանիկին մայրը մահացած է, երբ ան մէկ տարեկան էր. զինք խնամած է իր մեծ քոյրը՝ Նազելին: Անդրանիկ յաճախած է տեղին Մուշեղեան դպրոցը 1875-1882 թուականներուն, այնուհետեւ աշխատած է հօր ատաղձագործարանին մէջ[6]: Ան ամուսնացած է 17 տարեկանին, սակայն անոր կինը մահացած է մէկ տարի անց՝ ծնունդ տալով իրենց որդիին, որ նոյնպէս մահացած է ծնելէն 1 օր ետք[5]:

Անդրանիկի չտպագրուած լուսանկարներէն :

Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայերու համար իրավիճակը վատացած է Ապտիւլ Համիտի (Կարմիր Սուլթան) օրով, որ կը ձգտէր միաւորել բոլոր իսլամները իր իշխանութեան տակ[7]:

  • 1882-ին Տեղի Մուշեղեան վարժարանը աւարտելէ մէկ տարի ետք, կը բանտարկուի հայ բնակչութիւնը ահաբեկող ժանտարմը ծեծի ենթարկելուն համար:
  • 1884-ին իր ընկերներուն օգնութեամբ կը փախչի բանտէն, եւ բնակութիւն կը հաստատէ Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, յետոյ ալ կ'ուղեւորուի Ղրիմ ու Կովկաս՝ հայկական մարտական խումբերուն զէնք հասցնելու համար:
  • Անդրանիկ Պոլսոյ մէջ կը մնայ մինչեւ 1886, ուր կ'աշխատէր որպէս ատաղձագործ[8]:
  • Ան իր յեղափոխական գործունէութեան կը ձեռնարկէ 1888-ին, Սիւաս գաւառէն[9][10]:
  • 1891-ին կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան[11]:
  • 1892-ին կը ձերբակալուի Պոլսոյ ոստիկանապետ Եուսուֆ Մեհմետ Պէյի սպանութեան մասնակցելուն համար, որ յայտնի էր իր հակահայկականութեամբ[12]: Անդրանիկ անգամ մը եւս փախուստ կու տայ բանտէն[8]:1892-ին կը միանայ նորաստեղծ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ)[9][10], որմէ կը հեռանայ 1917-ին:
  • Համիտեան ջարդերու ընթացքին, Անդրանիկ այլ ֆետայիներու հետ միասին կը պաշտպանէ Մուշի եւ Սասունի հայկական գիւղերը թուրք եւ քիւրտ զինուորներու յարձակումներէն[10][13]:
  • 1895-ին Հրայր Դժոխքի խումբով Անդրանիկ առաջին անգամ կ'անցնի Սասուն: 1894 եւ 1896 թուականներուն տեղի ունեցած հայկական ջարդերուն զոհ կ'երթան 80.000 եւ 300. 000 հայեր[14]:
  • 1896-ին Անդրանիկ կը մեկնի Թիֆլիս՝ ուր կը գտնուէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գրասենեակը[10]:
  • 1897-ին Անդրանիկ կը վերադառնայ Արեւմտեան Հայաստան իրեն վստահուած ծաւալուն ուժերով եւ զէնք կը մատակարարէ հայ ֆետայիներուն[13]: Ռուսաստանի հայերէն քանի մը տասնեակ կը միանան Անդրանիկի, որոնց հետ ալ ան կ'երթայ Մուշ եւ Սասուն՝ ուր կը մարտնչէր Սերոբ Վարդանեան՝ Սերոբ Աղբիւրը[15]: Սերոբ Աղբիւր արդէն ձեւաւորուած կիսանկախ Հայաստանէն կ'արտաքսէր Օսմանեան Կայսրութեան ներկայացուցիչները[16]: Անդրանիկ կը մտնէ Սերոբ Աղբիւրի պարտիզանական խումբը եւ կը դառնայ թրքական ճարտարարներու ու կանոնաւոր բանակային զօրամասերու դէմ պայքար մղող քանի մը պարտիզանական խումբերու ճանչցուած ղեկավարը:
  • 1901-ին՝ կը գլխաւորէ Առաքելոց վանքի կռիւները եւ Սերոբը սպաննող Պշարա Խալիլի սպանութիւնը:
  • 1902-1904 թուականներուն Անդրանիկի խումբերը թուրք եւ քիւրտ իսլամներու դէմ մարտեր կը մղեն Սասունի, Տարօնի եւ Վասպուրականի մէջ։
  • 1905-ին Անդրանիկ կ'անցնի Կովկաս, ուր հայկական ազգային շարժման երեւելի գործիչներու հետ կը քննարկէ օսմանեան լուծին դէմ հետագայ պայքարի հարցերը: Անոնցմէ ետք Անդրանիկ կը մեկնի Ֆրանսա, Շուէտ, Պելճիքա, Անգլիա, Պուլկարիա եւ Իրան՝ հանրութեան տեղեկացնելով Արեւմտահայաստանի հայերու ազգային-ազատագրական պայքարի ու անոր հետ կապուած զէնքի ձեռք բերման անհրաժեշտութեան մասին: Պուլկարիոյ մէջ Անդրանիկ կը գրէ իր «Մարտական հրահանգները»՝ ընդհանրացնելով պարտիզանական պայքարի փորձը: Հետագային այդ փորձը մեծապէս կը ծառայէ պուլկարացիներուն՝ Առաջին Պալքանեան պատերազմի ժամանակ:
  • 1912-ին Անդրանիկ հայ կամաւորներէն կը կազմակերպէ վաշտ մը, որ կը մտնէ պուլկարական բանակի աշխարհազօրի կազմին մէջ։ Հայ ռազմիկները հերոսութիւն կը ցուցաբերեն Միսթանլի, Ուզուն, Մերեֆտէ, Շար-Կիօ եւ այլ քաղաքներու համար մղուած մարտերուն մէջ։ Անդրանիկ կը մասնակցի ժեներալ Եաւէր փաշայի թրքական կորպուսի ջախջախման: Պուլկարական հրամանատարութիւնը բարձր կը գնահատէ հայկական վաշտի մասնակցութեան Առաջին Պալքանեան պատերազմին:

Ա. համաշխարհային պատերազմը հազիւ կը սկսի, Անդրանիկ կը շտապէ Կովկաս:

  • 1914-ին Օգոստոս 12-ին Թիֆլիսի մէջ ան կը հանդիպի Կովկասեան ռազմական շրջանի զօրքերու գերագոյն հրամանատար Միշլաեւսկոյի ու կը յայտնէ Թուրքիոյ դէմ պատերազմին մասնակցելու պատրաստակամութեան մասին: Անդրանիկին կը յանձնարարուի ձեւաւորել եւ գլխաւորել առաջին հայկական կամաւորական գունդը: Այդ գունդին գլուխը կանգնած՝ Անդրանիկ անհաւասար մարտեր կը մղէ թրքական զօրքերու դէմ ու հեղինակութիւն կը նուաճէ ռուսական ռազմական հրամանատարութեան շրջանակին մէջ։ Ժեներալ-լեյտենանտ Չերնոզուպով կը գրէր.
Ես միշտ յանձինս Անդրանիկի տեսնում էի ջերմ հայրենասէրին, Հայաստանի ազատութեան մարտիկին, որ խորապէս սիրում է իր Հայրենիքը: Ես առանձնակի հաճոյքով էի միշտ կարդում ռուսերէն թարգմանութեամբ քաղուածքները հայկական թերթերի յօդուածներից, որտեղ Անդրանիկին յարգանք էր մատուցուում՝ իբրեւ ազգային հերոսի, որն իր գլուխը միշտ քաջաբար պահեց Հայաստանի դարաւոր թշնամու դէմ պայքարում ազգային իտէալները իրագործելու համար


Միւս, ոչ նուազ յայտնի ռուս զօրավար Եուտենիչը Անդրանիկի մասին կ'ըսէ, որ ան «խենթի պէս քաջ է»:

Հայկական Ջարդերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ
  • 1915-1916 թուականներուն Կովկասեան ճակատի մարտերուն ցուցաբերած անձնական արիութեան եւ հայկական գունդի յաջողութիւններուն համար Սասունցի Անդրանիկը կը պարգեւատրուի Գէորգիեւեան 4-րդ աստիճանի մետալով, Գէորգիեւեան 4-րդ եւ 3-րդ աստիճանի խաչերով, Ս. Ստանիսլաւի 2-րդ աստիճանի սուրի եւ Սուրբի Վլատիմիրի 4-րդ աստիճանի շքանշաններով: Գունդը Անդրանիկին գլխաւորութեամբ քաջաբար կը մասնակցի Մուղանջուղի (Դիլման) տակ մղուած մարտին՝ 15-18 Ապրիլ 1915-ին, որու ընթացքին Կովկաս կը փրկուի թշնամիին ներխուժումէն:
  • 30 Յունուար 1918-ին, թրքական զօրքերը, Մեհմեթ Վեհիփ փաշայի հրամանատարութեամբ, Էրզրումի, Վանի եւ ծովամերձ ուղղութիւններով կ'անցնին մեծամաս շտապ գործողութիւններու: 30 Յունուարին անոնք կը գրաւեն Երզնկան, 11 Փետրուար-ին՝ Տրապիզոնը, 14 Ապրիլին առանց կռիւի կը մտնեն Պաթում եւ կը սկսին շարժիլ դէպի Սուխում:25 Ապրիլին կ'իյնայ Կարսը, 15 Մայիսին՝ Ալեքսանդրապոլիսը:
Զօրավար Անդրանիկի արձանը Երեւանի մէջ (քանդակագործ՝ Արա Շիրազ):

Անդրանիկի գունդը Էրզրումի ուղղութեամբ ծանր պաշտպանական մարտեր վարելով, կը պահէ 1915-ին փրկուած հարիւր հազարաւոր հայեր, յոյն ու ասորի գաղթականներու նահանջը, որոնց վրայ ռուսերու նահանջէն ետք դարձեալ սարսափելի վտանգ կախուած էր։ Թուրքիոյ կողմէ Կովկասի մեծ մասի գրաւման ու Արեւելեան Հայաստանի մէջ ցեղասպանութեան կրկնութեան վտանգը կը թուէր գրեթէ անխուսափելի:

  • 16-18 Մայիս 1918-ին Վորոնցովկա աւանին մօտակայքը ժեներալ-մայորի կոչման արժանացած Անդրանիկի խումբը անպատմելի ջանքերով կը զսպէ օսմանեան զօրքերն ու անոնց արբանեակները: Ու հակառակ թշնամիին, որոշ խումբեր կը յաջողին մինչեւ 20-25 քմ. մօտենալ Թիֆլիս, անոնց հիմնական զանգուածը կը կանգնեցնէ եւ ետ կը քաշուի: Թշնամիէն նախաձեռնութիւնը վերցնելով՝ զօրավարը մարտեր կը մղէ Ղարաքիլիսայի ուղղութեամբ: 25-28 Մայիս 1918-ին ծաւալած Լոռիի ճակատամարտին, որ մեծապէս ճակատագրականկ'ըլլայ ոչ միայն Հայաստանի համար, այլեւ ամբողջ Կովկասի, Անդրանիկ կը վիժեցնէ Դիլիջանի ուղղութեամբ թրքական զօրքերու գլխաւոր յարձակումը, որոնք կը ջանային Դիլիջանէն դուրս գալ դէպի Պաքու: Կրած պարտութեան հետեւանքով թրքական հրամանատարութիւնը կը ստիպուի Լեռնային Լոռիի մարզին մեծ մասը ձգելու հրաման տալ:
Անդրանիկի ամուսնութիւնը
  • Յունիս 1918-ի սկիզբը հայկական զօրաբաժինը կը մտնէ Նոր Պայազիտ, այնուհետեւ Սելիմի լեռնանցքէն Դարալագեազ-Շարուրով դէպի Նախիջեւան: Շուտով կը զբաղեցնեն Ջուլֆան եւ Պիթլիսը: 14 Յունիսին Անդրանիկ հրաման կու տայ, որու մէջ կը նշէ, թէ իր զօրքերը կ'ենթարկուին կեդրոնական Ռուսական կառավարութեան, իսկ Նախիջեւանը կը յայտարարուէր Ռուսաստանի անբաժանելի մասը: Զօրավար Անդրանիկ նաեւ հեռագիր կ'ուղարկէ Կովկասի հարցերով արտակարգ քոմիսար եւ Պաքուի Սովնարկոմի նախագահ Շահումեանին, որու մէջ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ օգնութիւն ցուցաբերելու Պաքուի վրայ յարձակող թրքական զօրքերէն պաշտպանող Պաքուի կոմունային: 1918-ի ամրան թրքական զօրքերը կը բռնագրաւեն պարսկական տարածքի հիւսիսային մասը՝ դէպի Պաքու յառաջխաղացքը ծաւալելու համար յենադաշտ ստեղծելով: Գրաւելով, մասնաւորապէս, Մակու, Սալմաստ, Թաւրիզ, Սերապ, Արտապիլ եւ Խոյ իրանական քաղաքները, թուրքերը մտադրած էին Ալեքսանդրապոլիս-Ջուլֆա երկաթգիծին միջոցով նոր զօրքեր անցընել Պարսկաստան՝ Պաքուի վրայ յարձակելու համար: Բայց Նախիջեւանի մէջ Անդրանիկի խումբերը կը կտրեն երկաթուղային ճանապարհը, իսկ Ջուլֆայի մէջ՝ կը գրաւեն թրքական կայազօրը: Խոյի շրջանին հայկական կազմաւորումները անսպասելի հարուած կը հասցնեն Հիւսիս-արեւմտեան Իրանի տեղաբաշխուած թրքական բանակին, զոր ստիպեց թուրքերը՝ կանգնեցնել յարձակումը Պաքուի վրայ եւ Անդրանիկի դէմ ուղարկել նշանակալի ուժեր: Խոյի մէջ մարտերը կը տեւեն քանի մը օր: Թուրքերը կը կրեն մեծ կորուստներ, սակայն անընդհատ ժամանող լրացուցիչ ուժերը հայկական զօրաբաժինին համար գրաւման վտանգ առաջ կը բերեն: Այդ պայմաններուն մէջ Անդրանիկ կը ստիպուի ձգել Խոյը, եւ, ճեղքելով շրջափակման օղակը, նահանջել Ջուլֆա-Պաքուի շրջանը: Այնուհետեւ, թիւով գերակշիռ թրքական զօրքերու ճնշմամբ՝ զօրավար Անդրանիկ ստիպուած կ'ըլլայ ձգել Նախիջեւանը ու անցնիլ Լեռնային Զանգեզուր՝ նպատակ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի միջոցով ճեղքել-հասնիլ Պաքու եւ փակել նահանջող թրքական բանակի ճանապարհը:

Անդրանիկ վիթխարի դեր կը խաղայ Զանգեզուրի պաշտպանութեան մէջ։ Մարտերու ընթացքին թրքական զօրքերուն մինչեւ 40 տոկոսը կ'ուղղուի Զանգեզուր՝ Անդրանիկի դէմ: Երբ նորակազմ կովկասեան հանրապետութիւններու ղեկավարները, Յունուար 1918-ին, կը դիմեն թրքական կառավարութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով նստիլ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ, ի պատասխան կը լսեն, որ Թուրքիոյ իրենց կարծիքը չի հետաքրքրեր, անոր համար միակ լուծումը այն է, թէ այդ առիթով ի՞նչ կը մտածէ զօրավար Անդրանիկը, ինչը ամբողջովին տրամաբանական էր, որովհետեւ երբ Անդրանիկի զօրքերը կը մնային թուրքերուն կողմէ Կովկասի գրաւման հիմնական խոչընդոտը: Փախելով Անտանտի դաշնակիցներու, Հայաստանի հանրապետութեան որոշ ղեկավարներու եւ պոլշեւիկներու դաւաճանութեան, զօրավարը կը ստիպուի հեռանալ արտասահման: Ճանապարհին, երբ ան կ'անցնէր Թիֆլիսէն, կ'ըսէ.

Ես իմ կեանքում երբեք չեմ ձգտել անձնական երջանկութեան ու բարօրութեան: Ես մշտապէս ձգտել եմ միայն մի բանի եւ պայքարել եմ միայն մի բանի՝ իմ հարազատ ժողովրդի ազատութեան եւ բարեկեցութեան համար: Ես չեմ փնտռում իմ վաստակի գնահատականը եւ ցանկանում եմ միայն այն, որ երջանիկ լինի այն ժողովուրդը, որին ես ծառայում եմ ամբողջ կեանքում:

Այդ ծառայութիւնը Անդրանիկ կը շարունակէ նաեւ տարագրութեան մէջ։ 1919-ի Դեկտեմբերին «Ուաշինկթըն Փոսթ» ամերիկեան թերթը կը գրէր. «Զօրավար Անդրանիկը կանգնած է հայկական հերոսականութեան գագաթին: Հայերը ամէն տեղ անոր ցնծութեամբ կը դիմաւորեն: Անոնք մեծ ուշադրութեամբ ու հիացմունքով կ՚ունկնդրեն անոր իւրաքանչիւր խօսքը: Իսկ ան՝ այդ զինուորը, որ ցարական Ռուսաստանի կործանումէն ետք անհաւասար մարտեր կը վարէր թրքական բանակին դէմ, ըսելիք ունի: Այժմ անոր խօսքերը նոյնքան յատուկ են, որքան՝ անոր սուրը»:

Անդրանիկ Զօրավարի յուշարձան-կոթողը Եռաբլուրի մէջ
  • Անդրանիկ կը մահանայ 30/31 Օգոստոս 1927-ին, Չիքօ (Սաքրամենթոյի քով) քաղաքի Ռիչըրտսըն Սփրինկս հանքային ջուրերու առողջարանային համալիրին մէջ՝ սիրտի կաթուածէ (ԱՄՆ) եւ Սեպտեմբերին կը թաղուի Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Յունուար 1928-ին անոր աճիւնը կը փոխադրուի Փարիզ եւ կը վերաթաղուի Փէր Լաշէզ գերեզմանոցին մէջ, իսկ տարիներ անց (2000-ին) անոր աճիւնները կը տեղափոխուին Հայրենիք՝ Երեւանի Եռաբլուր պանթէոն: Անդրանիկի անունով կը կոչեն հրապարակներ, փողոցներ, դպրոցներ, անոր պատւոյն տեղադրուած են արձաններ եւ յուշատախտակներ տարբեր երկիրներու մէջ (Հայաստան, Պուլկարիա, Ֆրանսա, Ռումանիա): Անոր նուիրած են մեծ թիւով ժողովրդական ստեղծագործութիւններ, գիրքեր եւ յօդուածներ՝ տարբեր լեզուներով:

Կեանքի Երկու Տխուր Պահերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ անգամ մը Անդրանիկին հարցուցին, թէ որո՞նք եղած են իր կեանքի ամենատխուր պահերը, ան պատասխանած է, որ առաջինը՝ զաւակին, իսկ երկրորդը՝ Գէորգ Չաւուշի մահուան լուրը լսելն էր:

Ֆիլմերու Շարք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 1990 - Զօրավար Անդրանիկ - (ԱրմենՖիլմ) Վաւերագրական ֆիլմ, նուիրուած Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 125 ամեակին․ ֆիլմին խօսակցութիւնը կը կարդայ անուանի դերասան Խորէն Աբրահամեան:

Շարժանկարի բեմադրիչն է Լեւոն Մկրտիչեանը:

Անդրանիկի Ամուսնութիւնները Եւ Ամուսնութեան Փորձը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին ամուսնութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերու ամենասիրելի հերոսը՝ Անդրանիկը, առաջին ագնամ կ'ամուսնանայ 17 տարեկան հասակին:[17] Առաջին ամուսնութիւնը անյաջող կ'ըլլայ: Կինը ծննդաբերելու ժամանակ կը մահանայ, իսկ նորածինը՝ օրեր անց, կը մահանայ:[17]

Ամուսնութեան փորձը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1916-ին Անդրանիկ ներկայ կը գտնուի իր քեռորդի Վահան Փափազեանի հարսանիքին, ուր եւ կը գտնուէր երիտասարդ օրիորդ մը: Անդրանիկ կը հրապուրուի օրիորդով: Նախքան առաջարկելը Փաշան կը խորհրդակցի Յովհաննէս Թումանեանի հետ, որմէ ետք ալ կ'որոշէ դիմել օրիորդին: Հանդիսութիւններէն մէկուն ժամանակ օրիորդին կը դիմէ հետեւեալ ձեւով.

-Ես կը սիրեմ քեզ եւ կը փափաքիմ ամուսնանալ քեզի հետ, դուն ալ զիս կը սիրե՞ս:

-Օ՛, ես ինչպէ՞ս կրնամ քեզ չսիրել, չէ՞ որ դուն իմ սիրելի հերոսն ես...:

Անդրանիկը այսպիսի պատասխան չէր սպասեր, օրիորդին այդ պատասխանը տակնուվրայ կ'ընէ հերոսին միտքերը եւ ան կը մռայլի: Քանի մը վայրկեանէն ան կը սթափի եւ իր քով կը կանչէ Ռոստոմը եւ երկտող մը կ'ուղարկէ օրիորդին, յայտնելով անոր, որ մոռնայ ամուսնութեան մասին[18]:

«Եւ այսպէս՝ Հայոց մեծաթռիչ Արծիւը անգամ մը կը փորձէ իր երկնային սլացքէն վար իջնել երկրի վրայ, ապրիլ սովորական մարդու ամենասովորական կեանքով, սակայն երկրաբնակի մէկ պզտիկ անուշադրութիւնը, վերապահութիւնը, գուցէ թերացումը ու անըմբռնումը զինք կրկին կը մղեն վեր՝ դէպի եթերային նոր թռիչքներու...:

Հասկանալի է, որ տարիքային տարբերութիւնը, դեռատի օրիորդին ռոմանթիք պատկերացումները հիմնական պատճառներն էին, որ Անդրանիկ այս անգամ ալ իրմէ հեռու շպրտէր անձնական կեանքի այդ նոր փոփոխութիւնը:

Եւ ան դեռ կը սաւառնէր երկինքին մէջ...»

Երկրորդ ամուսնութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկ երկրորդ անգամ ամուսնացած է 1921-ին Փարիզի մէջ, Նուարդ Քիւրքճեանի հետ: Անոնց «քաւորը» եղած է Պօղոս Նուպար Փաշան: Երկրորդ կնոջմէ Անդրանիկ զաւակներ չէ ունեցած:

Ժառանգութիւն Եւ Ճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշատակին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկի յիշատակին աշխարհի տարբեր երկրներուն մէջ կանգնեցուցած են անոր արձանները եւ յուշարձանները, այդ թիւին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեստի մէջ (1936 թուական)[19], Փէր Լաշէզ գերեզմանատուն, Փարիզ (1945), Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն, Նիկոսիա, Կիպրոս (1990), Պլեսի-Ռոբենսոն, Փարիզ (2005)[20][21], Վառնա, Պուլկարիա (2011)[22], եւ Ռուսաստանի Արմաւիր քաղաքին մէջ[23][24]: Յուշահամալիր մըն ալ գոյութիւն ունի Ռիչըրտսըն Սփրինկսի մէջ, Քալիֆորնիա, ուր Անդրանիկ մահացած է[25]: 2011-ի Մայիսին, Անդրանիկին արձանը կանգնեցուած է նաեւ Վոլոնքա գիւղին մէջ, Սոչի[26], սակայն, այդ հեռացած է նոյն օրը, ըստ երեւոյթին, Թուրքիոյ ճնշման տակ, որ հետագային յայտարարած է, որ անոնք պէտք է կանխարգիլեն 2014 թուականին Սոչիի ձմեռնային ողիմպիական խաղերը եթէ այդ արձանը մնայ կանգնած[27][28]:

Առաջին անգամ Անդրանիկի արձանը Հայաստանի մէջ կառուցուած է 1967-ին Ուջան գիւղին մէջ[29][30]: Այլ արձաններ ալ կանգնեցուցած են Հայաստանի Խորհրդային Միութեան անկախացումէն ետք՝ 1991-ին, որոնցմէ երեքը, որոնք կարելի է տեսնել Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան (2000), Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ բակին մէջ (Արա Շիրազ, 2002-ին) եւ Ֆետայական շարժման թանգարանին մէջ (2006)[31]: Բացի այդ, Հայաստանի մէջ Անդրանիկի արձանները կանգնած են Տաւուշի մարզի Ոսկեվան եւ Նաւուր գիւղերուն մէջ, Կիւմրիի Հաղթանակի զբոսաիգին մէջ (1994) Արտենի, Անգեղակոթ, եւ այլ վայրերուն մէջ[32][33][34][35]:

Մշակոյթին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անդրանիկը «New York Journal-American» ամսագրի շապիկին (1920)
Պաստառ

Անդրանիկ արդէն աչքի կ'իյնայ հայ գրականութեան մէջ, երբեմն որպէս գեղարուեստական բնոյթ կը կրէ: Արեւմտահայ գրող Սիամանթոյի գրած բանաստեղծութիւն «Անդրանիկ»ը, խորագրով որ տպագրած է Ժընեւի մէջ 1905-ին[36]: Առաջին գիրքը Անդրանիկի մասին լոյս կը տեսնէ իր կեանքի ընթացքին: 1920-ին, Վահան Թոթովենց լոյս կ’ընծայէ ժեներալ Անդրանիկ եւ անոր պատերազմները գիրքը: յայտնի Ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոեան գրած է կարճ պատմուածք մը Անդրանիկ Հայաստանի խորագրով, որ ընդգրկուած է անոր ներշնչած եւ արտաշնչած պատմուածքներուն մէջ(1936)[37]: Մէկ այլ ամերիկահայ գրող՝ Համաստեղ իր Սպիտակ ձիաւորը վէպին մէջ կը պատմէ Անդրանիկի եւ միւս ֆետայիներու մասին: Հայ հանճարեղ բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազը Անդրանիկի մասին գրած է երկու բանաստեղծութիւններ՝ Անդրանիկի մասին 1963-ին, եւ ’Արձան Անդրանիկի’, որ գրած է 1967-ին, բայց լոյս տեսած է 1991-ին Շիրազի մահէն ետք[38]: Սերօ Խանզադեանի Անդրանիկ վէպը տպագրութենէ կասեցուած էր 1983-1989 թուականներուն ընթացքին, եւ լոյս տեսած է 1989-ին, երբ ամուր Խորհրդային հրապարակումներու վերահսկողութիւնը հանգստացաւ[39][40]: 1960-1980-ական թուականներուն Սուրէն Սահակեանը հաւաքագրած է ժողովրդական պատմութիւններ Անդրանիկի մասին եւ այդ աւարտեց Ասք Անդրանիկի մասին գիրքին մէջ։ Այդ առաջին անգամ հրատարակուած է Երեւանի մէջ 2008-ին[41]:

Անդրանիկի յիշատակին արդէն գրուած է բազմաթիւ երգեր: 1913, Լեւոն Տրոցկին նկարագրած է Անդրանիկը որպէս «հերոս երգ ու առասպել»: Անդրանիկին մասին գրուած եւ կատարած են բազմաթիւ հայկական հայրենասիրական երգիչներ՝ Ներսիկ Իսպիրեան, Յարութ Փամպուկճեան, Սահակ Սահակեան եւ ուրիշներ: Կան տասնեակ մը երգեր նուիրուած անոր, այդ թիւին Արծիւի պէս Գուսան Շերամ 1904[42], Անդրանիկ փաշան Գուսան Հայրիկ[43]:

Զօրավարին մասին շարք մը վաւերագրական ֆիլմեր արդէն կ’արտադրուին: Անոնք կը ներառեն Անդրանիկը (1929) Արմենա-ֆիլմ Ֆրանսա, բեմադրիչ Աշոտ Շախատունի, ով նաեւ խաղացած է գլխաւոր դերը[44][45], 1990 - Զօրավար Անդրանիկ (ՀայՖիլմ) Վաւերագրական ֆիլմ նուիրուած Զօրավար Անդրանիկի ծննդեան 125 ամեակին, ֆիլմին խօսակցութիւնը կը կարդայ անուանի դերասան Խորէն Աբրահամեանը:[46]

Պարգեւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զօրավար Անդրանիկ

Զօրավար Անդրանիկ իր ռազմական գործունէութեան ընթացքին պարգեւատրուած է բազմաթիւ մետալներով եւ շքանշաններով[47]: Անդրանիկի սուրն ու պարգեւները տեղափոխած են Հայաստան եւ յանձնուած՝ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին, 2006 թուականին[48][49]:

Երկիր Պարգեւ Տարի
Յունաստան Յունաստանի Թագաւորութիւն Մարտական Խաչ
Բ. կարգի
1920[50][51]
Ֆրանսա Ֆրանսա Հանրապետութիւն լէգէոնի շքանշան
Պաշտօնական
1919
 ՌուսաստանՌուսական Կայսրութիւն link=https://en.wikipedia.org/wiki/File:RUS Order of Saint George 4th class ribbon 2000.svg Սուրբ Գէորգի շքանշան
Բ., Գ., Դ. կարգի
1914–16[52]
link=https://en.wikipedia.org/wiki/File:RUS Order of Saint George 4th class ribbon 2000.svg Սուրբ գէորգ խաչ
Ա., Գ., Դ. կարգի
1914–16[53]
Սուրբ Վլատիմիր շքանշան
Դ. կարգի
1914–16[54][55]
Սուրբ Ստնիսլավսի շքանշան
Բ. կարգի
1914–16[55]
Կաղապար:Country data Bulgaria Պուլկարիոյ Թագաւորութիւն Արիութեան շքանշան
Դ. կարգի

Խիզախութեան համար

1913[56][57]

Հրապարակումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մարտական հրահանգներ: Առաջարկներ, նկատողութիւններ եւ խորհուրդներ: Ժընեւ: ՀՅԴ Հրատարակչութիւն 1906. OCLC 320038626:
  • Հայկական առանձին հարուածող զօրամասը: Պոսթըն: Ազգ: 1921. OCLC 49525413[58]:
  • Զօրավար Անդրանիկը կը խօսի: Փարիզ. 1921. OCLC 234085160:
  • Առաքելոց վանքին կռիւը (Հայ յեղափոխութենէն դրուագ մը): Պոսթըն: Պայքար: 1924: Անդրանիկի յուշերը գրի առնուած են, ըստ Լեւոն Կարապետ Լիւլէճեանի[59]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Deutsche Nationalbibliothek Record #130412147 // Gemeinsame Normdatei — 2012—2016.
  2. 2,0 2,1 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  3. Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.
  4. Ա. Հարութունյան (1974): «Անդրանիկ»: Վիքթոր Համբարձումեան Հայկական Սովտետական Հանրագիտարան 1. Երեւան: Հայկական Հանրագիտարան Հրատարկչութիւն: Էջ 392:
  5. 5,0 5,1 5,2 Չալաբեան, Անդրանիկ 1988: «Հայ Յեղափոխական շարժում» էջ 3: Սուսֆիլդ, Միչգան:
  6. Աղաեան, Ծատուր 1968: «Զօրավար Անդրանիկի գործունէութեան մասին» էջ 40: Պատմաբանասիրական հանդէս (Երեւան: Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիա) (2): 40–56:
  7. Նալբանդյան, Լուիզ «Հայ հեղափոխական շարժման զարգացման հայկական քաղաքական կուսակցությունների միջոցով 19-դարում» Բրքլի համալսարանի Կալիֆորնիա: էջ 116. ISBN 978-0-520-00914-1:
  8. 8,0 8,1 Աղաեան, Ծատուր 1968: «Զորավար Անդրանիկի գործունեության մասին» էջ 41: Պատմաբանասիրական հանդէս (Երեւան: Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիա) (2): 40–56:
  9. 9,0 9,1 Տրոցկու, Լեւոն (1980): էջ 247: «Անդրանիկ եւ անոր հեծելազօր թիւ 197, հուլիս 19-1913 [Andranik and his Troop, fromKievskaya Mysl No. 197, July 19, 1913]»: Պալքանեան պատերազմները: 1912-13 քանակը պատերազմը հեռակայ Հիւրատետր Լեւոն Տրոցկին. Նիւ Յորք: Մանադա մամուլ: էջ 247-256: ISBN 978-0-909196-08-0:
  10. 10,0 10,1 10,2 10,3 Վալկեր, Քրիստաֆոր Ջ: էջ 441: (1990 թ.) Հայ ազգի Գոյատեւում (վերանայուած երկրորդ խումբին): Նիւ Յորք: Սուրբ Մարտին: ISBN 978-0-312-04230-1:
  11. Մուրատեանը, Ջորջ (1995): Armenian infotext, Միչիգան, Բուքշելֆ Հրատակչութիւն ISBN 978-0-9634509-2-0:
  12. Հարութիւնեան, Ա. Հ. էջ 109: (1965): «Անդրանիկը որպէս մարտիկ եւ զօրավար»: Պատմաբանասիրական Հանդէս (հայերէն) (Երեւան, Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիա) (1): 109-124.
  13. 13,0 13,1 Տրոցկու, Լեւոն (1980): էջ 249: «Անդրանիկ եւ անոր հեծելազօրքը՝ թիւ 197, 19 Յուլիս, 1913-ին, [Andranik and his Troop, fromKievskaya Mysl No. 197, July 19, 1913]»: Պալքանեան պատերազմները: 1912-13 քանակը պատերազմը հեռակայ Հիւրատետր Լեւոն Տրոցկին. Նիւ Յորք: Մանադայ մամուլ: էջ 247-256: ISBN 978-0-909196-08-0:
  14. Աքչամ, Թաներ (2006) «Ամօթալի փաստ է, որ Հայոց ցեղասպանութիւն կը հարցնէ թրքական պատասխանատւութիւնը[A shameful act: the Armenian genocide and the question of Turkish responsibility]»: Նիւ Եորք: Մեթրոփլիթան Գրքեր: էջ 42: ISBN 0-8050-7932-7:
  15. Մադեսյան Արշակ Դ., խմբգր․ (1927)։ Նոր Հայաստան (Նյու Յորք: Նոր Հայաստան Հրատարակչական Ընկերություն)։ 19-21: էջ 82 
  16. Վալկեր, Քրիստոֆըր Ժ: էջ 178: (1990) Հայ ազգի Գոյատեւում (վերանայուած երկրորդ խումբին): Նիւ Յորք: Սուրբ Մարտին: ISBN 978-0-312-04230-1:
  17. 17,0 17,1 Ս. Կ. Պողոսյան, Կ. Ս. Պողոսյան «Ինձ բահ տվեք...», էջ 228
  18. Սուրեն Սահակյան, «Հերոսապատում» գիրքի մէջ.
  19. Ժամկոնչյան, Էդուարդ (19 Փետրուար 2012): «Տաճար, համայնք և մարդիկ»: Անիվ (Ռուսերէն) 5 (38):
  20. «Ֆրանսայի Պլեսի-Ռոբենսոն քաղաքում բացվել է զորավար Անդրանիկի արձանը» (հայերէն): Ազատ Եւրոպա Ռադիո /Ազատություն Ռադիկոյան: 7 Հունիս 2005 թ. Վերցված է 6 Սեպտեմբեր 2013:
  21. «Jumelage avec Arapkir»: (Ֆրանսերէն): Պլեսի Ռոբինսոնի քաղաքապետարան: 26 Ապրիլ 2006. Ստացված 24 Հունիս 2014:
  22. «Բացվել է Անդրանիկի հուշարձանը»: (բուլղարերեն). Սկաթ: 8 Հուլիս 2011 թ: Վերցված է 6 Սեպտեմբեր 2013:
  23. «Մեկ տարի անց, ապամոնտաժվեց Անդրանիկի հուշարձանը »: Archived 2013-10-25 at the Wayback Machine. Երկրամաս (Ռուսերէն): 29 Մայիս 2012 Ստացված Սեպտեմբեր 6, 2013 թ.
  24. «Ռուսական Արմավիրում Անդրանիկ Օզանյանի եւ Գարեգին Նժդեհի պատվին հուշատախտակ է բացվել»: News.am: 29 Մայիս 2012 Ստացված 6 Սեպտեմբեր 2013:
  25. Միտչել, Լարի (31 Օգոստոս 2012): «Հիշատակին լրանում է Հայաստանի հերոսի մահվան տարին» Chicoer: Վերցուած է 16 Սեպտեմբեր 2013:
  26. «Հուշարձան Զորավար Անդրանիկի պատվին Լազարեվի շրջան, Սոչի»: Archived 2013-07-03 at the Wayback Machine. Երկրամաս (Ռուսերէն): 28 Մայիս 2011: Վերցուած է 6 Սեպտեմբեր 2013-ին:
  27. «Սոչիում բացվել է զորավար Անդրանիկ Օզանյանի հուշարձանը»: news.am: 31 Հունվարի 2015:
  28. «Անդրանիկի հուշարձանը Սոչիում քանդել են»: Archived 2013-11-04 at the Wayback Machine. Երկրամաս (Ռուսերէն): 28 Մայիս 2011: Ստացված Սեպտեմբեր 6, 2013:
  29. Զորյանը, Սաթենիկ (26 Փետրուարի 2010 թ.): «Անպարտելի զորավար»: Հայաստանի Հանրապետություն (հայերէն): Վերցված է 6 սեպտեմբերի 2013:
  30. Հակոբյանը, Արմեն. «Միասնությունը մարդկանց մեջ պետք է լինի »: Archived 2012-07-23 at archive.ph Error: unknown archive URL Հայոց Աշխարհ (հայերէն): Վերցված է 6 սեպտեմբերի 2013:
  31. «Երեւանի հուշարձանները » (հայերէն): Երեւանի քաղաքապետարանը Պաշտոնական կայք. Վերցված է Սեպտեմբեր 18, 2013.
  32. «Թիմը գնում է գյուղեր: Այսօր 'Նավուր»: ՍիվիլՆեթի: 11 Հոկտեմբեր 2011: Վերցված Սեպտեմբեր 6, 2013:
  33. «Գյումրի» Archived 2013-09-21 at the Wayback Machine. (հայերէն): Հայկական Հանրագիտարան. Վերցված Սեպտեմբերի 8, 2013:
  34. «Անցումային շրջան»: Առավոտ (հայերէն): 30 Հուլիս 2011: Վերցված Սեպտեմբեր 8, 2013:
  35. «Հայի ուժը ՄԱՍ-80 Անգեղակոթ»: Երկիր Մեդիա 23 հունիսի 2013. Ստացված 9 սեպտեմբերի 2013
  36. Սիամանթո (1905). Հայորդիները (Հայերէն). Ժընեւ: Կենտրոնական տպարան: էջ 9:
  37. Հովհաննիսյանը Ռիչարդ Գ. (2008 թ.) Հայոց ցեղասպանությունը . Նյու Բրյունսվիկ, Նյու Ջերսի: Հրատարակիչների. էջ 156. ISBN 978-1-4128-0891-0.
  38. «Շիրազի երկու ինքնագրերը »: (հայերէն): «Հայարտ» Գրական ցանց: Վերցված է 14 Սեպտեմբերի 2013:
  39. Խանզադյան, Սերո (1989): «Անդրանիկ» - Երեւան: Խորհրդային գրող. OCLC 605225665:
  40. Բարդակչյան, Գէորգ Բ (2000): Տեղեկանք ուղեցույց ժամանակակից հայ գրականության, 1500-1920: Հետ ներածական Պատմություն. էջ 225: ISBN 978-0-8143-2747-0:
  41. «Ասք Անդրանիկի մասին»: դյուցազներգական վեպը Գրավոր հավաքվել և Մշակվվել է Սուրեն Սահակյանի կողմից և Խմբագրվել է Լ Սահակյանի կողմից: «Արարատ» ռազմավարական հետազոտությունների կենտրոնի:12 Հունիս 2008: Ստացված 31 Օգոստոս 2013:
  42. Բախշիան Ջր., Արամ (Ապրիլ 1993): "Անդրանիկ Հայաստանի»: Պատմություն Այսօր 43 (4). ISSN 0018-2753:
  43. Աղաջանյանը, Ալֆրեդ, խմբ. (2009 թ.): Նոստալգիայի երգեր (հայերէն): Լոս Անջելես IndoEuropean հրատարակչական: էջ 73. ISBN 978-1-60444-046-1:
  44. «Անդրանիկ»: Archived 2013-09-21 at the Wayback Machine. (Ֆրանսերէն): Լես Գրանդիկներ Րոմանս գեղարվեստական ֆիլմեր: Վերցված է 14 Սեպտեմբեր 2013:
  45. «Պատմութեան Թանգարանին Յանձնուեցան Զօրավար Անդրանիկի Սուրը և Շքանշանները»: Ասպարեզ (հայերէն): 30 Նոյեմբեր, 2006: Վերցված է 21 Հոկտեմբեր 2013:
  46. «Անդրաիկ Օզանյան տեսաֆիլմ» (հայերէն): Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսություն: Վերցված է 14 Սեպտեմբեր 2013:
  47. «Պատմութեան Թանգարանին Յանձնուեցան Զօրավար Անդրանիկի Սուրը և Շքանշանները»։ Ասպարեզ։ 30 Նոյեմբերի 2006։ արտագրուած է՝ 21 Սեպտեմբերի 2013 
  48. «Զորավար Անդրանիկի Սուր և մեդալներ հանձնել է Հայաստանի պատմության թանգարան»։ Ասպարեզ։ 2 Դեկտեմբերի 2006։ արտագրուած է՝ 8 Սեպտեմբերի 2013 
  49. «Զորավար Անդրանիկի Սուր և մեդալներ հանձնել պատմության թանգարան Հայաստան»։ Արմենպրես։ 29 Նոյեմբեր 2006։ արտագրուած է՝ 8 Սեպտեմբեր 2013 
  50. Հարութիւնեան, 1965, էջ 112
  51. «ՀՀ պաշտպանության նախարար, Հայաստանին հանձնվեց Անդրանիկի սուրն ու մեդալներ պատմության թանգարանին:»։ 29 Նոյեմբերի 2006։ արխիւացուած է Armenia բնօրինակէն-էն՝ 24 Հունիս 2014-ին 
  52. Մադեսյան Արշակ Դ., խմբգր․ (1927)։ Նոր Հայաստան (Նյու Յորք: Նոր Հայաստան Հրտարչական Ընկերություն)։ 19-21 (X): 53 
  53. Աղաեան, 1968, էջ 43
  54. «Պատերազմը Պահեստաւորուած Երկրորդ ռուսական բերդ Հրետանային գունդի Էրզրումի մէջ իր կազմաւորումէն մինչեւ որ վերագրաւած են Էրզրումի մէջ կողմէ Օսմանեան բանակի մարտին 12, 1918 թուականին»։ Լուիսվելի Համալսարան։ արտագրուած է՝ 7 Սեպտեմբերի 2013 
  55. 55,0 55,1 Տետիկ, Ահամետ, խմբգր․ (2007)։ Ես ականատես ու վերապրել (Էրզրում 1917-1918 թթ.) Լեյտենանտ Գնդապետ։ Անկարա: Գլխավոր շտաբի պետ Թուրքիայի Հանրապետության։ էջ 68 
  56. Պինդիկովա, Գալիան, խմբգր․ (2006)։ կամավորական կորպուսը 1912-1913 (բուլղարերեն)։ Սոֆիա: Բուլխարիայի ռազմական պետական արխիվ։ էջ 741։ ISBN 978-954-9800-52-4 
  57. Չալաբեան, 1988, էջ 203
  58. «1906»: (հայերէն): Հայաստանի ազգային գրադարան: Վերցված է 7 Հոկտեմբեր 2013:
  59. «1924»: Հայաստանի ազգային գրադարան: Վերցված է 7 Հոկտեմբեր, 2013:

Մատենագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արմեն Պողոսեան, «Զօրավար Անդրանիկ», Կլենտէյլ, 2014
  • Յովհաննէս Այւազեան, «Զօրավար Անդրանիկ եւ Յովհաննէս Թումանեան», Երեւան, 2004:
  • Վիպասք «Ասք Անդրանիկի մասին», Սուրեն Սահակեան:
  • Անդրանիկ Չելեպեան, «Զօրավար Անդրանիկ Եւ Հայ Յեղափոխական Շարժումը», Երեւան 1990 թուականին:
  • Գէորգ Ղարիբջանեան «Ժողովրդական Հերոս Անդրանիկ», Երեւան, 1991:
  • Համբարձում Կարապետեան «Անդրանիկ», պրակ 1-3, Երեւան, 1992:
  • Հրաչիկ Սիմոնեան «Անդրանիկի Ժամանակը», 2 գիրքով, գիրք Ա, Բ, Երեւան, «Կաիսա» հրատարակութիւն, 1996:
  • Սերօ Խանզադեան «Անդրանիկ», 1989:
  • Վաղարշակ Հովակիմեան «Դժուարին տարիներ», Երեւան, 1988:
  • Ծատուր Աղաեան «Անդրանիկ», Երեւան, 1994:
  • Անդրանիկի յուշերը, Պէյրութ, 1935:
  • Վարդգես Ահարոնեան «Անդրանիկ. մարդը եւ ռազմիկը», Պոսթըն, 1957, 183 էջ:
  • Բանբեր Հայաստանի արխիւներու, 1991, թիւ 1-2:
  • Ռուբէն, Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները, հատոր Գ., Թեհրան, 1982, Երեւան, 1990:
  • Հրաչիկ Սիմոնեան, 1912-1913 թուականներուն Պալքանեան պատերազմները եւ հայերը, Երեւան, 2014:
  • Աշոտ Հարութիւնեան, Թրքական ինտերուենցիան Անդրկովկաս 1918 թուականին եւ ինքնապաշտպանական կռիւները, Երեւան, 1984:
  • Անդրանիկ Օզանեան: Մատենագրութիւն, Երեւան, 1989:
  • Հայկական առանձին հարուածող զորամասը: Ժեներալ Անդրանիկ, Պոսթըն, 1921:
  • Ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկը եւ իր պատերազմները, Պէյրութ, 1959, 433 էջ:
  • Արսեն Մարմարեան, Զօրավար Անդրանիկ եւ իր պատերազմները, Կ. պոլիս, 1920, 407 էջ:
  • Ա. Թերզիպաշեան, Անդրանիկ, Փարիզ, 1942, 415 էջ:
  • Միքայէլ Վարանդեան, Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն, Երեւան, 1992:
  • Միքայէլ Վարանդեան, Մուրատ /Սեբաստացի ռազմիկին կեանքն ու գործը/, Պոսթըն, 1931, 348 էջ:
  • Գաբրիէլ Լազեան, Յեղափոխական դէմքեր, Գահիրէ, 1945, էջ 334-345:
  • Աւետիս Ահարոնեան, Ժողովածու Երկերու, հատոր Ե., Թեհրան, 1982:
  • Ջոն Կիրակոսեան, Առաջին համաշխարհային պատերազմը եւ արեւմտահայութիւնը 1915-1916 թուականներուն, Երեւան, 1965, երկրորդ հրատարակութիւն, Եր., 1967:
  • Կարօ Սասունի, Պատմութիւն Տարօնի աշխարհի, Պէյրութ, 1957, 1252 Էջ:
  • "ՀամաՀայկական Էլ. Գրադարան" կայք ԱՌԱՔԵԼՈՑ ՎԱՆՔԻՆ Զօրավար Անդրանիկ:
  • Վազգէն Անդրէասեան - Անդրանիկ – Պետրոս Մարզպանեան: Տօնիկեան տպարան, Պէյրութ, 1982, 326 էջ:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Վիքիպահեստ1