Թումօ
Թումոյի Ստեղծարար Տեխնոլոգիաներու Կեդրոնը (անգլերէն՝ TUMO Center for Creative Technologies) անվճար կրթական ծրագիր մըն է 12–18 տարեկան պատանիներուն համար, որ մասնագիտացած է տեխնոլոգիայի եւ ձեւաւորման մէջ, իսկ կրթութիւնը կը տրամադրուի Թումոյի զանազան կեդրոններուն եւ համալիրներուն մէջ[1]։
Թումոյի Ստեղծարար Տեխնոլոգիաներու Կեդրոն[2]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի Ստեղծարար Տեխնոլոգիաներու Կեդրոնը հիմնուած է 2011 թուականին։ Առաջին Թումոյի կեդրոնը բացուեցաւ Երեւանի մէջ Օգոստոս 14-ին։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան համերգով հանդէս եկաւ System of a Down խումբի մեներգիչ Սերժ Թանկեանը։ Երեւանեան կեդրոնը նաեւ կը հանդիսանայ իբր ընկերութեան գլխամասը։ Կեդրոնի նախաձեռնութիւնը Սիմոնեան Կրթական Հիմնադրամին ու անոր ղեկավարներ Սէմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններունն է[3]։ Սէմ Սիմոնեանը ամերիկահայ ճարտարագէտ եւ ձեռներէց մըն է, որ 90-ականներուն իր ԻՆԵԹ ընկերութեան հետ լուրջ յաջողութիւն արձանագրեց հեռահաղորդակցման ոլորտին մէջ։ Թումոյի գլխաւոր տնօրէնն է Մարի Լու Փափազեանը, որ մշակած է Թումոյի կրթական ծրագիրը եւ ղեկավարած է կեդրոնի առաջին շինութեան նախագծման ու կառուցման աշխատանքները։ Նախքան Թումոն, ան ղեկավարած է «Կրթութիւն ի խնդիր զարգացման» հիմնադրամը, որ կը զբաղէր առցանց կրթական ծրագիրներու միջոցով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ուսանողները միացնել: Ան նաեւ ղեկավարած է Նիւ Եորքի քանի մը յայտնի բարձրայարկ կառոյցներու շինարարական աշխատանքները։ Մարի Լուն կրթութեան մէջ հաշուողական տեխնոլոգիաներու ոլորտին մէջ մագիստրոսի կոչում ստացած է Քոլումպիա Համալսարանի Ուսուցիչներու Քոլէճէն, ինչպէս նաեւ ունի կոչումներ ճարտարագիտութեան եւ շինարարական մենեճմենթի մէջ։
Թումոյի Խորհուրդի Անդամները [4]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սերժ Թանկեան - Երաժիշտ, System of a Down
- Ռաֆֆի Գրիգորեան - Emerson Collective, Uber, Twitter
- Մայքլ Արամ - Հիմնադիր, Michael Aram
- Ռեւ Լիպարիտեան - Փոխ տնօրէն, NVIDIA
- Քեթրին Սարաֆեան - Փրոտիւսըր, Pixar
- Բեկոր Փափազեան - Հիմնադիր Տնօրէն, Bazillion Beings
- Ռոճըր Քուփէլեան - Արթ-տնօրէն, Fugitive Արխիւացուած 2019-09-09 Wayback Machine
- Ալեքս Սերոբեան - Տնօրէն, Industrial Toys
Կրթական Ծրագիր[5]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոն արտադպրոցական, նորարարական կրթական ծրագիր մըն է տիզայնի եւ տեխնոլոգիաներու միջակայքին մէջ։ Թումոն պատանիներուն համար կ՚ապահովէ ազատ տարածք եւ անհրաժեշտ սարքաւորումներ՝ անցնելու համար կրթական փուլերը եւ զարգացնելու տեխնիքական հմտութիւնները։ Կրթական ծրագրի առանձնայատկութիւնն այն է, որ ուսանողները կը կողմնորոշուին Թումոյի ծրագրաւորման թիմի ստեղծած ծրագրով՝ Թումօ Շաւիղով, որով պատանիները կ՚իրականացնեն ինքնուսուցման վարժանքները եւ կ՚ընտրեն իրենց հետաքրքրութեան ոլորտները։ Ծրագիրը այս բոլորը կը դասաւորէ ըստ ուսանողի հետաքրքրութիւններուն եւ յառաջընթացի թեմփին։ Թումոյի կրթական ծրագիրը կը բաղկանայ ինքնուսուցողական վարժանքներէ, դասընթացներէ եւ աշխատանոցներէ՝ 14 հիմնական ոլորտներու մէջ։ Անոնք են՝
- Անիմացիա
- Խաղերու Ստեղծում
- Ֆիլմերու Ստեղծում
- Կայքերու Մշակում
- Երաժշտութիւն
- Ստեղծագրութիւն
- Նկարչութիւն
- Կրաֆիքական տիզայն
- Եռաչափ Մոտելաւորում
- Ծրագրաւորում
- Ռոպոթաշինութիւն
- Շարժական կրաֆիքա
- Լուսանկարչութիւն
- Նոր Մետիա
Ինքնուսուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինթերաքթիւ եւ կարճ ինքնուսուցողական վարժանքները կ՚ոգեշնչեն եւ կը կառուցեն նոր հմտութիւններ։ Թումոյի մարզիչները կը քաջալերեն պատանիները եւ կ՚օգնեն առաջ շարժիլ իրենց կրթական ծրագրով։ Հարիւրաւոր վարժանքներու մէկ մասը նախապայմաններ են, որոնք կ՚ուղղորդեն դէպի մասնակցութիւն դասընթացներու՝ ծրագրի իւրաքանչիւր ոլորտին մէջ։
Դասընթացներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի մէջ կը գործեն դասընթացներ 14 կրթական ոլորտներուն մէջ։ Սկսնակ, միջին եւ յառաջադէմ դասընթացները կ՚աւարտին անհատական կամ խմբային նախագիծերով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը տեղադրուի մասնակիցի փորթֆոլիոյին մէջ, իսկ երբեմն կ՚ուղարկուի մրցումներու եւ փառատօներու կամ կը հրապարակուի առցանց հարթակներու վրայ։
Աշխատանոցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատանոցները կարճատեւ ծրագիրներ են, որոնք կ՚իրականացուին ոլորտի առաջատար մասնագէտներու կողմէ։ Ամէն տարի 100-է աւելի մասնագէտներ աշխարհի զանազան ծայրերէն կու գան Թումօ ՝ կամաւոր սկզբունքով աշխատելու թումոցիներուն հետ իրական նախագիծերու վրայ։ Աշխատանոցը կրնայ տեւել ինչպէս երկու շաբաթ, երբեմն ալ քանի մը ամիս։
Փորթֆոլիօ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի մէջ չկան տիպլոմներ եւ կրթութեան սերթիֆիքաթներ։ Թումոյի ուսանողի անցած ուղիին ընթացքին արձանագրած բոլոր յաջողութիւններն ու իրականացուցած նախագիծերը կը վերածուին առցանց փորթֆոլիոյի, որ կրնայ գործածուիլ համալսարան կամ աշխատանքի ընդունուելու ատեն։ Թումոյի ուսանողներուն աշխատանքները կարելի է տեսնել այստեղ՝ www.tumo.org/hy/Փորթֆոլիօ/
Մասնաճիւղեր[6]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումօ Երեւան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի առաջին կեդրոնը բացուեցաւ 2011-ին Երեւանի մէջ։ Կեդրոնի անունը ոգեշնչուած է Թումանեանի Այգիէն, որ կը կրէ նշանաւոր հայ հեղինակ Յովհաննէս Թումանեանի անունը։ Երեւանի կեդրոնը նախագծուած է ճարտարապետ Պերնար Խուրիի կողմէ՝ Թումոյի մանկավարժական մօտեցումը փոխանցելով ճկունութեամբ, թափանցիկութեամբ ու տեխնոլոգիական ստեղծարարութեամբ։ Այժմ կեդրոն կը յաճախէ շուրջ 15000 գործօն ուսանող։
Թումօ Դիլիջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դիլիջան քաղաքին մէջ գտնուող Թումոյի երկրորդ կեդրոնը բացուած է 2013-ին՝ Թումոյի եւ ՀԲԸՄ-ի համագործակցութեանմբ՝ Հայաստանի Կեդրոնական Դրամատան աջակցութեամբ։ Թումօ Դիլիջանը կրթութիւն կը տրամադրէ հարիւրաւոր պատանիներու, որոնց մէկ մասը կեդրոն կը յաճախէ հեռաւոր գիւղերէն։ Ներկայիս կեդրոնի տարածքը կ՚ընդլայնուի՝ հնարաւորութիւն ունենալու Թումոյի կրթական ծրագիրին մէջ ընդգրկելու աւելի շատ երիտասարդներ շրջակայ բնակավայրերէն։
Թումօ Գիւմրի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2015 թուականէն ի վեր Թումօ Գիւմրին կը գտնուի ժամանակաւոր տարածքի մը մէջ, ուր արդէն կը սորվի 2000 ուսանող։ Կեդրոնը շուտով կը փոխադրուի Գիւմրիի պատմական թատրոնի շէնքը, զոր Թումոն կը վերականգնէ՝ ուսանողներու թիւը հասցնելու 4000-ի։ Գիւմրիի մէջ կեդրոն հիմնելու գաղափարը նախաձեռնած է «Շանթ» հեռուստաընկերութիւնը, որուն կազմակերպած հեռուստամարաթոնի արդիւնքով հաւաքուեցան կեդրոնը մեկնարկելու համար անհրաժեշտ միջոցներու մէկ մասը։ Թումօ Գիւմրին երկու կեդրոններէն առաջինն է, որ իրական դարձաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հետ համագործակցութեան շնորհիւ։
Թումօ Ստեփանակերտ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումօ Ստեփանակերտը Թումոյի եւ ՀԲԸՄ-ի համագործակցութեան երկրորդ կեդրոնն է։ Ան կը գտնուի քաղաքի պատմական շինութեան առաջին յարկին մէջ, զոր նուիրաբերած է Թումոյին Արցախի կառավարութիւնը եւ վերանորոգուած է Ղարաբաղ Թելէքոմի աջակցութեամբ։ Ներկայիս կեդրոն կ՚այցելէ աւելի քան 1000 ուսանող Ստեփանակերտէն եւ շրջակայ բնակավայրերէն։ Նախատեսուածէն շատ ուսանողներու հետաքրքրուածութեան արդիւնքով կեդրոնը շուտով կ՚ընդլայնուի եւ կը տեղակայուի նոյն շէնքի նաեւ երկրորդ յարկին մէջ։
Թումօ Փարիզ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի առաջին միջազգային կեդրոնը բացուեցաւ Փարիզի մէջ 2018 թուականի Հոկտեմբերին։ Ան կը գտնուի Forum des Images կեդրոնին մէջ՝ Փարիզի Les Halles շրջանի գլխաւոր հատուածին մէջ։ Կեդրոնը անվճար կրթութիւն կ՚ապահովէ 12-էն մինչեւ 18 տարեկան շուրջ 1500 պատանիներու։
Թումօ Պէյրութ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պէյրութի մէջ բացուած կեդրոնը երկրորդն էր Հայաստանէն դուրս եւ առաջինն էր Միջին Արեւելքի մէջ։ Ան տեղակայուած է Պէյրութի կեդրոնին մէջ՝ Beirut Digital District-ի մէջ։ Ոչ պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած է 2018 թուականին, իսկ 2025-ին տեղի ունեցաւ կեդրոնի պաշտօնական բացումը եւ Լիբանանի պատանիները հնարաւորութիւն ստացան աւելի արդիւնաւէտ կերպով շարունակել իրենց ուսումը Թումօ Պէյրութի 10 կրթական ոլորտներուն մէջ։
Թումօ Տուփ[7]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Թումո-Տուփ» նախագիծի մեկնարկը յայտարարուած է 2019 թուականին։ Թումօ-Տուփերը պիտի ըլլան Թումոյի արբանեակային կեդրոններ, որոնք փոխադրամիջոցի միջոցով պիտի կապուին Թումոյի մեծ կեդրոններուն հետ։ Այս համակարգը հնարաւորութիւն կու տայ նուազագոյն ֆինանսական միջոցներով ապահովել մարզերու պատանիները Թումոյի կրթական փորձառութեամբ։ Թումո-Տուփը դիւրին տեղաշարժուող, սակայն տեխնիքապէս յագեցած մինի-Թումօ մըն է։ Ան կրնայ տեղադրուիլ որեւէ քաղաքի կամ գիւղի մէջ եւ ծառայել իբրեւ Թումոյի ինքնուսուցողական տարածք տեղի պատանիներուն համար։ Անցնելով ինքնուսուցման ընթացքը իրենց տեղական Թումօ-Տուփին մէջ՝ ուսանողները մասնագիտացած դասընթացներու փուլին կ՚ուղեւորուին մօտակայ մեծ կեդրոն՝ Թումօ Հանգոյց։
Առաջին Թումօ-Տուփը՝ Ամունտի-ԱՔՊԱ ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ HAYG Foundation հիմնադրամի նուիրատուութեամբ, կը մեկնարկէ Բերդ քաղաքին մէջ։ Բերդի եւ մօտակայ բնակավայրերու ուսանողները գործնական դասընթացքները կ՚անցնին Թումօ Դիլիջանի մէջ, որ պիտի վերածուի կրթական հանգոյցի։ Թումօ-Տուփը հնարաւորութիւն կու տայ տեխնոլոգիաներու եւ տիզայնի ոլորտներուն մէջ կրթութեամբ ապահովել տարեկան շուրջ 250 պատանիներ։
Երկրորդ Թումօ-Տուփը նախատեսուած է բանալ Սիւնիքի մարզի Ղափան քաղաքին մէջ։
ԵՄ Թումօ Համալիր[8]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2019 թուականին մեկնարկած «ԵՄ Թումօ Ինժեներական եւ Կիրառական Գիտութիւններու Համալիր» նախագիծը կ՚իրականացուի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի Ֆրանսական Համալսարանին հետ համագործակցութեամբ եւ տեղակայուած պիտի ըլլայ Երեւանի Թումոյի կեդրոնին հարեւանութեամբ։ 25 հազար ք.մ. տարածք գրաւող եւ 25 միլիոն եւրօ արժող համալիրը պիտի ըլլայ հետազօտութիւններու, կրթութեան եւ սթարթաթներու հանգոյց։ Նախագիծը պիտի ստեղծէ բաց հարթակ եւ գործօն համայնք՝ համադրելով կրթութիւնն ու պիզնեսը, եւ միացնելով ուսանողները, երիտասարդ մասնագէտները եւ տեղական ընկերութիւնները իրենց միջազգային գործընկերներուն հետ։ Համալիրին մէջ պիտի տեղակայուին Հայաստանի Ֆրանսական Համալսարանի մասնաճիւղը եւ «Դպրոց 42»-ը, որ Ֆրանսայի մէջ հիմնադրուած յայտնի ծրագրաւորման դպրոց մըն է, նախատեսուած՝ երիտասարդ մասնագէտներուն համար։ Համալիրի ճարտարապետական նախագիծը պիտի իրականացնէ հոլանտական աշխարհահռչակ MVRDV ընկերութիւնը։ Վերջնական ճարտարապետական նախագիծը պիտի ներկայացուէր 2020 թուականի գարնան։
Թումօ Սթիւտիոներ[9]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Թումօ Սթիւտիոները» (TUMO Studios) համալսարանական տարիքի ուսանողներուն եւ երիտասարդ մասնագէտներուն համար նախատեսուած շահոյթ չհետապնդող կրթական ծրագիր մըն է։ Նախագիծի շեշտը դրուած է անալոկային արտադրանքի ստեղծման վրայ։ Իւրաքանչիւր դասընթացքի նպատակն է ստեղծել նորարարական եւ ժամանակակից արտադրանք, որ մրցունակ է աշխարհի մէջ եւ, միաժամանակ, հիմնուած է տեղական նիւթերու եւ մշակոյթի վրայ։
Թումօ Սթիւտիոները կ՚առաջարկեն տեխնիքական հմտութիւններու զարգացման եւ տիզայնի դասընթացներ 10 ոլորտներու մէջ՝ ոսկերչութիւն, խեցեգործութիւն, ասեղնագործութիւն, տպագրութիւն, նորաձեւութիւն, աքսեսուարներու տիզայն, փայտի փորագրութիւն, քարի փորագրութիւն, արտադրական տիզայն եւ խոհարարութիւն։
Սթիւտիոները տեղակայուած են Պուշքինի 38Ա շէնքին մէջ, որ կառուցուած է 20-րդ դարու սկիզբը եւ ծառայած է իբրեւ Առաքել Աֆրիկեանի առանձնատուն։ Սթիւտիոները պահպանած են շէնքի ինթերիերը, պատերու նախշերը եւ կահոյքի մէկ մասը։
Թումօ Ճամբար[10]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոյի ամառային ճամբարը կ՚իրականացուի 2012 թուականէն ի վեր։ Ան հնարաւորութիւն կու տայ պատանիներուն ամբողջ աշխարհէն ծանօթանալ Թումոյի կրթական ծրագիրին եւ արագացուած թեմփով ստանալ գիտելիքներ եւ ձեռք բերել հմտութիւններ քանի մը կրթական ոլորտներու մէջ։ Բացի այդ պատանիները կը մասնակցին խաղերու, հնարաւորութիւն կը ստանան շրջիլ Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը եւ մասնակցիլ բազմապիսի միջոցառումներու։
Թումօ Ճամբարը կեդրոնի դրամահաւաքի միակ միջոցն է։ Ճամբարէն ստացուած բոլոր հասոյթը կ՚ուղղուի Հայաստանի մէջ կրթութեան զարգացմանն ու աւելի քան տասը հազար մշտական ուսանողներու անվճար ուսուցման կազմակերպման Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Թումօ Ճամբարի կայքը՝ www.camptumo.com
Մրցանակներ[11]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թումոն դարձած է «Եւրոպա Նոսթրա» մրցանակաբաշխութիւն 2019-ի յաղթողը «Կրթութեան, Վերապատրաստման եւ Իրազեկման Բարձրացման» անուանակարգին մէջ։ Մրցանակը կը տրուի պահպանման, հետազօտութեան, նուիրուած ծառայութեան, կրթութեան, վերապատրաստման եւ իրազեկման բարձրացման ոլորտներուն մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն։
2018 թուականի Փետրուար 19-ին Հնդկաստանի Հայտերապատ քաղաքին մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած ՏՏ Համաշխարհային Համաժողովին (WCIT Արխիւացուած 2019-10-08 Wayback Machine) Թումոյին յանձնուած է գլխաւոր՝ համաժողովի նախագահ Իւոն Չիւի կողմէ տրուող մրցանակը՝ «Թուային Դարու Խորհուրդը Իրագործելու» համար։
Թումոյի գլխաւոր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը Մայիս 15-ին Փարիզի մէջ արժանացած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան պատուաւոր Palmes Académiques ասպետի կոչումին ու պարգեւատրուած է շքանշանով։ Շքանշանը Փափազեանին յանձնած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն։ Palmes Académiques ասպետի կոչումն ու շքանշանը կը տրուի գիտութեան եւ կրթութեան ոլորտներուն մէջ նշանակալի աւանդի համար։
Թումոյի եւ Եւրոպական Միութեան համագործակցութեամբ ստեղծուած «Նեթոյի Առասպելը» (Tales of Neto) խաղը 2017 թուականին Գերմանիոյ մէջ արժանացած է N.I.C.E մրցանակին՝ իբրեւ լաւագոյն նորարարական նախագիծ։ Նեթոյի Առասպելը մոպայլ խաղ մըն է, որուն նպատակն է փտածութեան դէմ կրթութիւնը։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ «Ինչ է Թումոն - Թումո ստեղծարար տեխնոլոգիաների կենտրոն»։ TUMO (hy-AM)։ արտագրուած է՝ 2023-07-20
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03
- ↑ (հայերեն) Թումո, 2025-10-13, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B9%D5%B8%D6%82%D5%B4%D5%B8&oldid=10471136, վերցված է 2025-12-03