Jump to content

Քանդակագործութիւն


Քանդակագործութիւնը կը պատկերացնէ մարդը, կենդանիները, բնութիւնն ու առարկաները։ Քանդակը, սովորաբար նախ կը կերտեն կաւով կամ մոմով։

Քանդակն ունի 2 ենթատեսակ՝ բոլորաքանդակ (ստեղծագործութիւնը բոլոր կողմերէն տեսանելի է) եւ ռելիեֆ (պատկերը հարթութեան վրայ կը փորագրուի)։

Ռելիեֆները, ըստ ծաւալային պատկերաձեւերու, կ'ըլլան բարձրաքանդակ (քանդակապատկերին ծաւալի կէսէն աւելին դուրս է մակերեսէն), հարթաքանդակ (քանդակապատկերին ծաւալի կէսէն պակաս դուրս է մակերեսէն) եւ խորաքանդակ (մակերեսէն խոր ինկած քանդակապատկեր), որոնք կը յարդարեն շէնքի ճակատը, գօտին, ճակտոնը, ներսի պատերն ու առաստաղը (առաստաղապատկեր)։

Հնագոյն քանդակագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քանդակագործութեան մէջ առաջին նմոյշները ստեղծուած են վաղ անցեալին։ Դեռեւս պրոնզի դարուն քանդակագործութիւնը կը համարուի մասնագիտութիւն, որուն հնագոյն կեդրոններն էին Հին Եգիպտոսն ու Միջագետքը։

Քանդակագործութեան պատմութեան կարեւոր շրջանը անթիք շրջանն է, որուն լաւագոյն մասը ներդաշնակ զարգացած մարդուն կերպարի ստեղծումն էր (Միրոն, Ֆիդիաս, Բոլիկլոտոս, Սկոպաս եւ ուրիշներ)։

15-19-րդ դարերուն քանդակագործութեան մէջ գերիշխած են կառուցուածքային աւելի ազատ լուծումները (Տոնաթելլո, Միքելանջելո, Օգյուստ Ռոտեն եւ ուրիշներ)։ 20-րդ դարուն թարմացուած եւ նորոգուած են քանդակագործութեան ոճն ու նիւթերը։

Քանդակագործութեան ամէնահին ձեւերէն են կիսանդրին, անդրին (ամբողջական արձանը), դիմաքանդակը եւայլն։ Կը տարբերին նաեւ թեմատիկ քանդակներ, որոնք կը պատկերացնեն մէկ կամ քանի մը ձեւ (Միքելանջելոյի «Պիետտա», 1498-1501, Օ. Ռոտեն «Կալե քաղաքի բնակիչները», 1880 թուական, Ա. Մայոլի «Երեք գեղուհիներ», 1930-1928, եւ այլն)։

Տարբեր նիւթեր օգտագործելով կը կիրառուին քանդակելու տարբեր ձեւեր։